Սալբի Սաղտըճեան
Սեպտեմբեր 27-ի առաւօտեան, երբ լուր տարածուեցաւ, որ թշնամին լայնածաւալ յարձակման անցած է Արցախի սահմանի ողջ երկայնքով Հայաստանի եւ Արցախի մէջ, յայտարարուեցաւ զինուորական դրութիւն եւ զօրակոչ:
«Ամբողջ Հայաստանի տարածքին հերթեր են` յայտարարուած զօրակոչին մասնակցողներուն թիւը շատ-շատ է», նոյն օրը յայտնեց Պաշտպանութեան Նախարարութեան խօսնակ Շուշան Ստեփանեան:
Պահեստազօրայինները, կամաւորները բարձր տրամադրութեամբ, յեղափոխական երգերով կը մեկնին ճակատ:
«Զօրակոչի մասին յայտարարութիւնը կարդացի եւ իսկոյն եկայ», կ՛ըսէ կամաւորներէն մէկը, որ հազարաւոր այլ կամաւորներու հետ կը պատրաստուի սահման մեկնելու:
Միջին տարիքի կամաւոր մը կը նշէ․ «Մեր ազգը, մեր պատիւը, մեր գէնը (ծինը) պահելու համար ենք գնում», «Գնում եմ հայ ազգին գոյութեան, մեր թոռների համար», կը նշէ մէկ ուրիշը: Մեկնողները կը վստահեցնեն, որ բոլորով յաղթանակած պիտի վերադառնան, իսկ առաջնագիծի վրայ կռուող զինուորները կը հաստատեն, որ պիտի չնահանջեն եւ մինչեւ վերջ պատրաստ են պայքարելու:
Կամաւորները կը մեկնին ճակատ, կամ արձանագրուելով կը սպասեն իրենց հերթին, միւս կողմէ կը հասնին նահատակներու լուրեր, անուններ…: Թշնամին հսկայ զինուորական միջոցներ կը գործադրէ՝ օգտագործելով նաեւ վարձկան ահաբեկիչներ: Շատ դաժան եւ շատ բուռն է պատերազմը, որ կը խլէ բազմաթիւ զոհեր ու նահատակներ: Եռաբլուրի բարձունքին ազատամարտիկներու կողքին կ՛աւելնան մերօրեայ հերոս նահատակներու շիրիմները:
Իսկ թիկունքին ժողովուրդը` մեծով-փոքրով, աշխատանքի լծուած է` իր կարողութիւններով հայրենիքի պաշտպանութեան եւ սահմանին կանգնած զինուորին թիկունքը ամուր պահելու համար:
Արդէն տասը օրէ ի վեր, Հայաստանի Հանրապետութեան ամբողջ տարածքին` քաղաքներու այգիներու, փողոցներու, հաստատութիւններու, հանրախանութներու առջեւ ուսանողներ, կազմակերպութիւններ, անհատ կամաւորներ, արուեստագէտներ օգնութիւն կը հաւաքեն Արցախ ուղարկելու համար: Կը հաւաքուին առաջին անհրաժեշտութեան պարագաներ․ սնունդ, ջուր, հագուստ, ծխախոտ, մաքրութեան պարագաներ, դեղորայք եւ ամէն ինչ, որ կրնայ օգտակար ըլլալ: Խանութներու եւ մեծ հանրախանութներու առջեւ տեղադրուած են տուփեր, որոնց վրայ գրուած է` «Զինուորին համար»՚, կամ` «Զինուորին օգնութիւն», ուր խանութէն դուրս եկողը անպայման զինուորին բաժինն ալ կը դնէ:
Թաղերու մէջ երիտասարդներ ինքնաշարժի անիւներ կը հաւաքեն, որպէսզի ուղարկեն դիրքեր. 10-12 տարեկան տղաք անիւները գլորելով կը բերեն նախանշուած վայրեր: «Մենք մեր աղբերներին ենք օգնում, որ բանակին ուղարկենք», կ՛ըսէ 10-ամեայ ապագայ զինուորը եւ ցոյց կու տայ իրենց աշխատանքին անդիւնքը` հեռուն դիզուած հարիւրի հասնող անիւներուն կոյտը:
Արիւնաբանական հիւանդանոցին դիմաց արիւն յանձնողներու մեծ հերթեր կան: Հերթի կանգնած երիտասարդ տղայ մը կը նշէ, որ ընկերներով եկած են արիւն տալու, իսկ յետոյ պիտի ներկայանան զինուորական կեդրոն` կամաւորագրուելու: Ան կ՛ըսէ, որ իւրաքանչիւրը իր բոլոր կարելիութիւններով պէտք է օգնէ, աշխատի հոն, ուր պէտք է` յանուն մեր յաղթանակին:
Շատեր իրենց տուներուն մէջ կը հիւրընկալեն Արցախէն եկած երեխաներն ու անոնց ընտանիքները: Հիւրանոցներ անվճար ապաստան կու տան ռումբերէն փախած ընտանիքներու: Մարդիկ հագուստ, կօշիկ, սնունդ կը հայթայթեն անոնց: Արցախէն Հայաստան ապաստանած աշակերները մասնաւոր դպրոցներու մէջ անվճար կ՛ընդունուին, կազմակերպութիւններ, բժշկակական հաստատութիւններ անվճար ծառայութիւն կը տրամադրեն: Բջիջային կապի ընկերութիւնները արցախցիներուն մէկ ամսուայ անվճար գիծ կը տրամադրեն, իսկ Արցախ զանգելը նոյնպէս անվճար է:
Պայուսակ արտադրող ընկերութիւնը իր հումքով օր ու գիշեր ջրակայուն քնապարկեր կը կարէ բանակի զինուորներուն համար, ուրիշ մը` զինուորական հագուստ, կամ անձրեւանոց, իսկ տատիկներ գուլպայ կը հիւսեն, որպէսզի մեր զինուորներուն ոտքը յանկարծ չմսի:
Հայ Ազգը զօրաշարժի ենթարկուած է, արտերկրէն օդանաւերով օգնութիւն կու գայ, կու գան նաեւ կամաւորներ` մարտի դաշտ երթալու:
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին միջոցով սփիւռքի հայութիւնը իր դրամական նուիրատուութիւններով նեցուկ կը կանգնի արցախահայութեան եւ Հայոց քաջարի բանակին: Աշխարհի տարբեր ծայրերու մէջ Սփիւռքի հայութիւնը նոյնպէս ոտքի կանգնած է, Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ յարձակումին դէմ ցոյցեր եւ դատապարտող կոչեր կ՛ընէ` իր բողոքի ձայնը լսելի դարձնելու միջազգային հանրութեան:
«Թշնամին պէտք է հասկնայ, որ Արցախի թիկունքին կանգնած է համայն հայութիւնը», ըսաւ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան իր ուղերձին մէջ:
Քաղաքական դաշտին մէջ նոյնպէս միասնութիւն կը տիրէ, Արցախի եւ Հայաստանի նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան, ՀՀ նախկին նախագահ Սարգսեան հայ ժողովուրդին համերաշխութեան եւ միասնութեան կոչ ըրին եւ մեկնեցան Արցախ` նշելով, որ հիմա բոլորիս սրբազան պարտքն է պաշտպանել հայրենիքը:
Իսկ ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան վերահաստատեց, որ համախմբումը հայ ժողովուրդի յաղթանակներու անվերապահ գրաւականն է:
Հայաստանի եւ Արցախի 14 կուսակցութիւններ համատեղ յայտարարութեամբ նշեցին, որ ողջ ներուժով կը սատարեն Հայոց բանակին եւ կ՛աջակցին Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններուն: «Մենք պիտի գործադրենք հնարաւոր եւ անհնարին ամէն ջանք մեր հայրենիքի սահմանները անառիկ պահելու, մեր ազատութիւնն ու անկախութիւնը պաշտպանելու համար», հաստատեցին անոնք:
Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան նշեց․» «Այն միասնութիւնն ու հաւաքական կամքը, որ կը դրսեւորեն մեր հայրենակիցները, անկասելի կը դարձնեն մեր յաղթանակի ընթացքը: Այսօր, աւելի քան երբեւէ, հզօր ենք մեր լեռներուն պէս, իսկ թշնամին ամենուրէք կը տապալի մեր ոտքերուն տակ: Յաղթանակը մերն է»:
Թշնամին այսօր կը վտանգէ մեր գոյութիւնը, կ՛ուզէ խլել մեր հայրենի հողին վրայ ապրելու իրաւունքը, բայց մեր միասնութեամբ, մեր քաջարի ու մարտչող բանակին շնորհիւ՝ ՊԻՏԻ ՅԱՂԹԵՆՔ:
10 Հոկտեմբեր 2020, ُԵրեւան