«Խնդրանքս մեր հայրենակիցներուն՝ զանգեցէք Արցախի մէջ ապրող ձեր բարեկամներուն». Վրթանէս սրբազան


Ազրպէյճանը կրաձոյլէ պատնէշով կը փակէ Բերձորի միջանցքը

Արցախը ամբողջական շրջափակման մէջ պահելէ ետք, Ազրպէյճանը 22 Յունիսին, Հակարիի կամուրջի իր տեղադրած անցակէտէն ոչ շատ հեռու, կրաձոյլէ պատնէշներ տեղադրեց՝ ամբողջութեամբ փակելով կամուրջը։

Արցախի տեղեկատուական շտապը հրապարակեց տեսանիւթ մը, ուր յստակօրէն կ’երեւի, թէ ինչպէ՛ս ազրպէյճանցիները՝ ռուս խաղաղապահներուն ներկայութեան, կը տեղադրեն պատնէշները Հայաստանը Արցախին կապող միակ ճամբուն վրայ:

Ստեփանակերտ Պաքուի այս քայլը սադրանք եւ յանցաւոր գործողութիւն նկատեց` շեշտելով, որ Ազրպէյճանը կ’արգիլէ նոյնիսկ Կարմիր Խաչի եւ խաղաղապահներու երթեւեկը: «Ընդամէնը մէկ ամսուան ընթացքին Լաչինի միջանցքով անցնող ճանապարհի վրայ ապօրինի տեղադրած եւ գովազդած իր անցակէտը Ազրպէյճանը վերածած է զրահատեխնիկայով, ճարտարագիտական արգելապատնէշներով եւ զինուած անձնակազմով համալրուած ռազմական յենակէտի», յայտարարեց Ստեփանակերտը։

Հակարիի անցակէտով Ազրպէյճան ելեւմուտքը արգիլեց 15 Յունիսին՝ հայկական հատուածին մէջ Ազրպէյճանի դրօշի տեղադրման` կրակոցներով ուղեկցուած միջադէպէն ետք:

Ասոր զուգահեռ, Ազրպէյճանի զինուժը պաշտպանութեան բանակի դիրքեր եւ գիւղեր թիրախ կը դարձնէ: 22 Յունիսին, ազրպէյճանցիները կրակեցին Մարտակերտի շրջանի Ճանկաթաղ գիւղի բնակելի տուներէն մէկուն ուղղութեամբ՝ վնասելով տանիքը։ Ազրպէյճանական դիրքերը գիւղէն անզէն աչքով տեսանելի են՝ նոյնիսկ ազրպէյճանցիներուն շարժումները, եւ ձայները կը լսուին Ճանկաթաղի մէջ:

22 յունիսին Ազրպէյճանի զինուած ուժերը շփման գիծի Ասկերանի, Մարտունու եւ Մարտակերտի շրջաններու ուղղութեամբ խախտեցին հրադադարը կիրառելով հրաձգային զէնք:

Ըստ Արցախի պաշտպանութեան նախարարութեան, հրադադարի խախտման հետեւանքով վիրաւորուեցաւ Պաշտպանութեան բանակի պայմանագրային զինծառայող Մհեր Կամոյի Յակոբեանը:

Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կոչ կ’ուղղէ միջազգային ընտանիքին՝ խօսքէն անցնելու գործի

Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը՝ շեշտելով, որ Հակարիի կամուրջին ամբողջական փակումը կ’ապացուցէ, որ ազրպէյճաներու բոլոր գործողութիւնները ունին կանխամտածուած եւ ծրագրուած բնոյթ ու նպատակ ունին Արցախի մէջ հայերուն կեանքը անկարելի դարձնելու։

Արցախէն կոչ ուղղեցին՝ 9 Նոյեմբեր 2020ի եռակողմ յայտարարութիւնը ստորագրած կողմերուն, եւ առաջին հերթին` Ռուսիոյ, ձեռնարկելու բոլոր անհրաժեշտ միջոցներուն՝ ապահովելու իր ստանձնած միջազգային պարտաւորութիւններու անշեղ եւ ամբողջական իրականացումը:

Ստեփանակերտը կոչ ուղղեց նաեւ ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհուրդին եւ միջազգային հանրութեան բոլոր պատասխանատու անդամներուն, ներառեալ՝ առանձին երկիրներու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու ղեկավարութիւններուն, խօսքէն գործի անցնելու եւ Պաշտպանութեան համընդհանուր պատասխանատուութեան ծիրէն ներս ձեռնարկելու բոլոր անհրաժեշտ միջոցները` կանխելու Ազրճէյճանի կողմէ Արցախի եւ անոր ժողովուրդին դէմ իրականացուող ռազմական յանցագործութիւնները, ցեղային զտումները եւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւնները:

Ամբողջական շրջափակման պատճառով Արցախի մէջ կացութիւնը աւելի կը ծանրանայ

«Արմէնփրէս»-ի թղթակիցին հետ զոյցի ընթացքին Արցախի առողջապահութեան նախարարի բանբեր Անգելինա Իսախանեանը նշեց, որ ստեղծուած իրավիճակին պատճառով, օրէ օր կը նուազին դեղորայքի առանց այդ ալ սահմանափակ պաշարները, որոնք շատ մեծ զգուշութեամբ կ’օգտագործուին: Ըստ անոր՝ արդէն կան 190 ծանր հիւանդներ, որոնք կը սպասեն Հայաստան փոխադրուելու: 

Սարսանգի ջրամբարի ջուրը ծաւալները խիստ նուազած են

Ասոր կողքին, Արցախի մէջ կայ նաեւ ուժանիւթի տագնապ: Առ այդ, ընթացիկ տարուան Յունիսին, անձրեւի աննախադէպ ծաւալները Արցախի մէջ որոշ չափով մեղմացուցին ելեկտրականութեան ճգնաժամը, բայց ներկայիս չեն կրնար վերականգնել ելեկտրականութեան հիմնական աղբիւր հանդիսացող Սարսանգի ջրամբարի նախկին պաշարները, յայտնեց Արցախի տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարութեան բանբեր Տաթեւիկ Խաչատրեանը:

«Ջրամբարի ծաւալի վերականգնումը հնարաւոր կ’ըլլայ միայն այն պարագային, եթէ Ազրպէյճանը դադրի խոչընդոտել Հայաստանի Հանրապետութենէն Արցախին մատակարարուող ելեկտրականութեան վերականգնումը: Այդ պարագային ստիպուած չենք ըլլար մեծ ծաւալով օգտագործել ջրամբարը, եւ մօտ մէկ տարուան ընթացքին կը վերականգնուի  նախկին ծաւալը», ըսաւ ան՝ աւելցնելով, որ Արցախի կառավարութիւնը տարբեր ձեւերով, ելեկտրականութեան սպառման ծաւալներու կրճատման միջոցով,  ջրամբարին մէջ որոշ ջրային պաշարներ կը փորձէ կուտակել՝ յառաջիկայ ամիսներուն եւ յատկապէս ձմրան աւելի արդիւնաւէտ կերպով դիմակայելու խորացող ուժանիւթի ճգնաժամը:

Ըստ Խաչատրեանի՝ ռուս խաղաղապահ զօրակազմին միջոցով սահմանափակ մարդասիրական բեռներու տեղափոխման հնարաւորութեան պարագային, կառավարութիւնը կը նախատեսէր իրագործել այլընտրանքային ուժանիւթի օգտագործման ծրագիր մը, սակայն օրեր առաջ ատրպէյճանցիներու հերթական սադրանքին պատճառով, Արցախ յայտնուեցաւ ամբողջական շրջափակման մէջ, ինչ որ անկարելի դարձուց անհրաժեշտ սարքերու ներածումը: Իրավիճակի շարունակականութեան պարագային, ուժանիւթի ճգնաժամը սպասուածէն աւելի ծանր կրնայ ըլլալ:

ԵԽԽՎ-ն ընդունեց «Լաչինի միջանցքով ազատ եւ ապահով մուտքի երաշխաւորում» բանաձեւը

Եւրոպական խորհրդարանի խորհրդարանական վեհաժողովը ընդունեց «Լաչինի միջանցքով ազատ եւ ապահով մուտքի երաշխաւորում» բանաձեւը եւ մերժեց ազրպէյճանցիներուն առաջարկած շուրջ 60 փոփոխութիւնները։

«Ֆէյսպուք»-ի իր էջին վրայ Ազգային ժողովի փոխնախագահ Ռուբէն Ռուբինեան յայտնեց, որ ԵԽԽՎ-ի բանաձեւը յստակ կերպով կ’արձանագրէ, որ Լաչինի միջանցքով չկայ ազատ եւ ապահով տեղաշարժ:

 «Բանաձեւը հիմնականօրէն կ’անդրադառնայ Ազրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի շրջափակման մարդասիրական եւ մարդու իրաւունքներու հետեւանքներուն, կ’ընդգծուի Լաչինի միջանցք եւ Լեռնային Ղարաբաղ միջազգային փաստահաւաք առաքելութեան հրատապ գործուղման անհրաժեշտութիւնը, կոչ կ’ուղղուի Ազրպէյճանին անյապաղ կատարելու ՄԻԵԴ եւ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի որոշումները, եւ վերականգնելու ելեկտրականութեան եւ կազի մատակարարումը Լեռնային Ղարաբաղ: Ազրպէյճանին նաեւ հասցէական կոչ կ’ուղղուի հրաժարելու հայերու դէմ կիրառուող թշնամական եւ սպառնալից հռետորաբանութենէն», յայտնեց Ռուբինեան:

«Մեր աչքերով տեսանք Ազրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի ամբողջական եւ ապօրինի փակումը». Եւրոպացի խորհրդարանական

Եւրոպական խորհրդարանի Պաշտպանութեան ենթայանձնախումբի պատուիրակութիւնը եւրոպացի դիտորդներու հետ 21 Յունիսին այցելեց Սիւնիք: Դիտորդները պարեկութիւն կատարեցին Արցախը Հայաստանին կապող Լաչինի միջանցքին մօտ:

Վերոնշեալ ենթայանձնախումբի նախագահ Նաթալի Լուազօ եւ Եւրոպական խորհրդարանի Ապահովութեան եւ պաշտպանութեան ենթայանձնախումբի պատուիրակութիւնը Սիսիանի օդակայանին մէջ ընդունուեցան Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան ղեկավար Մարքուս Ռիթըրի եւ Հայաստանի մօտ Եւրոպական Միութեան դեսպան Անտրէա Վիքթորինի կողմէ, եւ միասին մեկնեցան Լաչինի միջանցքը, ուր իրենց աչքերով տեսան կացութիւնը։

Օրուան աւարտին տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Լուազօ ըսաւ, թէ նկատի ունենալով, որ Լաչինի միջանցքին փակումը ապօրինի է, ինք ուղերձ կը յղէ Պաքուի մօտ հաւատարմագրուած եւրոպացի դեսպաններուն, որ եթէ Ազրպէյճան զանոնք հրաւիրէ ապօրինի տեղակայուած անցակէտը, անոնք պէտք է ձեռնպահ մնան հրաւէրը ընդունելէ` հետեւողական մնալով Արդարադատութեան միջազգային դատարանի վճիռի պայմաններուն։

Ան նաեւ յայտնեց, որ Եւրոպական խորհրդարանը ամբողջութեամբ կը սատարէ Լաչինի միջանցքը միջազգային փաստահաւաք առաքելութեան ուղարկելու գաղափարին, ինչպէս նաեւ կ’ողջունէ ընդհանրապէս միջազգային ներկայութեան գաղափարը Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան իրաւունքները եւ շահերը ամբողջութեամբ պաշտպանելու համար:

«Խնդրանքս Հայաստանի եւ Սփիւռքի մեր հայրենակիցներուն՝ զանգեցէք Արցախի մէջ ապրող ձեր բարեկամներուն». Վրթանէս Սրբազան

Բոլորը քաջատեղեակ են Արցախի մէջ տիրող վիճակին։ Իրապէս, բաւական ծանր կացութեան մէջ ենք՝ այն իմաստով, որ Ազրպէյճանը քայլ առ քայլ կը սեղմէ օղակը։ «Փաստինֆո»-ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպս․ Աբրահամեան։

«Այս իրավիճակին մէջ անոնք, որոնք կամքով ուժեղ են, կը կարենան ճիշդ գնահատել իրավիճակը ու չվհատիլ։ Բայց, բնականաբար, արդէն աւելի քան վեց ամիս տեւող պաշարման պայմաններուն մէջ բոլորը չեն, որ կը կարենան միշտ սթափ դատել․ հոգիով տկարներ ալ կան։ Ըստ այդմ՝ շատ կարեւոր է, որ այս դժուար փուլին Հայաստանի եւ Սփիւքի մէջ ապրող մեր հայրենակիցները անտարբեր չգտնուին եւ ցոյց տան, որ Արցախի իրենց քոյր-եղբայրներուն կողքին են։

Խնդրանքս է, որ Հայաստանի, Սփիւռքի մեր հայրենակիցները հեռախօսները վերցնեն ու հեռաձայնեն Արցախի մէջ ապրող իրենց բարեկամներուն, ծանօթներուն, ընկերներուն․․․ Մարդիկ շատ կը զգան այդ ուշադրութեան, արձագանգին կարիքը։ Երբ մտաւորականները, հասարակութեան կողմէ յարգուած, ճանչցուած մարդիկ կ’ահազանգեն արցախահայութեան կացութեան մասին, այստեղ ապրողները կը սփոփուին, որոշ չափով կը մխիթարուին, իսկ երբ դադար կը վերցնեն ու անտարբերութիւն կը ցուցաբերեն, մարդիկ կ’ընկճուին, կը մտածեն, որ մինակ մնացած են․․․ Ինծի ալ, որ տարբեր տեղերէ կը հեռաձայնեն, կ’ոգեւորուիմ», ըսաւ սրբազանը։

Բերձորի Ս. Համբարձման եկեղեցին կը վերածուի մզկիթի

Ազրպէյճանը Բերձորի Սուրբ Համբարձման եկեղեցին կը վերածէ մզկիթի։ Ահազանգը հաղորդեց Արցախի պատմական միջավայրի պահպանութեան պետական ծառայութիւնը: «Պատմութեան բռնաիւրացում, մշակութային ինքնութեան ոչնչացում, կրօնական անհանդուրժողականութիւն, կեղծում», կ’ըսուի ծառայութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ:

Մզկիթի վերածուող Ս․ համբաձման եկեղեցին (լուսանկարը՝ Արցախի պատմական միջավայրի պահպանութեան պետական ծառայութեան)

Նշենք, որ Բերձորի Ս. Համբարձման եկեղեցին հիմնադրուած է Քաշաթաղի շրջանային վարչակազմի առաջին ղեկավար Ալեքսան Յակոբեանի նախաձեռնութեամբ: Շինարարութիւնը աւարտած է 1998-ին:

Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցաւ «Տունդարձի ճանապարհին» գիրքին շնորհանդէսը

Ստեփանակերտի մէջ, 22 յունիսին, տեղի ունեցաւ Արցախի եւ Յահաստանի գրողներու միութեանց անդամ Ալիսա Բաղդասարեանի` «Տունդարձի ճանապարհին» գիրքին շնորհանդէսը: Գիրքը տպագրուած է «Արմաւ» հրատարակչութեան կողմէ։

 Այս գիրքը հեղինակին վեցերորդ գիրքն է:

«Խորագրի ընտրութիւնը պատահական չէր, անիկա նախորդ` «Պատերազմից յետոյ» գիրքիս շարունակութիւնը դարձաւ: Պատերազմէն ետք տունդարձի ճանապարհը բռնած արցախցիի հոգեվիճակն է այստեղ: Այդ  ճանապարհին արցախցին իւրովի կը մեկնաբանէ իրողութիւնը. յայտնուելով այդ ճանապարհին, անշուշտ, տարբեր զգացողութիւններով հասած է Արցախ եւ շարունակած ապրիլ այստեղ: Գիրքին մէջ տեղ գտած են վերջին շրջանին գրած ստեղծագործութիւններս, ուր արցախցիի ոչ միայն մտահոգութիւններն են, հոգն ու ցաւը, այլեւ` սպասելիքները ապագայի հանդէպ», նշած է հեղինակը:

Գրող Զարինէ Սառաջեանը կարեւոր համարած է Արցախի մէջ հերթական գիրքի լոյս ընծայումը:

«Արցախը կը գտնուի շրջափակման մէջ:  Արցախցիին տարբեր ճնշումներու կ’ենթարկեն, բայց ան ոչ միայն կը դիմադրի, այլեւ կը շարունակէ արարել, ստեղծել գիրքեր: Ալիսա Բաղդասարեանը Արցախի մէջ ապրող մայր է, որ հայրենի հողին վրայ երկու զաւակ կը մեծցնէ, եւ իր սրտին մէջ կը կրէ այն բոլոր ցաւերն ու  տագնապները, որոնք բնորոշ են այստեղ ապրող մօրը: Ան բոլոր յոյզերը կրցած է գեղարուեստականօրէն պատկերել բանաստեղծութիւններու միջոցով», նշած է Սառաջեանը:

Ստեփանակերտի մանկապատանեկան ստեղծագործական կենտրոնի ամավերջին հանդէսը

Ստեփանակերտի մանկապատանեկան ստեղծագործական կեդրոնը 19-էն 21 յունիսին աւարտական համերգաշարով հանդէս եկաւ:

Մանկապատանեկան ստեղծագործական կենտրոնի ամավերջին հանդէսը (լուսանկարները՝ «Արցախպրես»)

Ըստ «Արցախպրես»-ի կեդրոնի սաները հանդիսատեսին եւ ծնողներուն ներկայացուցին 2022-2023 ուսումնական տարեշրջանին իրենց սորվածն ու ձեռքբերումները:

Կեդրոնի նախագահ Լիւդմիլա Բարսեղեանի խօսքով՝ կեդրոնը ստեղծուած է 1993-ին` Արցախեան առաջին պատերազմի ամենաթէժ շրջանին:

Ըստ անոր, այս տարուան հոկտեմբերին կը լրանայ կեդրոնի 30-ամեակը, եւ համերգաշարի նպատակն էր նաեւ ընտրել լաւագոյն համարները, մշակել զանոնք ու ներկայացնել տօնական ձեռնարկին:

Բարսեղեանը կը վստահեցնէ` կեդրոնին մէջ կը փորձեն հնարաւոր ամէն ինչ ընել, որպէսզի սաները չզգան, որ Արցախը իր պատմութեան դժուարին ժամանակները կ’ապրի: Կեդրոնի մանկավարժներն ու համակարգողները ամենօրեայ աշխատանքով լծուած են սաներուն նոր բան սորվեցնելու կարեւոր գործին:

«Արցախի բալիկներ» համոյթի հաշուետու համերգը

Ստեփանակերտի Շառլ Ազնաւուրի անուան մշակոյթի կեդտրոնին կից գործող «Արցախի բալիկներ» երգի-պարի համոյթը հանդէս եկաւ 2022-2023 ուսումնական տարուան հաշուետու համերգով:

Ըստ «Արցախպրես»-ի, համերգային ծրագիրը ամփոփեց նաեւ 2018-2023 թուականներու ուսումնական գործընթացի արդիւնքները. «Վոկալէ եւ «Պար» դասարաններու 25 աշակերտներ աւարտեցին ուսումնառութիւնը:

«Տարիներու ընթացքին համոյթի աշակերտներուն թիւը կը մնայ անփոփոխ: Ժամանակներ կային, երբ 200 եւ աւելի սան ունէինք, բայց, տարբեր պատճառներու պատճառով, թիւը փոքր-ինչ նուազեցաւ։ Մեր բալիկներուն մէջ կը սերմանենք ազգային գիտակցութիւն, քանի որ անոնք պէտք է լաւ իմանան մեր ազգային պարն ու երաժշտութիւնը», նշած է Շառլ Ազնաւուրի կեդրոնի տնօրէն Արմէն Յովսէփեանը: