Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան յանձնախումբը կը շարունակէ իր գործունէութիւնը․ Արցախն այս շաբաթ


1. Վարդան Օսկանեանի գլխաւորած Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան յանձնախումբը կը շարունակէ իր գործունէութիւնը

Արցախի Հանրապետութեան օրէնսդիր եւ գործադիր մարմիններու ներկայացուցիչները 21 օգոստոսին հանդիպում ունեցան Արցախի հարցով միջազգային յանձնախումբի անդամներուն հետ։ Այս մասին կը հաղորդէ «Ապառաժ»-ը։

Յանձնախումբի անդամները ներկայացուցին զեկոյց մը իրենց ցարդ կատարուած աշխատանքներուն մասին: Անոնք յատկանշական նկատեցին, որ միջազգային կառոյցներու պատասխանատուներ միշտ ընդառաջած են բոլոր հանդիպումներուն եւ պատրաստակամութիւն յայտնած լսելու Արցախի տեսակէտները:

Ըստ յանձնախումբը համակարգող Վարդան Օսկանեանի զեկոյցին` յանձնախումբը արտերկրի մէջ ունեցաւ տասնեակ հանդիպումներ հայ քաղաքական  գործիչներու եւ միջազգային զանազան կառոյցներու ներկայացուցիչներու  հետ, որոնց կարգին Հարաւային Կովկասի ու Վրաստանի ճգնաժամի հարցերու գծով Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչին հետ: Հանդիպումներուն առանցքը Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութիւնը եւ միջազգային երաշխիքներով Արցախի ժողովուրդին հաւաքական վերադարձի ու իր հայրենիքին մէջ ապահով եւ արժանապատիւ ապրելու իրաւունքի պաշտպանութիւն եւ հետապնդումն է:

Յանձնախումբը կազմուեցաւ Արցախի ազգային ժողովին կողմէ եւ կոչուած է զբաղելու Արցախի ժողովուրդի հաւաքական վերադարձին եւ անոնց իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցերով: 

***

2. Արցախի ազգային ժողովի խմբակցութիւնները կոչ ըրին ամբողջ հայութեան՝ միանալու Լուիս Մորենօ Օքամփոյի ակսած արշաւին

Արցախի Ազգային ժողովի «Ազատ հայրենիք-ՔՄԴ», «Միասնական հայրենիք», «Արդարութիւն», Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն» եւ «Արցախի ժողովրդավարական կուսակցութիւն» խմբակցութիւնները ստորեւ ներկայացուած յայտարարութեան միջոցով կոչ ուղղեցին հայութեան՝ միանալու Լուիս Մորենօ Օքամփոյի արշաւին։

Արցախի Հանրապետութեան ազգային ժողովի շէնքը (լուսանկարը՝ ԱՀ ազգային ժողովի կայքէն)

Յայտարարութեան մէջ կ’ըսուի, որ 11-22 նոյեմբեր 2024-ին Պաքուի մէջ կը նախատեսուի ՄԱԿ-ի Կլիմայի փոփոխութեան համաժողովը (COP29), որուն մասնակցելու հրաւէր ունին տարբեր երկիրներու ղեկավարներ, պաշտօնական պատուիրակութիւններ, միջազգային կազմակերպութիւններու պատասխանատուներ եւ բազմաթիւ լրագրողներ: Ակնյայտ է, որ Պաքուն այդ համաժողովը կ’օգտագործէ` մոլորեցնելու համաշխարհային հանրութիւնը եւ շեղելու հանրային կարծիքը իր երկրի էութեան հետ շաղկապուած ոճրագործութիւններէն: Այս երկրին կողմէ իրականացուած եւ շարունակուող յանցագործութիւններէն կարելի է առանձնացնել.

  •   Արցախի մէջ սեպտեմբեր 2023-ին ձեռնարկուած ցեղային զտումները` որպէս ցեղասպանութիւն եւ մարդկութեան դէմ իրականացուած յանցագործութիւն,
  • Ներխուժումը Հայաստանի Հանրապետութեան տարածք եւ ուժի կիրառման սպառնալիքով ճնշումները Հայաստանի վրայ,
  • Պաքուի կողմէ պատանդ առնուած Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարներուն եւ միւս գերիներուն նկատմամբ կեղծ մեղադրանքները, վերաբերմունքն ու անոնց անորոշ ճակատագիրը,
  • Ազրպէյճանի կողմէ շարունակուող հակահայկական քաղաքականութիւնը, որ կ’արտայայտուի նաեւ Արցախի պատմամշակութային հարուստ ժառանգութեան ոչնչացման, իւրացման եւ ինքնութիւնը կեղծելու գործուն քայլերով:

 «Կոչ ենք անում համայն հայութեանը եւ տարածաշրջանի` խաղաղութեամբ շահագրգիռ երկրներին, կազմակերպութիւններին ու անհատներին միանալ Հայ դատի Կենտրոնական գրասենեակի եւ Միջազգային քրէական դատարանի գլխաւոր դատախազ Լուիս Մորենօ Օկամպոյի սկսած արշաւին` տեղեկատուական դաշտում, սոցիալական (ընկերային) ցանցերում եւ անհատական հաղորդակցութիւններով բացայայտել Ադրբեջանի նենգ մտադրութիւնները եւ սթափութեան կոչ յղել միջազգային հանրութեանը», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

***

3. Ցոյց տանք Ազրպէյճանի իսկական էութիւնը` միանալով բողոքի արշաւին

Նոյեմբերին Ազրպէյճանի մայրաքաղաք Պաքուի մէջ տեղի պիտի ունենայ ՄԱԿ-ի կլիմայական փոփոխութեան նուիրուած 2024-ի ՔՈՓ29 խորհրդաժողովը: Պաքուի բռնատիրական եւ ցեղասպան վարչակարգը այս առիթը լաւագոյնս պիտի օգտագործէ մաքրելու իր դէմքը մարդու իրաւունքներու խախտման ամբաստանութիւններէն եւ ցեղային զտումի ու պատերազմական ոճիրներու փաստերէն, որոնք կուտակուած են արցախեան վերջին՝ 44-օրեայ պատերազմին եւ անոր յաջորդած իրադարձութիւններուն բերումով:

Մասնակցի՛ր բողոքի արշաւին, տարածէ՛ այս hashtag-ները. #COP29Exposed #COPout29 #COP29 #COP29Azerbaijan #FreeArmenianHostages

Կարդալ աւելին հետեւեալ հասցէով՝ https://protestcop29.org/

***

4. ՀՄԸՄՀԱՍԿի Եւ ՀՄԸՄԱրցախի բանակումները Բիւրականի մէջ` «Միասնութիւնը կը ծնի յաղթանակը» խորագիրով

11-17 օգոստոսին, Բիւրականի «Գառնիկ Մկրտիչեան» բանակավայրին մէջ տեղի ունեցան ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի Երեւանի մասնաճիւղերու եւ ՀՄԸՄ-ի Արցախի մասնաճիւղի տարեկան բանակումները` «Միասնութիւնը կը ծնի յաղթանակը» խորագիրով:

ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի 35-ամեակին նուիրուած այս բանակումին մասնակցեցան 120 սկաուտներ ու գայլիկներ, նոյն վայրին մէջ բանակում կատարեցին նաեւ ՀՄԸՄ-ի Արցախի մասնաճիւղի 85 պատասխանատուներ, սկաուտներ եւ գայլիկներ` իւրաքանչիւրը ունենալով իրեն յատուկ յայտագիրներ ու ծրագիրներ:

ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ 35-ամեակին նուիրուած բանակում Բիւրականի մէջ (լուսանկարը՝ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի)

Յատկանշական էր, որ այս բանակումը ծնունդ էր միասնականութեան ու համագործակցութեան, ինչպէս կը շեշտուի բնաբանին մէջ:

Սկաուտները առիթ ունեցան` աւելի մօտ ըլլալու բնութեան, զարգացնելու իրենց հմտութիւնները, ապրելու սկաուտական իսկական կեանք ու տանելու գործնական աշխատանքներ:  Անոնք ձեռք ձգեցին լայն փորձառութիւն եւ վերադարձան լիցքաւորուած նոր ուժերով եւ յաւելեալ ներշնչուածութեամբ, պատրաստ` դիմագրաւելու նոր մարտահրաւէրներ:

Բանակումին ընթացքին տրուեցան տարբեր դասախօսութիւններ խմբապետներուն կողմէ, իսկ հիւր դասախօսներ էին` Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեանը, որ զրոյցի ճամբով անդրադարձաւ դեռահասներուն իրաւունքներուն, պարտականութիւններուն եւ անոնց պաշտպանութեան, Դաւիթ Թորոսեան, որ խօսեցաւ ելեկտրոնային պատերազմին մասին, իսկ Գրիգոր Տուլգարեան ու Արթուր Յովսէփեան լուսարձակի տակ առին առաջին բժշկական օգնութեան կարեւորութիւնն ու անոր վերաբերող գործնական գիտելիքներ փոխանցեցին:

Բանակումի փակման պաշտօնական արարողութեան ներկայ էին բազմաթիւ հիւրեր, որոնց կարգին` ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի կեդրոնական վարչութեան անդամներ: Յատկանշական էր խարուկահանդէսն ու անոր ընթացքին գործադրուած յայտագիրը, որ լուսաւոր ու ջերմ մթնոլորտ ստեղծեց, իւրաքանչիւրը զգաց միութենական ուժն ու սկաուտական ոգին:

***

5. Արցախի նախագահը զրուցեց «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան բանակողներուն հետ

ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան տարեկան բանակումը այս տարի տեղի ունեցաւ Աղաւնաձորի մէջ: Անոր կը մասնակցին առաւել քան 100 երիտասարդներ, ինչպէս նաեւ արցախցի երիտասարդներ:

5-օրեայ ծրագիրին առանցքը հայրենիքը եւ հայրենասիրութիւնն է: Տեղի ունեցան բանախօսութիւններ, քննարկումներ, ֆիզիքական վարժութիւններ, մարզախաղեր, խմբային աշխատանքներ, մարտական վարժութիւններ, բանականութեան խաղեր եւ ազգային երգեր ու պարեր:

«Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան բանակողները՝ Արցախի նախագահ Սամուէլ Շահրամանեանի հետ (լուսանկարը՝ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան)

21 օգոստոսին, բանակողներուն այցելեցին Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Սամուէլ Շահրամանեանն ու ՀՅԴ Արցախի կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Արա Պուլուզեանը:

Շահրամանեան զրուցեց երիտասարդներուն հետ եւ պատասխանեց անոնց հարցումներուն:

Նոյն օրը, քաղաքական ներկայ իրավիճակին, ապահովական հարցերուն, պայքարին եւ կատարուելիքներուն մասին երիտասարդներուն հետ զրուցեց ՀՅԴ Հայաստանի գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղթէլեանը:

23 օգոստոս -ին բանակավայր այցելեց նաեւ «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժամ առաջնորդ Բագրատ արք․ Գալստանեանը եւ հանդիպում ունեցաւ բանակող երիտասարդներուն հետ։