Կայացաւ Շուշիի «Վարանդա» երգչախումբին «Երգող Արցախ» խորագիրով համերգը․ Արցախն այս շաբաթ


1․ Կայացաւ Շուշիի «Վարանդա» երգչախումբին «Երգող Արցախ» խորագիրով համերգը

13 սեպտեմբերին Երեւանի կամերային երաժշտութեան տան մէջ տեղի ունեցաւ Շուշիի «Վարանդա» երգչախումբին «Երգող Արցախ» խորագիրով համերգը, կը տեղեկացնէ Համազգայինի Երեւանի գրասենեակը:

«Երեւանում, Աբովեանում, Մասիսում ապաստանած Արցախի փոքրիկները միաւորուել էին խմբավար, գեղարուեստական ղեկավար Զաքար Քէշիշեանի շուրջը` նորից ու նորից հնչեցնելու Արցախի ձայնը, որը ապրելու, արարելու, հաւատի ու պայքարի ձայն է», ըսուած է Համազգայինի տարածած հաղորդագրութեան մէջ:

Համերգը բացուեցաւ Զաքար Քեշիշեանի խօսքով:

«Կ’երգենք, որ մեր երգի տատանումները հասնին Արցախի հողին, եւ ան զգայ, որ ուր ալ ըլլանք, մեր սրտերը կը տրոփեն իր շնչառութեան կշռոյթով»,  նշեց Քէշիշեան:

Հովանաւորութեան համար ան շնորհակալութիւն յայտնեց Արեւելեան Ամերիկայի Կիլիկեան Թեմի առաջնորդարանին, երգչախումբին համար հին ու նոր երգեր յօրինած բոլոր սերունդներու բանաստեղծներուն ու երգահաններուն:

Զաքար Քէշիշեանը կարեւոր համարեց, որ համերգի կայացման իրենց ողջունելի մասնակցութիւնը ցուցաբերած են Ստեփանակերտի Կոմիտասի անուան երաժշտական ուսումնարանի եւ Հադրութի «Դիզակ արտ» մշակութային կեդրոնի սաները:

«Երգող Արցախ» խորագրով համերգին փոքրիկներու երգչախումբը ներկայացուց 16 երգեր։

«Վարանդա» երգչախումբին «Երգող Արցախ» խորագիրով համերգին հանդիսատեսը (լուսանկարը՝ Համազգայինի Երեւանի գրասենեակին)

Համերգին ներկայ գտնուեցան Համազգայինի մեծ ընտանիքէն ընկերներ ու ընկերուհիներ. Համազգայինի կենտրոնական վարչութեան անդամներ Արտաշէս Շահբազեան, Արեւիկ Գաբրիէլեան, Համազգայինի Երեւանի գրասենեակի տնօրէն Ռուզան Առաքէլեան, Համազգայինի Արցախի գրասենեակի պատասխանատու Հերմինէ Աւագեան, մտաւորականներ, հասարակական ու մշակութային գործիչներ` Հայաստանէն, Արցախէն, Սփիւռքէն:

***

2․ ՀՕՄի «Արցախն իմ հոգում» խորագիրով բանակումը՝ Բիւրականի մէջ

25-30 օգոստոսին, ՀՕՄ-ի կեդրոնական վարչութեան հովանաւորութեամբ, Բիւրականի «Գառնիկ Մկրտիչեան» բանակավայրին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՕՄ-ի Արցախի մեկուսի մասնաճիւղին եւ ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան միասնական ճիգերով նախաձեռնուած բանակում-ճամբարը` «Արցախն իմ հոգում» խորագիրով, որուն մասնակցեցան 12-16 տարեկան մօտաւորապէս 90 պատանիներ, կը հաղորդէ «Ապառաժ»-ը

27 օգոստոսին արցախցի պատանիներուն այցելեցին ՀՕՄ-ի կեդրոնական վարչութեան անդամ Զոյա Քոչարեանը, ինչպէս նաեւ ՀՕՄ-ի շրջանային վարչութեան ընկերուհիները` ատենապետուհի Մարօ Քէշիշեանի գլխաւորութեամբ:

«Արցախն իմ հոգում» խորագիրով բանակումին մասնակցող փոքրիկնեը եւ պատասխանատուները (լուսանկարը՝ «Ապառաժ»-ի)

Մասնակիցներուն իր ողջոյնի խօսքը յղեց Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպս. Աբրահամեանը: Նշենք, որ հանդիպման ներկայ գտնուեցան նաեւ` Արցախի Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Վահրամ Բալայեանը, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ, Արցախի թեմական խորհուրդի ատենապետ Լեռնիկ Յովհաննիսեանը, ինչպէս նաեւ` տեղի հոգեւորականներէն:

Դասախօսութիւն-զրոյցով հանդէս եկաւ ՀՕՄ-ի շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Մարօ Քէշիշեանը: Ան պատանիներուն ներկայացուց ՀՕՄ-ի պատմութիւնը` ներկայացնելով կազմակերպութեան գաղափարական առանցքը: Յորդորեց զինուիլ համբերութեամբ, ըլլալ միասնական, լեցուիլ ուժով եւ հաւատքով, պայքարի շունչը երբեք չկորսնցնել, վստահ ըլլալ, որ անպայման վերադարձ հայրենի Արցախ պիտի ըլլայ:

Փակման արարողութեան ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Մհեր Աւետիսեանը իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՕՄ-ին` համագործակցելու, ազգային ձեռնարկներ նախաձեռնելու եւ կազմակերպելուն համար, ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան` գաղափարական եւ կազմակերպչական կեցուածք դրսեւորելուն համար, իսկ պատանիներուն` աշխուժ մասնակցութեան համար, նշելով, որ ՀՅԴ Արցախի կառոյցը մնայուն պատրաստ է աջակցելու նմանատիպ ծրագիրներու:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի տեսուչ Պարոյր վրդ. Շերնէզեան իր խօսքը սկսաւ աղօթքով եւ օրհնանքով, ապա նշեց, որ ՀՕՄ-ի կազմակերպած այս բանակումին նպատակը պարզապէս պատանիները համախմբելը չէր, այլ` անոնց նուիրել այն արժէքներն ու շնորհը, որով ՀՕՄ-ի կառոյցը արդէն երկար տարիներէ ի վեր կը ծառայէ մեր ազգին ու եկեղեցիին:

«Յոյսով եմ` այն, ինչ որ այս բանակումին սորվեցաք, ձեր սրտերուն մէջ պիտի պահէք եւ ի վերջոյ փոխադարձէք մեր ազգին», նշեց ան:

ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Զոյա Քոչարեան պատանիներուն մաղթեց, որ մնայուն Մաշտոցէն, Նարեկացիէն մասունք ունենան իրենց հոգիին մէջ, Արցախի հերոսներուն ազատատենչ ոգին եւ ուժը ունենան, որպէսզի կարենան ճիշդ ապրիլ եւ իրենց հոգիին մէջ պահեն այն մեծ հաւատքը, որ պիտի վերադառնան Արցախ: «Արցախը մերն է եւ մերն ալ պիտի ըլլայ, Արցախը հայախօս եւ հայաշունչ պիտի ըլլայ», ըսաւ Զ. Քոչարեան:

ՀՕՄ-ի Արցախի մեկուսի մասնաճիւղի ատենապետ Մելանիա Բալայեան իր խօսքին մէջ նշեց. «Արցախը ես ձեր աչքերուն ու ձեր մէջ կը տեսնեմ, դուք էք Արցախը, եւ ուրեմն Արցախը կայ, Արցախը մերն է եւ մերն ալ ըլլալու է: Ապրեցէ՛ք եւ մնայուն հաւատարիմ մնացէք մեր ազգային, վեհ արժէքներուն: Ձեր մէջ պիտի ապրի Արցախը, եւ ձեզմով պիտի ապրի Արցախը»:

1 սեպտեմբերին ընդառաջ ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան եւ ՀՅԴ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջանի երիտասարդական միութիւններուն կողմէ բանակումի մասնակիցներուն բաժնուեցան գրենական պիտոյքներ եւ դպրոցական պայուսակներ:

Ձեռնարկին պատանիները իրենց սորված երգերը, պարերն ու կանչերը ներկայացուցին հիւրերուն։ Խարուկահանդէսի ընթացքին հայրենասիրական երգերու կատարումներով ելոյթ ունեցաւ երգչուհի Շուշան Պետրոսեան:

***

3․ Լեռնային Ղարաբաղի հայերուն վերադարձի իրաւունքը կայ, սակայն ատոր իրագործման համար յստակ ծրագիր պէտք է. Լուիս Մօրենօ Օքամփօ

Միջազգային քրէական դատարանի նախկին գլխաւոր դատախազ Լուիս Մօրենօ Օքամփոյի դիտարկմամբ` միջազգային իրաւունքը Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան կողմէն է, քանի որ հայրենիք վերադառնալու իրաւունքը յստակ գոյութիւն ունի, սակայն ատիկա իրականացնելու համար անհրաժեշտ է յստակ ծրագիր մշակել: 

Լուիս Մորենօ Օքամփօ (լուսանկարը՝ «Արմենպրես»-ի)

«Արմենպրես»-ի հաղորդմամբ` Օքամփօ այս մասին ըսաւ Երեւանի մէջ մամուլի ասուլիսի մը ընթացքին` պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՞նչ կրնայ ընել այս պարագային միջազգային իրաւունքը եւ միջազգային հանրութիւնը:

«Միջազգային իրաւունքը կարեւոր է․ Ազրպէյճանը պարտաւոր է հասկնալ եւ յարգել այն, որովհետեւ հետեւանքներ պիտի ըլլան նաեւ Ազրպէյճանի համար», ըսաւ ան՝ աւելցնելով, որ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը իրաւունքներ ունի:

Ան մանրամասնեց, որ այս օրերու ընթացքին հանդիպումներ ունեցած է Լեռնային Ղարաբաղի նախկին պաշտօնեաներու հետ` առաջարկելով իր օգնութիւնը հայ բնակչութեան` իրենց հայրենիք վերադարձի հարցով:

«Մենք հիմա պարզապէս կրնանք քննարկել, թէ ինչպէ՞ս պիտի ծրագրենք հայերու վերադարձը, եւ թէ ինչպէ՞ս Ազրպէյճանը պիտի ճանչնայ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան իրաւունքները, եւ ինչպէ՞ս պէտք է այդ իրաւունքները իրականացուին: Սակայն ատոր համար աշխատանքային ծրագիր պէտք է․ ծրագիր, որ մշակուած ըլլայ արցախցիներու կողմէ», նշեց Օքամփօն` ընդգծելով, որ այդ իրաւունքը գոյութիւն ունի, սակայն ատոր գործարկման համար համեմատաբար բարենպաստ պայմաններ պէտք են:

Ան մատնանշեց, որ այս իրավիճակին մէջ միջազգային իրաւունքը հայերուն կողմն է:

***

4․ Արամ Ա վեհափառի նախագահութեամբ՝ քննարկուեցաւ արցախահայութեան իրաւունքներու վերականգնման հարցը

Մեծի տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մամլոյ դիւանը կը տեղեկացնէ, որ Մեծի տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա վերլուծական հարթակ»-ի հերթական առցանց նիստը տեղի ունեցաւ կիրակի, 8 սեպտեմբերին, նախագահութեամբ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա․ վեհափառ հայրապետին։

Յատուկ կէտով քննարկումները կեդրոնացան ՔՈՓ29-ի ընդառաջ միջազգային ատեաններու ու մասնակցող պետութիւններու մօտ տարուող աշխատանքներուն եւ յատկապէս Պաքուի բանտերուն մէջ պահուող Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան ու պատանդներուն ազատ արձակման նպատակող տարուող աշխատանքներուն վրայ։

Վեհափառ հայրապետը պարզեց Վատիկանի եւ ապա Ժընեւի մէջ իր ունեցած հանդիպումներուն մասին տեղեկութիւններ։ Հանդիպումները առիթ եղած են արծարծելու բանտարկեալներու ազատ արձակման պահանջները։ Նորին Սրբութիւնը նաեւ իրազեկեց հարթակի անդամները Իրանի եւ Գանատայի դեսպաններուն այցելութիւններուն մասին եւ անոնց ընթացքին քննարկուած թէ՛ հարաւային Կովկասի եւ թէ՛ Միջին Արեւելքի վերաբերող խնդիրները։ Այս առումներով Արամ Ա. կաթողիկոս մասնակիցներուն յայտնեց հայ-ազրպէյճանական հակամարտութեան եւ յատկապէս բանտարկեալներու ուղղութեամբ Վատիկանի մէջ տիրող իրավիճակին մասին։

Ժողովականները արձանագրեցին, որ այս տարուան յունուարին Անթիլիասի մէջ կայացած թէ՛ հարթակի առկայ նիստին եւ թէ՛ Ապրիլին «Արցախի մէջ Ազրպէյճանի կիրարկած ցեղասպանութիւնը» թեմայով գիտաժողովին բանաձեւուած էին աշխատանքային ուղենիշեր։ Այս նիստերուն «Կիլիկիա վերլուծական հարթակ»ի անդամներուն կողքին կը մասնակցէին միջազգային քրէական դատարանի հիմնադիր դատախազ Լուի Մորէնօ Օքամփօ, Հայաստանի հանրապետութեան արտաքին գործոց նախկին նախարար եւ արցախահայութեան իրաւաւունքները հետապնդող յանձնաժողովի աշխատանքները համակարգող Վարդան Օսկանեան եւ Ընկերվար միջազգայնականի փոխնախագահ Մարիօ Նալպանտեան։

Յունուարի եւ Ապրիլի հանդիպման նիստերու ընթացքին բանաձեւուած առաջադրային կէտերը կ’արծարծուին Վեհափառ Հայրապետին հետ՝ տարբեր պետութիւններու դիաւանգիտական ներկայացուցիչներու հանդիպումներուն եւ Արցախի հայութեան իրաւունքներու վերականգնման համահայկական աշխատանքներու ընթացքին։ Հետապնդուած հարցեր են՝ Արցախի մէջ Պաքուի իրականացուցած ցեղասպանական քաղաքականութիւնը, Արցախի ժողովուրդի հաւաքական վերադարձի իրաւունքը, վերադարձը միջազգային անվտանգութեան գործիքակազմով երեաշխաւորելը, ՔՈՓ29-ի ընդառաջ Ազրպէյճանի գործադրած տարբեր բնոյթի յանցագործութիւնները իրազեկելը, Արցախի առեւանգուած ղեկավարութեան, գերիներու, պատանդներու ազատ արձակումը պահանջելը եւ հոգեւոր ու մշակութային ժառանգութեան պահպանման միջազգային կառոյցներու մօտ աշխատանքը։