760 100 տոլար կը հանգանակուի Հայաստան համահայկական հիմնադրամի Թորոնթոյի ճաշկերոյթին


Յարութիւն Դերձակեան

Հայաստան համահայկական հիմնադրամի Թորոնթոյի մասնաճիւղը անցնող երկու տարիներուն, Քորոնա համաճարակի սահմանափակումներուն պատճառով, չկրցաւ համախմբել եւ կազմակերպել իր տարեկան հանգանակային ճաշկերոյթը։ Ուրախ ենք ըսելու, որ այս տարի Թորոնթոյի հիմնադրամը իր հիմնադրութեան 30-ամեակին առիթով կազմակերպեց համագաղութային հանգանակային ճաշկերոյթը, որ իրականացաւ 30 Հոկտեմբեր 2022-ին, Հայ կեդրոնի սրահին մէջ։ Հիմնադրամը իր հիմնադրութեան թուականէն մինչեւ օրս ազգանուէր եւ մարդասիրական աշխատանք կը տանի Արցախի վերաշինութեան ու զարգացման աշխատանքներուն՝ իր մեծ ներդրումը բերելով գիւղերու մէջ մեծ ու փոքր զանազան օգտակար ծրագիրներ իրականացման։

Երեկոյթը սկսաւ վերջին տարիներուն Արցախի եւ Հայաստանի մէջ զոհուած զինուորներու յիշատակին մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ։ Այնուհետեւ Գանատայի, Հայաստանի եւ Արցախի ազգային քայլերգերը երգուեցան, մեկնաբանութեամբ՝ մեներգչուհի, սոփրանօ Աթենա Պապայեանի, դաշնակի ընկերակցութեամբ՝ Թալին Արթինեան Քըլըպոզեանի։

Կարկանդակի հատումը կը կատարուի (լուսանկար՝ Յարութիւն Դերձակեանի)

Բացման խօսքով հանդէս եկան օրուան հանդիսավարները՝ Թէնի Նիկողոսեան եւ Մարիամ Մեսրոպ, որոնք հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով վարեցին օրուան հանդիսութիւնը։ Նիկողոսեան ներկաները ողջունելէ ետք, պատուոյ հիւրերը մէկ առ մէկ ներկայացուց։ Ներկաներուն մէջ կը գտնուէին Գանատայի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան տիկ․ Անահիտ Յարութիւնեան, քաղաքիս մէջ գործող հայ եկեղեցիներու հոգեւոր հայրեր, օրուան պատգամաբեր դաշնակահար-երգահան Սէրուժ Գրաճեան, քաղաքական կուսակցութիւններու, միութիւններու, կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ սրահը լեցնող հիմնադրամի սատարող բարերարներու եւ համակիրներու ընտրեալ բազմութիւն մը։

Հանդիսավար Մեսրոպ հակիրճ տողերով ներկայացուց Գանատայի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Անահիտ Յարութիւնեանը, բեմ հրաւիրեց զայն՝ սրտի խօսքը փոխանցելու։

Յարգելի դեսպանը, կազմակերպիչները, բարերարներն ու ներկաները ողջունելէ ետք, իր ուրախութիւնը յայտնեց համահայկական հիմնադրամին 30 տարիներու անխոնջ աշխատանքներուն՝ բարձր գնահատելով զանոնք։ «Արցախը եւ Հայաստանը մէկ հայրենիք են, անոնց կարիքները հոգալ մեր բոլորին պարտականութիւնն է։ «Միշտ հայրենիքին հետ» կարգախօսով միասնական եւ ամուր եղէք, հաւատացէք, որ եթէ միասնական ենք ամուր, խաղաղ եւ բարեկեցիկ ապագան մերն է»:

Թորոնթոյի Հայաստան համահայկական հիմնադրամի 30-ամեակի առիթով մոմավառութիւն տեղի ունեցաւ, ինչպէս նաեւ ձեռամբ՝ դեսպանի, Գրաճեանի եւ ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեանի կատարուեցաւ կարկանդակի հատումը։ Սեղաններու օրհնութիւնը կատարուեցաւ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Հայր Վարդան Ծ. Վարդապետ Թաշճեանի եւ մասնակցութեամբ ներկաներուն։

Գեղարուեստական բաժնին մէջ երիտասարդ արուեստագէտներ Սեւակ Յարութիւնեան, Թորոս Մայդոսեան, Նվեր Ղազարեան եւ Լեւոն Քարակիւլեան գեղեցկօրէն մեկնաբանեցին «Հորովել » եւ «Իմ Արցախ » կտորները։ Յաջորդին Սոփրանօ Աթենա Պապայեան իր հրապուրիչ ձայնով մեներգեց «Կռունկ» ժողովրդական երգը։ Բոլոր արուեստագէտները ողջունուեցան ջերմ ծափահարութիւններով։

Ճաշի տեւողութեան սրահին մէջ զետեղուած երեք մեծ պաստառներու վրայ, համայն աշխարհի Հայաստան համահայկական հիմնադրամներուն 2020-2021 տարիներուն կատարած գործունէութիւնները եւ աշխատանքները ցուցադրուեցան։

Հանդիսավար Նիկողոսեան համառօտ տողերով ներկայացուց Թորոնթոյի հիմնադրամի ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեանը եւ զայն հրաւիրեց, որպէսզի իր սրտին խօսքը փոխանցէ։ 

Երկարամեայ ժրաջան ու անխոնջ ատենապետ Մկրտիչեան, հիմնադրամի վարչութեան անունով ներկաները ողջունելէ ետք, հանգամանօրէն սպառիչ տեղեկութիւններ տուաւ Թորոնթոյի մասնաճիւղին 2021-էն մինչեւ այսօր կատարած գործունէութեան մասին։

Ան յատկապէս տեղեկացուց, որ Թորոնթօն Արցախի Իւանեան գիւղին մէջ անտուն մնացած ընտանիքներուն համար կառուցած է 34 առանձնատուներ, ինչպէս նաեւ նուիրած է 12 շտապ օգնութեան ինքնաշարժներ։ Արմաւիրի Նալպանտեան գիւղին մէջ բուժկեդրոնի պաշտօնական բացումը կատարուած է, ներկայիս աւարտելու վրայ է Երեւանի Նորք շրջանի տարեց քաղաքացիներու շէնքի վերանորոգումը։ Հիմնադրամը այս տարի իր առաքելութիւնը կը շարունակէ Հայաստանի Վարդենիս քաղաքին մէջ 60 աշակերտի համար մանկապարտէզի մը շինարարութիւնը կատարելով։ Թորոնթոյի հիմնադրամը իր 30 տարուան գործունութեան ընթացքին եւ մինչեւ այսօր իրականացուցած է 147 մեծ ու փոքր ծրագիրներ։

Մկրտիչեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք տարիներու ընթացքին սիրայօժար եւ կամաւոր կերպով կը սատարեն Թորոնթոյի հիմնադրամի գործունէութեան։ Մասնաւոր շնորհակալութիւն յայտնեց ազգային բարերար Նալպանտեան ընտանիքին, Տէր եւ Տիկին Մարանճեաններուն, լուսահոգի Պերճ սրկ. Լիւլէճեան եւ Յարութիւն Եսայանին։ Շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ «Նոր հայ հորիզոն» հեռատեսիլին, հայատառ մամուլէն «Թորոնթոհայ» ամսաթերթին, «Լուսաբաց» շաբաթաթերթին, Մոնթրէալի « Ապագայ» եւ «Հորիզոն» շաբաթաթերթերուն, ինչպէս նաեւ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթին, որոնք երկար տարիներէ ի վեր իրենց սուղ սիւնակները սիրայօժար կը տրամադրեն հիմնադրամին ձեռնարկներուն։

Ատենապետը վերը նշուած ծրագիրներու շինարարական աշխատանքներու նկարները ցուցադրելէ ետք, նիւթական բոլոր ծախսերուն մասին մանրամասն տեղեկութիւններ փոխանցեց։ Ան յատկապէս նշեց, որ հիմնադրամին շինարարական կիզակէտը յառաջիկայ տարի մեծամասնութեամբ գիւղերը պիտի ըլլան եւ այս օրուան դրամահաւաքը պիտի յատկացուի 4-5 գիւղերու մէջ կառուցելու բուժկեդրոններ, որոնց իւրաքանչիւրը պիտի արժէ 115 000 ամերիկեան տոլար։

Այնուհետեւ ան համառօտ կերպով ներկայացուց օրուան պատուոյ հիւր պատգամաբերը՝ երաժիշտ, երաժշտագէտ, յօրինող, «Ճունօ»-ի մրցանակակիր, ինչպէս նաեւ «Կրեմի» մրցանակի թեկնածու, թորոնթոհայ տաղանդաւոր դաշնակահար Սէրուժ Գրաճեանը։

Գրաճեան ներկաները ողջունելէ ետք յայտնեց, թէ «ցաւալիօրէն տեղի ունեցաւ 44-օրեայ պատերազմը, մէկ կողմէ անդարձ կորուստներ, քանդում, զոհեր, վիշտ եւ արցունքներ, միւս կողմէն 44 օրերը եղան յոյսի, հաւատքի, միութեան եւ յաղթանակի տեսլականի օրեր։ Այդ օրերուն մարդիկ, որոնք մոռցած էին իրենց հայութիւնը, յանկարծ կանգնեցան միասին, որովհետեւ իրենց մէջ եռաց հայու արիւնը եւ անարդարութեան դէմ պայքարի տենչը։ Այս ահաւոր կորուստը հայը հայուն թշնամի դարձուց, մեր միութիւնը ջլատեց եւ մենք դարձանք սեւ ճերմակ, փոխանակ մնալու կարմիր, կապոյտ, ծիրանագոյն։ Ունեցանք կորուստներ, ունեցանք դժուարին օրեր։ Վահան Թէքէեան կ՚ըսէ․ «Կարենալու համար ապրիլ այսուհետեւ օդի, ջուրի, հացի նման, այսօր մենք պէտք ունինք նաեւ հպարտութեան»։ Ինծի համար հայրենասիրութեան, ներշնչումի, ազգասիրութեան, հայասիրութեան տիպարը դարձած է մեր ամէնուն սիրելի Մկրտիչ Մկրտիչեանը, որուն մէջ կը տեսնեմ անսակարկ նուիրում եւ անսահման սէր ամէն ինչի որ հայկական է, ունի խօսքը գործի վերածելու տաղանդ եւ անսահման կորով»:

«Այսօր Հայաստան հիմնադրամի Թորոնթոյի մասնաճիւղը, ուր մեր եկեղեցիները, բարեսիրական, մշակութային, քաղաքական կազմակերպութիւնները կը միանան այս սուրբ գործին շուրջ, մեզի  կը ներշնչէ վստահութիւն եւ թափանցկութիւն եւ նաեւ անաչառ հաշուետուութիւն։ Մենք պէտք է զօրանանք եւ իրար զօրացնենք։ Մեր ամենամեծ բանաստեղծը կ’ըսէ․ «Ով հայ ժողովուրդ քու միակ փրկութիւնը քու հաւաքական ուժին մէջ է»։

Ատենապետը Սերուժ Գրաճեանին Հրայր Խաչերեանի գիրքը կը նուիրէ (լուսանկար՝ Յարութիւն Դերձակեանի)

Երաժիշտ Գրաճեանի այս զեկուցումը ներկաներուն յոտնկայս բուռն ծափողջութիւններուն արժանի դարձաւ։ Ատենապետ Մկրտիչեանի ձեռամբ հիմնադրամին անունով հիւր բանախօսին նկարահան Հրայր Խաչերեանի աշխարհի բոլոր պատմական խաչքարերու նկարներու հաւաքածոյ գիրքը նուիրեց։

Հիմնադրամին փոխատենապետ Հուրի Նաճարեան, հիմնադրամի վարչութեան անդամներուն անունով, Մկրտիչեանին, երկար տարիներու իր անսակարկ աշխատանքին առ ի գնահատանք, նկարահան Հրայր Խաչերեանի «Արցախ» անունով նկարներու հաւաքածոյի գիրքը նուիրեց։

Այնուհետեւ անակնկալ մը կար․ դաշնակահար Գրաճեան անգերազանց պոռթկումներով մեկնաբանեց «Զարթի՛ր լաօ» կտորը, որ աննախընթաց ոգեւորութիւն մը ստեղծեց սրահին մէջ եւ արժանացաւ ներկաներու որոտընդոստ ծափահարութիւններուն։

Կատարուեցաւ «Միշտ հայրենիքին հետ» բնաբանով նուիրահաւաքը։ Մինչ այդ սոյն ծրագրին նպաստելու համար տեղի ունեցաւ նաեւ լուռ աճուրդ մը։

Երեկոն իր աւարտին հասաւ ատենապետին շնորհակալութեան խօսքերով։ Այս առթիւ ան ուրախութեամբ յայտարարեց, որ այս գիշերուան հաւաքոյթէն գոյացած է գոհացուցիչ գումար մը՝ 760 100 գանատական տոլար։ Ձեռնարկը հասաւ իր նպատակին, ուրախացնելով թէ՜ կազմակերպիչները եւ թէ՛ հիմնադրամին սատար հանդիսացող նուիրատուները։