Ազրպէյճան Արցախի ղեկավարներուն դէն նոր մեղադրանք առաջադրեց․ Արցախն այս շաբաթ


1. Պաքուի մէջ Արցախի նախկին պաշտօնատարներուն դէմ նոր մեղադրանք առաջադրուեցաւ

Պաքուի մէջ աւարտած է բռնագրաւուած Արցախի Հանրապետութեան ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան ներկայացուցիչներու գործով նախաքննութիւնը: Ազրպէյճան անոնց դէմ «պատմամշակութային յուշարձաններու ոչնչացման» մեղադրանք ներկայացուցած է: Այս մասին յայտնած է Ազրպէյճանի ընդհանուր դատախազ Քեամրան Ալիեւ:

Ան նաեւ աւելցուցած, որ ձերբակալուածներու բոլոր իրաւունքները «պաշտպանուած» են, անոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի քանի մը փաստաբան:

«Անոնցմէ իւրաքանչիւրը իրաւունք ունի ծանօթանալու գործի նիւթերուն», ըսած է Ալիեւ:

Ազրպէյճանի ընդհանուր դատախազութիւնը քրէական գործեր յարուցած է բռնագրաւուած Արցախի Հանրապետութեան նախկին ռազմաքաղաքական ղեկավարներէն 15-ին նկատմամբ: 2023 թուականի սեպտեմբերին Արցախի Հանրապետութեան դէմ Ազրպէյճանի գործած զանգուածային զինուորական յարձակումին պատճառով անոնք ապօրինաբար կալանաւորուած են, տարուած Պաքու:

Անոնց մեղադրանք առաջադրուած է ահաբեկչութեան, ահաբեկչութեան ֆինանսաւորման, օրէնքով չնախատեսուած զինեալ կազմաւորումներ ու խմբաւորումներ ստեղծելու, ահաբեկչութեան նպատակով վարժանքներ կատարելու համար:

Այժմ Պաքուի մէջ ապօրինի կալանքի տակ կը պահուին Արցախի Հանրապետութեան նախկին նախագահներ Արկադի Ղուկասեանը, Բակօ Սահակեանը եւ Արայիկ Յարութիւնեանը, Ազգային ժողովի նախագահ Դաւիթ Իշխանեանը, նախկին արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեանը, Պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատար Լեւոն Մնացականեանը, նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանը եւ զինեալ ուժերու շտապի նախկին պետ Դաւիթ Մանուկեանը:

***

  1. Ռուբէն Վարդանեանի փաստաբանները Ազրպէյճանի դատարանին հայցեր ներկայացուցին

Արցախի նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի փաստաբանները ազրպէյճանական դատարանին հայցեր ներկայացուցին՝ պնդելով, որ Վարդանեան Պաքուի բանտին մէջ ենթարկուած է չարչարանքներու եւ զրկուած է արագ դատաքննութեան իրաւունքէն:

Գործերէն մէկը կը վերաբերի ապրիլ 2024-ին, անոր հացադուլին ընթացքին, Վարդանեանի նկատմամբ դաժան վերաբերմունքին․ այս մասին կը գրէ «Ռոյթըրզ»-ը:

Ռուբէն Վարդանեան (լուսանկարը՝ Արցախի Հանրապետութեան կառավարութեան)

Ըստ Վարդանեանի փաստաբաններուն՝ Վարդանեանի նկատմամբ վերաբերմունքը ազրպէյճանցի իրաւապահներուն կողմէ կարելի է որակել իբրեւ խոշտանգում:

Այսպէս, իբրեւ պատասխան Վարդանեանի հացադուլին, զայն տեղափոխած են պատժախուց, ստիպած են երկար կանգնիլ, արգելած են լոգնալ եւ երկու օր ջուր չեն տուած:

Այլ հարցով մը Վարդանեանի փաստաբանները պնդեցին, որ անոր արագ դատաքննութեան իրաւունքը խախտած է նախորդ տարիէն ի վեր բանտարկուած մնալուն գտնուելուն պատճառով:

Փաստաբանները նաեւ կոչ ուղղեցին Ազրպէյճանին՝ ազատ արձակելու բոլոր հայ բանտարկեալները մինչեւ նոյեմբերին, Պաքուի մէջ տեղի ունենալիք կլիմայական համաժողովին մեկնարկը:

***

3. Ազգային ժողովը մերժեց արցախցիներուն պայմանները ուսումնասիրող յանձնաժողովի մը կազմութիւնը

Ազգային ժողովը 2 hոկտեմբերին, քուէներու 28 թեր, 56 դէմ յարաբերակցութեամբ մերժեց Արցախէն տեղահանուած եւ Հայաստան տեղափոխուած Արցախի ժողովուրդին կենսագործունէութեան պայմանները ուսումնասիրելու նպատակով Ազգային ժողովի քննիչ յանձնաժողով մը կազմելու ընդդիմութեան առաջարկը:

Ընդդիմադիր «Հայաստան» խմբակցութիւնը առաջարկած էր քննիչ յանձնաժողով մը կազմել եւ ուսումնասիրել արցախցիներու ընկերային հարցերը եւ անոնց նկատմամբ ատելութեան խօսքերը:

«ՔՊ-ականները, իրենց յետնորդներն արցախցիների մասին ինչե՞ր են խօսում: Բա լաւ, մէկին չկանչես, ասես` ինչե՞ր ես խօսում», ըսաւ պատգամաւոր Արթուր Խաչատրեան:

Արցախի պետական նախկին նախարար Արտակ Բեգլարեան իր կարգին յիշեցուց իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւոր Գագիկ Մելքոնեանի՝ արցախցիներուն մասին խօսքերը։ «Արցախն իրենց երկիրն էր, իրենք Արցախը յանձնեցին, եկան այստեղ, հիմա թող իրենց հիւրի նման պահեն, ոչ թէ ուզենան տանտէր դառնան, առանց էն էլ 20 տարի տանտէր են եղել, դրա համար էլ այս երկիրն այս վիճակին է», յայտարարած էր Մելքոնեան:

Ըստ Բեգլարեանի` արցախցիներուն նկատմամբ ատելութիւնը կը խարսխուի Հայաստանի բարձրագոյն իշխանութեան մակարդակով:

***

4. ԱՄՆ 60 քոնկրեսականներ կառավարութեան կոչ կ’ընէ պատասխանատուութեան ենթարկելու Ազրպէյճանը

Միացեալ Նահանգներու 60 քոնկրեսականներ, Պաքուի մէջ ՄԱԿ-ի COP29 կլիմայական գագաթնաժողովի նախաշեմին, կոչ կ’ընեն ԱՄՆ-ի ղեկավարութեան պատասխանատուութեան ենթարկելու Ազրպէյճանը ռազմական յանցագործութիւններու, պատանդներ վերցնելու եւ Հայաստանի տարածքի ապօրինի գրաւման համար, կը հաղորդէ Ամերիկայի հայ դատի յանձնախումբը։

լուսանկարը՝ Ամերիկայի հայ դատի գրասենեակին

Յայտարարութիւնը նախաձեռնած են դեմոկրատ Ֆրենք Փալոնէն եւ հանրապետական Էտ Մարքին։

«Քանի որ համաշխարհային առաջնորդները պատասխանատուութիւն չեն կրած Արցախի մէջ ցեղասպան ցեղային զտումներուն համար, անոնք պարտաւոր են օգտագործելու COP29 գագաթնաժողովը որպէս հնարաւորութիւն՝ վերլուծելու Ազրպէյճանի մէջ մարդու իրաւունքներու աղաղակող խախտումները եւ հակազդելու անոնց ցեղասպան վարչակարգի գործողութիւններուն», ըսած է Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան։

3 հոկտեմբերին, պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընին ուղղուած նամակին մէջ ԱՄՆ ծերակուտականներն ու Քոնկրեսի ներկայացուցիչները յայտարարած են․ «COP29-ի մօտենալուն առիթով՝ մենք կը խնդրենք պետական քարտուղարութենէն ճնշում գործադրելու Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Ազրպէյճանի կառավարութեան վրայ՝ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան պահպանման, մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ միջազգային օրէնքներու եւ չափանիշներու պահպանման ուղղուած շօշափելի միջոցներ ձեռնարկելու նպատակով: Կ’ընդգծենք, որ հակառակ անհերքելի ապացոյցներուն եւ միջազգային դատապարտման, Ազրպէյճանը չէ բախած որեւէ նշանակալի հետեւանքներու հետ՝ ցեղական զտումներ եւ այլ գործողութիւններ իրականացնելու համար»։

ԱՄՆ ծերակուտականներն ու քոնկրեսականները հաստատած են, որ 2020 թուականին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Ազրպէյճանի մահաբեր յարձակումը, Լաչինի միջանցքի 10-ամսեայ շրջափակումը եւ սեպտեմբեր 2023-ին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հայերու զտումը կոպտօրէն խախտած են միջազգային իրաւունքը եւ յանգեցուցած զգալի ու շարունակուող մարդկային տառապանքներու։ Անոնք ընդգծած են, որ տեղահանուած քաղաքացիական անձերը պէտք է ապահով վերադարձի իրաւունք ունենան։

***

5. ՄԱԿ-ի յատուկ զեկուցողը միջազգային հանրութիւնը յորդորեց Արցախէն բռնի տեղահանուածներուն ձայնը լսելի դարձնել

Ճշմարտութեան, արդարութեան, հատուցման եւ չկրկնուելու երաշխիքներու խթանման հարցերու գծով ՄԱԿ-ի յատուկ զեկուցող Ֆապիան Սալուիոլին իր զեկոյցին մէջ անդրադարձաւ Արցախի մէջ Ազրպէյճանի կողմէ գործադրուած ցեղային զտումներուն եւ բռնի տեղահանուած անձերուն։  

Լեռնային Ղարաբաղի փախստականներու իրաւապաշտպան միութիւնը յայտարարութեան մը միջոցով ներկայացուց Սալուիոլիի`16-24 նոյեմբեր 2023-ին Հայաստան կատարած այցելութեան վերաբերեալ զեկոյցը:

Արցախէն բռնի տեղահանուածները՝ Կոռնիձորի մէջ (լուսանկարը՝ «Սփութնիք Արմենիա»-ի)

Զեկուցողը կը յայտնէ, որ իր այցելութիւնը համընկած է Լեռնային Ղարաբաղէն հազարաւոր հայերու բռնի տեղահանման հետ: Ան աւելցուցած է, որ ականատես եղած է բռնի տեղահանուած բնակչութեան ցաւին եւ հրատապ կարիքներուն:

Սալուիոլի կը շեշտէ, որ արցախահայերուն համար Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մնացած փաստաթուղթերու հասանելիութիւնը, իրենց հարազատներու գերեզմանատուներու եւ մշակութային ժառանգութեան պահպանութիւնը հրատապ հարց է: Ան միջազգային հանրութիւնը, համապատասխան անդամները եւ հարցին հետ կապ ունեցող միւս կողմերը կը յորդորէ՝ Արցախի բնակչութեան ձայնը լսելի դարձնել:

Սալուիոլի այս գործընթացին վերաբերող միջազգային հանրութեան անդամներուն եւ բանակցութեան կողմերուն կոչ կ’ուղղէ՝ ապահովելու, որ Լեռնային Ղարաբաղի հետ կապ ունեցող որեւէ քննարկում կամ համաձայնագիր ներառէ ճշմարտութեան գործիքակազմերու ընդունում, մեղաւորներու հանդէպ քրէական պատասխանատուութեան կիրարկում, վնասներու փոխհատուցում, տեղահանուած բնակչութեան արխիւներու եւ մշակութային ժառանգութեան պահպանում, ինչպէս նաեւ այդ բոլորին չկրկնելու երաշխիքներ:

Սալուիոլի կը շեշտէ, որ այդպիսի գործիքակազմեր պէտք է կազմուին միջազգային երաշխիքներով՝ բոլոր կողմերու անաչառութիւնը եւ վստահութիւնը ապահովելու եւ բռնութեան կրկնութիւնը կանխելու նպատակով:

«Լեռնային Ղարաբաղի փախստականների իրաւապաշտպան միութիւնը ողջունում է Ճշմարտութեան, արդարութեան, հատուցման եւ չկրկնուելու երաշխիքների խթանման հարցերով ՄԱԿ յատուկ զեկուցողի կատարած անաչառ եւ արդարամիտ վերլուծութիւնները եւ լիայոյս է, որ այս յայտարարութիւնները հիմք կը հանդիսանան գործընթացի արդարացի լուծման համար: Լեռնային Ղարաբաղի փախստականների իրաւապաշտպան միութիւնը կոչ է անում Ադրբեջանի նման վարքագիծը խոչընդոտելու համար կատարել թիրախային եւ անուանական շեշտադրումներ», կ’ըսուի Լեռնային Ղարաբաղի փախստականներու իրաւապաշտպան միութեան յայտարարութեան մէջ:

***

6․ Ազրպէյճանական թանգարան, մզկիթ եւ հրապարակ Շուշիի մէջ` Հայոց ցեղասպանութեան քանդուած յուշարձանի տարածքին

Արցախի մշակութային ժառանգութեան մշտադիտարկում իրականացնող monumentwatch.org կայքը կըտեղեկացնէ, որ 20 սեպտեմբերին Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը, այցելելով Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ գտնուող Շուշի, ներկայ գտնուած է «Դրօշի հրապարակի» բացման, որ կառուցուած է 2021 թուականին` Ազրպէյճանի կողմէ ոչնչացուած Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն նուիրուած յուշակոթողի վայրին մէջ: Համաձայն ազրպէյճանական լրատուականներու տարածած տեղեկատուութեան` «Դրօշի հրապարակ»-ի մօտ պիտի կառուցուի նաեւ «յաղթանակի թանգարան»-ը` նուիրուած 44-օրեայ պատերազմին Ազրպէյճանի տարած յաղթանակին: Նշենք, որ  այստեղ կը կառուցուի նաեւ իրենց «յաղթանակը» մատնանշող Շուշիի նոր մզկիթը, որուն հիմնարկէքը կատարուած էր մայիս 2021-ին Ալիեւի կողմէ:

Ըստ Monument Watch-ի, 44-օրեայ պատերազմէն ետք ազրպէյճանական կողմը Շուշիի քաղաքի գրաւմանը առանձնայատուկ տեղ կու տայ` որպէս «Ղարաբաղի ազատագրման համար պատերազմին տարած յաղթանակի խորհրդանիշ»: Ուստի Շուշի քաղաքի բարձրադիր կէտին վրայ կառուցուելիք այս երեք համալիրներուն կը տրուի առանձնայատուկ նշանակութիւն: Այս երեք կառոյցները` յատկապէս  մզկիթը եւ թանգարանը իրենց մէջ կը խորհրդանշեն հայկական Արցախի ոչնչացումը, հայութեան էթնիկ զտումները:

Շուշիի Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշարձանը տեղադրուած է արցախեան առաջին պատերազմէն ետք: Անիկա կը գտնոէր Պռոշեան եւ Ղազանաչեցոց եկեղեցւոհ փողոցներու խաչմէրուկէն քիչ ներքեւ: Յուշարձանը նուիրուած էր նաեւ Հայրենական պատերազմի եւ Արցախեան առաջին պատերազմի զոհերուն յիշատակին:

***

7. Յորդանանը Արցախի եւ արցախցիներու մասին պատմող ֆիլմը «Օսքար»-ի պիտի ներկայացնէ. Deadline

Հորդանանի թագաւորական շարժանկարի յանձնաժողովը բեմադրիչ Սարին Հայրապետեանի Արցախի եւ արցախցիներու մասին պատմող «Իմ քաղցր երկիրը» վաւերագրական ֆիլմը ընտրած է՝ ներկայացնելու «Օսքար»-ի 97-րդ մրցանակաբաշխութեան «Լաւագոյն միջազգային ֆիլմ» անուանակարգով: Այս մասին, ըստ ABCMedia-ի, կը յայտնէ հոլիուտեան Deadline պարբերականը։

«Իմ քաղցր երկիրը» վաւերագրական ֆիլմէն պատկեր մը (լուսանկարը՝ abc media-ի

Ֆիլմը կը պատմէ 11-ամեայ Վրէժի մասին, որ կ’երազէ ատամնաբոյժ դառնալ Արցախի մէջ գտնուող իր գիւղին մէջ։ Երբ պատերազմը կրկին կը բռնկի, Վրէժը ընտանիքին հետ կը փախչի, իսկ պատերազմի աւարտէն ետք կը վերադառնայ, բայց արդէն աւերուած հայրենիք։ Վրէժին բաժին կը հասնին նոր փորձութիւններ, ան ստիպուած կ’ըլլայ պատրաստուելու նոր ռազմական գործողութիւններու, պայքարելու ծանր վիճակներու դէմ:

Ամերիկեան պարբերականը կը նշէ, որ ասիկա յորդանանահայ բեմադրիչի միակ յաջող ժապաւէնը չէ։ Անոր նախորդ՝ «Մենք դեռ աւարտուած չենք» ֆիլմը արժանացած է շարք մը հեղինակաւոր մրցանակներու։ Իսկ «Իմ քաղցր երկիրը» ֆիլմը, որուն անդրանիկ ներկայացումը տեղի ունեցած է այս տարուան սկիզբը Sheffield DocFest-ի մէջ, ցուցադրուած է նաեւ Ամմանի միջազգային շարժանկարի փառատօնին՝ արժանանալով ժիւրիի մրցանակին իբրեւ լաւագոյն երկար վաւերագրական ֆիլմ, ինչպէս նաեւ՝ FIPRESCI շարժանկարի քննադատներն ու շարժանկարի մասնագէտները միաւորող միջազգային ընկերակցութեան մրցանակին՝ իբրեւ լաւագոյն երկար վաւերագրական ֆիլմ: