Արցախն այս շաբաթ


1․ ՀՅԴ Գանատայի երիտասարդական միութիւնը կազմակերպած Վանաձորի ճամբարին կը մասնակցին նաեւ արցախցի պատանիներ

11-րդ անգամ է, որ ՀՅԴ Գանատայի երիտասարդական միութիւնը պատանեկան ճամբար կը կազմակերպէ Վանաձորիմէջ: ՀՅԴ Գանատայի երիտասարդական միութեան 10 անդամ գործուղուած է Վանաձոր: Անոնց միացած է ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարադական միութեան 7 ընկեր: 

Այս տարուայ ճամբարին կը մասնակցին 200-է աւելի պատանիներ, որոնց մէկ մասը արցախցի երեխաներ են: Ճամբարի թեման Արցախն է: Խումբերը անուանակոչուած են Արցախի շրջաններու անուններով եւ իւրաքանչիւր խումբ ունի իր անունին համապատասխան կանչ:

Ճամբարի ընթացքին Սփիւռքէն եկած երիտասարդները գիտելիքներ ու հմտութիւններ կը փոխանցեն պատանիներուն, կը կազմակերպեն մրցոյթներ, խաղեր, կը սորվեցնեն ազգային երգեր ու պարեր, կը կազմակերպեն զանազան թեմաներով բանախօսութիւններ: Նպատակը պատանիներուն մէջ ամրապնդել ազգային գաղափարախօսութիւնն ու հայրենասիրութիւնը: Պատանիները կը ծանօթանան Դաշնակցութեան, Հայ դատի եւ Արցախի ազատագրական պայքարի պատմութեան:

***

2․ ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան երկօրեայ բանակումսեմինարը` նուիրուած Լիզպոնի գործողութեան 41-ամեակին


27-28 յուլիսին, ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան նախաձեռնութեամբ, կազմակերպուեցաւ երկօրեայ բանակում-սեմինար մը, որ նուիրուեցաւ Լիզպոնի հինգ տղոց գործողութեան 41-ամեակին: Անոր մասնակցեցան նաեւ ՀՅԴ Արցախի քոյր եւ ուղեկից միութիւններու անդամներ:

Բանակումի հինգ խումբերը կրեցին Լիզպոնի հինգ նուիրեալներուն` Վաչէին, Արային, Սիմոնին, Սեդրակին եւ Սարգիսին անունները:

ճամբար-սեմինարին մասնակցող արցախցի երիտասարդները

Բանակումը ընթացք առաւ բանականութեան վերաբերող խաղով, որուն ընթացքին խումբերը ստուգեցին իրենց գիտելիքները` հայ գրականութեան, հայոց պատմութեան, աշխարհագրութեան եւ մարմնակրթութեան ոլորտներուն մէջ:

Բանակումին արցախցի երիտասարդներուն դասախօսութիւններով ներկայացան` Իրանի խորհրդարանի անդամ դոկտոր-փրոֆեսէօր Կարէն Խանլարեանը, որ ներկայացուց ՀՅԴ զինեալ պայքարը եւ Լիզպոնի հինգին գործողութիւնը, ՀՄԸՄ-ի Արցախի մասնաճիւղի ատենապետ Արմոնդ Թահմասեանը, որ ներկայացուց դաշնակցական երիտասարդին տիպարը եւ զայն յուզող հարցերը, Արցախի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան փոխնախարար, պատմաբան Լեռնիկ Յովհաննիսեանը, որ ներկայացուց Խանասորի արշաւանքը, Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Մհեր Աւետիսեանը, որ ներկայացուց հայկական երեք կուսակցութիւններու ծնունդը:

Բանակումի մասնակցող երիտասարդները յուզող հարցերուն մասին անոնց հետ զրուցեց ՀՅԴ Արցախի կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Արա Պուլուզեանը: Ան երիտասարդներուն վստահեցուց, որ ՀՅԴ կառոյցները իրենց ամբողջ ներուժով նեցուկ կը կանգնին արցախահայ երիտասարդներուն:

Բանակումին մասնակցողները իրենց ազատ ժամանակը անցուցին խարոյկին շուրջ` ազգային երգերով եւ պարերով:

***

3. Արցախի երեխաներու համար կազմակերպուող ճամբարները կը շարունակուին

Աբովեան եւ Մասիս քաղաքներուն մէջ վերաբնակեցուած արցախցի 6-էն 14 տարեկան երեխաներու համար կը կազմակերպուին բակային ճամբարներ: Ծրագիրը կեանքի կոչուեցաւ ՀՄԸՄ-ի «Արցախ ֆոնտ»-ին, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի եւ Աբովեան ու Մասիս քաղաքներու համայնքապետարաններուն միացեալ աջակցութեամբ:

Մէկ ամիս տեւողութեամբ, ամէն շաբաթ եւ կիրակի օրերը, արցախցի երեխաները կարելիութիւն կ’ունենան ծանօթանալու սկաուտական սովորութիւններուն, ձեռք բերելու խումբի մը մէջ աշխատելու հմտութիւններ եւ կարեւորագոյնը՝ ժամանակ անցընել արցախեան մթնոլորտին մէջ ու նոր գիտելիքներով վերադառնալ տուն: 

Սկաուտները, աշխատելով արցախցի երեխաներուն հետ, ջանք եւ եռանդ չեն խնայեր, որ անոնց առօրեան հետաքրքրական ու յագեցած ըլլայ, իսկ աչքերը փայլին ուրախութեամբ:

***

4․ Բռնի տեղահանուած եւ քաղաքացիութիւն ստանալու չդիմած արցախցիները պիտի մնան գաղթական

Արցախահայութեան բռնի տեղահանութենէն եւ Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի  բռնագրաւումէն անցած է գրեթէ մէկ տարի: «Թերթ»-ը գրաւոր հարցումով դիմած է ներքին գործոց նախարարութեան՝ գիտնալու համար, թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ արցախցիներուն կացութիւնը Ժամանակաւոր պաշտպանութեան փախստականի վկայականի ժամկէտի աւարտէն ետք:

Նախարարութենէն պատասխանեցին, որ Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչները պիտի դրուին ժամանակաւոր պաշտպանութեան տակ (տրամադրուած է գաղթականի կարգավիճակ) մէկ տարի ժամկէտով՝ երկարաձգման հնարաւորութեամբ:

Արցախցիներու բռնի տեղահանութիւնը (լուսանկարը՝ «Արմենպրես»-ի)

Խօսքը կը վերաբերի Ացախի այն քաղաքացիներուն, որոնք Լեռնային Ղարաբաղի տոմարի հաշուառում ունին,  այն անձիք, որոնք Հայաստանի կամ անկէ դուրս կը գտնուին, բայց իրենց վերջին հաշուառման հասցէն եղած է Լեռնային Ղարաբաղը, այն անձիք որոնք չեն ունեցած հաշուառում Լեռնային Ղարաբաղի տոմարերուն մէջ, սակայն բնակած են Լեռնային Ղարաբաղի մէջ եւ 19 սեպտեմբեր 2023-էն Ազրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի դէմ սանձազերծած ռազմական գործողութիւններու հետեւանքով բռնի տեղահանուելէն ետք հաշուառուած են Հայաստանի ներքին գործոց նախարարութեան գաղթականութեան եւ քաղաքացիութեան ծառայութեան կողմէ վերցուած են ժամանակաւոր պաշտպանութեան տակ մէկ տարի ժամկէտով՝ երկարաձգման հնարաւորութեամբ, նշուած է պատասխանին մէջ:

Նոյն ատեն, նախարարութիւնը տեղեկացուց, Արցախի վերոնշեալ քաղաքացիներուն ժամանակուր պաշպանութեան ժամկէտը պիտի երկարաձգուի մինչեւ 31 դեկտեմբեր 2025-ը՝ նոյնպէս երկարաձգման հնարաւորութեամբ։

«Թերթ»-ը ուզեց իմանալ, որ եթէ արցախցին չդիմէ Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստանալու համար, ի՞նչ պիտի ըլլայ անոր վիճակը: Ներքին գործոց նախարարութենէն պատասխանեցին, որ Լեռնային Ղարաբաղէ բռնի տեղահանուած այն անձիք, որոնք չեն դիմեր Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստանալու համար՝ պիտի շարունակեն մնալ ժամանակաւոր պաշտպանութեան (փախստականի կարգավիճակ) տակ։ 

***

5. Միջազգային մեծ աջակցութիւն կայ արցախցիներու վերադարձի իրաւունքին շուրջ․ Օսկանեան

Արցախի ժողովրդի հաւաքական վերադարձի իրաւունքը միջազգային պաշտպանութեան եւ երաշխիքներու տակ պէտք է բերուի բանակցային օրակարգ, Ֆէյսպուքի իր էջին մէջ տեղադրուած տեսանիւթով մը յայտարարեց  Հայաստանի նախկին արտաքին գործոց նախարար (1998-2008) Վարդան Օսկանեանը:

Ան նշեց, որ որպէս Արցախի ժողովուրդի հաւաքական հայրենադարձութեան եւ հիմնարար այլ իրաւունքներու պաշտպանութեան յանձնախումբի ղեկավար՝ վերջին ամիսներուն հանդիպումներ ունեցած է միջազգային տարբեր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու հետ: Օսկանեանը կը վստահեցնէ, որ քուլիսային մեծ աջակցութիւն կայ արցախահայութեան վարդարձի հարցին շուրջ։ «Ընդհանուր շատ դրական տրամադրուածութիւն կայ միջազգային երաշխիքներով արցախահայութեան հաւաքական վերադարձի հարցին շուրջ: Եթէ այս հարցը Հայաստանի կողմէ բերուի բանակցային օրակարգ, այնտեղ պիտի ըլլայ միջազգային հանրութեան աջակցութիւնը», ըսած է Օսկանեան:

Վարդան Օսկանեան իր տարածած տեսանիւթին մէջ

Ան վկայակոչած է Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերով ԵՄ յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարի յայտարարութիւնը, ըստ որուն` Ազրպէյճանը պարտաւորութիւն ունի արցախահայութեան վերադարձի հարցին անդրադառնալու․ «Ան կը խօսի Եւրոմիութեան անունէն եւ կ’ըսէ Ազրպէյճանը պարտաւորութիւն ունի այս հարցին անդրադառնալու: Ան կ’ըսէ` իրարու հետ բացարձակ կապ չունին արցախահայութեան վերադարձի եւ ազրպէյճանցիներու` Հայաստան գալու խնդիրները»:

«Միանշանակ, այս հարցէն տեղեակ մարդոց կողմէ կ’արձանագրուի, որ Արցախի հարցը դեռեւս լուծուած չէ: Յստակ դիրքորոշումներ կան շատ կարեւոր մարդոց կողմէ, որոնց ես ականատես եղած եմ: Եթէ Ազրպէյճանին կը թուի, թէ ռազմական ճանապարհով լուծած է Արցախի հարցը, չարաչար կը սխալի: Արցախի հարցը դեռեւս լուծուած չէ այնքան ժամանակ, քանի դեռ միջազգային երաշխիքներով իրենց տուները վերադառնալու արցախահայութեան հարցը տակաւին չէ լուծուած: Կը մնայ այս հարցը բերել օրակարգ», նշած է նախկին արտաքին գործոց նախարարը:

Վարդան Օսկանեանի կարծիքով` արցախահայութիւնը, հայ ժողովուրդը նման ճակատագրի արժանացած Հայաստանի այսօրուան իշխանութիւններու սխալներուն պատճառով․ «Եկէք թոյլ չտանք անոնց, որ այդ սխալները շարունակեն, կամ այդ սխալները արդարացնելու համար ուղղակի այս հարցը մոռացութեան տան: Կը կրկնեմ` այսօր իրական հնարաւորութիւն կայ միջազգային երաշխիքներով արցախահայութեան բոլոր իրաւունքները վերականգնելու հարցով: Հայաստանի իշխանութիւնները պարտաւոր են այս հարցը օրակարգ բերելու»:

***

6. Արցախցիներուն վերադարձը Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մաս պէտք է կազմէ. Քլաար

Հարաւային Կովկասի հարցերու գծով Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար JamNews-ի հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ արցախահայերուն տունդարձի իրաւունքին եւ գերիները ազատ արձակելու հարցին։

Խօսելով Արցախէն բռնի տեղահանուած հայերուն` իրենց հայրենիքը վերադառնալու կարելիութիւններուն մասին՝ Քլաար ըսաւ, որ Եւրոպական Միութիւնը շատ յստակ եղած է այս հարցով եւ յայտնած, որ Լեռնային Ղարաբաղի հայերուն վերադարձի հարցը Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մաս պէտք է կազմէ, եւ որ Պաքուի եւ անոնց միջեւ ուղղակի բանակցութիւններ պիտի ըլլան` հայրենի տարածաշրջանը ապահով եւ արժանապատիւ վերադառնալու շուրջ: 

«Դարձեալ յոյս ունիմ, որ թշնամութեան եւ բռնութեան էջը վերջապէս կրնայ միանգամընդմիշտ փակուիլ՝ ի շահ տարածաշրջանի ամբողջ բնակչութեան, որոնց կարգին՝ Ղարաբաղի հայերուն»՝ ըսաւ Քլաար՝ շեշտելով, որ Արցախի հայերուն վերադարձին գծով Ազրպէյճան պարտաւորութիւն ունի, որմէ, ըստ իրեն, անիկա չի հրաժարիր։

Ըստ անոր՝ կարգաւորում կը նշանակէ բաց վէրքերու բացակայութիւն, եւ, հետեւաբար, այս հարցը պէտք է ըլլայ աւելի լայն խաղաղութեան գործընթացի մը մասը:

Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման երկխօսութեան ծիրին մէջ Քլաար նաեւ կարեւոր եւ առանցքային տարրեր նկատեց մարդասիրական, մասնաւորապէս, գերիներուն եւ անհետ կորսուած անձերուն վերաբերող հարցերը: 

«Ես խորապէս համոզուած եմ, որ բոլոր գերիները ազատ արձակելը, բոլոր կողմերուն լաւ եւ արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը՝ անհետ կորսուածներու ճակատագիրին, ինչպէս նաեւ ականազերծման ջանքերու հարցին վերաբերող, վճռորոշ տարրեր են կայուն խաղաղութեան եւ թշնամութեան ու բռնութեան էջը վերջնականապէս փակելու համար: Անձնապէս կը տխրիմ, երբ մենք տակաւին իսկապէս չենք կրնար յառաջընթաց արձանագրել այդ հարցերուն մէջ», յայտնեց Քլաար` աւելցնելով, որ այդ հարցը կը մնայ առանցքային՝ իր աշխատանքը շարունակող յաջորդ պաշտօնեային համար:

Ըստ անոր՝ խաղաղութեան պայմանագիրը եւ անոր հետագայ իրականացումը հիմնովին պիտի փոխեն տարածաշրջանին իրավիճակը:

Պաքու արձագանգեց Քլաարի հարցազրոյցին մէջ հնչած որոշ յայտարարութիւններու` մասնաւորապէս Արցախի հայերուն վերադարձին հարցին, եւ զանոնք որակեց «կողմնակալ, հարուած այն կառոյցի հեղինակութեան, զոր Քլաար կը ներկայացնէ»:

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան փոխբանբեր Վասիֆ Ալիեւ, պատասխանելով Քլաարին՝ ըսաւ. «Հայաստանի պարտաւորութիւնը համապատասխան պայմաններ ստեղծել է Հայաստանէն վտարուած ատրպէյճանցիները իրենց հայրենի հողերը ապահով եւ արժանապատիւ վերադարձնելու համար, եւ միջազգային հանրութիւնը պէտք է պահանջէ այդ պարտաւորութեան կատարումը»:

Ալիեւ նաեւ ըսաւ, թէ «ազրպէյճանական կողմը կը յարգէ Ազրպէյճան վերադառնալու մտադրութիւնը միայն այն հայազգի անձերուն, որոնք կը յարգեն իրենց երկրին տարածքային ամբողջականութիւնը եւ ինքնիշխանութիւնը»:

***

6. Ազրպէյճան քանդեց Արցախի Հադրութի շրջանի Մոխրենես գիւղը

Հիմնուելով արբանեակային լուսանկարներու ներկայացուցած փաստերուն վրայ` Ազրպէյճանը քանդած է հոկտեմբեր 2020-ին անոր վերահսկողութեան տակ անցած Արցախի Հադրութի շրջանի Մոխրենես գիւղը: Աւերուած են գիւղի տուներուն մեծամասնութիւնը, դպրոցը, եւ մանկապարտէզը: Այս մասին կ’ահազանգէ monumentwatch.org-ը, որուն այս առիթով հրապարակած յայտարարութեան մէջ կ’ըսուի, որ 2022 թուականին Ազրպէյճան ոչնչացուցած է Մոխրենեսի Ս. Սարգիս եկեղեցին: Մոխրենես գիւղը եւ շրջակայքը հարուստ են յուշարձաններով: Մոխրենես գիւղի տարածքին հաշուառուած են աւելի քան 20 յուշարձաններ, գիւղին մօտ կը գտնուի յայտնի «Օխտը դռնի» վանքը: Ոչնչացման գործողութիւններու պատճառով ուղղակի վտանգի տակ յայտնուած են գիւղին շրջակայքը գտնուող յուշարձանները:

«2021 թուականէն սկսեալ գրաւուած Արցախի մէջ ազրպէյճանական կողմէն իրականացուող մեծածաւալ ճանապարհաշինարարական, ենթակառուցուածքային աշխատանքներու պատճառով Արցախի բազմաթիւ գիւղերու մէջ կը կատարուէին մեծածաւալ աւերումներ: Վտանգուած գօտիին մէջ կը գտնուին յատկապէս Հադրութի շրջանի գիւղերը եւ անոնց յարակից տարածքները, եւ որ պայմանաւորուած էր Շուշի տանող երկու նոր ճանապարհներու, անոնց սպասարկող ենթակառուցուածքներու կառուցումով, երբ կ’աւերուէին հսկայական տարածքներ ճանապարհներու իրականացման, ինչպէս նաեւ շինարարութեան կազմածներու, սպասարկող անձնակազմի, շինարարական նիւթերու եւ թափօններու կուտակման համար: Յաճախ տարաբնոյթ ճարտարագիտական հարցերը կը լուծուէին ի հաշիւ հայկական գիւղերու կամ անոնց տուներու աւերման: Մոխրենես գիւղին աւերումը թերեւս ուղղակի այս միտումնաւոր գործողութիւններու հետեւանքն է:

«…Գիւղին ոչնչացումը Ազրպէյճանի կողմէ պատերազմի ժամանակ եւ բռնազաւթման ամբողջ  ընթացքին համակցուած յանցագործութիւններու շարք է` խախտելով թէ՛ պատերազմի ժամանակ ժառանգութեան պահպանութեան միջազգային կանոններն ու  ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կողմէ հաստատուած իսկութեան եւ ամբողջականութեան սկզբունքները, այլեւ` Արդարադատութեան միջազգային դատարանի  որոշումները: Գիւղին հասցուած վնասը, համաձայն  «Զինուած հակամարտութիւններու ժամանակ մշակութային արժէքներու պաշտպանութեան մասին» Լա Հէյի 1954 թուականի վեհաժողովին 4-րդ յօդուածին եւ լրացուցիչ` 1999 թուականին ընդունուած երկրորդ արձանագրութեան 15-րդ յօդուածին Ա. կէտին, «լուրջ խախտում» է, որ իբրեւ ռազմական յանցագործութիւն` կրնայ հետապնդուիլ միջազգային դատարաններու մէջ», ըսուած է յայտարարութեան մէջ: