ՀՅԴ Արցախի պատանեկան միութեան բանակում Բիւականի մէջ․ Արցախն այս շաբաթ


1․ ՀՅԴ Արցախի պատանեկան միութեան 5-րդ համաարցախեան պատանեկան բանակումը Բիւրականի մէջ

Օգոստոս 4-9 Բիւրականի մէջ ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութիւնը՝ ՀՅԴ Ֆրանսայի «Նոր սերունդ» երիտասարդական միութեան աջակցութեամբ, կազմակերպեց ՀՅԴ Արցախի պատանեկան միութեան 5-րդ համաարցախեան պատանեկան բանակումը, որ կը կրէր` «իմ Արցախ, իմ հող ու ջուր, իմ Հայաստան…» խորագիրը: Բանակումին մասնակցեցան 12-16 տարեկան` Արցախէն 170, իսկ ՀՅԴ Հայաստանի պատանեկան միութենէն 10 պատանիներ: Բանակումի ընթացքին պատանիները սորվեցան ազգային երգ ու պար, ունեցան մարմնակրթական եւ մտամարզային մրցոյթներ, լսեցին դասախօսութիւններ` Հայոց պատմութեան, մետիագրագիտութեան, ժողովրդական երգերու, առաջին բուժօգնութեան, կրակային պատրաստութեան եւ այլ նիւթեր, աւելի՛ն, իրենց սորվածը կիրարկել նաեւ գործնականօրէն: Պատանիները օրուան ընթացքին իրենց սորված կանչերը, երգերն ու պարերը ամփոփեցին երեկոյեան խարոյկի շուրջ: Տարբեր դասախօսութիւններով պատանիներուն այցելեցին քաղաքական, մշակութային գործիչներ, տարբեր ոլորտի մասնագէտներ:

Պատանիներուն այցելեց եւ անոնց հետ զրուցեց Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեանը, որ տասնամեակներ շարունակ իր ուրոյն դերակատարութիւնը ունեցած է արցախեան մշակութային կեանքին մէջ:

Պատանիներուն համար դասախօսութեամբ հանդէս եկաւ նաեւ տնտեսական ոլորտի մասնագէտ Ժիրայր Պէօճեքեանը: Բանակումի պաշտօնական փակման ներկայ գտնուեցան` ՀՅԴ Արցախի կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Արա Պուլուզեանը, ՀԱՍԵ Արցախի թեմի հոգեւոր հայր Մինաս քհն. Մովսիսեանը, ՀՅԴ ՀԵՄ-ի կեդրոնական վարչութեան անդամներն ու ընկերները, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի վարչութեան անդամները եւ ծնողները:

***

2․ «Նաւասարդ» հայիրանական մշակութայինխոհարարական փառատօնին Արցախի խումբը նուաճեց պրոնզէ մետալ

Արցախեան խումբը 4 տաղաւարով, 10 օգոստոսին, Սիսիանի մէջ մասնակցեցաւ հայ-իրանական մշակութային-խոհարարական «Նաւասարդ» 3-րդ փառատօնին եւ ստացաւ պրոնզէ մետալ:

Արցախի Հանրապետութիւնը մասնակցած էր նաեւ առաջին փառատօնին եւ այդ ժամանակ նուաճած էր ոսկեայ մրցանակ:

Արցախի տաղաւարները՝ փառատօնին (լուսանկարը՝ «Ազդակ»-ի)

Փառատօնի ընթացքին մասնակից հայկական եւ իրանական խումբերը տաղաւարներու մէջ պատրաստած եւ ներկայացուցած են ազգային խոհանոցի բազմազանութիւնն ու պատմութիւնը, իսկ մշակութային եւ երաժշտական գօտիներու մէջ ներկայացուած են` պար, երաժշտութիւն, արուեստի գործեր, արհեստագործական արտադրանքներ:

Նշենք, որ փառատօնի կազմակերպիչներն են՝ Զբօսաշրջութեան հայկական միութիւնը` Armenian Tourism Federation եւ «Հայ խոհարարական աւանդոյթներու զարգացման եւ պահպանման» հասարակական կազմակերպութիւնը:

Արցախեան խումբի մասնակցութիւնը ապահոված է Արցախի մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան զարգացման գործակալութիւնը (Artsakh Tourism & Culture Development Agency):

***

3․ Արցախցի Արման Աւանեսեան՝ սամպոյի աշխարհի բաժակի արծաթէ մետալակիր

Խրխզիստանի Չոլպոն Աթա քաղաքին մէջ տեղի ունեցած Սամպոյի աշխարհի ախոյեանութեան խաղերուն ընթացքին, 98 քիլոկրամ կշիռքով արցախցի Արման Աւանեսեանը (մարտական սամպօ) դարձաւ արծաթէ մետալակիր:

Արման Աւանեսեան (լուսանկարը՝ Armsport-ի)

Այս մասին յայտարարեց Հայաստանի սամպոյի դաշնակցութիւնը:

Աշխարհի ախոյեան դարձաւ Ռուսիոյ կազմին մէջ հանդէս եկող Յովհաննէս Աբգարեանը: 

***

4․ «Ստեփանակերտի մէջ դժոխքը կը շարունակուի» ազրպէյճանցիները արցախցիներուն իրերը պատուհաններէն դուրս կը նետեն (տեսանիւթ)

«Դժոխքը կը շարունակուի Ստեփանակերտի` Արցախի մէջ». գրած է ամերիկահայ բարերար եւ իրաւաբանական գիտութիւններու թեկնածու Աննա Աստուածատուրեան-Թերքոթը: Ան տեսանիւթ հրապարակած է` ինչպէս ազրպէյճանցիները Ստեփանակերտի մէջ արցախցիներու իրերը պատուհաններէն դուրս կը նետեն:

V  

«Ազրպէյճանի կառավարական աղբիւրները կը գրեն. «Քաղաքը կը շարունակէ մաքրուիլ աղբէն»: Մենք` հայերս, գիտենք, թէ ատիկա ինչ կը նշանակէ` էթնիկ զտումներ: Ասոնք 150 հազար հայ խաղաղ բնակիչներու տուներն են, որոնք ստիպուած եղած են լքել իրենց հայրենիքն եւ այլեւս չեն չվերադառնար: Ճիշդ այնպէս, ինչպէս 90-ականներու սկիզբի ըրին 350 հազար Պաքուի հայերը: Ասիկա Ազրպէյճանի դէմքն է», «Այսօր»-ի փոխանցմամբ՝ նշած է Աստուածատուրեան-Թարքոթը։

***

5․ Արցախեան գիւղերու քանդուած տուներու քարերը կ’օգտագործուին Ֆիզուլի-Շուշի ճանապարհի կառուցման համար

Հադրութցի ճարտարապետ եւ շինարար Գագիկ Աւանեսեանը, մեկնաբանելով Արցախի ՄԻՊ գրասենեակի յայտարարութիւնը ղարաբաղեան Մոխրենես գիւղի աւերման մասին, կարծիք յայտնած է, որ աւերելով տուներ, գերեզմաններ, եկեղեցիներ` ազրպէյճանական կողմը կ’օգտագործէ քարերը Ֆիզուլի-Շուշի ճանապարհի կառուցման համար:

«Արցախի ինքնութեան միտումնաւոր ոչնչացումէն բացի, Ազրպէյճանի կառավարութիւնը կ’ոչնչացնէ այն ամէնը, ինչ որ կը գտնուի կառուցուող Ֆուզուլի-Շուշի մայրուղիի ճանապարհին: Նման գործելաոճ կիրառուած է Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ դեռ խորհրդային տարիներուն: Յետագային բազմաթիւ շէնքերու մէջ յայտնաբերուած են հայկական տապանաքարեր եւ խաչքարեր: Հիմա ալ արցախեան գիւղերը անդառնալիօրէն կ’աւերուին, իսկ քարերը կ’օգտագործուին որպէս շինանիւթ:

Քանի որ արցախեան բոլոր գիւղերը իրենց յատկանիշներով կը կրեն պատմամշակութային արժէք, մենք պէտք է այնպէս ընենք, որ Ազրպէյճանը դադրեցնէ վանդալիզմը եւ պատասխան տայ իր գործողութիւններուն համար», գրած է Աւանէսեան:

***

6․ Ցեղային զտումէն ետք Ազրպէյճանը հայկական մշակութային ժառանգութիւնը գողնալու քաղաքականութիւնը կը վարէ

«Գարդման-Շիրվան-Նախիջեւան» համահայկական միութիւնը ներկայացուց Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի մէջ հայկական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման քաղաքականութեան անդրադարձող եւ զայն դատապարտող Վենետիկի Քա Ֆոսքարի համալսարանի փրոֆեսէօր Ալտօ Ֆերարիի յօդուածը։

Յօդուածին հեղինակը, անդրադառնալով Հայաստան-Ազրպէյճան հակամարտութեան պատմական հիմքերուն՝ կը կատարէ շարք մը մատնանշումներ՝ յստակ փուլերու բաժնելով հայութեան նկատմամբ բռնութիւնները՝ 1905-1906, 1918-1920,1988-1992 եւ 2020-2023։ Խօսելով հակամարտութեան նորագոյն փուլին մասին՝ Ֆերարի կը նշէ, որ Արցախի հայերուն` Հայաստանին միանալու խնդրանքը 1988-ի սկիզբէն պատճառ դարձաւ անոնց դէմ ջարդերու Ազրպէյճանի Սումկայիթ եւ Պաքու քաղաքներուն մէջ։ Սակայն, պէտք է աւելցնել, որ հայութեան նկատմամբ բռնութիւնները երբեք չսահմանափակուեցան Սումկայիթով, այլ՝ տարածուեցան Խորհրդային Ազրպէյճանի հայկական եւ հայաբնակ բոլոր բնակավայրերուն մէջ, ինչ որ պատճառ դարձաւ բազմահազար հայութեան ցեղային զտման եւ հայկական հոգեւոր կրօնական-ազգային մշակութային ժառանգութեան գոյութենական վտանգին։

Շուշիի Կանաչ Ժամ եկեղեցին (լուսանկարը՝ Monument Watch-ի)

Միութենէն կը նշեն, որ յօդուածագիրը ճշմարտացիօրէն կ’արձանագրէ հետեւեալը. «Միջազգային հանրութեան գրեթէ կատարեալ անտարբերութեան պայմաններուն մէջ Լեռնային Ղարաբաղի ամբողջ բնակչութիւնը ցեղային զտման ենթարկելէ ետք, Ազրպէյճանի կառավարութիւնը մասնաւորաբար կը վարէ հայկական մշակութային ժառանգութիւնը գողնալու քաղաքականութիւնը, որուն «ողբերգական նախադէպը Նախիջեւանն է»։

Ան յատուկ կերպով կ’անդրադառնայ Նախիջեւանի հայկական մշակութային կորուստին՝ 90 եկեղեցիներ, 10,000 խաչքարեր։ «Հայերու գեղարուեստական ժառանգութեան վերացումը ջնջած է այս տարածքին մէջ անոնց հազարամեայ ներկայութեան յիշողութիւնը», կ’եզրափակէ Ֆերարի։