Ցոյցէն պատկեր մը
«Հորիզոն»,- Կիրակի՝ 4 Հոկտեմբեր 2020-ին, Մոնթրէալի կեդրոնը գտնուող «Place du Canada»-ի դիմաց տեղի ունեցաւ բողոքի ցոյց մը Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ դէմ։
«Միասնական Պայքար, Հաւաքական Յաղթանակ» լոզունքով ու վճռակամութեամբ, հազարաւոր մոնթրէալահայեր եւ լաւալահայեր հաւաքուած էին դատապարտելու համար թուրք-ազրպէյճանական ռազմական յարձակումերը Արցախի ու Հայաստանի վրայ:
Բողոքի ցոյցը կազմակերպուած էր Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբին ու Քէպէգի Հայ Համայնքի Միացեալ մարմինինին կողմէ:
Հանրահաւաքին ներկայ էին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Ընկ. Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, Բիւրոյի անդամ Ընկ. Րաֆֆի Տօնապետեան, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Մհեր Գարագաշեան, ՌԱԿ-ի ու ՍԴՀԿ-ի ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ Գանատայի դաշնակցային եւ նահանգային խորհրդարաններու ներկայացուցիչներ:
Գանատայի Ազատական կուսակցութեան եւ խորհրդարանի անդամներ Ֆայսալ էլ Խուրին ու Անի Գութրաքիսը, Ընդդիմադիր «Նոր Դեմոկրատ» կուսակցութեան փոխնախագահ Ալեքսանտր Պուլըրիսը, Մոնթրէալի Աքատի շրջանի նահանգային Երեսփոխան Քրիսթին Սէն–Փիէռը, Լաւալի քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ՝ Արամ Էլակէօզը (Renaud), Ալին Տիպը (St-Martin) եւ Վասիլիոս Քարիտօճիանիսը (Լապօր-ա-Փլուֆ), խօսք առնելով խստօրէն դատապարտեցին ազրպէյճանական զինեալ յարձակումներն ու բռնութիւնները եւ իրենց ամբողջական աջակցութիւնը յայտնեցին հայ ժողովուրդին եւ կոչ ուղղեցին միջազգային հանրութեան, որպէզի սատար կանգնին հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներու աշտպանութեան: Բողոքի իր ձայնը բարձրացուց նաեւ Մոնթրէալի Ռուանտայի համայնքի փոխնախագահ Ժագ Վիրաժիրա։։
Բողոքի ցոյցի ընթացքին ելոյթ ունեցան ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ընկ. Մհեր Գարագաշեանն ու Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Ընկ. Հրակ Տարագճեանը, որոնք դատապարտեցին Ազրպէյճանի ու Թուքիոյ կիրառած բռնութիւններն ու դրսեւորած յարձակողապաշտ քաղաքականութիւնը, որոնք կ’ուզեն բռնութեամբ լուծել Արցախի ինքնորոշման արդար իրաւունքն ու իրագործել իրենց մտադրութիւնները:
Բողոքի ցոյցի ընթացքին հայրենասիրական երգերով ելոյթ ունեցաւ Էլի Պէրպէրեան: