44-օրեայ պատերազմի չորրորդ տարելիցն է. Արցախն այս շաբաթ


1. 44-օրեայ պատերազմի չորրորդ տարելիցն է

Չորս տարի առաջ այս օրը Ազրպէյճանը լայնածաւալ պատերազմ սկսաւ Արցախի Հանրապետութեան դէմ։

27 սեպտեմբեր 2020-ին Ազրպէյճանը՝ Թուրքիոյ աջակցութեամբ, նախայարձակ ռազմական գործողութիւններ սանձազերծեց եւ լայնածաւալ յարձակման սկսաւ շփման գիծի գրեթէ բոլոր ուղղութիւններով օդուժի, հրետանիի, անօդաչուներու կիրառմամբ` հրթիռակոծելով նաեւ խաղաղ բնակավայրերը:

44օր տեւած արիւնալի պատերազմին հետեւանքով ունեցանք հազարաւոր զոհեր եւ վիրաւորներ: Ըստ պաշտօնական տուեալներու` հայկական կողմը ունեցաւ 3830 զոհ, ոչ պաշտօնական տուեալներու՝ աւելի քան հինգ հազար:

Ազրպէյճանը գրաւեց Արցախի Հադրութի շրջանը, Շուշին, Արցախի հարաւային շրջանները:

9 նոյեմբերի եռակողմ յայտարարութեամբ՝ հրադադար հաստատուեցաւ Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներու ստորագրութեամբ, որով Ազրպէյճանին անցան Քարվաճառի, Ակնայի, Բերձորի շրջանները` բացառութեամբ Լաչինի միջանցքի, Հադրութի շրջանի քանի մը շրջաններ, Ասկերանի եւ Մարտակերտի շրջանի որոշ գիւղեր: Ռուս խաղաղապահներ տեղակայուեցան Արցախի եւ Ազրպէյճանի շփման գիծի, ինչպէս նաեւ Լաչինի միջանցքի երկայնքով:

Երեք տարի անց՝ 19 սերպետմբերին Ազրպէյճանը կրկին պատերազմ սկսաւ Արցախի դէմ՝ գրաւելով ամբողջ Արցախը։ Արցախահայութիւնը ամբողջութեամբ բռի տեղահանուեցաւ հայրենի իր երկրէն՝ ապաստանելով Հայաստան։

Չորս տարի ետք Պաքուի բանտերուն մէջ կը գտնուին բազմաթիւ հայ գերիներ, ներառեալ՝ Արցախի Հանրապետութեան ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան ներկայացուցիչները:

***

2. «Արցախի կանչը» յուշակոթող` նուիրուած ազատագրական պայքարի բոլոր նուիրեալներուն

«Եռաբլուր» զինուորական պանթէոնին մէջ, 24 սեպտեմբերին, Արցախի նախագահին նախաձեռնութեամբ, հանրութեան լայն շերտերու հետ քննարկումներու իբրեւ արդիւնք եւ Հայաստանի կառավարութեան հետ ձեռք բերուած համաձայնութեամբ՝ տեղի ունեցաւ «Արցախի կանչը» յուշակոթողի հիմնարկէքի արարողութիւնը:

«Արցախի կանչը» յուշակոթողի հիմնարկէքի արարողութիւն՝ «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոնին մէջ (լուսանկարը՝  screenshot «Այսօր»-ի տեսանիւթէն)

Անիկա նուիրուած է Արցախի բոլոր պատերազմներուն նահատակուած եւ Արցախի մէջ 2023-ի պայթումին զոհերու յիշատակին:

Հիմնարկէքի արարողութեան ներկայ էին՝ Արցախի նախագահը, օրէնսդիր եւ գործադիր մարմիններու, քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներ, զոհուած ազատամարտիկներու, պայթիւնին պատճառով զոհուած արցախցիներու հարազատներ ու հայրենակիցներ:

Արցախի տեղահանումէն մէկ տարի ետք, Արցախի հողին մէջ ննջող մեր պայքարի նուիրեալներու հարազատներուն համար ասիկա պիտի ըլլայ մխիթարութեան վայր մը, ուր կարելի պիտի ըլլայ ծաղիկներ զետեղել ու խնկարկել հարազատներու յիշատակը:

Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպս. Աբրահամեան կատարեց օրհնութեան կարգ եւ հոգեհանգստեան պաշտօն. ան աղօթք բարձրացուց 25 սեպտեմբեր 2023-ի պայթումին պատճառով զոհուած հայրենակիցներուն յիշատակին:

«Քրիստոնէութիւնը մեր արժանապատուութիւնն է. մեր արժանապատուութիւնը, համայն հայութեան խաչը Արցախն է, որը գերեվարուած է այսօր:

«Իմ թիկունքին երկու դրօշ է` Հայաստանի եւ Արցախի, մենք ամէն ինչ պէտք է անենք, որ Արցախի Հանրապետութիւնը ոչ միայն գոյութիւն ունենայ, այլ՝ կարողանայ իր առաքելութիւնն իրականացնել, տեսանելի լինի` որպէս միակ երաշխաւոր Արցախի ժողովրդի իրաւունքների։ Ուստի ամէն ինչ պէտք է անենք, որ Արցախի Հանրապետութիւնը Հայաստանում լինի լիարժէք` իր օրէնսդիր ու գործադիր բոլոր կանոններով: Արցախը պէտք է տեսանելի լինի ե՛ւ Սփիւռքի, ե՛ւ միջազգային հանրութեան համար», ըսաւ առաջնորդը, ապա օրհնութեան կարգ կատարեց:

Արցախեան պատերազմի նահատակ ազատամարտիկներ Նորայր եւ Երուանդ Հաջեաններուն հայրը` Միքայէլ Հաջեան, իր խօսքին մէջ նշեց, որ որդիներու յիշատակի օրերուն կ’այցելեն Երեւանի երրորդ մասին մէջ գտնուող յուշաղբիւրը, ուր Նորայրին անունն ալ գրուած է 2016-ի ապրիլեան պատերազմի միւս նահատակներուն անուններուն կողքին: Ան նշեց, որ պիտի շարունակէ հոն այցելել, բայց «Եռաբլուր»-ի մէջ բացուած յուշակոթողը պիտի համախմբէ բոլորը եւ ծաղիկ զետեղելու, յիշատակը խնկարկելու կարելիութիւն է:

«Մենք անպայման կը վերադառնանք տուն ու կը վերականգնենք մեր անկախ, ինքնիշխան Արցախի Հանրապետութիւնը: Այդ վերածնունդը հեռու չէ։ Ես դիմում եմ մեր բոլոր այն տղաներին, ովքեր մնացել են Ստեփանակերտում, մայր հողում, ում հոգիները սաւառնում են Արցախի երկնքում` սպասումով լի, վստահութեամբ, որ մենք բոլորս անպայման պիտի վերադառնանք ու տէր կանգնենք մեր հայրենի հողին, տէր կանգնենք արցախեան քաղաքակրթական արժէքներին», ըսաւ ան։

Տեղահանուած ու որդիներուն գերեզմանները Արցախի մէջ ձգած հայրը չի դադրիր պայքարելէ` այս անգամ իրաւական դաշտին մէջ: Ան յայտնեց, որ իր իրաւունքներու ոտնահարման հայցով դիմած է Մարդու իրաւունքներու Եւրոպական դատարանին:

«Արցախի կանչ» յուշակոթողը կարելի եղածին չափ պիտի նմանի Ստեփանակերտի յուշահամալիրին: Յուշակոթողի ճարտարապետներէն Միքայէլ Սարգսեան յայտնեց, որ կոթողին տարածքը շուրջ 500 քառ. մեթր է: Բուն կոթողը պիտի ունենայ վեց մեթր բարձրութիւն: «Ճարտարապետական նուազապաշտական ոճով պիտի պատրաստուի, որպէսզի մեր ժողովրդի պարզութիւնը արտացոլուի: Պիտի ունենայ բաց խորան, ուր պրոնզէ տառերով պիտի գրուի յուշակոթողի անուանումը, պիտի ըլլայ ծաղիկներու խոնարհման, մոմավառութեան, խունկ ծխելու տեղեր։

***

3. Գանատայի արտաքին գործոց նախարարը Արցախի հայութեան ինքնորոշման իրաւունքի իրականացումը կարեւոր կը նկատէ

Հայ դատի կեդրոնական գրասենեակը 22 սեպտեմբերին յայտարարեց, որ Գանատայի արտաքին գործոց նախարար Մելանի Ժոլի Արցախի հայաթափման առաջին տարելիցին առիթով տարածեց յատուկ յայտարարութիւն մը։

Վերջերս, Հայ դատի Գանատայի յանձնախումբը պաշտօնական աշխոյժ հաղորդակցութեան մէջ էր Ժոլիի հետ։ Յայտարարութեան մէջ տեղ գտած ձեւակերպումները բոլորովին կը համապատասխանեն Հայ դատի Գանատայի յանձնախումբի քաղաքական առաջնահերթութիւններուն։

Մելանի Ժոլի (լուսանկարը՝ Adrian Wyld-ի/ The Canadian Press)

Հայ դատի կեդրոնական գրասենեակը թարգմանաբար հրապարակեց նախարար Ժոլիի յայտարարութիւնը, ուր մասնաւորապէս կ’ըսուի․

«Անցեալ շաբաթ լրացաւ մէկ տարին, երբ Ազրպէյճանը սանձազերծեց ռազմական գործողութիւն Լեռնային Ղարաբաղի՝ դարեր շարունակ բնիկ հայերով բնակեցուած տարածաշրջանին մէջ: Այս գործողութեան հետեւանքները ծանր էին, որուն հետեւանքով աւելի քան 100,000 խաղաղ բնակիչներ, ներառեալ՝ 30,000 երեխաներ, բռնի տեղահանուեցան Հայաստան՝ երկրին մէջ յառաջացնելով մարդասիրական կարիքներու արագ աճ։

Յայտարարութեան մէջ կ’ըսուի, որ Ազրպէյճանի կողմէ չարդարացուած ռազմական գործողութեան նախորդած էր Լաչինի միջանցքով մարդասիրական ապրանքներու անցման իննամսեայ շրջափակումը, որ խախտում էր Արդարադատութեան միջազգային դատարանի ժամանակաւոր միջոցի կիրառման մասին որոշմանը։ Գանատան համերաշխ է այս ճգնաժամէն տուժած մարդոց հետ եւ երախտապարտ է Հայաստանին իր դռները բանալու համար։ Այդ իսկ պատճառով 2023 թուակաին Գանատան աւելի քան 3.9 միլիոն տոլարի մարդասիրական օգնութիւն յատկացուց Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած իրավիճակէն բխող հրատապ կարիքները լուծելու համար։

Գանատայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը շարունակէ կոչ ընել եւ աջակցիլ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ համապարփակ խաղաղութեան պայմանագրի կնքմանն ուղղուած բովանդակալից բանակցութիւններուն, եւ կոչ կ’ընէ անվերապահօրէն ազատ արձակելու 2020 թուականի Ղարաբաղեան պատերազմի բոլոր հայ ռազմագերիները։

«Գանատան կ’աջակցի Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի բանակցային քաղաքական լուծմանը եւ կ’աջակցի ուժի չկիրառման, տարածքային ամբողջականութեան յարգման սկզբունքներուն եւ ինքնորոշման իրաւունքին՝ այս տարածաշրջանի ժողովուրդին համար արդար եւ տեւական խաղաղութեան հասնելու բանակցութիւններուն։ Ասիկա պէտք է ենթադրէ հայ խաղաղ բնակիչներու վերադարձի անվտանգ եւ արժանապատիւ իրաւունքը, երաշխաւորէ մարդու իրաւունքներու եւ քաղաքացիական կենսամիջոցներու պաշտպանութիւնը եւ տարածքին մէջ հայկական մշակութային ու պատմական վայրերու պահպանումը», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

Կը նշուի, որ Հայ Դատի Գանատայի յանձնախումբը պիտի շարունակէ աշխատանքները Գանատայի թէ՛ գործադիր եւ թէ օրէնսդիր իշխանութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ՝ Արցախ հիմնահարցի ներկայ փուլին վերաբերող գանատական կողմի առարկայական դիրքորոշումները պահպանելու եւ զարգացնելու ուղղութեամբ։

***

4. Քամալայ Հարիսը ամերիկահայ ընտրողները սիրաշահելու համար կանդրադառնայ արցախահայութեան տուն դարձի իրաւունքին. Հայ դատի Ամերիկայի յանձնախումբը կարձագանգէ

«Լեռնային Ղարաբաղէն տեղահանուած հայերուն՝ իրենց տուները ապահով վերադառնալու իրաւունքը կարեւոր է հայ ժողովուրդի արժանապատուութեան վերականգնումին եւ տարածաշրջանին կայունութեան համար, գրած է Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ, եւ նախագահի թեկնածու Քամալա Հերիս՝ Հայաստանի անկախութեան օրուան առիթով 23 սեպտեմբեր թուակիր յայտարարութեան մէջ։

Անդրադառնալով փոխնախագահ Հարիսի յայտարարութեանը` Հայ դատի Ուաշինկթընի գրասենեակի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան նկատել տուած է․ «Որպէս փոխնախագահ` Քամալայ Հարիսը ամբողջ տարի մը ունէր գործելու Արցախի վերադարձի իրաւունքին համար` ԱՄՆ առաջնորդութեամբ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի բանաձեւի միջոցով, սակայն ան այս մասին սկսաւ խօսելու (ամերիկահայերու, ոչ թէ ՄԱԿ-ի անդամ երկիրներու հետ) ընտրութիւններէն միայն քառասուն օր առաջ, երբ հայ ընտրողները կրնան վճռորոշ ըլլալ առանցքային «ճօճուող» նահանգներուն մէջ: Յատկանշական է, որ փոխնախագահ Հարիսը, որուն վարչակազմը զինած է Ազրպէյճանի ցեղասպանական շրջափակումը եւ յարձակումը Արցախի վրայ, մատ անգամ չբարձրացուց եւ նոյնիսկ ձայն չբարձրացու 2023-ի Ազրպէյճանի յարձակման դէմ:

Նոյնիսկ քարոզարշաւի հռետորաբանութեան մակարդակով ան ոչ մէկ բառ չըսաւ Ազրպէյճանին տրամադրուող ամերիկեան ռազմական սպառազինութիւնն ու օժանդակութիւնը դադրեցնելու կամ Պաքուն, իր յանցագործութիւններուն համար, պատասխանատուութեան ենթարկելու վերաբերեալ: Քաղաքական գործիչները` նախագահական թեկնածուները եւ այլն, չեն կրնար դիրքաւորուել իբրեւ հայերու բարեկամներ` միաժամանակ հրաժարելով պատասխանատուութեան ենթարկելէ Ալիեւը կամ չկարենալով զսպել ազրպէյճանական յարձակումը»:

Շաբաթներ առաջ, Հայ դատի Ամերիկայի յանձնախումբը հանդէս եկած էր ԱՄՆ նախագահ Տոնալդ Թրամփի եւ գործող նախագահ Ջօ Պայտընի վարչակազմերուն ուղղուած քննադատութեամբ: Յանձնախումբը, հաշուի առնելով նախընտրական ժամանակահատուածը, ընտրական մրցապայքարի կողմերուն առաջարկած էր յստակ գործողութիւններ, որոնք էական նշանակութիւն կ’ունենան հայկական շահերու պաշտպանութեան, մասնաւորապէս` Ազրպէյճանին տրամադրուող ամերիկեան օժանդակութեան անյապաղ վերացում, ազրպէյճանցի ռազմական յանցագործներու նկատմամբ թիրախային պատժամիջոցներու սահմանում, Արցախի ժողովուրդի վերադարձի իրաւունքի երաշխաւորում, արցախցի փախստականներուն մարդասիրական օգնութեան էական աճ եւ այլն:

***

5. Քոնկրէսի շէնքին մէջ «Հաշուետուութիւն 2024» հաւաք՝ նուիրուած Արցախի հայաթափման տարելիցին

«Հայրենիք»․- Հայ Դատի յանձնախումբը յատուկ հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, թէ նշելու համար անցեալ տարի կատարուած Արցախի դէմ Ազրպէյճանի վերջին յարձակումին տարելիցը, 19 սեպտեմբերի երեկոյեան, Քոնկրէսի շէնքին մէջ կազմակերպած է Արցախի ցեղասպանութեան եւ հայաթափման առաջնորդած Պաքուի իշխանութիւնները պատասխանատուութեան ենթարկելու նպատակով հաւաք մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերած են խումբ մը քոնկրէսականներ, համայնքային ղեկավարներ, իրաւունքներու հարցերով զբաղող գործիչներ եւ Հայ Դատի միացեալ Նահանգներու յանձնախումբերու ներկայացուցիչներ։

«Հաշուետուութիւն 2024» հաւաքին բացումը տպաւորիչ ելոյթով մը կատարեց Գէւ Իսքաճեան, որ Արցախի շրջափակման օրերուն, Արցախի Հանրապետութեան մէջ Հայ Դատի ներկայացուցիչն էր:Զ գայացունց ելոյթ մը ունեցաւ նաեւ Արցախի մարդկային իրաւունքներու նախկին պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան, որ շեշտեց, թէ հակառակ միջազգային համայնքին անբաւարար քայլերուն, Արցախի ժողովուրդին վերադարձը, Արցախի մշակոյթի պահպանութիւնը եւ բոլոր գերիներուն ազատ արձակումը ապահովելու նպատակով պայքարը պիտի շարունակուի։

Ձախէն աջ՝ Հայ Դատէն Թերեզա Երիմեան, Արցախէն տեղահանուած Լալա Աբգարեան, Աննա Էշու եւ Յովհաննէս քհն. Յովհաննէսեան (լուսանկարը՝ «Հայրենիք»-ի)

Խօսք առնողներու շարքին եղան Ներկայացուցիչներու Տան անդամներ՝ Կրէյս Մենկ, Ճուտի Չու, Կէյպ Էմօ, Աննա Էշու, Պրէտ Շերմըն, Ֆրէնք Փալոն, Ճիմ ՄըքԿավըրն, Թամ ՄըքՔլինթա, Ռաշիտա Թլէյպ, Տէյվիտ Վալատաօ, Ճաշ Կաթիմըր եւ այլ ներկայացուցիչներ, որոնք համապարփակօրէն լուսարձակի տակ բերին ազրպէյճանական հայատեաց եւ հակահայ քաղաքականութեան բաղադրիչները, շեշտը դնելով արցախահայութեան տուն դարձի իրաւունքին վրայ։

Հաւաքին զուգահեռ տեղի ունեցաւ նաեւ Ազրպէյճանի բռնարարքները վաւերագրած լուսանկարիչ Դաւիթ Ղահրամանեանի լուսանկարներու ցուցահանդէսը։

Ձեռնարկը վերջ գտաւ Արցախի Դադիվանքի վանահայր Յովհաննէս քհն. Յովհաննէսեանի աղօթքով։

«Հաշուետուութիւն 2024» խորագրուած հաւաքը, որ նաեւ պահանջեց Արցախէն բռնի տեղահանուած 120,000 հայութեան ապահով վերադարձը երաշխաւորելու միջոցներ, կարելի է դիտել www.youtube.com/watch?v=-pog9WO1iRI կայքէջին վրայ։

Նշենք նաեւ, այս օրերուն Ամերիկահայ տարբեր քաղաքներու մէջ կը ցուցադրուին լուսանկարիչ Դաւիթ Ղահրամանեանի 44-օրեայ պատերազմի ժամանակ նկարած լուսանկարները։

Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակի նախաձեռնութեամբ եւ «Համազգային»-ի  կազմակերպութեամբ տեղի կ’ունենան ցուցահանդէսներ Ֆիլատելֆիոյ, Նիւ Եորք-Նիւ Ճըրզիի, Ֆիլատելֆիոյ, Պոսթընի, Տիթրոյթի եւ Շիքակոյի մէջ։

***

6. Նուպար Աֆէյեան կոչ ուղղեց Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն՝ Ռուբէն Վարդանեանը եւ ապօրինաբար Պաքուի մէջ պահուող հայերը ազատ արձակելու

Ականաւոր գիտնական, գործարար եւ բարերար Նուպար Աֆէյեան կոչ ուղղեց Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն՝ Ռուբէն Վարդանեանը եւ միւս բոլոր հայ գերիները ազատ արձակելու:

«Էքս»-ի իր էջին վրայ ան գրած է, որ լրացաւ մէկ տարին, երբ իր ընկերը եւ գործընկերը՝ Ռուբէն Վարդանեանը, բռնի եւ ապօրինի կերպով ձերբակալուեցաւ Ազրպէյճանի կողմէ։ Բազմաթիւ այլ հայերու հետ ան կը շարունակէ ապօրինաբար պահուիլ Պաքուի մէջ, ուր բացայայտօրէն կը խախտին անոնց հիմնարար իրաւունքները:

«Աշխարհը պէտք չէ անարդարութիւնը տեսնէ ու ոչինչ ընէ: Ժամանակն է գործելու, յատկապէս երբ Ազրպէյճան կը պատրաստուի ընդունելու COP29-ը` ծաղրելով զայն, ինչ որ պէտք է առանցքային կլիմայական իրադարձութիւն ըլլայ աշխարհին համար, որ մարդու իրաւունքները կը նկատէ իր օրակարգին առանցքը: Ես կոչ կ’ուղղեմ Աzրպէյճանի կառավարութեան՝ Ռուբէնը եւ Պաքուի մէջ ապօրինի կերպով պահուող բոլոր հայ գերիները անյապաղ ազատ արձակելու», գրած է Աֆէյեան:

Ռուբէն Վարդանեանի որդին` Դաւիթ Վարդանեան եւս յայտարարութիւն մը կատարելով՝ գրած է, արդէն մէկ տարէ ի վեր Ազրպէյճանի իշխանութիւնները կամայականօրէն կալանաւորեցին յայտնի գործարար եւ մարդասէր Ռուբէն Վարդանեանինմ, որմէ ետք ձերբակալեցին յաջորդեցին արցախցի միւս գործիչներու ձերբակալութիւնները։

«Հօրս կամայական ազատազրկումը`առանց որեւէ ապացոյցի կամ արդար դատաքննութեան, միջազգային բոլոր չափանիշներու եւ օրէնքներու բացայայտ խախտում է։ Մենք կոչ կ’ընենք միջազգային հանրութեան աշխուժացնելու ջանքերը` ապահովելու անոր անյապաղ եւ անվերապահ ազատ արձակումը` Ազրպէյճանի մէջ անօրինաբար կալանաւորուած միւս հայ ղեկավարներուն հետ միասին», գրած է Դաւիթ Վարդանեանը: