Աւելի քան 100 օր շրջափակման մէջ․ Արցախն այս շաբաթ


Աւելի քան 100 օրերէ ի վեր արցախահայութիւնը կը մնայ շրջափակման մէջ։ Թշնամին կը խախտէ անոր ազատ տեղաշարժը, կ’ահաբեկէ եւ կը զրկէ կեանքի կենսական պայմաններէն։

Ստորեւ կը նեկայացնենք այս շաբթուան մէջ շարջափակուած Արցախի շուրջ ծաւալած քաղաքական, ընկերային եւ մշակութային կարեւոր անցուդարձերը։

«Քաղաքակիրթ աշխարհը 100 օր է` լուռ կը հետեւի փոքրիկ Արցախի շուրջ զարգացումներուն». Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ

Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեան՝ Արցախի շրջափակման 100-րդ օրուան առիթով հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ ան կը շեշտէ, որ քաղաքակիրթ աշխարհը 100 օրերէ ի վեր լուռ կը հետեւի փոքրիկ Արցախի զարգացումներուն: Յայտարարութեան մէջ մասնաւորապէս կ’ըսուի.

«Անտեսելով եւ արհամարհելով միջազգային հանրութեան բազմաթիւ յայտարարութիւններն ու ընդունած բանաձեւերը, ինչպէս նաեւ առանձին հեղինակաւոր անձանց կոչերը եւ յատկապէս` Հաագայի արդարադատութեան միջազգային դատարանի որոշումը` Ազրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը կը շարունակէ փակ պահել կեանքի ճանապարհը:

«Շրջափակման պատճառով երկու ժողովուրդներու միջեւ աւելի կը խորանայ անվստահութեան մթնոլորտը:

«Անկոտրում է արցախցիին կամքը: Կա՞յ արդեօք ապաշրջափակման տարբերակ: Կը կարծեմ` այո՛: Ուսումնասիրելով համաշխարհային փորձը` կրնանք վկայակոչել պատժամիջոցներու կիրառումը: Կշիռքի մէկ նժարին դրուած են ժողովրդավարական արժէքները, միւսին` նաւթն ու կազը: Այստեղ է, որ քաղաքակիրթ աշխարհը պէտք է ընտրութիւն կատարէ: Եւ, եթէ իրականութեան մէջ ժողովրդավարական արժէքները աւելի կարեւոր ըլլային մեծ խաղացողներու համար, ապա շրջափակումը վաղուց վերցուած կ’ըլլար»:

«Պաքուն բացայայտ ցոյց կու տայ, որ կը մերժէ Արցախի հետ բանակցութիւնները». Արցախի ԱԳՆ

Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց յայտարարութիւն մը Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքին մասին: Յայտարարութեան մէջ կ’ըսուի, որ արդէն 100 օրերէ ի վեր կը շարունակուի Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի անօրինական շրջափակումը, որուն վերջնական նպատակն է ոչնչացնել Արցախի ժողովուրդը` զայն վտարելով իր պատմական հայրենիքէն։ «Ազրպէյճանը կը վարէ Արցախի ժողովուրդի ինքորոշման իրաւունքն ուժի միջոցով ճնշելու հետեւողական քաղաքականութիւն: Միեւնոյն ժամանակ, Ազրպէճանի իշխանութիւնները բացայայտ ձեւով ցոյց կու տան, որ կը մերժեն բանակցութիւնները` որպէս որեւէ խնդրի լուծում գտնելու միջոց»:

Նախարարութիւնը դիտել կու տայ, որ արդէն քանի մը տասնամեակներու ընթացքին Ազրպէյճան կը ձգտի ազատիլ Արցախի ժողովուրդէն եւ ուժի միջոցով լուծել Ղարաբաղի հակամարտութիւնը՝ 1988էն ի վեր։

«Կը յիշեցնենք, որ միջազգային իրաւունքի եւ միջազգային կիառութեան համաձայն` ինքնորոշման իրաւունքի ժխտումը եւ բռնի ճնշումը, որ կ’ուղեկցուի մարդու իրաւունքներու զանգուածային խախտումներով, ինչպէս նաեւ բանակցութիւններու մերժումը` որպէս հակամարտութեան կարգաւորման միջոց, բաւարար հիմք են` ճանչնալու անկախ պետութիւն ստեղծելու ժողովուրդի իրաւունքը», կ’ըսուի յայտարարութեան մէջ։

«Խաղաղութեան համաձայնագիրի պայմանը` Ղարաբաղը պաշտօնապէս Ազրպէյճանի մաս ճանչնալն է» Ալիեւ

«Որպէսզի Հայաստանը հանգիստ ապրի 29 հազար քառակուսի քիլոմեթր տարածքին մէջ` կայ մէկ պայման. անոնք պէտք է ընդունին մեր պայմանները` պաշտօնապէս Ղարաբաղը ճանչնան Ազրպէյճանի մաս, մեր պայմաններուն հիմամբ կատարեն սահմանազատումի աշխատանքները», 18 մարտին ըսաւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ` աւելցնելով, որ միայն այս պարագային հայերը կրնան հանգիստ ապրիլ 29 հազար քառակուսի քիլոմեթր տարածքին մէջ, ինչպէս արդէն ատիկա կը ցանկան, կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:

Անոր համաձայն, ազրպէյճանական տարածքներու 30 տարուան բռնագրաւումի, պատերազմի, յետպատերազմեան իրողութիւնները պէտք է գտնեն եւ պիտի գտնեն իրենց արտացոլումը խաղաղութեան բանակցութիւններուն մէջ: «Հակառակ պարագային ոչ մէկ խաղաղութեան համաձայնութիւն պիտի ըլլայ», յայտարարեց ան` Արցախի բռնագրաւեալ Թալիշ գիւղին մէջ:

«Ազրպէյճանն ու Հայաստանը շուտով կրնան խաղաղութեան համաձայնագիր ստորագրել»․ Պլինքըն

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի կարծիքով` Ազրպէյճանն ու Հայաստանը շուտով կրնան խաղաղութեան համաձայնագիր ստորագրել: Պլինքըն 21 մարտին Քոնկրեսի Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին մէջ տեղի ունեցած լսումներու ընթացքին ըսաւ, որ ինք եռանդուն կերպով կը զբաղի Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ կարգաւորման խնդիրով` նպաստելով, որ կողմերը «հասնին խաղաղ համաձայնագիրի ձեռքբերման, որ պիտի կարգաւորէ Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ յարաբերութիւնները», ինչպէս նաեւ պիտի վերաբերի «Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ազգութեամբ հայերու իրաւունքներուն եւ պաշտպանութեան», «սահմանի սահմանազատման եւ այլն»: «Մենք ատիկա չենք պարտադրեր Հայաստանին: Մենք կ’արձագանգենք Հայաստանի արտայայտած մեծ ցանկութեան, որով կ’ուզէր տեսնել, թէ արդեօք մենք կրնա՞նք օգնել իրենց` հասնելու համաձայնութեան, որ գոնէ հիմնականին մէջ վերջ պիտի դնէ աւելի քան 30 տարի շարունակուող տագնապին», ըսաւ ան, միեւնոյն ժամանակ նշեց, որ ինք ճնշում կը գործադրէ Ազրպէյճանի վրայ, եւ կ’աշխատի, որպէսզի վերաբացուի այս միջանցքը։ «Առանց չափազանցութեան, ես կը կարծեմ, որ այժմ կայ բարենպաստ պահ, որ խորապէս պիտի համապատասխանէ Հայաստանի, ինչպէս նաեւ Ազրպէյճանի շահերուն», աւելցուց Պլինքըն:

«Արցախը առանց Հայաստանի չեմ պատկերացներ». Ռուբէն Վարդանեան

18 մարտին Ստեփանակերտի Երիտասարդութեան պալատին մէջ, հասարակութեան տարբեր խաւերու ներկայացուցիչներու հետ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը Արցախի նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի հետ եւ քննարկուեցաւ «Ինչպէ՞ս դառնալ առաջնորդ»:

Ռուբէն Վարդանեանի հետ հանդիպումէն պատկեր մը (լուսանկարը՝ «Ապարաժ»-ի)

Ռ. Վարդանեան նշեց, որ մեր մէջ որոշում չկայացնելու, պատասխանատուութիւն չվերցնելու միտում կայ: Ան յատկապէս խօսեցաւ որոշում կայացնելու կարեւորութեան մասին եւ նշեց, որ մենք կը վախնանք որոշում կայացնելէն եւ որոշում կայացնելու պատրաստ մարդիկ պէտք է պայքարին, որ Արցախը չկործանի։ Վարդանեանի խօսքով, պայքարը միայն զէնք վերցնելը չէ, պայքարիլ կը նշանակէ ամէն օր արթննալ եւ հարցնել, թէ ի՛նչ պիտի ընեմ, ի՛նչ կրնամ ընել Արցախի համար:

Անդրադառնալով Արցախի հետագայ կարգավիճակի մասին ուղղուած հարցումին` ան ըսաւ, որ Արցախը առանց Հայաստանի չի պատկերացներ: «Իմ հասկացողութեամբ, Արցախ չի կրնար Հայաստանի մարզ ըլլալ, կրնայ ըլլալ դաշնութեան մաս, յատուկ կարգավիճակի մէջ գտնուիլ, բայց այդ չի նշանակեր, որ Արցախը Հայաստանէն հեռու, առանձին կը մնայ: Պիտի գտնուի այն ձեւաւորումը, որ պիտի շեշտէ Արցախի իւրայատուկ մշակութային, պատմական առանձնայատկութիւնը: Հայաստանը մեր մայր հայրենիքն է, բայց Հայաստան պետութիւնն ու իշխանութիւնը տարբեր բաներ են: 30 հազար տղաներ կամաւոր եկան այստեղ կռուելու, մենք այդ չենք կրնար մոռնալ: Մենք պէտք է ազդենք, որ Հայաստանի դիրքորոշումը փոխուի Արցախի հարցին մէջ: Այս մէկը առանձին մեծ աշխատանք է: Դժուար, ծանր գործ է, բայց պէտք է աշխատինք», շեշտեց ան:

Շրջափակման պատճառով Արցախի տնտեսութիւնը  190 միլիոն տոլարի վնաս կրած է, 9800 անձեր անգործ մնացած են

Արցախի Հանրապետութեան Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը 21 մարտին հրապարակեց եռալեզու արտահերթ զեկոյց մը` Ազրպէյճանի կողմէ Արցախը 100 օրերէ ի վեր շրջափակուած պահուելուն պատճառով մարդու անհատական եւ հաւաքական իրաւունքներու խախտումներուն մասին:

Ազերի ցուցարաներ Բերձորի միջանցքը փակ կը պահէն աւելի քան 100 օրերէ ի վեր

Զեկոյցին մէջ համապարփակ եւ մանրամասն կերպով 100 կէտերու մէջ կը ներկայացուին մարդկային խորացող ճգնաժամը եւ Արցախի ժողովուրդին դէմ կատարուող Ազրպէյճանի ցեղասպանական քաղաքականութեան փաստերը: Կը նշուի, որ ամբողջական շրջափակման զուգահեռ, Ազրպէյճան միտումնաւոր կերպով կը խաթարէ Արցախի կենսական նշանակութեան ենթակառուցուածքներու` կազամատակարարման, ելեկտրամատակարարման եւ կապի ու հաղորդակցութեան բնականոն աշխատանքը` նպատակ ունենալով առաւել եւս սրել առանց այդ ալ ծանր մարդասիրական ճգնաժամը եւ մարդկային տառապանքներ պատճառել Արցախի ժողովուրդին:

Ազրպէյճանի կողմէ շարունակուող շրջափակումը, կենսական ենթակառուցուածքներու խափանումները, ինչպէս նաեւ պարբերաբար եւ հետեւողականօրէն իրականացուող զինուած յարձակումներն ու ուժի կիրարկման սպառնալիքները կը նպատակադրեն ֆիզիքական եւ հոգեբանական ահաբեկմամբ, կեանքի համար անտանելի պայմաններու ստեղծմամբ ցեղային զտման ենթարկել Արցախը եւ ոչնչացնել Արցախի բնիկ հայկական բնակչութիւնը:

Ներկայացուած փաստերուն մէջ կը նշուի, որ շրջափակման պայմաններուն մէջ փաստացի աշխատանքը եւ եկամուտի աղբիւրը կորսնցուցած է նախնական հաշուարկներով շուրջ 9800 անձ (ներառեալ` աշխատատեղի պահպանման դէպքերը), որ մասնաւոր հատուածին մէջ աշխատողներուն 50 տոկոսէն աւելին է, Արցախի տնտեսութիւնը 90 միլիոն տոլարի վնաս կրած է, մօտ 11 անգամ աւելի քիչ կենսական նշանակութեան բեռ ներմուծուած է Արցախ, քան պէտք է ըլլար (40,000 թոնի փոխարէն` 3707 թոն), Ազրպէյճանը ընդհանրուր 34 օր շարունակ լրիւութեամբ կամ մասնակիօրէն ընդհատած է Հայաստանէն Արցախ կազամատակարարումը, արդէն 71 օր շարունակ լրիւութեամբ խաթարուած է Հայաստանէն Արցախ ելեկտրամատակարարումը, որ յանգեցուցած է վեցժամեայ հովհարային եւ վթարային անջատումներու. կանգ առած են բնակարաններու եւ ճանապարհներու շինարարութիւնը, հիւանդներու բժշկական վիրահատութիւնները։

Ազրպէյճանցիները կը կրակեն Արցախի բնակիչներու ուղղութեամբ

22 Մարտին, Մարտունիի Ճարտար քաղաքի վարչական տարածքին մէջ գտնուող խաղողի այգիներուն մէջ գիւղատնտեսական աշխատանքներ կատարող գիւղացիներու ուղղութեամբ թշնամին զանազան տեսակի հրաձիգներով անկանոն կրակ բացուեցաւ։ 23 եւ 24 Մարտի առաւօտեան, ազրպէյճանցիները մօտակայ դիրքերէն այս անգամ կրակեցին Մարտունիի Մաճկալաշէն համայնքի խաղողի այգիներուն մէջ երկրագործական աշխատանքներ կատարող խումբ մը բնակիչներու ուղղութեամբ։

Խաղողի այգիներ

Ըստ Մաճկալաշէնի հարեւանութեամբ գտնուող Սօս համայնքի գիւղապետ Յունան Գրիգորեանի՝ վերջին երկու շաբաթներուն ընթացքին ազերիները գրեթէ ամէն օր կը կրակեն գիւղացիներուն ուղղութեամբ, որպէսզի խաթարեն գիւղատնտեսական աշխատանքները:

Արցախը դէմ չէ միջազգային խաղաղապահներու տեղակայմանը

Ստեփանակերտի մէջ դէմ չեն Արցախի մէջ միջազգային խաղաղապահներու տեղակայման հնարաւոր տարբերակին, սակայն կը հասկնան, որ այդ դիւրին որոշումներով լուծուող հարց չէ: Այս մասին յայտնեց Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Ղազարեան Ստեփանակերտ-Երեւան տեսակամուրջի մը ընթացքին: Ան աւելցուց, որ այսպիսի պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերելու համար պէտք է հսկայական աշխատանք տանիլ, որպէսզի համապատասխան գործիքակազմ ստեղծուի: «Ամէն պարագայի մէկ բան ակնյայտ է՝ Արցախի մէջ այդ անվտանգային բաղադրիչը շատ կարեւորագոյն նշանակութիւն ունի, եւ առանց խաղաղապահ ուժերու ներկայութեան գրեթէ անհնար է:  Որքան կատարելագործուած ըլլայ այդ գործիքակազմը, այնքան լաւ», ըսաւ ան: 

Ան նաեւ անդրադարձաւ այն երեւոյթին, որ Ազրպէյճան ապօրինաբար կը բնակեցնէ հայկական բնակավայրերը, որոնք 44-օրեայ պատերազմին պատճառով բռնագրաւուեցաւ՝ շեշտելով, որ այդ մէկը անթոյլատրելի է: 

Շրջափակման 100-րդ օրը Ստեփանակերտի եւ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ ՀՅԴ երիտասարդական միութիւնները բողոքի եւ զօրակցական ցոյցեր կազմակերպուեցին

«Ապառաժ» կը տեղեկացնէ, 21 մարտին, Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի շրջափակման ցեղասպանական քաղաքականութեան 100-րդ օրը ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութիւնը Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին մէջ կազմակերպեց ցոյց կը` վերահաստատելու իր հայրենի հողին վրայ ապրելու կամքը եւ, արցախցիին ձայնը լսելի դարձնելու համայն աշխարհին։

Նոյն օրը Հայաստանի եւ աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու մէջ, դաշնակցական կառոյցներ եւ երիտասարդական, ուսանողական եւ պատանեկան միութիւններ, նմանատիպ ցոյցեր կազմակերպեցին։

«Մենք պիտի շարունակենք մեր գործողութիւնները։ Պիտի ցոյց տանք, որ չենք հանդուրժեր այսօրուան իրականութեանը Արցախի հետ կապուած, չենք հանդուրժեր լռութիւնը», Հայաստանի կառավարութռան դիմաց տեղի ունեցած բողոքի ցոյցի ժամանակ ըսաւ ՀՅԴ բիւրոյի երիտասարդական գրասենեակի պատասխանատու Արշակ Մեսրոպեան:

ՀՅԴ Շուէտի Երիտասարդական միութիւնը մայրաքաղաք Սթոքհոլմի մէջ բողոքի ցոյցի ժամանակ պահանջեց դադրեցնել Արցախի էթնիկ զտումը եւ բանալ Լաչինի միջանցքը։

Ֆրանսայի ՀՅԴ «Նոր սերունդ» կազմակերպութեան անդամներու Փարիզի մէջ Ազրպէյճանի դեսպանատան դիմաց բողոքի ցոյցի ժամանակ, դատապարտեցին Ազրպէյճանի քաղաքականութիւնը, որ կը հալածէ արցախահայութիւնը։ «Պատերազմը չ’աւարտիր այնքան ժամանակ, քանի դեռ այս յանցագործութիւնները կը մնան անպատիժ եւ կը խլանայ աշխարհի լռութեան մէջ», ըսին ցուցարարները:

ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինին եւ մասնակցութեամբ Լիբանանի պատանեկան միութիւններուն, զօրակցական ջահերթ տեղի ունեցաւ Պէյրութի մէջ։ Աւելի քան 100 պատանիներ ազգային-յեղափոխական երգերու ընկերակցութեամբ, կանչերով, ջահերով եւ Արցախի մեծ դրօշով շրջեցան Պուրճ Համուտի թաղամասերուն մէջ եւ իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցի Արցախի իրենց հայրենակիցներուն։

Արցախի շրջափակումը դէմ է մարդկային արժանապատուութեան ու միջազգային օրէնքին

Արամ Ա․ կաթողիկոս Արցախի շրջափակման հարիւրերրորդ օրը յայտարարութեամբ մը հանդէս եկաւ։

Արամ Ա․ կաթողիկոս

«Այսօր հարիւրերորդ օրն է Ազրպէյճանի կողմէ կատարուած Արցախի շրջափակումին: Չենք կրնար լուռ մնալ միջազգային համայնքին եւ մեր մօտ եւ թէ հեռու բարեկամներու անտարբերութեան դիմաց: Փաստօրէն ցեղասպանութեան համազօր անմարդկային արարք մըն է ազերիներու կողմէ 180,000 բնակչութիւն հաշուող Արցախի դէմ կատարուած շրջափակումը: Չի՛ բաւեր միայն դատապարտել ու քննադատել: Անհրաժեշտ է գործնական քայլերու դիմել ու պաշտպանել Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքը:

Արցախի հարցը համահայկական առաջնահերթութիւն է: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը նո՛յն յանձնառութեամբ պիտի շարունակէ մնալ Արցախի ժողովուրդի կողքին՝ միջազգային շրջանակներէն ներս հետապնդելով Արցախի ժողովուրդին արդար դատը», կ’ըսուի յայտարարութեան մէջ։

Արամ Մանուկեանի ծննդեան 144-ամեակին նուիրուած ցուցահանդէս՝ Ստեփանակերտի մէջ

«Մենակ ենք եւ պէտք է ապաւինենք միայն մեր ուժերին` թէ ճակատը պաշտպանելու եւ թէ՛ երկրի ներսը կարգ հաստատելու համար»․ Հայկական պետականութեան հիմնադիր, ականաւոր պետական, քաղաքական, ռազմական գործիչ Արամ Մանուկեանի խօսքերն են, որոնք արդիական են նաեւ մեր օրերուն:

Արամ Մանուկեանի ծննդեան 144-ամեակի առթիւ Ստեփանակերտի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան պալատին մէջ կազմակերպուած ցուցահանդէսի ժամանակ Կրթութեան եւ մշակոյթի նորանշանակ նախարար Նորայր Մկրտչեան իր խօսքին մէջ ըսաւ․ «Հաղորդակցուելով անոր հերոսական կենսագործունէութեանը, որուն աշխարհագրութիւնը կ’երկարի Պաքուէն մինչեւ Կարս, Վանէ մինչեւ Երեւան, կրնանք աներկբայօրէն հաստատագրել, որ Արամ Մանուկեանը մեզի եւ գալիք սերունդներուն աւետած է մեծագոյն ազգային կենսաբարոյական նշանակութեան պատգամ մը` այն է ապաւինիլ միայն ու միայն մեր սեփական ուժերուն, երբեք չվհատուիլ, շարունակել պայքարը` յանուն ազատութեան եւ անկախութեան` մինչեւ յաղթական աւարտ: Ասել կ’ուզէ, որ եթէ կ’ուզես քու նուիրական հայրենիքին մէջ ապրիլ խաղաղ ու երջանիկ, եթէ կ’ուզես տէրը ըլլալ քու նախնիններէն ժառանգած սրբութիւններուն եւ սրբարաններուն, ուրեմն յանուն այդ արժէքներու պատրաստ եղիր կատաղի եւ անզիջում պայքարի», նշեց նախարարը: 

Ցուցահանդէսէն նկարներ

Ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ երկու շաբաթ։