“Մեր Անսակարկ Զօրակցութիւնը Կը Յայտնենք Լիբանանահայութեան”. ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի Յայտարարութիւնը


ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէն  իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ Պէյրութի պայթումին հետեւանքով դժուարին կացութեան մէջ մատնուած լիբանանահայութեան։ Այս առնչութեամբ ան տարածած է հետեւեալ յայտարարութիւնը․

Համավարակի եւ երկրի տնտեսական ծանր դրութեան պատճառով ճգնաժամի մէջ գտնուող լիբանանահայութիւնը անցնող օրերուն ենթակայ դարձաւ Լիբանանի պատմութեան մէջ արձանագրուած ծանրագոյն աղէտներէն մէկուն՝ երբ մայրաքաղաք Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ հզօր պայթում մը մահ ու աւեր սփռեց աշխարհագրական ընդարձակ տարածութեան մը վրայ։ Ցաւօք, պատուհասը հարուածեց նաեւ հայ համայնքը, որ ունեցաւ զոհեր եւ վիրաւորներ։ Պուրճ համուտի ու նաւահանգիստի շրջակայ հայաբնակ շրջաններու աւերն ու քանդումը համատարած են: Գաղութի հայկական հաստատութիւններու ու կազմակերպութիւններու գրասենեակներն ու կեդրոնները ենթարկուած են ծանր վնասներու։ Վիճակը ահազանգային է։ Ի տես այս բոլորին, կու գանք մեր խորին վշտակցութիւնը յայտնելու մեր զոհերու հարազատներուն եւ շուտափոյթ ապաքինում մաղթելու վիրաւորներուն:

Ամիսներ առաջ, Գանատայի մէջ կեանքի կոչեցինք Լիբանանահայութեան օժանդակութեան Գանատայի մարմինը, որ նուիրահաւաքի առաքելութիւնը լիովին կատարելով՝ փաստեց, որ գանատահայութիւնը Լիբանանի մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն կողքին է: Այս անգամ եւս կը յայտարարենք որ անվերապահօրէն զօարավիգ ենք Լիբանանահայութեան ու կը կանգնինք թիկունքին: Մեր անսակարկ զօրակցութիւնը կը յայտնենք նաեւ երէց թէ երիտասարդ լիբանանահայ կամաւոր նուիրեալներու այն բանակին, որոնք հեւքով ու անտրտունջ կը կատարեն  իրենց վստահուած օգնութեան ու վերակնագնումի գործը:

Ստեղծուած իրավիճակին մէջ, Լիբանանահայութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրները յաղթահարելու համար համագաղութային մեր ուժերը վերստին լարելու եւ զգաստ ըլլալու պահն է. Մեր հայրենակիցներուն զօրակցիլը սոսկ պարտականութիւն չէ, այլ՝ առաքելութիւն եւ յանձնառութիւն է իւրաքանչիւրիս համար։

Պիտի մնանք լիբանանահայ մեր քոյրերու եւ եղբայրներու կողքին ու պիտի չզլանանք բարոյական եւ նիւթական մեր աջակցութիւնը՝ Սփիւռքի զարկերակը հանդիսացող լիբանանահայութեան։