Արցախի բռնի հայաթափման առաջին տարելիցն է․ Արցախն այս շաբաթ


1․ «Արցախի կառավարութեան հաշուարկներով այնտեղ մնացել է մօտ 100 միլիարդ դոլարի գոյք». Արցախի նախագահի նախկին խորհրդական

Լրացաւ Արցախի Հանրապետութեան հայաթափման առաջին տարելիցը։ Աւելիք քան հարիւր հազար հայեր ստիպուեցան լքել իրենց հազարամեայ արծուաբոյնը եւ ապաստան գտնել Հայաստան։

 «Մէկ տարի` առանց Արցախի. Վիճակագրութիւն եւ ռազմավարական հեռանկար» խորագիրով խորհրդաժողովին ընթացքին, Արցախի նախագահի նախկին խորհրդական, «Genesis Armenia» վերլուծաբանական կեդրոնի փորձագէտ, պատմաբան Արմէն Սարգսեան ներկայացուց Արցախի կորուստները՝ թիւերով եւ յստակ տուեալներով։

«Մենք պէտք է ամբողջովին եւ մանրամասն իմանանք Արցախում ունեցած մեր կորուստները, որ երբ վերադառնանք Արցախ, կարողանանք համեմատել ազերիների ոճրագործութիւնները եւ կոնկրետ (յստակ) թուերով ներկայացնել», ըսաւ ան։

Արցախի նախագահի նախկին խորհրդական, պատմաբան Արմէն Սարգսեան (լուսանկարը՝ Genesis Armenia-ի)

Ըստ Սարգսեանի՝ Արցախի կառավարութեան հաշուարկներով, Արցախի մէջ մնացած են 100 միլիառ տոլարի գոյք, բայց դժուար է գնահատել, որովհետեւ բնակարաններուն 30 տոկոսը 18-րդ դարուն կառուցուած է:

«Լեռնային Ղարաբաղում մնացել են 12 քաղաք, 241 գիւղ, 11,450 բնակարան, 13,550 տուն, 60 ֆաբրիկա (գործարան), 15 ձեռնարկութիւն, 385 եկեղեցի, 400 միջնադարեան գերեզմանատուն, 25 թանգարան, 37 հէկ (ջրելեկտրակայան), 48 հանք, 4 ջրամբար, աւելի քան 5000 մշակութային յուշարձան, 232 դպրոց, 4 համալսարան, 7 քոլեջ, 5 մարզադաշտ, 11 մարզադպրոց եւ նոյնքան էլ հիւանդանոց: Այնտեղ մնացել են 58 հազար մանր եղջերաւոր անասուն, աւելի քան 45 հազար խոշոր եղջերաւոր անասուն, 174 հազար թռչուն, 21 հազար խոզ, աւելի քան 2000 միաւոր գիւղտնտտեխնիկա (գիւղատնտեսական ճարտարարուեստի գոյքեր), 445 կիլոմետր ասֆալտապատ (կուպրապատուած) ճանապարհ եւ աւելի քան 35 հազար փոխադրամիջոց», յայտնեց Սարգսեան:

Ան դիտել տուաւ, որ Արցախի բնակչութեան թիւը մինչեւ 2020-ի պատերազմը եղած է 147 հազար։

***

2. Արցախի հայաթափման տարելիցին՝  Արցախի ղեկավարները այցելեցին «Եռաբլուր»

19 սեպտեմբերին, «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն այցելեցին Արցախի վերջին նախագահ Սամուէլ Շահրամանեան, Ազգային ժողովի նախագահի պարտականութիւնները կատարող Գագիկ Բաղունց, պատգամաւորներ եւ պաշտօնատարներ, որոնք իրենց յարգանքի տուրքը մատուցանեցին Արցախի ազատագրական պայքարի նահատակներու յիշատակին: 

«Ռազմական գործողութիւնների արդիւնքում մեր բնակչութիւնը ստիպուած է եղել լքել իր հայրենիքը, եւ մենք մշտապէս մեր յիշողութիւններում ունենալու ենք այն նուիրեալների անունները, ովքեր իրենց կեանքի գնով պաշտպանել են մեր հայրենիքը», լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ Շահրամանեան։ 

Արցախի ղեկավարութիւնը Եռաբլուրի մէջ յարգանքի տուրք կը մատուցանէ արցախեան գոյամարտի զոհերու յիշատակին (լուսանկարը՝ «Ազատութիւն» ռատիոկայանի)

Ան յայտնեց, որ 19 սեպտեմբերը յիշողութեան մէջ պիտի մնայ իբրեւ օր մը, երբ տասը ամիս շրջափակումէն, այնուհետեւ չորս ամիս ամբողջական պաշարումէ ետք Ազրպէյճան դիմեց ռազմական յարձակումի՝ պատճառելով զոհեր ու վիրաւորներ: Ըստ անոր՝ ռազմական գործողութիւններուն հետեւանքով հայ բնակչութիւնը ստիպուած եղած է լքել իր հայրենիքը, եւ պիտի յիշենք այն նուիրեալ նահատակներուն անունները, որոնց շնորհիւ հնրաւոր եղաւ, որ հարիւր հազարէն աւելի բնակչութիւն դուրս գայ շրջափակումէն: 

Հայաստանի իշխանութիւններուն յայտարարութիւններուն վերաբերող հարցումի մը պատասխանելով՝ Շահրամանեան ըսաւ. «Ցաւով եմ լսում նման արտայայտութիւնները, այդ թւում բարձրաստիճան պաշտօնեաների կողմից, որոնք համարում են, որ մենք՝ արցախցիներս, հիւր ենք Հայաստանում, որոնք համարում են, որ Արցախը Ադրբեջանի կազմում ճանաչելը ՀՀ յաղթանակ է: Մեծ կասկածներ ունեմ, որ ՀՀ կառավարութեան բոլոր անդամներն են այդպէս մտածում եւ ՀՀ ժողովուրդն է այդպէս մտածում: Ես ոչինչ չունեմ ասելու այդ մարդկանց, իրենց պատասխաններն իրենք պէտք է տան այն քաղաքացիներին, ովքեր ձեւաւորել են իշխանութիւններին»:

Գագիկ Բաղունց եւս յայտնեց, որ մէկ տարի առաջ Արցախի մէջ տեղի ունեցած ողբերգութիւնը դաս չդարձաւ հայ ժողովուրդին համար: «Տեղի ունեցածն ինչպէս էլ անուանենք՝ թէ ցեղասպանութիւն, թէ էթնիկ (ցեղային) զտում, թէ բռնի տեղահանում, այնուամենայնիւ հանդիսանում է մէկ դար առաջ տեղի ունեցած Մեծ Եղեռնի շարունակութիւնը: Ցաւօք, ՀՀ իշխանութիւնները, խօսելով երկրի անվտանգութեան մասին, որը ենթադրում է երկու բաղադրիչ՝ հզօր բանակի ստեղծում եւ զուգահեռ խաղաղութեան օրակարգը, այնուամենայնիւ նման արտաքին քաղաքականութիւնն արդիւնաւէտ է լինում այդ երկու ռազմավարութիւնների ներդաշնակութեան մէջ, ինչը, ցաւօք, չի դիտւում մեր արտաքին քաղաքականութեան մէջ», նշեց ան։

Նշենք, որ Հայաստանի իշխանութիւնները «Եռաբլուր» չայցելեցին, նոյնիսկ կառավարութեան նիստին ոչ մէկ անդրադարձ կատարուեցաւ մէկ տարի առաջ տեղի ունեցած ողբերգական դէպքերուն:

***

  1. «Սեպտեմբերի 19ը խարան է Հայաստանի այսօրուայ իշխանութեան ճակատին». Բագրատ սրբազան

«Տաւուշը յանուն հայրենիքի» առաջնորդ Բագրատ սրբազան եւս այցելեց «Եռաբլուր»՝ յարգանքի տուրք մատուցանելու Արցախի պատերազմներու նահատակներուն:

«Մէկ տարին է լրանում, երբ մենք ողջ ժողովրդով եւս մէկ անգամ ստիպուած եղանք բռնելու գաղթի ճանապարհը: Եւ դա մեր պատմութեան ամօթի եւ խայտառակութեան հերթական օրերից մէկն է: Այս խարանն առաջին հերթին դրոշմուած է Հայաստանի իշխանութիւնների ճակատին, ովքեր յանցաւոր անտարբերութեամբ մեզ հասցրեցին այս վիճակին, երբ իրենց աչքերի առջեւ մեր ժողովուրդը ստիպուած եղաւ ենթարկուելու հերթական ցեղասպանութեանը, բնազրկուեց եւ տնազրկուեց», լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց ան:

Բագրատ սրբազանը Եռաբլուրի մէջ (լուսանկարը՝  «Սրբազան պայքար»-ի ֆէսպուքեան էջէն)

«Այս խարանը միշտ մնալու է դրոշմուած այս իշխանութիւնների ճակատին: Միեւնոյն ժամանակ, Սեպտեմբերի 19-ը խարան է նաեւ ողջ հանրութեան ճակատին՝ որպէս ամօթի ու խայտառակութեան, ինչպէս նաեւ ցաւի եւ կորստեան օր, որ մինչեւ այսօր հանդուրժում են այս իշխանութիւնների գոյութիւնը», աւելցուց սրբազանը՝ նշելով, որ այս օրը խարան է նաեւ միջազգային հանրութեան ճակատին, յատկապէս բոլոր անոնց, որոնք եղած են արցախցի մեր քոյրերու ու եղբայրներու անվտանգութեան երաշխաւորը:

***

4. Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման եւ վերադարձի իրաւունքը Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ մնայուն խաղաղութեան համար հիմնական է

Արցախի ժողովուրդի հիմնարար իրաւունքներու պաշտպանութեան յանձնախումբը հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կը շեշտուի, որ Արցախի ժողովուրդը ունի ինքնորոշման եւ վերադարձի անվիճելի իրաւունք, իրաւունքներ, որոնք անհրաժեշտ են Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ որեւէ մնայուն խաղաղութեան համար:

«Այս ծանր տարեդարձին մենք յարգում ենք արմատախիլ արուած կեանքերն ու յիշում վերապրած ցաւալի իրադարձութիւնները: Սա դաժան յիշեցում է, որ այս ճգնաժամը հեռու է աւարտից, իսկ արդարութիւնը՝ դեռեւս անհասանելի: Վերադարձի իրաւունքը պէտք է լինի իրացուող ջանքերի առաջնագծում», ըսուած է տարածուած յայտարարութեան մէջ:

Ըստ յայտարարութեան, Պաքուի ապամարդկային հռետորաբանութեամբ եւ ցեղասպան մտադրութիւններով խթանուած զանգուածային բռնի տեղահանումը, որ յատկանշուեցաւ իննամսեայ աւերիչ շրջափակմամբ եւ բացայայտ  ռազմական յարձակումով, միջազգային իրաւունքի ակնյայտ խախտում էր: Ազրպէյճանը ձգտեցաւ եւ իրագործեց Լեռնային Ղարաբաղի բնիկ հայերու զանգուածային ոչնչացումը՝ ամբողջ քաղաքակրթութիւն մը հեռացնելով իր հայրենիքէն եւ պարտաւորութիւն ստանձնելով ոչնչացնել անոր քաղաքական, մշակութային եւ կրօնական ներկայութեան եւ յիշողութեան բոլոր մնացորդները:

Յանձնախումբը կը յիշեցնէ, որ տեղահանուած ժողովուրդները հայրենիք վերադառնալու անքակտելի իրաւունք ունին. Այս սկզբունքը վերահաստատած է ՄԱԿ-ի Միջազգային դատարանը 2023-ի նոյեմբերեան որոշումով՝ Ազրպէյճանէն պահանջելով ապահովել սեպտեմբեր 2023-էն ետք բռնի տեղահանուածներու անվտանգ եւ անարգել վերադարձը:

Վերջին վեց ամիսներու ընթացքին Լեռնային Ղարաբաղի խորհրդարանին կողմէն ստեղծուած Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի հիմնարար իրաւունքներու պաշտպանութեան յանձնախումբը հետամուտ եղած է վերադարձի եւ ինքնորոշման իրաւունքի խթանման իր լիազօրութիւնները իրագործելով համագործակցելով միջազգային առանցքային դերակատարներու, ներառեալ ՄԱԿ-ի եւ տարբեր պետութիւններու ներկայացուցիչներու հետ՝ մշտապէս ընդգծելով տեղահանուած բնակչութեան անվտանգ եւ հաւաքական հայրենադարձութեան անհրաժեշտութիւնը: Այս ջանքերուն շնորհիւ հարցը կը շարունակէ մնալ միջազգային օրակարգի վրայ, եւ այդ նպատակներուն համար կայ զգալի միջազգային աջակցութիւն։

Յանձնախումբը կոչ կ’ընէ Հայաստանի կառավարութեան՝ վճռական գործողութիւններ ձեռնարկելու այս կարեւորագոյն ուղղութեամբ Ազրպէյճանի հետ խաղաղ բանակցութիւններու ընթացքին, որովհետեւ Միջազգային հանրութիւնը պատրաստ է աջակցելու այս գործին եւ առանց արցախահայութեան վերադարձի իրաւունքին կարելի չէ մնայուն խաղաղութիւն տարածաշրջանէն ներս։

«Այս հարցի շուրջ Հայաստանի կառավարութեան լռութիւնը ոչ միայն խաթարում է Լեռնային Ղարաբաղի ժողովրդի հիմնարար իրաւունքները, այլեւ վտանգում է Հայաստանի Հանրապետութեան երկարաժամկէտ անվտանգութիւնը: Խաղաղութիւնը պահանջում է մարդկային արժանապատուութիւն, իսկ մարդկային արժանապատուութիւնը միշտ արմատաւորուած է մարդու հիմնարար իրաւունքների երաշխաւորման մէջ», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

***

5. Բեգլարեան եւ Ստեփանեան արցախահայութեան դէմ Ազրպէյճանի գործած յանցագործութիւններուն համար դիմեցին Միջազգային քրէական դատարանին

Արցախի դէմ Ազրպէյճանի յարձակումէն եւ առաւել քան 100,000 հայերու տեղահանումէն տարի մը ետք, Արցախի մարդու իրաւունքներու նախկին պաշտպան Գեղամ Ստեփանեանի եւ Արցախի պետական նախկին նախարար Արտակ Բեգլարեանի կողմէ հայց ներկայացուեցաւ Միջազգային քրէական դատարանի դատախազին՝ Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի բնակչութեան դէմ կատարած յանցագործութիւններուն համար:

Գեղամ Ստեփանեան եւ Արտակ Բեգլարեան (լուսանկարը՝ Media Center-ի)

Ըստ «Արմէնպրես»-ի՝ «Թիւֆէնքեան» հիմնարկի եւ «Արցախի աջակցութեան միութեան» գործակցութեամբ՝ միջազգային առաջատար փաստաբաններ Ֆրանսուա Զիմերէյ եւ Քաթալինա Տէ լա Սոթա կը ներկայացնեն Արտակ Բեգլարեանը եւ Գեղամ Ստեփանեանը: 

Յիշեցնենք, որ Արտակ Բեգլարեան եւս, Գեղամ Ստեփանեանի պէս, վարած է Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպանի պաշտօնը: Անոնք եղած են իրենց հայրենիքէն տեղահանուած աւելի քան հարիւր հազար մարդոց մէջ:

Հայցին մէջ կ’ընդգծուի, որ անոնք ստիպուած էին տառապիլ ուտելիքի եւ առողջապահական օգնութեան բացակայութենէն՝ dեկտեմբեր 2022-ին սկսած Լեռնային Ղարաբաղի իննամսեայ շրջափակման պատճառով: Ասոր յաջորդեց Ազրպէյճանի զինուած ուժերու յանկարծակի յարձակումը՝ 19 սեպտեմբեր 2023-ին եւ բնակչութեան բռնի տեղահանութիւնը:

Լուսարձակի տակ կ’առնուի այն, որ խումբ մը այլ ղեկավարներ եւ բնակիչներ, որոնք չկրցան դուրս գալ Արցախէն, ձերբակալուեցան Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ եւ կը պահուին բանտին մէջ: Անոնք կ’ենթարկուին խոշտանգումներու եւ վատ վերաբերմունքի, ինչպէս նաեւ` զրկուած են ընտանիքներուն ու փաստաբաններուն հետ պատշաճ հաղորդակցութեան կարելիութենէն:

«Ոչինչ կրնայ արդարացնել խաղաղ բնակչութեան՝ իրենց հայրենիքէն եւ տուներէն բռնի զրկման փաստը: Աշխարհը պէտք է մերժէ այս վայրագութիւնը, որ մեր ներկայացուցած հայցին նպատակն է», ըսին Զիմերէյի եւ Տէ լա Սոթա:

Հայցը ներկայացուած է իբրեւ «հաղորդում»՝ համաձայն Հռոմի կանոնադրութեան 15-րդ յօդուածին, որ կարելիութիւն կու տայ դատախազին հետաքննութեան սկսելու ներկայացուած տեղեկութիւններու հիման վրայ: Ըստ փաստաբաններուն՝ Արցախի հայերուն տեղահանութիւնը ունի մարդկութեան դէմ յանցագործութեան բոլոր յատկանիշները:

«Անիկա եղած է անձերու բռնի տեղահանում իրենց օրինական բնակութեան վայրէն՝ իբրեւ լայնածաւալ ոտնձգութիւն քաղաքացիական բնակչութեան դէմ՝ բոլորովին գիտակցելով անոր հետեւանքներուն: Բոլոր պայմանները կան, որ այդ յանցագործութիւններու պատասխանատուները արդարադատութեան ենթարկուին միջազգային քրէական իրաւունքի շրջանակներուն մէջ», կ’ըսեն փաստաբանները:

***

6. «Ազրպէյճանի նկատմամբ անհրաժեշտ է միջազգային համապարփակ ճնշում»․ Գեղամ Ստեփանեան

Արցախի մարդու իրաւունքներու նախկին պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան քոնկրեսական Թամ Լանթոս Մարդու իրաւունքներու յանձնաժողովի նիստին ներկայացուց Ատրպէյճանի կողմէ արցախահայութեան նկատմամբ գործադրուած յանցագործութիւններուն վերաբերող բազմաթիւ փաստեր եւ մանրամասնութիւններ եւ անհրաժեշտ նկատեց Ազրպէյճանի նկատմամբ միջազգային համապարփակ ճնշումը:

Ան մասնաւորապէս իր խօսքին մէջ ըսաւ․ «Ես տեսել եմ սովահար աչքերով ինձ նայող մանուկների եւ նրանց տառապող ծնողներին: Ես տեսել եմ դեղորայքից զրկուած քրոնիկ (յամրընթաց, երկարատեւ) հիւանդութիւն ունեցող մարդկանց եւ ամէնօրեայ հացի համար պայքար տուող տարեցների եւ հաշմանդամների: Ես տեսել եմ բազմամարդ հացի հերթեր, եւ այդ հերթերից դատարկաձեռն տուն վերադարձող մարդիկ»։

Գեղամ Ստեփանեան Ամերիկայի Քոնկրեսին մէջ՝ ելոյթի ընթացքին (լուսանկարը screenshot՝՝ Գեղամ Ստեփանեանի ֆէյսպուքեան էջէն)

«9 ամիս սովամահութեան մատնելուց յետոյ Ադրբեջանը յարձակուել է Լեռնային Ղարաբաղի ժողովրդի վրայ Սեպտեմբերի 19-ին` մէկ տարի առաջ այս օրը, որից յետոյ` Սեպտեմբերի 24-ին ԼՂ ժողովուրդը բռնի տեղահանուել է իր հայրենիքից բոլորի աչքի առաջ. ռուս խաղաղապահների աչքի առաջ, որոնք 2020 թուականին եկել էին խաղաղութիւն ապահովելու, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգների աչքի առաջ, որը յարձակումից մի շաբաթ առաջ յայտարարում էր, որ չի հանդուրժելու Լեռնային Ղարաբաղի ժողովրդի վրայ նոր յարձակումը, Եւրոպական Միութեան աչքի առաջ, որը ամենաբարձր մակարդակով իրաւունքներ եւ անվտանգութիւն էր բանակցում Ադրբեջանի հետ: Քաղաքակիրթ մարդկութեան աչքի առաջ, որը իր անտարբերութեամբ նայեց, թէ ինչպէս է հազարամեակների բնիկ հայ ժողովուրդը արամախիլ արւում մաքուր հայկական հողից, որը բռնապետ Ստալինի որոշմամբ է բռնակցուել Ադրբեջանին: ՄԱԿ-ի արդարադատութեան միջազգային դատարանի աչքի առաջ, որի կայացրած որոշումները Ադրբեջանն անտեսում էր` մնալով անպատիժ»։

Ըստ անոր, բռնի տեղահանութենէն մէկ տարի անց Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչները կը շարունակեն ապրիլ տառապանքներու մէջ` ամէն օր տեսնելով, թէ ինչպէս Ազրպէյճանը կ’ոչնչացնէ իրենց տները, գետնին կը հաւասարեցնեն իրենց բնակավայրերն ու սրբավայրերը, կը մաքրեն հայկական հետքը Լեռնային Ղարաբաղէն, բանտարկուած կը պահեն հայ գերիները, ներառեալ ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան ներկայացուցիչները: Այս բոլորով հանդերձ ոչ միայն պատասխանատուութեան չ’ենթարկուիր, այլ իրաւունք կը ստանայ կազմակերպելու COP29-ի նման հեղինակաւոր միջոցառում:

«Արդեօք սա՞ է քաղաքակիրթ մարդկութեան պատասխանը Ադրբեջանին գործած յանցագործութիւնների համար», նկատել տուաւ Ստեփանեան:

Ըստ անոր, այսօր Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը կը շարունակէ դիմագրաւել բազմաթիւ մարտահրաւէրներ: Այդ ամէնը յաղթահարելու համար ան կ’առաջարկէ ապահովել Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած մարդոց համար պատշաճ միջազգային աջակցութիւն:

Ան առաջարկեց նաեւ՝ թիրախային պատժամիջոցներ կիրառել Ազրպէյճանի դէմ՝ Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի նկատմամբ իրականացուցած յարձակումներուն եւ անոնց ընթացքին գործած միջազգային յանցագործութիւններուն համար եւ Ազրպէյճանի անպատժելիութեանը պէտք է վերջ դրուի տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման համար, ջանքեր պէտք է գործադրուին Ազրպէյճանի մէջ ապօրինաբար պահուող հայ ռազմագերիներու եւ պատանդներու անյապաղ ազատ արձակման համար, որ հնարաւոր է միայն ուժեղ միջազգային ճնշումով։