Արցախի նուիրուած ցուցահանդէս Գանատայի խորհրդարանին մէջ․ Արցախն այս շաբաթ


«Լեռնային Ղարաբաղ. վտանգուած հայկական ժառանգութիւն» խորագիրով ցուցահանդէս` Գանատայի խորհրդարանին մէջ

Գանատայի խորհրդարանի ներկայացուցիչներու պալատին մէջ տեղի ունեցաւ «Լեռնային Ղարաբաղ. վտանգուած հայկական ժառանգութիւն» խորագրով լուսանկարներու ցուցահանդէս, որ կազմակերպուած էր Ներկայացուցիչներու պալատի խօսնակ Կրեգ Ֆերկուսի եւ ՀՀ դեսպան Անահիտ Յարութիւնեանի կողմէ:

Ձեռնարկին ընթացքին ցուցադրուած են գանատահայ լուսանկարիչ Հրայր «Բազէ» Խաչերեանի աշխատանքները՝ «Արցախ. լուսանկարիչին աչքը» գիրքէն:

Ցուցահանդէսի բացման իր խօսքին մէջ ՀՀ դեսպանը շնորհակալութիւն յայտնած է խօսնակին եւ միւս գործընկերներուն արդիւնաւէտ համագործակցութեան համար: Յարութիւնեանը նշեց, որ Ազրպէյճանը այս պահուն Արցախի հայկական մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան ոչնչացման, իւրացման եւ պղծման միջոցով կը վերացնէ բնիկ արցախահայութեան ներկայութեան հետքերը:

Այդ ծիրէն ներս դեսպանը համեմատեց պատահածը Նախիջեւանի հայկական պատմամշակութային ժառանգութեան հետ, որ գրեթէ 99 տոկոսով ոչնչացուած է Ազրպէյճանի համակարգուած քաղաքականութեան հետեւանքով։ Ընդգծելով Արցախի հայկական ժառանգութեան պահպանման նշանակութիւնը` ան մեծապէս կարեւոր համարած է այդ ուղղութեամբ միջազգային ջանքերու անյապաղ գործադրումը` որպէս համաշխարհային պատասխանատուութեան խնդիր:

Ներկայացուցիչների պալատի խօսնակը, անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի բազմադարեայ հայկական ժառանգութեան ոչնչացման եւ պղծման անթոյլատրելիութեան, կարեւոր նկատած է նման գործողութիւններու կանխման ուղղուած պայքարը` շեշտելով տուեալ արժէքներու` համայն մարդկութեան ժառանգութեան մաս կազմելու հանգամանքը:

Greg Fergus, Speaker of the House of Commons of Canada hosts Armenian Genocide exhibit
Ottawa, ONTARIO, Canada on May, 21, 2024. Cedit: Bernard Thibodeau, House of Commons Photo Services

Ցուցահանդէսին իրենց մասնակցութիւնը բերած են Գանատայի խորհրդարանի Ներկայացուցիչներու պալատի եւ Ծերակոյտի, ներառեալ Գանատա-Հայաստան բարեկամութեան խումբի անդամներ, Գանատայի Քեպէք նահանգի մէջ ՀՀ պատուոյ հիւպատոսը, ինչպէս նաեւ այլ պաշտօնական անձիք եւ հիւրեր:

 

Արցախցի քաղաքապետներ կը ձերբակալուին Հայաստանի մէջ

Վերջերս Հայաստանի իրաւապահ մարմինները թիրախի տակ առած են արցախցի կարգ մը քաղաքապետներ, որոնք հանդիպած են Բագրատ սրբազանին հետ։  

23 մայիսին խուզարկութիւն իրականացուած Ասկերանի նախկին քաղաքապետ Հայկ Շամիրեանի տան մէջ, որմէ ետք ան ձերբակալուած է: Շամիրեանի նկատմամբ որպէս խափանման միջոց ընտրուած է տնային կալանքը:

Իրաւապահները խուզարկութեան իրականացուցած են նաեւ Ստեփանակերտի քաղաքապետ Դաւիթ Սարգսեանի տանը։ Ձերբակալուած է Մարտակերտի քաղաքապետ Միշա Գիւրջեանը խարդախութեամբ եւ փաստաթուղթեր կեղծելու եղանակով 1,935,000 դրամ արժողութեան «Chevrolet lacetti-1.4» մակնիշի մեքենան իւրացնելու մեղադրանքով:

Արցախի Մարդու իրաւունքների պաշտպան Գեղամ Ստեփանեանը ֆէյսպուքեան իր էջին վրայ գրած է, որ Ասկերանի, Մարտակերտի ու Ստեփանակերտի քաղաքապետներուն դէմ մեկնարկած քրէական վարոյթները անընդունելի են, քանի որ յստակօրեն քաղաքական ենթատեքստ ունին:

«Կասկած չկայ, որ այս շարքը պիտի շարունակուի: Արդեօ՞ք պատահական է, որ այդ անհիմն վարոյթները մեկնարկեցին այն բանէն ետք, երբ նշուած համայնքներու ղեկավարները մասնակցեցան Բագրատ Սրբազանի հետ հանդիպումին:

Ինչ կը վերաբերի փաստական ու իրաւական հիմքերուն, ապա այդտեղ ալ լրջագոյն հարցեր կը ծագին: Փաստի առաջ կանգնեցնելով տուեալ համայնքներու ղեկավարներն ու աւագանիները` ՀՀ լիազօր մարմինները ստիպած են անոնց մասնաւորեցնել համայնքապատկան մեքենաները, որպէսզի հնարաւոր ըլլայ պետական հաշուառում իրականացնել:

Սա հերթական օրինակն է, թէ ինչ տեի կ’ունենայ, երբ ՀՀ իշխանութիւնները կ’անտեսեն Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներն ու կարիքները եւ կը խուսափին համակարգային լուծումներէ», կ’ըսուի գրառման մէջ:

 

ՀՄԸՄ-ի Արցախի մեկուսի շրջանի սկաուտները այցելեցին Արամ Ա. վեհափառ Հայրապետին եւ ստացան անոր օրհնութիւնը

Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան (ՀՄԸՄ)-ի Լիբանանի շրջանային վարչութէան հրաւէրով Լիբանան ժամանած ՀՄԸՄ-ի Արցախի մեկուսի շրջանի սկաուտները, ընկերակցութեամբ Շրջանային վարչութեան անդամներու, 24 մայիսին այցելեցին Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին եւ ստացան անոր օրհնութիւնը:

Արցախցի ՀՄԸՄ-ականներ կ’այցելեն Արամ Ա․ վեհափառին (լուսանկարը՝ «Ապարաժ»-ի)

Այնուհետեւ, Արցախի սկաուտները այցելեցին Ազգային առաջնորդարան եւ տեսակցութիւն ունեցան առաջնորդ տէր Շահէ արք. Փանոսեանի հետ:

Անոնք նաեւ ծանօթացան գաղութի զանազան կառոյցներու. հանդիպեցան ՀՅԴ Լիբանանի կենտրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի հետ, ծանօթացան գաղութի աշխատանքներուն` այցելեցին «Ազդակ» օրաթերթի խմբագրատուն, «Վանայ ձայն» ձայնասփիւռի կայան եւ Համազգայինի տպարան:

 

«Լեմքին» հիմնարկի ստորագրահաւաքը Պաքուի բանտերուն մէջ շղթայուած հայ ռազմագերիներուն ազատ արձակումը կը պահանջէ

Ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման «Լեմքին» հիմնարկը Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կոչ կ’ընէ՝ անյապաղ ազատ արձակելու Պաքուի մէջ անօրինաբար բանտարկուած հայ ռազմագերիները եւ այս առնչութեամբ ստորագրահաւաք մը սկսած է։

«Բարերար, մարդասէր, Լեռնային Ղարաբաղի նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան ձերբակալուած է Ազպէյճանի կառավարութեան կողմէ եւ անօրինաբար բանտարկուած այլ նշանաւոր հայերու հետ։ Պահը հասած է, որ Իլհամ Ալիեւ անյապաղ ազատ արձակէ այս հայերը։ (…) Իւրաքանչիւր օրը կարեւոր է այս բանտարկեալներու կեանքին համար: Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ որեւէ խաղաղութեան պայմանագիր պէտք է ներառէ բանտէն անոնց ազատ արձակումը», կը նշուի հիմնարկին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ, ուր յատկապէս ընդգծուած է, թէ հայ ռազմագերիներուն առողջական վիճակին մասին շատ քիչ տեղեկատուութիւնը խորապէս մտահոգիչ է։

Միւս կողմէ, ազրպէյճանական մամուլը կը գրէ, թէ Պաքուի Վերաքննիչ ատեանը մերժեց Ռուբէն Վարդանեանի բողոքը, որ կը վերաբերէր իր բանտարկութեան պայմանաժամը երկարաձգելու դատական վճիռին. ատեանը անփոփոխ պահեց այդ վճիռը։

 

Ռուսիա մտադիր է Ստեփանակերտի մէջ հիւպատոսութիւն բանալ

Ռուսիոյ Դաշնակցային խորհուրդի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Կրիկորի Քարասին յայտարարեց, որ Ռուսիա մտադիր է Ստեփանակերտի մէջ գլխաւոր հիւպատոսութիւն մը բանալ եւ այդ հարցին մէջ կ’ակնկալէ Ազրպէյճանի աջակցութիւնը։

Քարասին այս մասին յայտարարեց Մոսկուայի մէջ, ազրպէյճանցի խորհրդարանականներու հետ հանդիպումին ընթացքին` իր խօսքին մէջ օգտագործելով Ստեփանակերտի ազրպէյճանական անուանումը` Խանքենտի: «Իտէալական պիտի ըլլար, եթէ հիւպատոսութիւնը բացուէր 2024ին», ըսաւ Քարասին։

 

«Հայաստանը պէտք է ճանչնայ Խոջալուի ցեղասպանութիւնը եւ ներողութիւն խնդրէ»Ալիեւ

Խոջալու (Իվանեան) տեղափոխուած ազրպէյճանցիներու հետ հանդիպումին Ազրպէյճանի առաջնորդը Հայաստանին ուղղուած հերթական պահանջը հնչեցուցած է` «Հայաստանը պէտք է ճանչնայ Խոջալուի ցեղասպանութիւնը եւ ներողութիւն խնդրէ»:

«Նախ եւ առաջ Հայաստանը պէտք է ճանչնայ այդ ողբերգութիւնը, այդ յանցագործութիւնը», Ազրպէյճանի նախագահի մամլոյ ծառայութեան համաձայն` յայտարարածէ Իլհամ Ալիեւը:

 

Ալիեւը յայտարարած է, որ հայաթափուած Ստեփանակերտը սեպտեմբերէն պիտի սկսին բնակեցնելու

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը յայտարարած է, որ սեպտեմբերէն պիտի սկսին բնակեցնել Ստեփանակերտը, որ հայաթափուած է 2023–ի սեպտեմբերին ազրպէյճանական յարձակումին հետեւանքով:

Այս մասին ան ըսած է 28 մայիսին` Խոճալուի մէջ տեղափոխուած ազրպէյճանցիներու հետ հանդիպման ժամանակ:

Ան աւելցուցած է, թէ առաջինը պիտի տեղափոխուին «Ղարաբաղեան համալսարանի ուսանողներն ու դասախօսները», կը գրէ Haqqin.az-ը:

Ալիեւը յայտարարած է նաեւ, որ 2025–ին պիտի սկսի Աղդամի բնակեցումը:

Աւելի առաջ ան Շահին Վագիֆ օղլու Պայրամովը նշանակած էր «Ղարաբաղեան համալսարան»-ի տնօրէն։ Համալսարանը պիտի գործէ Արցախի պետական համալսարանի շէնքին մէջ: Համալսարանին մէջ կրթութիւնը պիտի ըլլայ անվճար, իսկ ուսանողները պիտի ապահովուին հանրակացարանով:

Ներկայիս Արցախի պետական համալսարանի տարածքին տեղի կ’ունենան «շինարարական» աշխատանքներ․ շէնքի ամբողջ ճակատը պատուած է տախտակամածերով, հեռացուած է շէնքին ամբողջ երեսպատումը, կը գրէ Monument Watch-ը:

Արցախի պետական համալսարանi ճակատը կը ձեւափոխուի ազերիներուն կողմէ (լուսանկարը Monument Watch-ի)

Գլխաւոր ճակատէն արդէն իսկ հեռացուած է հայերէն «Արցախի պետական Համալսարան» գրութիւնը: Հաւանական է, կը հեռացուի նաեւ քիչ աւելի ներքեւ գտնուող «Ճանաչել զիմաստութիւն եւ զխրատ, իմանալ զբանս հանճարոյ» գրութիւնը: Արցախի պետական Համալսարանը հիմնադրուած է 1969-ին եւ սկիզբը եղած է «Պաքուի Վ. Լենինի անուան մանկավարժական հիմնարկի Ստեփանակերտի մասնաճիւղ»-ը, իսկ 1973-ին` ստացած ինքնուրոյն կարգավիճակ եւ վերանուանուած Ստեփանակերտի պետական մանկավարժական հիմնարկ:

 

ՅՈՒՆԵՍՔՕ-ն ոչ մէկ ձեւով կ’արձագագէ Արցախի մէջ ոչնչացուած երեք եկեղեցիներու, պատմական եօթը գերեզմանոցներու քանդումին. Monument Watch

Monument Watch-ը կ’ահազանգէ Արցախի մէջ հայկական մշակութային ժառանգութեան Ազրպէյճանի կողմէ ոչնչացման քաղաքանանութեան եւ կը փաստէ, որ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-n ոչ մէկ ձեւով կ’անձագանգէ այս բոլորին։

«2020 թուականի պատերազմի առաջին օրերէն սկսած պատերազմի և բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ մշակութային ժառանգութեան ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի բազմաթիւ օրէնքներու խախտումներով,  զինուած բախումներու ժամանակ Հաագայի և Ժնեւի համաձայնագրերու կոպիտ խախտումներով Ազրպէյճանը բազմակի հարուածներ հասցուցած է Արցախի հայկական ժառանգութեան։ Ոչնչացումէն զատ՝ խախտելով ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կողմէ ընդունուած 1994-ի Նարայի իսկութեան վերաբերյալ փաստաթուղթը՝ աղուանացրուցած եւ հայկական իսկութենէն զրած եւ խեղաթիւրած է հայկական հոգեւոր արժէքները։ Ոչնչացուցած է 2010-էն ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կողմէ համաշխարհային ժառանգութիւն համարուող խաչքարային արուեստի բացառիկ նմուշներ, հարուած հասցնելով ոչ միայն Արցախին, այլեւ ողջ մարդկութեան։

Արցախի մշակութային ժառանգութիւնը կ’ոչնչացուի (լուսանկարը՝ «Երկիր»-ի)

ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն ոչ մէկ կերպով արձագանգած է Արցախի մէջ ի սպառ ոչնչացուած երեք եկեղեցիներուն, ներառեալ Շուշիի Կանաչ Ժամ Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցւոյ հիմնայատակ աւերումին։ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն չէ արձագանգած նաեւ փաստագրուած և արձանագրուած պատմական եօթը գերեզմանոցներու աւերումին։

ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն առաքելութիւն պետք է իրականացնէ Արցախ՝ կանխելու ներկայիս շարունակուող մշակութային ցեղասպանութիւնը», ըսուած է Monument Watch-ի ահազանգին մէջ։