Ս․ Երրորդութիւն Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ 93-րդ Տարեդարձին Առիթով Եկեղեցւոյ Դերին մասին Հարցազրոյց՝ Գանատահայոց Թեմի Փոխառաջնորդ Զարեհ Աւագ․ Քհն․ Զարգարեանի Հետ


Այս տարի Ս․ Երրորդութիւն եկեղեցին կը նշէ հիմնադրութեան 93-ամեակը։ Այս առիթով «Թորոնթոհայ» հարցազրոյց մը ունեցաւ եկեղեցւոյ հովիւ եւ Գանատահայոց Թեմի Փոխառաջնորդ Զարեհ Աւագ Քհն. Զարգարեանի հետ՝  վեր առնելով եկեղեցւոյ դերակատարութիւնը թորոնթոհայ համայնքէն ներս եւ եկեղեցական կեանքին առընթեր անոր լայնածաւալ գործունէութիւնը։

Տէր Հայրը կը խօսի նաեւ Դեկտեմբեր 4-ին կազմակերպուելիք  Telethon-ին եւ Դեկտեմբեր 5-ին կայանալիք պաշտօնական ճաշկերոյթին մասին, որոնց նպատակն է՝ հանգանակուած գումարով պահպանել եկեղեցին եւ շարունակել անոր առօրեայ գործունէութիւնն ու առաքելութիւնը։  

Հարցազրոյցը վարեց՝  Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան

Հարցում._ Ինպէ՞ս ծնունդ առած է Թորոնթոյի Ս Երրորդութիւն Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին եւ ի՞նչ հանգրուաններէ անցած է միչեւ այսօրուան նորակառոյց եկեղեցի դառնալը։ 

Պատասխան._ Նախ կ’ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել «Թորոնթոհայ» թերթի խմբագրութեան եւ քեզի, որ այս առիթը կ’ընծայէք մեզի անդրադառնալու մեր եկեղեցւոյ գործունէութեան` եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 93-րդ տարեդարձի կապակցութեամբ։ Թորոնթոհայ համայնքը ձեւաւորուած է Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ պատմական հիմնադրութեան շուրջ։ Նկատի ունենալով, որ Ցեղասպանութենէն ետք փոքր թիւով հայորդիներ, որոնք ազատած էին Հայոց Ցեղասպանութենէն, հաստատուած են Օնթարիօ, եւ իրենք են մեր եկեղեցւոյ հիմնադիրները։  Թորոնթօ քաղաքի կեդրոնը` Yonge եւ Dundas խաչմերուկին վրայ՝ Holly Trinity Anglican եկեղեցին էր, որ մեզ երկար տարիներ հիւրընկալեց, այսինքն 1928-էն սկսեալ Թորոնթօ՝ Eaton Center-ի դրացիութեամբ գտնուող այդ եկեղեցւոյ մէջ մեր ծուխը հիմնադրուած է եւ մեր եկեղեցին իր արարողական կեանքը, այսինքն` մեր պատարագները, ծէսերը եւ խորհրդակատարութիւնները կատարուած են այդ եկեղեցւոյ մէջ 1928-էն մինչեւ 1953 թուական։ Երբ համայնքը քիչ մը աճ կ’արձանագրէ, Թորոնթոյի հայկական առաջին եկեղեցին է, որ կը կառուցուի դարձեա՛լ քաղաքի կեդրոնը գտնուող Woodlawn եւ Yonge խաչմերուկին մօտ ու կը գործէ մինչեւ 1987։ Այդ շրջանին Միջին Արեւելքէն եւ տարբեր շրջաններէն, ներգաղթի պատճառով, համայնքը աճ կ’արձանագրէ եւ որոշումը կ’առնուի, որ Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան նորակառոյց կեդրոնին կից կառուցուի Ս. Երրորդութիւն Առաքելական Եկեղեցին, որուն անուանումը կ’ըլլայ ի պատիւ եւ ի երախտագիտութիւն Holly Trinity եկեղեցւոյ, զոր մեր համայնքը տարիներով հիւրընկալեց։ 

Այդ օրերուն մեր եկեղեցին փոխադրուեցաւ հոս եւ այսօրուան ներկայ շէնքը կառուցուեցաւ 1987-ին, օրուան հոգեւոր հովիւ` Հովնան Վարդապետ Տէրտէրեանն էր, որ ներկայիս Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի Առաջնորդն է, իսկ այդ օրուան Առաջնորդը` Վազգէն Արք․ Քէշիշեանն էր. ուրեմն մեր եկեղեցին օծուած է 1987-ին՝ երջանկայիշատակ Վազգէն Կաթողիկոսի ձեռամբ, հետեւաբար խորանն ու պատերը կը կրեն Վազգէն Վեհափառի օրհնութիւնը։

Այդ թուականէն ի վեր մեր եկեղեցին հոս կը շարունակէ իր հոգեւոր առաքելութիւնը եւ ծառայութիւնը կը մատուցէ մեր համայնքին։

Հ.- Գանատահայութեան կեանքին մէջ ինչպիսի՞ հիմնական առաքելութիւն կը ծաւալէ Ս. Երրորդութիւն Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցին ։

Պ.- Եկեղեցւոյ հիմնական դերին մասին խօսելով կրնամ ըսել, որ մեր եկեղեցին ներառնուած է ո՛չ միայն թորոնթոհայ կեանքի գործունէութեան մէջ, այլ՝ տարիներու ընթացքին նաեւ բաւական լաւ կապեր հաստատած ենք քրիստոնեայ` ոչ հայ համայնքներու հետ։ Քսան եւ աւելի տարիներէ ի վեր ես կը ներկայացնեմ գանատահայոց թեմը՝ Գանատայի Եկեղեցական Ընդհանուր Խորհուրդին մէջ, որուն մաս կը կազմեն Գանատայի մէջ գործող բոլոր քրիստոնեայ համայնքներն ու իրենց առաջնորդները։ Անկէ անկախ, մենք նաեւ կապեր ունինք ոչ քրիստոնեայ համայնքներու հետ, որուն մէջ կան` քրիստոնեայ, մահմէտական, հրեայ եւ կրօնական տարբեր շրջանակներու պատասխանատուներ եւ ներկայացուցիչներ, սակայն ինծի համար ամենաուրախալին այն է, որ Թորոնթոյի մէջ կը գործէ նաեւ Թորոնթոյի միջյարանուանական մարմինը, ուր կը գործեն Ս. Աստուածածին Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին, Հայ Աւետարանական համայնքը եւ Ս. Երրորդութիւն Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին, ուրեմն մեր նպատակն էր համախմբել եւ միաւորել մեր ժողովուրդի զաւակները` հայ կեանքի եւ հաւատքի շուրջ եւ այդ միութենական կեանքին մէջ կ’ուզեմ առանձնացնել Թորոնթոյի հայ համայնքը` իր բացառիկ միացեալ կազմակերպութեան մէջ, մանաւանդ, երբ մեր հայրենիքը դժուարութիւններու մէջ կ’ըլլայ, ինչպէս որ այսօր, եւ յատկապէս անցեալ տարուան Արցախեան պատերազմի շրջանին մեր տարած միասնական աշխատանքը կը վկայէ այդ մէկը. Ուրեմն Օնթարիոյի Միացեալ Մարմինը կազմուեցաւ եւ առ այսօր մեր հիմնական նպատակն է միասնաբար գործել, որպէսզի Գանատայի Դաշնակցային եւ Նահանգային իշխանութիւնները, եւ ինչո՞ւ չէ` Թորոնթոյի քաղաքապետութիւնը որոշակի կերպով օգտակար եւ օժանդակ հանդիսանան մեր հայրենիքին եւ այդ բոլոր հարցերուն, որոնք ունինք ներկայիս։

Հ․- Ս. Երրորդութիւն Առաքելական Եկեղեցին եւ անոր հովանիին ներքոյ գործող մարմինները ինչպիսի՞ գործունէութիւն կը ծաւալեն առ այսօր։

Պ․- Իմ մասնակցութիւնս Թորոնթոյի հայ համայնքին եւ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ սկսաւ 1996-ին, երբ Մոնթրէալի` իբրեւ առաջնորդարանիստ, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ օրուան Առաջնորդ` Հովնան Սրբազանի հովանաւորութեամբ,  նշանակուեցայ այստեղ՝ իբրեւ հոգեւոր հովիւ։ 

Անցնող տարիներու ընթացքին բաւական եւ բազմաբնոյթ աշխատանքներ ձեռնարկած ենք։ Փորձած ենք մեր հոգեւոր առաքելութեան կից կեանքի կոչել նոր յանձնախումբեր եւ նոր մարմիններ` նպաստելու մեր հայեցի կեանքին եւ նոր սերունդի դաստիարակութեան։ Եկեղեցւոյ հովանիին ներքոյ անցած տարիներուն ծնունդ առած եւ առ այսօր գործող երկու կազմակերպութիւններ ունինք. առաջինը, որ անկախ կազմակերպութիւն մըն է` «Հայ Ընտանիքի Ծառայութեան Մարմին»ը (Armenian Family Support Service), որ Թորոնթօ հաստատուող մեր հայրենակիցներուն ներգաղթը ապահովելու,  իսկ հոս եկողներուն կեցութիւնը, կարիքները, աշխատանքը եւ ունեցած տարբեր կարիքները հոգալու աշխատանքը առաջ կը տանի։ Երկրորդը` «Բարեւ» կեդրոնն է, որուն հիմնական նպատակը իր շուրջ ամփոփելն է մեր կրթական, մշակութային եւ ընկերային կեանքի գործունէութիւնները։ Յատկապէս կ’ուզեմ յիշել նաեւ Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ Շաբաթօրեայ Վարժարանը, որ գրեթէ 60 տարիներու պատմութիւն եւ ներկայութիւն է այս համայնքի կեանքին մէջ եւ սերունդներ դաստիարակած է։ Այս վարժարանը այսօր ունի շուրջ 350 աշակերտ եւ ունի արեւելահայերէն ու արեւմտահայէրէն բաժիններ։ Երիտասարդական խումբերու պարագային, կ’ուզեմ առանձնացնել «Սասուն» պարախումբը, որ աշխոյժ գործունէութիւն կը ծաւալէ մեր համայնքէն ներս, հոն ներգրաւուած  են 80-էն 100 երիտասարդներ եւ պատանիներ, որոնք զանազան երկիրներու մէջ` ներառեալ Հայաստանի,  պատուաբեր ելոյթներ ունեցած են։

Ունինք յանձնախումբեր, որոնք կը գործեն եկեղեցւոյ հովանու ներքոյ, եւ մեր համայնքի զաւակներուն կեանքէն ներս ազգապահպանութեան կարեւոր առաքելութիւնը առաջ կը տանին։

Հ.- Ինչպիսի՞ դժուարութիւններ կը դիմակայեն եկեղեցին եւ հաւատացեալները վերջերս, երբ անսպասելի համավարակը վրայ հասաւ ու ալեկոծեց մեր առօրեան։

Պ.- Անցնող 2 տարիներուն այս անսպասելի եւ երկարատեւ համավարակը դժուարութեան մատնեց բոլորս, մեր հաւատացեալները ունեցան լուրջ դժուարութիւններ, ըլլան անոնք ֆիզիքական կամ հոգեկան։ Դժբախտաբար մահեր ունեցանք, եւ շատեր տնտեսական ծանր պայմաններու եւ անգործութեան մատնուեցան, որոնց արդիւնքով հոգեկան տագնապի մէջ գտնուեցան հաւատացեալները` յատկապէս երիտասարդներ, որոնց համար դժուար էր անցնող երկու տարիներու ընթացքին զրկուիլ կեանքի ամենօրեայ զբաղումներէն, եւ այդ բոլորը ազդեցութիւն ունեցաւ թէ՛ եկեղեցւոյ եւ թէ՛ բարեսիրական հաստատութիւններու գործունէութեան վրայ։ Մենք, անցնող 2 տարիներու ընթացքին առցանց շարունակեցինք մեր առաքելութիւնը եւ հաւատացեալներու սահմանաբակ թիւով կատարեցինք եկեղեցւոյ խորհուրդները։ Այս բոլորը անշուշտ նիւթական դժուարութիւն ստեղծեցին… այս հսկայ կառոյցը, իր ծախսերը շարունակեց ունենալ եւ առանց հանգանակային որեւէ ձեռնարկ մը գոյացնելու շարունակեց գործել, հետեւաբար, մեր ծխական խորհուրդին հետ, առաջին անգամ ըլլալով, ձեռնարկեցինք Telethon մը եւ մեր նպատակն է այդ հանգանակութեամբ օգտակար հանդիսանալ եկեղեցւոյ` ո՛չ միայն շէնքի պահպանութեան եւ առօրեայ գործունէութեան, այլեւ` իր առաքելութիւնը շարունակելու համար։ Եկեղեցին մեզի համար միայն այս կառոյցը չէ, այլ մեր ժողովուրդն է եւ ի վերջոյ հայ համայնքին պահպանումը։

Հ.- Եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 93ամեակին նուիրուած տօնակատարութեան եւ Telethonի հանգրուանները կը նշէ՞ք։ 

Պ.- Դեկտեմբեր 4-ին, Շաբաթ օր, երեկոյեան ժամը 6-էն 8-ը պիտի ընթանայ Telethon-ը, որուն ընթացքին մեր ժողովուրդը պիտի միանայ մեզի` ո՛չ միայն իր աղօթքներով, այլ` սրտաբուխ նուէրներով օժանդակելու եկեղեցւոյ գործունէութեան։

Կիրակի, Դեկտեմբեր 5-ին Ս․ եւ Անմահ Պատարագ պիտի մատուցէ Գանատահայոց թեմի մեր առաջնորդը`  Տ․ Աբգար Եպս․ Յովակիմեանը, որուն կը յաջորդէ պաշտօնական ճաշկերոյթը, որ դարձեալ 93-ամեակի տօնակատարութեան կ’առնչուի եւ որուն նպատակը եկեղեցւոյ գործունէութեան օժանդակելն է։ Կը յուսանք եւ կը մաղթենք, որ մենք ձեռք-ձեռքի տուած, հաւատացեալներուն եւ ընդհարապէս մեր Թորոնթոհայ զաւակներուն հետ միասին պիտի շարունակենք մեր գործունեութիւնը․․․ Կը հաւատամ, որ այս քաղաքին մէջ գործող մեր բոլոր եկեղեցիները, հաստատութիւնները, յատկապէս հայ դպրոցները, ուսումնական հաստատութիւնները եւ հայ մշակութային կեդրոնները իրենց աջակցութիւնը պիտի բերեն այդ հանդիսաւոր պահուն, որովհետեւ այդ բոլորը ստեղծուած են պահելու ու պահպանելու հայեցի կեանքը, իսկ մեր` սփիւռքի մէջ ընթացող կեանքը, բնական կերպով կապուած է հայրենիքի հզօրութեան եւ ամրութեան հետ, եւ այսօր բոլորս ձեռք-ձեռքի տուած պէտք է սատար հանդիսանանք մեր հայրենիքին ու անոր գալիք լուսաւոր ապագային։

Հ.- Նոր Տարուան սեմին ինչպիսի՞ օրհնութիւն ու բարեմղթանք կը փոխանցէք դժուարութեան մատնուող մեր ազգի զաւակներուն։  

պ._ Նոր Տարուան սեմին կ’ուզեմ աղօթել, որ Աստուած Իր հաւիտենական լոյսի խորաններուն մէջ ընդունի մեր ազգի այն ընտիր երիտասարդ զաւակներու հոգիները, որոնք իրենց ամենէն թանկագինը` կեանքը զոհաբերեցին հայրենիքի պաշտպանութեան սիրոյն։ Կ’աղօթեմ, որ Աստուած խաղաղութեան մէջ պահէ մեր հայրենիքը, իսկ խաղաղութիւնը Աստուած է, որ կու տայ եւ այդ խաղաղութիւնը կու գայ այն ատեն երբ մենք ունինք կուռ  ու հզօր բանակ եւ հայրենիք։ Այսօր մէկ նպատակ պէտք է ունենանք բոլորս` համախմբուիլ մեր յոյսի եւ լոյսի հայրենիքին շուրջ։ Իսկ Թորոնթոյի մեր հայրենակիցներուն շնորհակալութիւն կ’ուզեմ յայտնել` մեր Սուրբ Եյեղեցւոյ հադէպ իրենց ցուցաբերած ազնիւ ծառայութեան համար, յատկապէս այս համավարակի օրերուն։ 

Կ’ուզեմ նաեւ շնորհակալութիւն յայտնել մեր դպրաց դասին, սարկաւագներուն եւ այն ազնիւ անձերուն, որոնք երբեմնի վախի ու վտանգի մթնոլորտիn մէջ քաջօրէն ծառայեցին եկեղեցւոյ։ Շնորհակալութիւն բոլոր այն նուիրատուներուն, որոնք սրտաբուխ կ’օգնեն ո՛չ միայն մեր եկեղեցւոյ, այլ` հայկական բոլոր եկեղեցիներուն եւ ընդհանրապէս Թորոնթոհայ համայնքին։ Աստուած անսասան պահէ բոլորս` մեր միութեան եւ համագործակցութեան կարեւոր առաքելութեան մէջ։