ՀԲԸՄ-ը բժշկական ծառայութիւններ կը մատուցէ տեղահանուած արցախահայ ընտանիքներուն. Արցախն այս շաբաթ


ՀԲԸՄ-ը բժշկական ծառայութիւններ կը մատուցէ տեղահանուած արցախահայ ընտանիքներուն

Իրենց պապենական հողերէն բռնի տեղահանուած արցախահայերուն ուղղուած իր մարդասիրական ծառայութիւններու ծիրին մէջ, Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը բժշկական աջակցութիւն կը տրամադրէ առողջապահական հարցեր ունեցող ընտանիքներու եւ անհատներու: Այս ուղղութեամբ, յատկանշական է «Քլոտիա Նազարեան» դարմանատան գործունէութիւնը: Կեդրոնը հիմնուած էր 2017-ին, բժշկական պատրաստութիւն ունեցող սուրիահայ մասնագէտներու մասնակցութեամբ օժանդակելու սուրիահայ ապաստանեալներուն: Նոյն ոգիով, դարմանատունը ներկայիս պաշտօնի կոչած է արցախահայ մասնագէտներ, որոնց ներկայութիւնը հարազատութեան զգացում եւ վստահութիւն կը ներշնչէ դարմանուողներուն: Կեդրոնը օժտուած է յաւելեալ սարքերով եւ կը գործէ երկարացուած ժամանակացոյցով:

Դարմանատունը սկսաւ գործել յունուար 2024-ին, բժշկական անվճար ծառայութիւններ ապահովելով՝ սրտաբանական, գլխու, տեսողութեան, կանանց առողջապահութեան եւ մանկաբուժական հարցերու վերաբերեալ, նաեւ՝ հոգեբանական հարցեր ունեցող մանուկներու եւ տարեցներու համար: Կեդրոնը կրնայ տարեկան աւելի քան 8000 անձերու բժշկական կարիքները հոգալ: Ըստ ընթացիկ տարուան յուլիսի տուեալներուն՝ 2870 դիմողներէն 1200-ը արցախահայեր եղած են:

Դարմանատան գործունէութեան առաջին իսկ օրէն, հոգեբանական հարցեր ունեցող մանուկները ստացած են համապատասխան անհրաժեշտ օգնութիւն: Պատերազմին պատճառով մանուկներու հոգեբանական կարիքներու աջակցութեան առընթեր, յատուկ դասընթացքներ կը կազմակերպուին ծնողներու համար, որպէսզի անոնք կարենան օգտակար ըլլալ իրենց զաւակներուն: Այս աշխատանքներուն յաջողութիւնը ապահովելու համար, արցախահայ հոգեբան մը եւ հիւանդապահուհի մը պաշտօնի կոչուած են, որպէսզի աւելի սերտ հաղորդակցութիւն ստեղծուի մասնագէտին եւ դարմանուողին միջեւ:

Որպէսզի դարմանատունը կարենայ աւելի լաւ եւ բազմակողմանի ծառայութիւններ ապահովել դարմանումի համար իրեն դիմողներուն՝ ՀԲԸՄ-ը կը ծրագրէ զայն օժտել անհրաժեշտ նոր կազմածներով, ժամանակի ընթացքին պակասները լրացնելու, նաեւ խնայելու համար դարմանումի կարիք ունեցողները, ախտաճանաչումի եւ դարմանումներու գծով այլ կեդրոններ դիմելու յաւելեալ ճիգը եւ ժամանակը:

***

«Սօսէ» մանկապարտէզներու սաները ուրախ պահեր ապրեցան իրենց տնօրէններուն եւ ուսուցիչներուն հետ

13 յուլիս 2024-ին, ՀՕՄ–ի Արցախի մեկուսի մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպութեամբ՝ տեղի ունեցաւ իւրօրինակ միջոցառում մը, որ համախմբեց «Սօսէ» մանկապարտէզներու սաները։ Միջոցառումը կը կրէր «Հրաժեշտ մանկապարտէզին» խորագիրը: «Լինում է, չի լինում» մանկական սրճարանին մէջ հանդիպեցան Արցախի՝ Ստեփանակերտի, Խնձրիստանի, Աշանի, Ակնաբերդի «Սօսէ» մանկապարտէզներու սաները` վերջին անգամ հարազատ մանկապարտէզի իրենց տնօրէնները, դաստիարակները, ընկերները տեսնելու, միասին գեղեցիկ եւ անմոռանալի պահեր ապրելու համար:

Միջոցառման ներկայ էին ՀՕՄ–ի կեդրոնական վարչութեան անդամ Զոյա Քոչարեանը, ՀՕՄ–ի Հայաստանի շրջանային վարչութեան ատենապետ Մարօ Քէշիշեանը, վարչութեան անդամներ, հիւրեր, կը տեղեկացնէ ՀՕՄ-ի Արցախի մեկուսի մասնաճիւղի «Ֆէյսպուքեան» էջը:

ձեռնարկէն պատկեր մը (լուսանկարը՝ ՀՕՄ-ի Արցախի մեկուսի մասնաճիւղին)

Ոգեշնչող էր ՀՕՄ–ի Արցախի մեկուսի մասնաճիւղի ատենապետուհի Մելանեայ Բալայեանի բացման խօսքը` տոգորուած մանուկներու լուսաւոր ապագայի հանդէպ մեծ հաւատքով:

Գնահատանքի ու սրտաբուխ խօսքեր ուղղեցին վարչութեան, տնօրինութեան ներկայացուցիչները, ծնողները` ուղղուած Արցախի «Սօսէ» մանկապարտէզներու երկարամեայ գործունէութեանը, որ մեծ դեր եւ գնահատելի աւանդ ունեցաւ ՀՕՄ–ի Արցախի «Սօսէ» մանկապարտէզներու ծրագիրը համակարգող Արտեմիս Գրիգորեանը։ Ան իր անխոնջ ու անբասիր աշխատանքի շնորհիւ կրցաւ բարձր հիմքերու վրայ պահել «Սօսէ» մանկապարտէզներուն մէջ տարուող աշխատանքներն ու նպաստել մանուկներու հայեցի դաստիարակութեան:

Հետաքրքիր խաղերը, մանկական հերոսներու ներկայութիւնը , ուրախ ժամանցային ծրագիրը եւ յիշարժան նուէրները մեծ ուրախութիւն, խինդ ու ծիծաղ պարգեւեցին փոքրիկներուն:

ՀՕՄ-ի Արցախի մեկուսի մասնաճիւղը շնորհակալութիւն կը յայտնէ ՀՕՄ–ի Աւստրալիոյ շրջանային վարչութեան` ծրագիրը հովանաւորելու եւ մանուկներուն հեքիաթային օր պարգեւելու համար:

***

Մեր հայրենիքը Հայաստանն է, մեր ծննդավայրը՝ Արցախը երբ վերադառնանք մեր հաւատքին, մեր Աստուծոյ՝ կրկին պիտի ունենանք Արցախը Դադիվանքի նախկին վանահայր

Մեր հայրենիքը Հայաստանն է, մեր ծննդավայրը Արցախն է․ երբ վերադառնանք մեր հաւատքին, մեր Աստուծոյ՝ կրկին պիտի ունենանք Արցախը, յայտարարեց Դադիվանքի նախկին վանահայր տէր Յովհաննէս Յովհաննիսեանը՝ «Հայացքն Արցախին» հաղորդման ժամանակ ։

տէր Յովհաննէս Յովհաննիսեան (լուսանկարը՝ «Սփութնիք Արմենիա»-ի)

«Մեր կամքին հակառակ մարդիկ գործեցին, մեր թիկունքում հակառակը գործեցին, մենք այսօր էլ նոյն մտքին ենք։ Մենք Արցախից չենք հեռացել, այսօր էլ մենք Արցախը մեր մէջ պահում ենք։ Մենք ճիշդ ենք ասել, որ չենք հեռանայ Արցախից, մեր թիկունքում մենք ասեցինք այն, ինչ-որ կայ։ Արցախը մերն է, Արցախը դրախտավայր է, մեր հայրենիքը Հայաստանն է, մեր ծննդավայրը Արցախն է, մենք պիտի վերադառնանք մեր ծննդավայրը․ դա պիտի լինի, վստահ եմ», ըսաւ ան։

Ըստ անոր՝ այսօր մենք ուրիշները կը մեղադրենք, որ ինչու հայաթափուեցաւ Արցախը, բայց մենք մեզմէ պէտք է սկսինք, մաքառինք։

Ան ըսաւ, որ 2020-ին, երբ որ գրաւեցաւ Արցախի մէկ մասը, մենք չհամախմբուեցանք։ Մարդիկ այս արհաւիքրէն ետք մնացին անտարբեր, հաւատքէ հեռացած։ Մինչեւ չվերադառնանք մեր հաւատքին, մեր Աստծուն, պիտի ամբողջ հայ ժողովուրդը ապաշխարհէ, դարձի գայ, ատկէ ետք պիտի ունենանք Արցախը։

***

«Լեռնային Ղարաբաղի հայերը կամաւոր չեն լքած իրենց տուները, սակայն յոյս ունինք, որ այնպիսի պայմաններ կը ստեղծուին, որ անոնք կամաւոր վերադառնան» Սոպհանի

Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութիւնը ոչ կամաւոր կերպով լքած է իր հայրենիքը, ուստի պէտք է պայմաններ ստեղծուին, որպէսզի անոնք կարենան կամաւոր վերադառնալ իրենց տուները, «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարեց Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Իրանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Մեհտի Սոպհանի` անդրադառնալով այն հարցումին, թէ Իրանը` իբրեւ Հարաւային Կովկասի գլխաւոր դերակատարներէն մէկը, այս հարցի լուծումը ինչպէ՞ս կը տեսնէ, եւ պէ՞տք է արդեօք Ազրպէյճանը յարգէ արցախահայերու հաւաքական վերադարձի իրաւունքը:

«Մեր դիրքորոշումը Ղարաբաղի բնակիչներու իրաւունքներուն վերաբերեալ յստակ է: Մենք կը ճանչնանք Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը եւ ատիկա կ’ընդգծենք, սակայն միեւնոյն ժամանակ կը նկատենք, որ Ղարաբաղի հայ բնակիչներու իրաւունքները պէտք է յարգուին: Այդ հարցը վէրքի նման է, եւ այդ վէրքը պէտք է բուժուի: Եւ եթէ այդ վէրքը չբուժուի, հաւանական է, որ դարձեալ բացուի: Երբ կը խօսուի կայուն խաղաղութեան մասին, այդ վէրքն ալ պէտք է հաշուի առնել: Մենք յոյսով ենք, որ այնպէս, ինչպէս Ղարաբաղի բնակիչները ոչ կամաւոր լքած են իրենց տուները, այնպիսի պայմաններ ստեղծուին, որպէսզի անոնք կարենան կամաւոր վերադառնալ իրենց տուները», իր խօսքին մէջ նշած է Մեհտի Սոպհանի:

Այն դիտարկման, որ այսինքն` Լեռնային Ղարաբաղի մէջ անհրաժե՞շտ է ապահովել հայ բնակչութեան անվտանգութիւնը` դեսպանը պատասխանած է.

«Բնական է` այն հիմնական պատճառը, որ անոնք լքեցին այդ տարածքը, ինքնին այդ էր, որովհետեւ չէին զգար այդ անվտանգութիւնը: Ինքս խօսած եմ ղարաբաղցիներու հետ, գաղթականները երբ եկած էին, ինքս գացի Կապան, անոնց հետ խօսեցայ: Անոնք ըսին. «Մենք կամաւոր չենք լքած մեր տուները»: Ոչ ոք կամաւոր կը լքէ իր տունը: Անոնք ըսին, որ անվտանգութիւն չեն զգացած, եւ ճիշդ այդ պատճառով ալ լքած են իրենց տուները: Անոնք կամաւոր չեն եկած, սակայն յոյս ունինք, որ այնպիսի պայմաններ կը ստեղծուին, որ անոնք կամաւոր վերադառնան իրենց տուները»:

Անդրադառնալով նաեւ այն հարցին, թէ արդեօք Արցախի հայերը պէ՞տք է ինքնավարութեան որոշակի աստիճան ունենան, որպէսզի ապահովուի այդ անվտանգութիւնը, դեսպան Սոպհանի նշեց, որ այդ առումով պէտք է երկխօսութիւն եւ բանակցութիւններ ըլլան:

«Ինչպիսի՛ պայմաններ ըլլան այնտեղ` պէտք է այդ մասին երկխօսութիւն եւ բանակցութիւններ ըլլան: Եկէք մենք եւ դուք որոշում չտանք անոնց փոխարէն: Ես կը կարծեմ` իրենք պէտք է բանակցին», ըսաւ դեսպանը:

Պատասխանելով ճշդող հարցումին, թէ որո՞ւ միջեւ պէտք է կատարուին այդ բանակցութիւնները, դեսպանը շեշտեց, որ ատիկա երկու կողմերու համաձայնութեան հարց է:

«Թէ ատիկա ինչպէ՞ս պիտի սկսի` երկու կողմերու համաձայնութեան հարց է: Նպատակը պէտք է ըլլայ ձեր ըսած անվտանգութեան եւ անոնց իրաւունքներուն հասնիլը», ընդգծեց դեսպան Մեհտի Սոպհանի: