ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Հայաստանի մշտական բնակչութեան թիւը 1 Յունուար 2018ին կազմած է 2 միլիոն 972 հազար 900, մինչդեռ 1 Յունուար 2017ին թիւը 2 միլիոն 986 հազար 100 եղած է:
Հայաստանի ազգային վիճակագրական ծառայութեան հրապարակած տուեալներուն համաձայն՝ 1 միլիոն 76.4 հազար անձեր կ՛ապրին մայրաքաղաք Երեւանի մէջ: Արմաւիրի ու Արարատի մարզերու բկաչութիւնը համապատասխանաբար 257 հազար 400 եւ 265 հազար 400 է: Ամէնէն քիչ բնակչութիւնը ունի Վայոց Ձորը՝ 49 հազար 800:
Նշենք, որ 2017ին Հայաստանի մէջ ծնած են 37 հազար 699 երեխաներ, 2016ին՝ 40 հազար 592, 2015ին՝ 41 հազար 763:
Վիճակագրութենէն նաեւ կը տեղեկանանք, որ 2017ի Յունուար-Դեկտեմբեր ամիսներուն, Հայաստանի մէջ արձանագրուած են 1000 ամուսնութիւններ եւ 259 ամուսնալուծութեան դէպքեր: