Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան տօնը առաջին անգամ ըլլալով նշուեցաւ Արցախէն դուրս․ Արցախն այս շաբաթ


1Արցախի նախագահը եւ առաջնորդը Արցախի անկախութեան առիթով եռաբլուր այցելեցին

33 տարի առաջ, 2 սեպտեմբերը հռչակուեցաւ Արցախի անկախութեան օր։ Սակայն այս տարի այդ օրը կը նշուի Արցախէն հեռու։ Անկախութեան տօնին առիթով Արցախի նախագահ Սամուէլ Շահրամանեան եւ Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպս. Աբրահամեան այցելեցին Եռաբլուր զինուորական պանթէոնը եւ իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին հայրենիքի պաշտպանութեան համար իրենց կեանքը զոհած նուիրեալ հերոսներուն։

Սամուէլ Շահրամանեանը յարգանքի տուրք կը մատուցանէ զոհուած հերոսներու յիշատակին (լուսանկարը՝ «Ապառաժ»-ի)

2 սեպտեմբերին իր դռները բացաւ Երեւանի մէջ գտնուող Արցախի ներկայացուցչութիւնը, ուր այցելեցին անձնաւորութիւններ, որոնք կը հաւատան Արցախի պետականութեան կերտման, այդ ճամբուն վրայ Արցախի կողքին էին եւ այսօր ալ կարեւոր կը նկատեն Արցախի պետականութեան պահպանումը։

Արդարեւ, հակառակ ամէն ինչի, արցախցիները տօնը կ’արժեւորեն Արցախէն դուրս՝ իրենց հոգիներուն մէջ փայփայելով վերադարձի յոյսը ։

Իսկ 1 սեպտեմբերի երեկոյեան, խումբ մը երիտասարդներ լուռ հաւաք մը կատարեցին Հայաստանի կառավարութեան շէնքին առջեւ՝ պահանջելով չմոռնալ Արցախը։

«Կասկադ»-ի վերի հատուածին մէջ՝ «Վերածնած Հայաստան» կոթողին մօտ, խումբ մը երիտասարդներ Արցախի անկախութեան տօնին առիթով Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան հսկայական դրօշ մը ծածանեցին: Դրօշակին վրայ գրուած էր «Աշխատենք միասին», «Դէպի յաղթական Հայաստան եւ Արցախ»։

Կասկադի վերեւի հատուածին մէջ երիտասարդներուն դրած պաստառը (լուսանկարը՝ 5-րդ ալիքին)

***

2. Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան 33-ամեակին նուիրուած «ՎԵՐԱԴԱՐՁ» խորագրով ձեռնարկ

ՀՅԴ Հայաստանի գերագոյն մարմինի հանրային կապերու գրասենեակը հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, որ 2 սեպտեմբերին տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Հայասատանի Գերագոյն մարմինի կազմակերպած «ՎԵՐԱԴԱՐՁ» խորագիրով ձեռնարկը՝ նուիրուած Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան 33-ամեակին: Ձեռնարկին նպատակն էր ստեղծուած ծանրագոյն իրավիճակին մէջ արժեւորել պատմական օրուան խորհուրդը, ներկայացնել մօտեցումներ եւ առաջարկներ՝ Արցախի հիմնախնդրի մարտահրաւէրներու եւ քաղաքական լուծումներու, համազգային յանձնառութիւններու եւ Արցախահայութեան անօտարելի իրաւունքներու իրացման վերաբերեալ։

Ձեռնարկին ներկայ էին հոգեւոր դասի ներկայացուցիչներ, Արցախի Հանրապետութեան նախագահը, Արցախի պետական հիմնարկներու ներկայացուցիչներ, Հայաստանի եւ Արցախի քաղաքական, դիւանագիտական եւ ռազմական գործիչներ, «Սրբազան պայքար»-ի առաջնորդ Բագրատ սրբազանը, ինչպէս նաեւ հանրային տարբեր շրջանակներու ներկայացուցիչներ:

Բացումը կատարեց Արցախի թեմի առաջնորդ տէր Վրթանէս եպս․ Աբրահամեանը՝ տէրունական աղօթքով: Հնչեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին ուղերձը:

Ելոյթներով հանդէս եկան Արցախի ազգային ժողովի նախագահի պարտականութիւնները կատարող Գագիկ Բաղունցը, ՀՅԴ Արցախի կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Արա Պուլուզեանը, ՀՅԴ Հայ դատի կեդրոնական գրասենեակի յատուկ ծրագիրներու պատասխանատու Գէորգ Ղուկասեանը, ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, ազգայի ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արմէն Ռուստամեանը, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի ներկայացուցիչ, ԱԺ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթելեանը:

Ձեռնարկի ընթացքին ցուցադրուեցաւ 19 սեպտեմբերի դէպքերուն մասին պատմող «Անաւարտ մարտը» խորագիրով փաստագրական ֆիլմը, ինչպէս նաեւ հանդէս եկան Արցախի պետական շարք մը մշակութային աշխատակազմեր։

Ցուցադրուեցան աշխարհի տարբեր անկիւններէ հասած՝ Հայ դատի, հայ ժողովուրդի եւ Արցախի բարեկամ խորհրդարանականներու եւ պետական ու քաղաքական գործիչներու ուղերձները՝ հեղինակներուն ընթերցմամբ: Այս բոլորը անգամ մը եւս ամրագրեց այն քաղաքական պնդումը, որ իր իրաւունքներուն համար պայքարին մէջ հայ ժողովուրդն ու արցախահայութիւնը միայնակ չեն:

***

3. Արցախի թեմին կազմակերպութեամբ ձեռնարկ՝ նուիրուած Արցախի անկախութեան հռչակման տօնին

Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպս. Աբրահամեանի օրհնութեամբ՝ Արցախի թեմը կազմակերպեց ձեռնարկ մը՝ նուիրուած Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակման տօնին:

Ձեռնարկը սկիզբ առաւ Հայաստանի ու Արցախի պետական քայլերգներով: Այնուհետեւ հոգեւոր հայրերու առաջնորդութեամբ հնչեց Տէրունական աղօթքը:

լուսանկարը՝ «Ապարաժ»-ի

Արցախի թեմի գրասենեակի պատասխանատու Մելանիա Բալայեան իր սրտի խօսքին մէջ Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակման տօնին առիթով շնորհաւորեց բոլորը:

Ձեռնարկին ընթացքին ելոյթով հանդէս եկան Արցախի ազգային ժողովի նախագահի պարտականութիւնները կատարող Գագիկ Բաղունց, Արցախի ազգային ժողովի նախկին նախագահ Աշոտ Ղուլեան, Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան, Արցախի մարդու իրաւունքներու նախկին պաշտպան Արտակ Բեգլարեան եւ Արցախի թեմի թեմական խորհուրդի ատենապետ Լեռնիկ Յովհաննիսեան:

Ներկայ էր նաեւ Շուշիի «Վարանդա» երգչախումբի հիմնադիր, Համազգայինի կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեան, որ իր խօսքին աւարտին շուիով նուագեց Արցախի Հորովելը, որուն ստեղծած մթնոլորտին մէջ ներկաները պահ մը մտովի տեղափոխուեցան դէպի Արցախի բարձրադիր լեռները:

Ժողովրդական երգերով ելոյթ ունեցան «Դիզակ արտ» կեդրոնի սաները:

Աւարտին, Վրթանէս սրբազանը իր ամփոփիչ խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին։ Ան յորդորեց միասնական եւ անկոտրում ըլլալ, որպէսզի դարձեալ կարենանք Արցախի մէջ նշել Անկախութեան հռչակման տօնը:

***

 4. «Մենք ստիպուած ենք եղել ստորագրել, արուել է ապահովելու անվտանգ տեղափոխումը խաղաղ բնակչութեան». նախագահ Շահրամանեան

Արցախի նախագահ Սամուէլ Շահրամանեան 3 սեպտեմբերին, Եռաբլուր զինուորական պանթէոնին մէջ անդրադարձաւ Նիկոլ Փաշինեանի այն մեղադրանքներուն, թէ Արցախի նախագահը ստորագրեց Արցախը լուծարելու որոշումը, ոչ թէ ինք:

«Առաջինը, դա սուտ թէզ է։ Այդ փաստաթուղթը, որը մենք ստիպուած ենք եղել ստորագրել, արուել է ապահովելու անվտանգ տեղափոխումը խաղաղ բնակչութեան Հայաստանի Հանրապետութիւն: Նաեւ ԶՈՒ-ն է տեղափոխուել` նախարարից մինչեւ զինուոր, ուժային կառոյցների պաշտօնեաներ: Ցաւօք, մենք ունեցել ենք նաեւ կենդանի պատանդներ` ի դէմս մեր ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան: Ինչ վերաբերում է այդ փաստաթղթին, ուզում եմ տեղեկացնել մեր հանրութեանը, որ հէնց սկզբից մենք տեղեակ էինք, որ այդ փաստաթուղթը հակասահմանադրական է, հակաօրինական է: Այդ փաստաթուղթը չի ստացել իրաւական ուժ: Այն պաշտօնապէս չի հրապարակուել: Չի տեղադրուել իրաւական համակարգում, որից յետոյ այդ փաստաթուղթը կարելի է համարել նորմատիւ (օրինաչափական) ակտ (որոշում)։

Նախագահ Սամուէլ Շահրամանեան հարցազրոյցի ժամանակ (լուսանկարը՝ aysor.am-ի)

«Արդէն տեղափոխուելով Հայաստան եւ տեսնելով մեր բնակչութեան կարծիքը` բոլորը չեն ցանկացել ինտեգրուել (համարկուիլ) Ադրբեջանի կազմում, Ադրբեջանի լծի տակ եւ կայացրել են իրենց հայրենիքը թողնելու որոշում: Մենք այդ փաստաթղթի վերաբերեալ կայացրել ենք որոշում, եւ ես գրաւոր տեղեկացրել եմ այդ որոշման մասին Հայաստանի կառավարութեանը՝ ի դէմս վարչապետի, իր կից փաստաթղթերով: Այսօր խօսել այդ փաստաթղթի ուժ ունենալու մասին անիմաստ է եւ չի համապատասխանում իրականութեանը», ըսաւ Շահրամանեան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՛նչ պատկերացում ունի Արցախի հարցը միջազգային օրակարգ բերելու հարցով, երբ Հայաստանի իշխանութիւնները կը հրաժարին՝ Շահրամանեան ըսաւ. «Արցախի ժողովրդի անունից առնուազն վերջին տասնամեակներում բանակցել են ՀՀ իշխանութիւնները, եւ համարում ենք, որ Արցախի հարցը միջազգային օրակարգ բերելը եւս ՀՀ իշխանութիւնների խնդիրն է: Մենք պատրաստ ենք այդ հարցում համագործակցել բոլոր շահագրգիռ կառոյցների հետ: Ինչ վերաբերում է, թէ ինչպէս դա կարող է յայտնուել օրակարգում, միակ տարբերակը տեսնում եմ՝ ՀՀ միջոցով: ՀՀ իշխանութիւններն ամէն ինչ պէտք է անէն արցախցիների իրաւունքները պաշտպանելու, այդ թւում՝ միջազգային հարթակներում»:

Ան նկատել տուաւ, որ Հայաստանի իշխանութիւնները հրաժարած են Արցախէն, բայց Հայաստանի բնակչութեան մեծ մասին կարծիքը, ըստ անոր, այդպէս չէ: «Մեր խորը համոզմամբ` Արցախի հարցի արդարացի լուծումը միայն հզօր Հայաստանի միջոցով է հնարաւոր», ըսաւ Շահրամանեան:

Ատրպէյճան գտնուող գերիներուն վերաբերող հարցումին պատասխանելով՝ Շահրամանեան ըսաւ, որ որոշ աշխատանքներ կը տարուին անոնց վերադարձին ուղղութեամբ: «Հայաստանի ղեկավարը չցանկացաւ բացել փակագծերը. ես նոյնպէս ձեռնպահ կը մնամ մեկնաբանութիւններից», ըսաւ ան։

***

  1. Արցախի ազգային ժողովը կոչ ուղղեց Հայաստանի իշխանութիւններուն՝ միջազգային հարթակի վրայ օրակարգ դարձնել արցախահայութեան տունդարձը

Արցախի Ազգային ժողովը Արցախի Հանրապետութեան 33-ամեակին առիթով հրապարակեց յայտարարութիւն մը, ուր մասնաւորապէս կ’ըսուի, որ շուրջ երեսուն տարիներու ընթացքին, հակառակ Ազրպէյճանի մշտական սպառնալիքներուն, Սահմանադրական ամուր հիմքերով եւ արդիւնաւէտօրէն գործող պետական ու ժողովրդավարական հաստատութիւններով Լեռնային Ղարաբաղի (Արցախի) Հանրապետութեան ժողովուրդը կ’ապահովէր հայկական երկրորդ հանրապետութեան զարգացումը` փորձելով դառնալ պետութիւններու համաշխարհային ընտանիքի մաս:

Յայտարարութիւնը կը յիշեցնէ, որ Արցախի (Լեռնային Ղարաբաղի) Հանրապետութեան ժողովուրդը իր ինքնորոշման իրաւունքն իրացուցած է միջազգային իրաւունքի բոլոր չափանիշներուն համապատասխան`որեւէ առնչութիւն չունենալով Ազրպէյճանական Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութեան հետ:

Արցախի (Լեռնային Ղարաբաղի) Հանրապետութեան ներկայացուցչական մարմինը, արտայայտելով Արցախի ժողովուրդին կամքը, կոչ կ’ընէ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն․
« – Միջազգային ատեաններում օրակարգային դարձնել Արցախի (Լեռնային Ղարաբաղի) Հանրապետութեան ժողովրդի` հայրենիք հաւաքական կերպով վերադառնալու իրաւունքի հարցը:
 ԵԱՀԿ Մինսկի խմբի երկրներին`

«Ազգերի ինքնորոշման, տարածքային ամբողջականութեան եւ ուժի չկիրառման սկզբունքների հիման վրայ շարունակել միջնորդական առաքելութիւնն Արցախի ժողովրդի` իր հայրենիքում ազատ ապրելու իրաւունքի իրացման նպատակով:

«ՄԱԿ-ին, ՄԱԿ անդամ երկրներին` միջազգայնօրէն ստանձնած մանդատի, պարտաւորութիւնների եւ միջնորդութիւնների շրջանակում միջազգային հանրայայտ նորմերի եւ սկզբունքների, ինչպէս նաեւ Արցախի (Լեռնային Ղարաբաղի) Հանրապետութեան հռչակման իրաւաքաղաքական փաստերի հիմքով Արցախի ժողովրդի կողմից ընտրուած ներկայացուցիչների հետ գործակցութեամբ ապահովել Արցախի (Լեռնային Ղարաբաղի) Հանրապետութեան ժողովրդի` իրենց մշտական բնակութեան վայրեր վերադարձն ու այլ հաւասար եւ անկապտելի իրաւունքների իրացումը` որպէս ազատութեան, արդարութեան եւ համընդհանուր խաղաղութեան հիմք»։

***

  1. Արցախի Հանրապետութեան հռչակման 33-ամեակին առիթով երկու կաթողիկոսները ուղերձներ յղեցին՝ շեշտելով Արցախի դատին անժամանցելիութիւնը

Արցախի Հանրապետութեան հռչակման 33-ամեակին առիթով, Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. եւ Մեծի տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսները ուղերձներ յղեցին՝ շեշտելով Արցախի դատին անժամանցելիութիւնը։

Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը իր հայրապետական պատգամին մէջ շեշտեց, որ Արցախի անկախութեան օրը նաեւ արդար ընդվզումի օր է՝ ընդդէմ հայ ժողովուրդին հանդէպ իրագործուած ցեղասպանութեան, բռնութեան ու ատելութեան:

«Արցախի Անկախութեան օրուայ յիշատակումը եւս մէկ պատգամ է մեր ժողովրդին եւ մարդասիրութեան բարձր արժէքների ջատագով միջազգային հանրութեանը՝ գործուն ջանքեր ներդնելու յանուն արդարութեան ու ճշմարտութեան յաղթանակի, յանուն արցախահայութեան ոտնահարուած իրաւունքների պաշտպանութեան եւ Արցախի հայկական բազմադարեայ հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան», ըսաւ Գարեգին Բ․-ը:

Ան իր սրտաբուխ աղօթքը բարձրացուց առ Աստուած յանուն Արցախի ազատագրութեան ու պաշտպանութեան իրենց կեանքը ընծայած բոլոր քաջորդիներուն, ինչպէս եւ Տիրոջ օգնականութիւնը հայցեց Արցախի պատանդառուած ռազմաքաղաքական ղեկավարներուն եւ բոլոր գերիներու շուտափոյթ ազատ արձակման համար:

Արամ Ա. Կաթողիկոսը իր պատգամին մէջ նշեց, որ հայ ժողովուրդը կ’ապրի իր ժամանակակից պատմութեան ամենէն ճակատագրական հանգրուանը: Հայաթափուած է Արցախը, Հայաստանը կը մնայ ենթակայ Ազրպէյճանի սպառնալիքներուն: Հայաստանը առանձին է, իրաւ բարեկամ չունի:

Ան հրամայական եւ առաջնահերթ համարեց ուժերու համախմբումը ու մեր ժողովուրդի միասնականութեան ամրապնդումը՝ համահայկական օրակարգի մը շուրջ։

«Մեր ժողովուրդին համար Արցախի հայկական պատկանելիութեան ամբողջական վերականգնումը պէտք է դառնայ ամէնօրեայ պայքար, նախ ներքին ճակատի վրայ: Այս համազգային պայքարին շուրջ պէտք է համախմբուին Հայաստանի պետութիւնը, մեր եկեղեցին, մեր ազգային կառոյցները, Հայաստանն ու Սփիւռքը: Արցախի հայկական պատկանելիութեան վերականգնումի մեր յանձնառութիւնը պէտք է նաեւ մեզ մղէ հետեւողական ու ծրագրուած աշխատանքի՝ միջազգային համայնքէն ներս: Պետական, քաղաքական, կրօնական, մշակութային ու ակադեմական շրջանակներէն ներս փաստացի տուեալներով հարկ է շեշտել ու վերաշեշտել Արցախի հայկական պատկանելիութիւնը», ըսաւ Արամ Ա․ կաթողիկոսը եւ շեշտեց․ «Մեծի տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան համար Արցախի հարցը միշտ պիտի մնայ առաջնահերթ: Պետական պատասխանատուներուն, կրօնական ներկայացուցիչներուն ու դիւանագիտական մարմիններուն հետ մեր հանդիպումներուն ընթացքին պիտի շարունակենք կարեւորութեամբ շեշտել Արցախի հարցին ամբողջական ու արդար լուծում տալու հրամայականը, ինչպէս նաեւ մեր քաղաքական ու պետական բանտարկեալներուն շուտափոյթ ազատ արձակումը»:

Ան կոչ ըրաւ արցախահայութեան, որ կառչած մնան իրենց դատին,  հերոսներու արիւնով թրծուած իրենց հողին եւ չարտագաղթեն եւ հաւաստիացուց, որ հայ ժողովուրդը իրենց հետ է՝ աջակից ու զօրակից իրենց պայքարին:

***

  1. Արցախի նախկին ղեկավարները Ազրպէյճանի մէջ պիտի դատուին

Ապօրինաբար Պաքուի մէջ պահուող Արցախի նախկին նախագահներ Արայիկ Յարութիւնեան, Բակօ Սահակեան, Արկադի Ղուկասեան, պետական նախկին նախարար Ռուբէն Վարդանեան եւ միւս 4 բարձրաստիճան պաշտօնեաները Ազրպէյճանի մէջ շուտով պիտի կանգնին դատարանի առջեւ: Այս մասին ռուսական News.ru լրատուամիջոցին փոխանցեց Ազրպէյճանի գլխաւոր դատախազ Քամրան Ալիեւ, սակայն, ժամէտի մասին ան չմանրամասնեց:

«Քրէական գործի նիւթերուն կը ծանօթանան թէ՛ մեղադրեալները եւ թէ՛ տուժողները: Դուք գիտէք, որ քրէական այս գործով տուժողները շատ են: Այս բոլոր քննչական միջոցառումները իրականացնելէ ետք, գործը պիտի ուղարկուի դատարան», ըսաւ Ազրպէյճանի գլխաւոր դատախազը:

Արցախի նախկին ղեկավարներուն Ազրպէյճան ահաբեկչութեան ծանր յօդուածներով մեղադրանքներ առաջադրեց նախորդ տարի՝ Արցախի վրայ Ազրպէյճանի յարձակումէն եւ անոնց ձերբակալութենէն օրեր ետք: 

Մարդու իրաւունքներու կոպտագոյն խախտումներով յայտնի երկրին գլխաւոր դատախազը պնդեց, որ Արցախի նախկին պաշտօնատարներուն գործը դատարանը պիտի քննէ՝ «միջազգային չափանիշներուն եւ Ազրպէյճանի քրէական օրէնսդրութեան համապատասխան»:

Ատրպէյճանի բանտերուն մէջ կան քսաներեք հայեր, որոնցմէ ութ հոգին Արցախի նախկին բարձրաստիճան պաշտօնեաներն են:

***

8. 2020-էն ի վեր ազրպէյճանցիները քանդեցին հայկական պատմամշակութային 570-է աւելի նմուշ

Հայկական պատմամշակութային ժառանգութեան ոչնչացումը Պաքուի, Նախիջեւանի, Գանձակի եւ Դաշտային Ղարաբաղի այլ բնակավայրերուն մէջ սկսած էր ազրպէյճանական ԽՍՀ-ի կողմէ, 1960-ական թուականներէն: Լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին այս մասին նշեց «Քանդակագործութեան ազգային պարկ» թանգարանի հիմնադիր տնօրէն եւ «Հայկական լեռնաշխարհի մշակութային ժառանգութեան պաշտպան» հասարակական կազմակերպութեան հիմնադիր, քանդակագործ Արթուր Գէորգեանը:

Շուշիի Կանաչ Ժամ եկեղեցին ազերիները քանդեցին (լուսանկարը՝ Medialab-ի)

Անոր տուեալներով, 2020 թուականի 44-օրեայ պատերազմի ժամանակ ու անկէ առաջ Արցախի եւ յարակից շրջաններու մէջ ոչնչացուած են հայկական պատմամշակութային ժառանգութեան երկուհարիւր յիսունէ աւելի կոթողներ, մեծ մասը` Հայրենական մեծ պատերազմի զոհերու յուշարձաններ, իսկ պատերազմէն ետք ազրպէյճանցիները ամէն շաբաթ երեք-չորս յուշարձան ու խաչքարեր կ’ոչնչացնեն:

2020 թուականէն ետք ցարդ ազրպէյճանցիները քանդած են հայկական պատմամշակութային ժառանգութեան հինգհարիւր եօթանասունէ աւելի նմուշ: «Փաստացի, չկայ որեւէ շաբաթ, որ այդպիսի դէպքեր չարձանագրուին: Միակ բանը, որ մեզի կը մնայ այսօր` հաւաքել այդ փաստերը եւ ներկայացնել միջազգային դատարաններ: Միջազգային բոլոր ատեաններուն մէջ բարձրացնել այդ հարցերը, եւ ոչ թէ միայն ռուսական կողմին, այլեւ ընդհանրապէս միջազգային հանրութեան ահազանգել եւ ճնշումներ պարտադրել», նշեց Գէորգեան:

***

  1. Երեւանի մէջ Արցախի թեմին գրասենեակ տրամադրուեցաւ

Երեւանի մէջ Արցախի թեմին գրասենեակ տրամադրուեցաւ: Արցախահայերը այսուհետեւ Բաղրամեան 59 գ հասցէին մէջ գտնուող գրասենեակին մէջ պարբերաբար պիտի հաւաքուին` քննարկումներու, միջոցառումներու, զրոյցներու մասնակցելու համար:

Արցախի թեմի գրասենեակի բացումը Երեւանի մէջ (Լուսանկարը՝ «Շողակաթ» հեռուստակայանին)

Առաջին հանդիպումը տեղի ունեցաւ 30 օգոստոսին, որ նուիրուած էր Արցախի Անկախութեան հռչակման տօնին: