Արցախն այս շաբաթ


44-օրեայ պատերազմին հրթիռակոծուած Ստեփանակերտի «Մօր եւ մանկան առողջութեան պահպանման կեդրոն»ը վերանորոգուած է

— «Արցախփրես», «Թորոնթոհայ»- Արցախը ծանր վիրաւոր է, եւ անոր «ապաքինումը» գերխնդիր է համայն հայութեան համար, իր ֆէյսպուքեան էջին վրայ գրած է Արցախի արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Պապայեան:

Ան նաեւ աւելցուցած է. «Արցախի ճակատագրէն կախուած է ողջ հայ ժողովուրդի ապագան: Արցախը կանգնած է գոյաբանական սպառնալիքներու առջեւ, բայց հաառակ բոլոր վտանգներուն ու դժուարութիւններուն, կան բոլոր հնարաւորութիւնները երկիրը փրկելու եւ անոր ապահով ապագան ապահովելու համար: Սա կը պահանջէ հայրենասիրական եւ արհեստավարժ մօտեցում ոչ միայն աշխատանքի, այլ ընդհանրապէս կեանքի նկատմամբ»:

— Արցախի առողջապահութեան նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ այս տարուան առաջին կիսամեակին Արցախի մէջ ծնած է 792 երեխայ, որոնցմէ 406-ը տղայ, 386-ը աղջիկ: Ըստ շրջաններու՝ ամենաշատ ծնունդները արձանագրուած են Ստեփանակերտի ծննդատուներուն մէջ՝ 697 երեխայ, իսկ շրջաններուն մէջ ամենաշատը՝ Մարտակերտի մէջ` 66, այնուհետեւ` Մարտունիի մէջ` 29:

Հայաստանի հիւանդանեցներուն մէջ ծնած է 15 արցախցի երեխայ` 8 տղայ, 7 աղջիկ: Արդիւնքով` Արցախի մէջ ծնունդներուն ընդհանուր թիւը առաջին կիսամեակին կազմած է 807 երեխայ` 414 տղայ, 393 աղջիկ:

«Արցախի մէջ 2021-ի առաջին կիսամեակին ծնած է 593 երեխայ` 270 տղայ, 323-աղջիկ, ինչ որ այս տարուան նոյն ժամանակահատուածին ունինք ուրախալի փաստ այն առումով, որ ծնունդներուն թիւը աճած է գրեթէ 200-ով, եւ նորածիններուն մէջ կը գերակշռեն ապագայ զինուորները», նշուած է նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ։

— Ստեփանակերտի «Մօր եւ մանկան առողջութեան պահպանման կեդրոն»-ի` պատերազմի հետեւանքով վնասուած շէնքի վերակառուցման աշխատանքները աւարտած են: Շինարարութիւնը իրականացուած է պետական ամավարկի միջոցներով:

Շէնքի վերականորոգութիւնը կատարած է 4 շինարարական կազմակերպութիւն, իսկ որակի հսկողութիւնը իրականացուցած են Քաղաքաշինութեան նախարարութեան մասնագէտները։

— 19 Յունիսին եռօրեայ այցով Արցախ կը գտնուէր ամերիկահայ բարերար, Վեսթպրուկի քաղաքային խորհուրդի նախագահ, գրող Աննա Աստուածատուրեան-Թերքոթը՝ ծանօթանալու յետպատերազմական  իրավիճակին ու բարեգործական ծրագիրներու ընթացքին:

Ան նախ հանդիպում ունեցած է Արցախի Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեանի հետ: Քննարկուեցած են Արցախի մէջ ներկայ մարդասիրական խնդիրներն ու անոնց լուծման հնարաւորութիւնները:
   
Ստեփանեան Տիկ․ Աստուածատուրանին ներկայացուցած է պատերազմէն ետք Արցախի մէջ տիրող մարդասիրական իրավիճակը, պատմած` ինչպէս թշնամին կտրած է Արցախի կազը, որ  կ’ապացուցէ, թէ ինչ կրնայ տեղի ունենալ Արցախին, եթէ ան որեւէ կարգավիճակի մէջ յայտնուի Ազրպէյճանի տիրապետութեան տակ: Կրթական մարզին մէջ՝  Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը տեղեկացուցած է, որ, Շուշիի եւ Հադրութի երեխաներուն համար չկան հիմնական դպրոցներ, ինչպէս նաեւ` ուսուցիչներու պակաս կայ։

Նոյն օրը Աստուածատուրեան հանդիպած է նաեւ Արցախի առողջապահութեան նախարար Միքայէլ Հայրիեանի հետ։ Քննարկուած են «Աննա Աստուածատուրեան» հիմնադրամին կողմէ Արցախի մէջ իրականացուող «Սէր Արցախ» բարեգործական ծրագրին, որուն նպատակն է Արցախի նորածիններուն եւ իրենց մայրիկներուն տրամադրել նուէր-տուփեր, որոնք կը ներառեն հագուստ, բժշկական ու խնամքի բարձրորակ պարագաներ եւ խաղալիքներ։ 

Տիկ․ Աստուածատուրեան վստահեցուցած է, որ ամէն ինչ պիտի ընէ, որպէսզի այս բարեգործական ծրագիրը շարունակական ըլլայ։ «Եթէ նոյնիսկ հնարաւորութիւնները չներեն, ապա ես ամէն ինչ պիտի ընեմ, որպէսզի ծրագիրը շարունակուի գոնէ մէկ տարի: Իւրաքանչիւր ամսուան համար նախատեսած ենք շուրջ 200 տուփ: Արկղը կը ներառէ իրեր, որոնք նորածիններու խնամքի համար անհրաժեշտ են մայրերուն: Արցախ կը գտնուիմ նաեւ, որպէսզի հետեւիմ այս ծրագրի ընթացքին եւ ըլլամ արցախցիներու կողքին: Ես նոյնպէս փախստական եմ: Ճիշդ է, չունիմ ֆինանսական մեծ հնարաւորութիւններ, որպէսզի կարենամ իրականացնել որեւէ ծրագիր, բայց ունիմ ընկերներ, ծանօթներ, որոնք կրնան աջակցիլ», ըսած է ան:

— 18 Յուլիսին, Ստեփանակերտի մէջ մեկնարկեց «Զարթօնք» արուեստի ակադեմիայի վարպետութեան դասերը, որոնք պիտի տեւեն մինչեւ 31 Յուլիս։ Ծրագրի ծիրէն ներս կը կազմակերպուին ժողովրդական, կամերային, դասական վոքալի եւ ճազ երաժշտութեան, գծանկարչական եւ ստեղծագրութեան դասեր:

Ըստ ակադեմիայի կազմակերպիչ Լիանա Խոշբեկեանի՝ ծրագրին նպատակն է` երաժշտութեամբ, մշակոյթով, արուեստով, ինչպէս նաեւ պատերազմի, համաճարակի եւ քաղաքական իրադարձութիւններու թիրախ դարձած արցախցիին ոգեշնչելը:

Նոյն ծրագրի ծիրէն ներս ակադեմիային մէջ ջութակի վարպետութեան դասեր կու տայ գանատահայ ջութակահար Վան Արմէնեան:

Արմէնեան, որ նաեւ «Զարթօնք» ակադեմիայի հիմնադիր տնօրէնն է, նշած է, որ պատերազմէն ետք առաջին անգամ Արցախ կը գտնուի, եւ մեծ ոգեւորութեամբ կը սորվեցնէ արցախցի երեխաներուն:

«Ես Գանատայէն եկած եմ: Արդէն երկրորդ օրն է ջութակի վարպետութեան դասեր կու տամ Արցախի մէջ: Հայ ազգի համար այժմ կարեւոր շրջափուլ է. մենք բոլորս պիտի գանք Արցախ, ըլլանք արցախցիին կողքին, քաջալերենք` աշխարհին ապացուցելով, որ մենք կանք, այստեղ ենք եւ միասնական: Իմ խումբիս մէջ Հայաստանէն 3, իսկ Արցախէն` 5 աշակերտ կայ: Դասընթացքը շատ հետաքրքրական կ’անցնի: Մասնակիցները ունին կարողութիւն եւ արագ ու հեշտ կ՛ըմբռնեն», ըսած է երաժիշտը:

Արցախ կը գտնուի նաեւ պելճիքահայ թաւջութակահար Սեւակ Աւանեսեան, որ յայտնի է 2020-ի 44-օրեայ պատերազմին հրթիռակոծուած Շուշիի Ս․ Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ մէջ Կոմիտասի «Կռունկ» ստեղծագործութեան կատարմամբ։

Աւանեսեան ըսած է․ «Աննկարագրելի տաղանդաւոր եւ խելացի երեխաներ են: Ես վստահ եմ, որ շուտով անոնցմէ շատերը պիտի տեսնենք մեծ բեմերու վրայ»։

— 22 Յուլիսին սկիզբ առաւ «Ասպետ» ռազմական եւ մարզական ճամբարը, որուն կը մասնակցին Արցախի դպրոցներու 11-րդ դասարանի պատանիներն ու արհեստագործական դպրոցներու 2-րդ տարուան ուսանողները:

Արցախի կրթութեան եւ պաշտպանութեան նախարարութեան կողմէ կազմակերպուած ճամբարին նպատակն է՝ ռազմական, հայրենասիրական դաստիարակութեան, զինուորական ծառայութեան նախապատրաստութեան եւ առողջութեան ամրապնդման աշխատանքներ իրականացնել, ինչպէս նաեւ մշակութային ու մարզական միջոցառումներով մասնակիցներուն առօրեան եւ հանգիստը դարձնել հետաքրքրական։

Անոնք հնարաւորութիւն պիտի ունենան այցելել զօրամասեր, հանդիպիլ մարտական գործողութիւններու մասնակիցներուն, ծանօթանալ ռազմական սարքերու, զինուորներու առօրեային ու կենցաղին: