Շուշիի «Վարանդա» երգչախումբը կը կազմաւորուի Հայաստանի մէջ․ Արցախն այս շաբաթ


1․ Շուշիի «Վարանդա» երգչախումբը կը շարունակէ իր գործունէութիւնը

Շուշիի «Վարանդա» երգչախումբի հիմնադիր, գեղարուեստական ղեկավար, Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեանը Երեւանի մէջ կը կազմակերպէ «Երգող Արցախ» երգչախմբային ծրագիրը, որուն կը մասնակցին 10-14 տարեկան արցախցի երեխաներ։

«Ապառաժ»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին՝ Զաքար Քէշիշեանը նշած է, որ հակառակ նոր մատահրաւէրներուն՝ որոշած են շարունակել գործունէութիւնը։ «Երեխաները անընդհատ կը գրէին, թէ արդեօ՞ք հնարաւոր է Երեւանի մէջ ծրագիրը իրագործել։ Facebook-ի վրայ յայտարարութիւն դրի, քանի որ չէի գիտեր՝ ով ուր կ’ապրի հիմա։ Պարզուեցաւ, որ մեծ մասամբ կ’ապրին Երեւան, Մասիս եւ Աբովեան քաղաքներուն մէջ, հետեւաբար ծրագիրը իրագործելու համար այս ամառ եկայ այստեղ», նշած է ան։

2020-ի պատերազմէն եւ Շուշիի անկումէն ետք «Վարանդա» երգչախումբի տնօրէնութիւնը Ստեփանակերտի մէջ կեանքի կոչած էր «Երգող Արցախ» երաժշտական ծրագիրը եւ յաջորդող տարիներուն՝ նաեւ նոր սաներով, իրագործած զայն։ «32 տարուան ընթացքին միայն անցեալ տարի էր, որ շրջափակման պատճառով չկրցայ այցելել Արցախ», կը յիշէ խմբավարը։

Երեւանի մէջ ծրագիրը կը ֆինանսաւորեն ԱՄՆ-ի Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան թեմը եւ քանի մը անհատներ։ Արդէն շուրջ 80 երեխայ հաւաքագրուած է, եւ փորձերը սկսած են։ Կը նախատեսուի օգոստոսի վերջը եւ սեպտեմբերի առաջին կիսուն շարք մը ելոյթներ ունենալ Երեւանի եւ մօտակայ քաղաքներու մէջ։

Խօսելով խնդիրներուն մասին՝ Զաքար Քէշիշեան նշած է, որ այստեղ դեռ չկան գործունէութեան համար այն պայմանները, որոնք Արցախի մէջ կային. «Բայց, փոխարէնը ունինք կամք, նուիրում, հաւատք եւ արցախցի հրաշալի երեխաներ, որոնք պիտի իրագործեն այդ ծրագիրը։ Ծրագիրը կ’ընդգրկէ նաեւ երեխաներու մշակութային կազմաւորման նպաստող այցելութիւններ՝ համերգներ, թանգարաններ եւ թատրոններ», աւելցուցած է ան։

Համազգայինի կեդրոնական վարչութեան ատենապետը նաեւ խօսած է Երեւանի գրասենեակին կողմէ իրականացուող ծրագրերուն մասին։ Անոր խօսքով՝ ի տարբերութիւն հայրենի իշխանութիւններուն, Համազգայինի կեդրոնական վարչութիւնը որոշած է Համազգայինի Արցախի կառոյցը Հայաստանի մէջ պահել իբրեւ վտարանդի կառոյց՝ իր վարչութեամբ ու կազմով։

«Համազգայինի գրասենեակը կ’իրականացնէ շարք մը ծրագրեր՝ հոգեբաններու հետ աշխատանք, ամառնային դպրոց, կերպարուեստ, տիկնիկագործութիւն, Արցախի բարբառը պահպանելուն ուղղուած միջոցառումներ, համալսարան ընդունուիլ ցանկացողներու համար Հայոց լեզուի ուսուցման ծրագիր եւ բազմաթիւ այլ ծրագրեր», ընդգծած է ան։

***

2#shopinarmenia. արցախցի արտադրողներու աշխատանքը Հայաստանի մէջ եւ Հայաստանէն դուրս

Step1.am- 27 յուլիսին, Երեւանի մէջ բռնի տեղահանուած արցախցիները ներկայացուցին Shop In Armenia նախագիծը: «Բռնի տեղահանուած արցախցիները, որոնք ամէն ինչ կորսնցնելէ ետք զերոյէն սկսած են իրենց կեանքը, Հայաստանի մէջ այսօր վաճառելով իրենց ստեղծածը` հանդէս կու գան «Մի՛ օգնիր, այլ կանգի՛ր մեր կողքին» կարգախօսով:

«Մի՛ օգնիր, այլ կանգի՛ր մեր կողքին» ցուցահանդէս վաճառքէն պատկեր մը (լուսանկարը՝ Հայկ Յարութիւնեանի)

«Ուղղակի եկէք ու կանգնեցէք անոնց կողքին, ծանօթացէք ու գնեցէք անոնց արտադրանքը: Հայաստանէն դուրս կրնաք ձեռք բերել արցախեան արտադրողներու արտադրանքը #shopinarmenia Shop in Armenia հարթակէն», կը նշէ լրագրող Սիրանոյշ Սարգսեանը:

«Այսօրուան փառատօնը աւելի շատ կայքի շնորհանդէսն է, այն նոր հարթակի, ուր ներկայացուած են արցախցի շուրջ 100 արտադրողի արտադրանք, փոքր եւ միջին բիզնեսներու: Ասիկա մեծ յոյս եւ եռանդ կ’առաջացնէ այն մասնակիցներուն մէջ, որոնք արդէն իսկ 6-7 ամիս շարունակ ընդգրկուած են այս աշխատանքային գործընթացին մէջ եւ յոյս ունին, որ հարթակը, որ հնարաւորութիւն կու տայ Միացեալ Նահանգներու մէջ վաճառել արցախցիներու արտադրանքը, մեծ յաջողութիւն պիտի բերէ իրենց:

Ցուցահանդէս-վաճառքէն պատկեր մը (լուսանկարը՝ Հայկ Յարութիւնեանի)

Յոյսով ենք, որ կայքը մեծ յաջողութիւն պիտի բերէ արցախցիներուն, որոնք բաւական դժուարութիւններու մէջէն կ’անցնին, բայց չեն կոտրուիր», նշած է կազմակերպչական խումբի անդամ, լրագրող Մարիամ Սարգսեանը:

 Գլխաւոր կազմակերպիչը Միքայէլ Հայրապետեանն է: Միջոցառման աջակցիցն էր նաեւ «Երկիր մեդիա»-ն` որպէս տեղեկատուական աջակից։

***

3150 արցախցի երեխաներ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ հովնաւորութեամբ հանգստացան Վանաձորի մէջ

Ռուսիոյ եւ Նոր Նախիջեւանի հայոց թեմի հովանաւորութեամբ, Գուգարաց թեմի «Ծիծեռնակ» ճամբարին մէջ աւելի քան 150 արցախցի երեխաներ ամառնային արձակուրդ անցուցին: «Կատմանդու» հոգեւոր-մշակութային եւ մարմնակրթական ուղղուածութիւն ունեցող ճամբարը Արցախի Ասկերանի շրջանի Պատարա գիւղին մէջ կը գործէր 2014 թուականէն:

Ճամբարականները յաճախ հանդիպած եւ զրուցած են թեմի հոգեւորականներուն հետ, նոյնիսկ միասին վոլիպոլ եւ ճատրակ խաղացած են:

Ճամբարին մասնակցած արցախցի երեխաներ (լուսանկարը՝ «Ապարաժ»-ի)

Ճամբարը նաեւ կարելիութիւն մըն է արցախցի երեխաները միաւորելու եւ իրարու հետ ժամանակ անցընելու համար:

***

43550 արցախցի դիմած է Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստանալու համար, անոնցմէ 2100-ը արդէն քաղաքացիութիւն ստացած է

Արցախէն բռնի տեղահանուած 3550 մարդ արդէն դիմած է ՀՀ քաղաքացիութիւն ստանալու համար, անոնցմէ 2100-ին նախագահի հրամանագիրով քաղաքացիութիւն շնորհուած է: Այս մասին step1.am-ի հետ զրոյցի ժամանակ յայտնած է ներքին գործոց նախարարութեան գաղթականութեան եւ քաղաքացիութեան ծառայութեան պետի տեղակալ Նելլի Դաւթեանը:

Դաւթեան նշած է, որ ներկայիս քաղաքացիութեան կը դիմեն երեք եւ աւելի անչափահաս երեխայ ունեցող ընտանիքները, որոնք բնապահովման պետական ծրագրի առաջին խումբի շահառուներն են։

 Նշենք, որ բնակարաններով ապահովելու պետական ծրագիրէն օգուելու առաջին պայմանը Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւն ունենալն է։

***

5․ Բռնագրաւուած Արցախի մէջ Ազրպէյճան քանդած է «Մեծ եւ փոքր Սիւնիքներ» յուշակոթողը

Monument Watch-ը կ’ահազանգէ, որ Ազրպէյճանը քանդած է Արցախի եւ Հայաստանի հանրապետութիւններուն սահմանագլխուն գտնուող «Մեծ եւ փոքր Սիւնիքներ» յուշակոթողը՝ յիշեցնելով, որ անոր կարգավիճակին վերաբերեալ, թէ՛ զանազան լրատուականներ եւ անհատներ եւ թէ Monument Watch նախաձեռնութիւնը ահազանգած էին տակաւին ապրիլ 2023-ին:

 Այս առիթով Monument Watch-ի հրապարակուած յայտարարութեան մէջ կ’ըսուի հետեւեալը. «Յիշեցնենք, որ 29 մարտ 2023-ին Ազրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի նախկին երթուղիին փակումից եւ արդէն ապրիլի սկիզբը` նոր երթուղիի արեւմտեան հատուածի (Կոռնիձոր եւ Տեղ գիւղերով անցնող) գործարկումէն ետք Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցաւ նաեւ Սիւնիքի եւ Արցախի սահմանագլխին կառուցուած «Մեծ եւ փոքր Սիւնիքներ» կամ «Մայր Հայրենիք» կոչուող յուշակոթողը:

«Մեծ եւ փոքր Սիւնիքներ» յուշակոթողը (լուսանկարը՝ Monument Watch-ի)

 «Յուշարձանը կառուցուած է 2004-ին մեծ եւ փոքր Սիւնիքներու միասնութեան գաղափարով: Յուշարձանի ճարտարապետը Սեւադա Զաքարեանն է, կառուցուած է Սիւնիքի նախկին մարզպետ Սուրէն Խաչատրեանի նախաձեռնութեամբ եւ Զանգեզուրի պղնձամոլիբդենային կոմբինատի տնօրէններու խորհուրդի նախագահ Մաքսիմ Յակոբեանի ֆինանսաւորմամբ: 2007-ին յուշարձանի տարածքին տեղադրուած է նաեւ խաչքար: Սուղ ժամկէտներու մէջ յուշահամալիրի տեղափոխութեան անհնարինութիւնը հաշուի առնելով, հայկական կողմը 3 ապրիլ 2023-ին տեղափոխեց միայն խաչքարը, եւ սա կարելի է համարել եզակի բացառութիւն, երբ յուշարձանը կը հանուի իր պատմական բնանկարէն, կը կտրուի իր ամբողջականութենէն` յանուն փրկութեան: Ինչպէս եւ կ’եզրակացուէր, «Կուկըլ»-ի արբանեակային քարտէզի ապրիլ 2024-ի թարմացումով արդէն կ’երեւի, որ յուշարձանը հողին հաւասարեցուած է»:

Արբանեականին լուսանկարներէն յստակ կ’երեւի, որ յուշարձանը հողին հաւասարեցուած է (լուսանկարը՝ Monument Watch-ի)

***

6․ Ֆրանսայի դեսպանը հաստատեց, որ Արցախի հայերը իրենց հայրենիքը վերադառնալու իրաւունքը ունին

Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյի, անդրադառնալով Հոլանտայի մօտ Ազրպէյճանի դեսպանի գրառման՝ վերջինիս յիշեցուց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հայերը Արդարադատութեան միջազգային դատարանին կողմէ ճանչցուած իրաւունքներու, որոնց կարգին իրենց հայրենիքը վերադառնալու իրաւունքը ունեցողներ են, իսկ դատարանին որոշումները ենթակայ են պարտադիր կատարման: Ֆրանսայի դեսպանը այսպիսի յայտարարութիւն մը կատարած է «Էքս»-ի իր էջին վրայ: «Պարո՛ն դեսպան, իրաւաբանօրէն «լաւ տղաներ» չկան, ինչպէս դուք կ’ըսէք», կ’ըսէ  ան՝ իբրեւ պատասխան ազրպէյճանցի դեսպանին այն գրառման, որուն մէջ ան կը յայտնէ, թէ Լեռնային Ղարաբաղը ոչ թէ անկում ապրեցաւ, այլ ներկայիս կ’ապրի «վերածնունդի» ժամանակաշրջան մը` ստանալով զարգացման հեռանկարներ, եւ եթէ հայերը «լաւ տղաներ» ըլլան, պիտի կարենան օգտուիլ այդ հեռանկարներէն»:

Հոլանտայի մէջ Ազրպէյճանի դեսպանը այսպիսի գրառում մը կատարած է` մեկնաբանելով Հայաստանի մօտ Ֆրանսայի դեսպանին «Էքս»-ի էջին վրայ կատարած այն գրառումը, որուն հետ տեղադրուած տեսանիւթին մէջ Փարիզի մէջ Ողիմպիական խաղերու բացման հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին, ներկայացնելով խաղերուն մասնակցող Հայաստանի խումբը՝ ֆրանսացի լրագրող Լորան Տըլաուս «France 2» ալիքէն ուղղակի սփռումին ընթացքին ըսաւ հետեւեալը․ «Հայաստա՛ն. մեր հայ բարեկամներն են, ֆրանսացիներուն սիրտերուն պատմականօրէն մօտ երկիր: Տարի մը, որ հայ ժողովուրդին համար յատկանշուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի` Ազրպէյճանի բանակին ձեռքերուն մէջ յայտնուելով»։

***

7․ Ըստ Էրտողանի՝ Թուրքիա կրնայ Իսրայէլ մտնել, ինչպէս մտաւ Լիպիա եւ Ղարաբաղ

Թուրքիա կրնայ Իսրայէլ մտնել, ինչպէս նախապէս այդպիսի բան ըրաւ Լիպիոյ եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, յայտարարեց Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան: Ան այսպէս մեկնաբանեց Կոլանի բարձունքներուն վրայ հրթիռներով յարձակումէն ետք Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ իրավիճակի վատթարացումը:

«Մենք պէտք է ուժեղ ըլլանք, որպէսզի Իսրայէլ չկարենայ Պաղեստինի հետ ընել այն սարսափելի բաները, զորս կ’ընէ: Ինչպէս մենք մտանք Ղարաբաղ, այնպէս, ինչպէս մտանք Լիպիա, նոյնը կրնայինք ընել անոնց հետ», յայտարարեց Էրտողան:

Ան աւելցուց, որ  «չկայ պատճառ մը, որ Անգարային թոյլ չտայ այդ մէկը ընելու», սակայն չյստակացուց, թէ ի՛նչ միջամտութեան մասին է խօսքը Իսրայէլի պարագային:

Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչը արձագանգեց Էրտողանի յայտարարութեան՝ ըսելով, որ Ազրպէյճանի «տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան վերականգնման վերաբերող ռազմական գործողութիւններուն որեւէ երկրի զինուորական անձնակազմի մասնակցութեան մասին յայտարարութիւնները անհիմն են»։

«Թուրքիա եւ Փաքիստան քաղաքական աջակցութիւն ցուցաբերած են Ազրպէյճանին, եւ նախագահ Իլհամ Ալիեւ բազմաթիւ անգամներ շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց: Պատերազմին ընթացքին շուրջ 3000 ազրպէյճանցի զինուորականներ նահատակուեցան. հակաահաբեկչական գործողութիւններուն զոհուեցան 204 անձեր: Այլ երկիրներու զինուած ուժերը չմասնակցեցան մարտերուն», նշեց Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչը։