Շուշիի տեխնոլոգիական համալսարանը պիտի վերաբացուի. Արցախն այս շաբաթ


Շուշիի տեխնոլոգիական համալսարանը պիտի վերաբացուի Երեւանի մէջ

«Չնայած նրան, որ Շուշիի տեխնոլոգիական (արհեստագիտական-Թ․) համալսարանը (ՇՏՀ) երկու անգամ փոխել է իր հասցէն, բայց անունը մնացել է անփոփոխ, դա մեզ համար սկզբունքային էր, պահպանել հայկական Շուշիի անունը», MediaHub-ին ըսած է համալսարանի ուսանողներու հետ կապի պատասխանատու Արեւիկ Յարութիւնեանը։

Ան, իր եւ գործընկերներուն ուրախութիւնը կիսելով, ընդգծած է, որ ուսումնական նոր տարին պիտի սկսի Երեւանի մէջ՝ իր շուրջը հաւաքելով ոչ միայն արցախցի ուսանողները։

Համալսարանը արտօնագիր ստացած է իր գործունէութիւն շարունակելու Երեւանի մէջ։ Շուշիի տեխնոլոգիական համալսարանը Արցախի ամենամեծ բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններէն էր։ 2020 պատերազմէն ետք ան տեղափոխուեցաւ Ստեփանակերտ։ 2023 թուականի պատերազմէն ու գաղթէն ետք համալսարանի ուսանողներն ու դասախօսական կազմը ցրուեցան Հայաստանի տարբեր ուսումնական հաստատութիւններ։

«Դժուար էր ե՛ւ մեզ համար, ե՛ւ ուսանողների համար։ Շատ կապուած էինք միմեանց հետ։ Շուշիի տեխնոլոգիական համալսարանի վերաբացումով կը պահպանենք ԲՈՒՀ-ի աւանդոյթները, գիտական բարձր մակարդակն ու հաւասար պայմաններ կը ստեղծենք բոլոր ուսանողների համար», կ’ըսէ Յարութիւնեան։

Ընդունելութեան յայտերը արդէն կ’ընդունուին 8 յուլիսէն եւ պիտի շարունակուի մինչեւ օգոստոսի վերջ։ «Սա արցախցիների համալսարանը չէ, այլ բոլոր ցանկացողների, ովքեր ուզում են ուսանել ՇՏՀ-ում։ Այնպէս որ համալսարանի դռները բաց են բոլոր դիմորդների համար», նշած է Արեւիկ Յարութիւնեան։

***

Արցախցի երեխաները ներկայացման միջոցով պատմեցին հայրենիք վերադառնալու իրենց նուիրական երազին մասին

9 յուլիսին Երգի պետական թատրոնին մէջ ցուցադրուեցաւ «Ես շուռ եմ տալիս աշխարհը» ներկայացումը` «Դիզակ արտ» կեդրոնի` 2020 թուականի պատերազմի եւ 2023 թուականի բռնի տեղահանութեան պատճառով Հայաստան տեղափոխուած արցախցի երեխաներու մասնակցութեամբ: Բեմադրութեան հիմքը Լեռ Կամսարի «Վերջնական Հայաստանը» եւ «Քարտէսի առջեւ» պատմուածքներն են: Բեմադրութեան հեղինակը Սրբուհի Բալայեանն է:

«Դիզակ արտ» մշակութային երիտասարդական կեդրոնի համահիմնադիր Երազիկ Հայրիեան լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ, որ ստեղծագործութիւնը ընտրած է Սրբուհի Բալայեանը եւ այդ ընթացքին որոշած է, որ մեր սաները պէտք է իրենց պատմութիւնները պատմեն:

«Երեխաները գեղարուեստական միջոցներով պատմեցին իրենց տուներէն հեռանալու, վախը եւ անորոշութիւնը դիմակայելու, հայրենիքի համար պայքարի, Արցախ վերադառնալու նուիրական երազին մասին:

«Մէկ կողմէ կ’ուզենք, որ երեխաները պատմեն ու նաեւ հոգեբանօրէն յաղթահարեն այն բոլորը, որոնց մէջէն իրենք արդէն անցած են, իսկ երկրորդ` իբրեւ գեղարուեստական ստեղծագործութիւն, համահունչ է մեր առօրեային հետ», նշեց ան:

Հայրիեան յայտնեց, որ փորձերը շատ ծանր անցած են. «Երեխաները երբ կը պատմէին, մենք` մեծահասակներս, կու լայինք, որովհետեւ այն իրական պատմութիւնները, որոնք կան, շատ դաժան են: Մենք չէինք պատկերացներ ալ, որ երեխաները այդքան նուրբ եւ այդքան ծանր տարած են այդ ամէնը»:

Հաղորդենք, որ «Դիզակ արտ» կեդրոն կ’այցելեն աւելի քան 150 արցախցի երեխաներ: Կեդրոնին մէջ կը գործեն` ազգային երգ ու պարի, նկարչութեան, ասեղնագործութեան, տհոլի խմբակներ, թատերախումբ, ժողգործիքներու համոյթ: «Ես շուռ եմ տալիս աշխարհը» ներկայացումը կեդրոնի թատերախումբին երրորդ բեմադրութիւնն է:

***

«Ապառաժ»-ը վերադարձի հաւատքով կը շարունակէ իր գործունէութիւնը

2023 թուականի արցախեան ողբերգութենէն ետք արցախեան մամուլը դադրեցաւ գործելէ, դադրեցաւ նաեւ «Ապառաժ» երկշաբաթաթերթի տպագրութիւնը, սակայն շարունակեց գործել «Ապառաժ» (ww.aparaj.am) կայքէջը, որ անկախ ստեղծուած իրավիճակէն եւ դժուարութիւններէն` չդադրեցուց իր գործունէութիւնը: «Ապառաժ»-ը Արցախի մէջ հասանելի էր իւրաքանչիւրին, այժմ եւս կը նախատեսուի առցանց տարբերակով հասանելի դարձնել զայն իր ընթերցողներուն:

«Ապառաժ» կայքը վերաթարմացուած` պիտի շարունակէ իր ուսումնասիրութիւնները Արցախի հասարակական, ընկերային, քաղաքական հիմնահարցերուն շուրջ, պիտի լուսաբանէ աշխարհի եւ համահայկական տիրոյթին մէջ առկայ իրադարձութիւնները, պիտի շարունակէ` բարձրաձայնել արցախահայութեան իրաւունքներու վերականգման եւ այդ պարունակին մէջ միջազգային արդարադատութեան հասնելու Հայ դատի պայքարը, խօսելու տարագիր Արցախի ժողովուրդի ճակատագիրին, առկայ հարցերուն եւ անոնց ուղղուած քայլերուն եւ լուծումներուն մասին:

«Ապառաժ»-ը Արցախի մէջ` իբրեւ քաղաքական, հասարակական եւ գրական թերթ, առաջին անգամ հրատարակուած է 1917 թուականին, Շուշիի մէջ, երկար ընդմիջումէ ետք վերստին հրատարակուած է 1991 թուականին, լուսաբանած է Արցախի ազատագրական պայքարի ընթացքը, հայ ժողովուրդի պայքարի ուղին` մինչեւ մեր օրերը, սերմանած է գաղափարական եւ ազգային արժէքներ: 2020 թուականին 44-օրեայ պատերազմի ժամանակ եւս երկշաբաթաթերթի հրատարակութիւնը առժամանակ դադրած է եւ վերահրատարակուած է 2021 թուականի գարնան։

***

Յունիսի դրութեամբ Հայաստանէն հեռացած են 10 հազար 308 արցախցիներ

1 յունիսի դրութեամբ, օդային եւ ցամաքային ուղիներով Հայաստանէն հեռացած են Արցախէն բռնի տեղահանուած 17,743 անձեր, վերադարձած` 7435 անձեր: Այսինքն՝ 1 յունիսի դրութեամբ, Հայաստանէն հեռացած են եւ չեն վերադարձած 10,308 արցախցիներ (Արցախի հաշուառում ունեցող անձեր): Այս տուեալները տրամադրած է Հայաստանի ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը (ԱԱԾ):

1 մայիսի հետ համեմատած, Հայաստանէն հեռացած Արցախի հաշուառում ունեցող անձերուն թիւը աւելցած է 383-ով:

***

Պաքուի դատարանը Ռաշիդ Բեգլարեանը դատապարտուեցաւ 15 տարուան բանտարկութեան

Պաքուի դատարանը Ռաշիդ Բեգլարեանը դատապարտած է 15 տարուան բանտարկութեան, կը յայտնէ Սիվիլներթ-ը՝ վկայակոճելով ԱՓԱ գործակալութիւնը:

Արցախի քաղաքացի, 1962-ին ծնած Ռաշիդ Բեգլարեանը 1 օգոստոս 2023-ին ոգելից խմիչքի ազդեցութեան տակ դուրս եկած էր Շուշիի շրջանի Հին Շէն գիւղէն, մոլորուած եւ Աղաւնոյ գիւղի տարածքին մէջ ձերբակալուած էր Ազրպէյճանի կողմէ: Ռաշիդ Բեգլարեանը կը մեղադրուի «Խօջալուի ցեղասպանութեանը մասնակցելու համար»:

Ազրպէյճանական գերութեան մէջ կան 23 հայ զինծառայող եւ քաղաքացիական անձ, որոնցմէ 17-ը 2023-ի յարձակման հետեւանքով գերի տարուած անձիք են: Ազրպէյճանը կը հաստատէ, որ իր մօտ 23 հայ գերիներ կան: 23 գերիներուն մէջ են նաեւ Արցախի ութ ներկայ ու նախկին պաշտօնեաները։  

Հայաստանի քննչական կոմիտէի նախագահ Արգիշտի Քեարամեանը յայտարարած է, որ հայկական կողմը փաստական տուեալներ ունի 44-օրեայ պատերազմէն ետք եւս 32 գերիներու մասին, սակայն այս անձերուն բռնի անհետացման փաստը Ազրպէյճանը կը հերքէ:

***

Free Armenian Prisoners-ը Պլինըքնը կը յորդորէ՝ հայ բանտարկեալներուն ազատ արձակումը առաջնահերթութիւն դարձնել

Մինչ Միացեալ Նահանգներու միջնորդութեամբ Հայաստան-Ազրպէյճան բանակցութիւններուն համար դիւանագէտներ Ուաշինկթընի մէջ կը հանդիպին, հայ բանտարկեալները կը հիւծին Ազրպէյճանի բանտերուն մէջ: Ասիկա ակնյայտ կերպով կը հակասէ խաղաղութեան որեւէ հռետորաբանութեան, կ’ըսուի Free Armenian Prisoners-ի «Ֆէյսպուք»-ի էջին վրայ տեղադրուած գրութեան մէջ: 

«Մենք կը յորդորենք Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընը՝  հայ բանտարկեալները անյապաղ ազատ արձակելու հարցը առաջնահերթութիւն դարձնել: Չի կրնար իրական խաղաղութիւն ըլլալ, երբ տակաւին մարդիկ կը շարունակեն ապօրինիաբար բանտարկուած մնալ: Մենք կոչ կ’ուղղենք Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան եւ ԵԱՀԿ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու առաքելութեան՝ դիմելու յստակ գործողութիւններու, եւ ոչ միայն խօսելու: Տեւական խաղաղութիւնը կրնայ կառուցուիլ միայն արդարութեան եւ մարդու իրաւունքներու յարգանքին հիման վրայ», կ’ըսուի նոյն գրութեան մէջ: 

***

Արցախի մէջ սեպտեմբերեան մարտերուն զոհուած զինուորներու հարազատները կը խնդրեն անոնց աճիւնները Հայաստան տեղափոխել

Սեպտեմբերեան մարտերուն ընթացքին զոհուած, Արցախի մէջ թաղուած զինուորներու հարազատները կառավարութենէն կը խնդրեն անոնց աճիւնները Հայաստան տեղափոխել:

Զոհուածներու ծնողները, կիները եւ հարազատները 11 յուլիսին հաւաքուեցան կառավարութեան շէնքին դիմաց՝ պահանջելով հանդիպում ունենալ պաշտօնատարներէն մէկուն հետ: Անոնք անելանելի եւ անորոշ վիճակի մէջ են: Անոնք կ’ըսեն, որ առաւել քան 10 ամիսներէ ի վեր կը սպասեն, որ Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի կամ այլ կողմի օգնութեամբ իրենց սիրելիներուն աճիւները Հայաստան տեղափոխուին:

լուսանկարը՝ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին

«Եթէ հնարաւոր է, թէկուզ մի փոքր շանս (առիթ) օգտագործուի, թէկուզ մի փոքր ինչ-որ տարբերակ, ուղղակի խնդրում ենք ձեզ՝ միջամտել ու էդ հարցով իրօք զբաղուել, որ լուծում տրուի էդ հարցին», ըսաւ նահատակ զինուորի մը քոյրը՝ Բելլա Գալստեան, որուն կրտսեր եղբայրը ռազմական գործողութիւններուն ընթացքին զոհուած է, աւագը՝ պենզինի կայանի պայթումէն ծանրօրէն վիրաւորուելով՝ մահացած է եւ թաղուած Հաաստանի մէջ: Փոքրին աճիւնը Ստեփանակերտի եղբայրական գերեզմանատան մէջ է. Սասունի շիրիմին տեղը երիտասարդ կինը անգիր կը յիշէ:

Թէ Հայաստանի կառավարութիւնը ատրպէյճական կողմին հետ հանդիպումներուն այս հարցը կը բարձրացնէ՞՝ յայտնի չէ: Պաշտօնապէս այս մասին չի խօսուիր: Զոհուածներու ծնողները դիմած են զանազան գերատեսչութիւններու, նաեւ Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէին, բայց՝ ապարդիւն:

Կարմիր Խաչէն կը յայտնեն, որ իրենք կրնան միջնորդի դեր ստանձնել, բայց այս հարցով կարիք կայ Հայաստանի ու Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն համաձայնութեան:

Զոհուածներու հարազատներուն միացան նաեւ անհետ կորսուածներու ծնողները, որոնք նոյնպէս կը պահանջեն պարզել իրենց հարազատներուն ճակատագիրը:

***

«Ամերիկա կը կրկնէ արցախցիներուն ապահով կերպով իրենց տուները վերադառնալու իրաւունքը վերականգնելու իր կոչը». Փաուըր

Միացեալ Նահանգներու միջազգային զարգացման գործակալութեան ղեկավար Սըմենթա Փաուըր Հայաստանի մէջ իր ունեցած պաշտօնական հանդիպումներուն զուգահեռ տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտնեց, որ Հայաստանի կառավարութիւնը կեդրոնացած է Արցախէն տեղահանուած մարդոց բարեկեցութիւնը ապահովելուն վրայ, ինչպէս նաեւ զանոնք աշխատանքի շուկային մէջ ներգրաւելու եւ ընկերային զանազան ծրագիրներու միջոցով: Ան աւելցուց, որ, թէեւ Միջազգային զարգացման գործակալութիւնը զանազան ծրագիրներ կ’իրականացնէ արցախցիներուն համար, սակայն, Միացեալ Նահանգները՝ միջազգային համայնքի շարք մը երկիրներու հետ կը շարունակէ կոչ ուղղել՝ վերականգնելու արցախցիներուն ապահով կերպով իրենց տուները վերադառնալու իրաւունքը:

Սամանթա Փաուըր Հայաստանի մէջ (լուսանկարը՝ «Արմենպրես»-ի)

«Մինչեւ այս պահը մարդոց վերադառնալու քայլեր չեն առնուած: Մենք պիտի շարունակենք այս հարցին լուծումը յառաջ մղել, որպէսզի մարդիկ վերադառնան ապահով պայմաններու մէջ, ինչ որ կը պահանջէ գետնի վրայ իրողութիւններու փոփոխութիւն», ընդգծեց Փաուըր։

Ան խօսեցաւ նաեւ Հայաստանի ու Աzրպէյճանի կապերուն մասին՝ դիտել տալով, որ երկու երկիրներուն միջեւ չլուծուած հարցերը բարդ են եւ զգայուն, սակայն կայ նաեւ լուրջ կարելիութիւն՝ խաղաղութեան հասնելու։ Ըստ անոր՝ Ուաշինկթըն յոյս ունի, որ կողմերը պիտի ունենան այդ գիտակցութիւնը` չկորսնցնելու այս կարեւոր հնարաւորութիւնը։

Մինչ այդ Փաուըր հանդիպումներ ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանին հետ։

Փաշինեանի հետ հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Արցախէն բռնի տեղահանուած անձերու մարդասիրական հարցերուն, անոնց լուծման ուղղութեամբ Հայաստանի կառավարութեան քայլերուն, որոնց կարգին՝ բնակարաններու ապահովման ծրագիրին:

Արմէն Գրիգորեանի հետ հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Ազրպէյճանի ցեղային զտման քաղաքականութեան պատճառով ստեղծուած մարդասիրական իրավիճակը, որուն ծիրին մէջ Գրիգորեան ներկայացուց Հայաստանի կառավարութեան կողմէ իրականացուող քայլերը` աջակցելու Արցախէն բռնի տեղահանուած անձերուն: