«Էրմէնիհապեր»․- Թուրքիոյ «Yüzüncü Yıl» համալսարանի ջրային հետազօտութիւններու բաժանմունքի դասախօս, փրոֆէսոր Մուսթաֆա Ակքուշը յայտարարած է, որ Վանայ լիճի յատակը յայնտաբերուած է 3000ամեայ պատմութիւն ունեցող ամրոց: Ամենայն հաւանականութեամբ ամրոցը կը պատկանի Ուրարտական թագաւորութեան ժամանակաշրջանին:
Թուրք փրոֆէսորը յայտնած է, որ ամրոցը ջուրի տակ մնացած է, քանի որ լիճի մակարդակը վերջին 100ամեակի ընթացքին բարձրացած է շուրջ 150 մեթրով:
Ըստ անոր` բարեբախտաբար ամրոցի պատերը լաւ պահպանուած են եւ բոլորովին չեն վնասուած: Ատոր նպաստած է մասնաւորապէս լիճի ջուրին աղիութիւնը:
Թուրք փրոֆէսորին կարծիքով լիճը, որ իր մէջ բազմաթիւ առեղծուածներ կը թաքցնէ, կրնայ հետաքրքրել սուզորդներն ու հնագէտները:
Յիշեցնենք, որ Ուրարտուն, կամ Վանի թագաւորութիւնը գոյութիւն ունեցած է Ք.ա. 9–6րդ դարերուն: