Սրբադասուած Մեծ Վկայի՝ Ս. Սարգիս Զօրավարի Տօնն է Այսօր


Սուրբ Սարգիս, մանրանկարչութիւնը՝ Արմինէ Մակեանի

Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան

Սուրբ Սարգիսի տօնը հայերուս ամենասիրած տօներէն մեկն է, իսկ Ս. Սարգիս

Զօրավարը հայ ժողովուրդի ամենասիրելի եւ մեծ ժողովրդականութիւն վայելող Սուրբը։ Ան օժտուած է արագահաս, բարեխօս եւ շնորհատու յատկանիշներով, որոնց շնորհիւ ժողովուրդը իր դժուարին պարագաներուն անոր կը դիմէ խոր հաւատքով՝ ապաւինելով ամենահաս Սուրբին բարեխօսութեանը՝ վտանգի, նեղութեան կամ անել վիճակներէն ազատելու համար:

Ճիշդ է, որ Ս․ Սարգիսը հայ չէ, սակայն ան քրիստոնէութեան համար նահատակուած այն վկան է, որուն անունը կապուած է Հայոց աշխարհի հետ: Հայոց աշխարհին մէջ անցեալէն այսօր, ամենուրեք, Ս. Սարգիսի անունով կառուցուած է մօտ 220 սրբավայրեր, որոնցմէ ամենահնագոյնը Ուշիի Ս․ Սարգիս վկայարան-եկեղեցին է։ Կառուցուած են վանքեր` Այրարատի, Արցախի, Տերսիմի, Վասպուրականի Հայոց ձորի, Տուրուբերանի, Կիլիկիոյ եւ այլ վայրերու մէջ, եկեղեցիներ եւ մատուռներ, ինչպէս՝ Լոռիի մէջ: Սուրբին անունով մեզի յայտնի են նաեւ բերդեր, գիւղեր, լեռներ, գետեր, աղբիւրներ, թաղամասեր եւ մենաստաններ:

Հայ արուեստի գրեթէ բոլոր ճիւղերուն մէջ կարելի է հանդիպիլ Ս. Սարգիսի կերպարին: Աղթամարի տաճարի հիւսիսային պատի քանդակներուն վրայ կարելի է տեսնել ձիու վրայ նստած Ս. Սարգիսը: Անոր պատկերման այլ օրինակներու կը հանդիպինք նաեւ մանրանկարչութեան մէջ: Ս․ Սարգիսին նուիրուած յատուկ շարական ալ կայ Շարակնոցին մէջ:

Մուսա Լերան աւանդական խոհանոցին մէջ «գումպա» անունով ծիսական գաթայի պատրաստութիւնը կայ: Երեկոյեան խմորը կը շաղուի եւ ամբողջ գիշերը կ’եփի թոնիրի տաքութեամբ: «Գումպա»ն կը բաժնուի ընտանիքի անդամներուն թիւով: Բաժիններէն մէկուն մէջ մետաղադրամ կը դրուի, եւ որո՛ւ որ ելլէ դրամը, ան կը նկատուի տարուան բախտաւորը:

Ս․ Սարգիսը ազգութեամբ յոյն էր։ Ջերմեռանդ քրիստոնեայ Սուրբը իմաստուն ու հանճարեղ էր եւ ճանչցուած էր բոլոր դատաւորներուն եւ իշխաններուն կողմէն: Ան իր արիութեան համար, Մեծն Կոստանդիանոս կայսրի (285-337) օրով, Հայաստանին սահմանակից Կաբատովկիոյ իշխան եւ սպարապետ կը կարգուի: Ան ո՛չ միայն գերազանց սպարապետ էր, այլեւ հիանալի քարոզիչ: Կայսրին յօժարութեամբ, իր իշխանութեան տակ գտնուող քաղաքներուն հեթանոսական մեհեանները կը քանդէ, փոխարէնը եկեղեցիներ կը կառուցէ եւ քրիստոնէութիւնը կը տարածէ։ 4-րդ դարուն ապրած Սարգիս, իր զաւակին` Մարտիրոսին հետ հեռանալով Յուլիանոս ուրացող թագաւորի հալածանքներէն, իբրեւ ապաստան կ’ընտրէ Հայաստանը, ուր քրիստոնէութիւնը արդէն կայացած կրօն էր: Այդ ժամանակ Հայաստանի թագաւորը Տիրանն էր` Մեծն Տրդատի թոռը` Խոսրովի որդին։ Հայերը զիրենք գրկաբաց ընդունեցին եւ մեծ պատիւներ տուին անոնց: Սակայն, Յուլիանոսի զայրոյթէն զգուշանալով թելադրեցին անոնց ապաստանիլ Պարսկաստան, ուր հեթանոսներուն զոհը եղաւ որդին` Մարտիրոսը: Ս․ Սարգիս չենթարկուեցաւ պարսիկ Վռամշապուհ թագաւորի հրահանգին ու մնաց անսասան իր հաւատքին եւ սկզբունքներուն մէջ: Թագաւորը դահիճին հրամայեց գլխատել զինք: Ան, երբ բագինին մօտեցաւ, աղօթք բարձրացուց առ Աստուած եւ ըսաւ. «Ո՛վ Տէր, Քրիստո՛ս Աստուած իմ, անոնք, որոնք կը յիշեն իմ անունս իրենց նեղութեան մէջ եւ կը կատարեն իմ նահատակութեանս յիշատակը` ուխտով եւ պատարագով, ինչ որ խնդրեն քեզմէ, անսա՛ անոնց եւ շնորհէ՛ խնդրանքները»:  

Պարսիկ տասնչորս զօրակալներու ներկայութեամբ, դահիճի կառափնատելու պահուն, երկինքէն լոյս մը կը ծագի: Այս հրաշքին ականատես տասնչորս զօրակալները քրիստոնեայ կը դառնան եւ անոնք ալ կը սպաննուին: Ըստ «Հայսմաւուրք»ներուն՝ անոնց նահատակութիւնը տեղի կ’ունենայ 363 թուականի Յունուար 31-ին, Մազանդարան նահանգի Դաղման քաղաքին մօտ: Հաւատացեալները Ս․ Սարգիսին դիակը կ’առեւանգեն եւ կը տանին Ասորիք: Մեսրոպ Մաշտոց Ս. Սարգիսի մասունքները բերել կու տայ Հայաստան, կ’ամփոփԷ Կարբի աւանին Ուշի գիւղին մէջ, ուր կը հիմնէ Ս. Սարգիս անուամբ երկու եկեղեցի: Այսպէս, Սարգիս Զօրավարը կը սրբացուի Հայ եկեղեցւոյ կողմէ։

Ս. Սարգիսի տօնին կը նախորդէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչին կողմէ հաստատուած Առաջաւորաց պահքը: Պահքը կը տեւէ հինգ օր:

Ժողովրդական սովորութիւններէն է Ս. Սարգիսի տօնին ալիւրով լեցուն ափսէ դնել տան տանիքը կամ պատշգամին եւ սպասել Ս. Սարգիս Զօրավարի ձիուն պայտի հետքին: Ըստ աւանդութեան, Ս. Սարգիսը պէտք է հրեշտակներու ուղեկցութեամբ անցնի, եւ որու որ ափսէին մէջ դրուած ալիւրին վրայ ձգէ իր սպիտակ ձիուն պայտին հետքը, այդ տարի կ’իրականանան այդ երիտասարդին երազանքները։

Հայերուն մէջ տարածուած սովորութիւն է Ս․ Սարգիսի տօնին նախորդող գիշերը աղի կրկնեփուկ ուտելը։ Ծոմ պահած երիտասարդները այդ երեկոյ աղի կրկնեփուկ (ալիւր, աղ եւ ջուր) կ’ուտեն, որպէսզի տեսնեն, թէ երազին մէջ իրենց ո՛վ ջուր պիտի տայ:  Շաբաթ առտու աղի կրկնեփ կերած աղջիկներն ու տղաները կը պատմեն իրենց երազները, թէ ո՛վ իրենց ջուր տուաւ, ինչպիսի՞ գաւաթով, որքա՛ն ջուր կար գաւաթին մէջ ու կը մեկնաբանեն այդ երազները։ Աւանդութեան համաձայն, Ս. Սարգիսի կրկնեփը պէտք է պատրաստէ հաւաքուած կիներէն ամենաերջանիկը՝ մեծ սէր ապրած եւ երեխաներ ունեցած անձը (Հայաստանի մէջ մինչեւ այսօր պահպանուած է այս աւանդութիւնը):

Գարեգին Բ․ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հրահանգով Ս. Սարգիսի տօնը հռչակուած է իբրև երիտասարդներու օրհնութեան օր։ Այս տարի Ս․ Սարգիսը կը զուգադիպի Փետրուար 12-ինԼ Այս տարի եւս, նախորդ տարիներուն պէս, ժողովուրդը եկեղեցի կ’երթայ ու աղօթելով կը խնդրէ Ս. Սարգիսի բարեխօսութիւնը, Իսկ երիտասարդ-երիտասարդուհիները օրհնութիւն կը ստանան քահանայէն։ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ, Ս. պատարագի աւարտին կը կատարուի զինուորներու եւ երիտասարդներու օրհնութեան կարգ։ Ապա բոլոր ներկաները, ձիաւորի մը ընկերակցութեամբ, կ’ուղղուին դէպի Սիրահարներու այգի, ուր երգ ու պարով կը նշեն այդ սուրբ տօնը, որ սիրահարներու տօն է միեւնոյն ժամանակ։

Ս․ Սարգիսի  յիշատակութիւնը ու նահատակութիւնը այսօր իւրաքանչիւր քրիստոնեայի համար անգամ մը եւս կը յիշեցնէ Աստուծոյ կամքին հաւատարիմ մնալու անխախտ իրողութիւնը ու Աստուծոյ հանդէպ բացարձակ վստահութիւնը: