Համերգ, որ համախմբեց արցախցիները՝ Արցախէն դուրս․ Արցախն այս շաբաթ


1․ Զաքար Քէշիշեանի առաջին համերգն է, որ համախմբեց արցախցիները՝ Արցախէն դուրս

28 օգոստոսին, Երեւանի Կոմիտասի թանգարան-ուսումնարանէն ներս տեղի ունեցաւ շուիահար, դուդուկահար, Շուշիի «Վարանդա» երգչախումբի հիմնադիր, գեղարուեստական ղեկավար, Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեանի եւ արցախցի դաշնակահար Նադեժդա Յակոբեանի համերգը, կը հաղորդէ «Ապարաժ»-ը։

Զաքար Քէշիշեան եւ Նադեժդա Սարգսեան ելոյթի պահուն (լուսանկարը՝ Զաքար Քէշիշեանի)

Համերգը կը կրէր «Միասնականչ» խորագիրը։ Արցախի բռնագրաւումէն ետք, ասիկա Զաքար Քէշիշեանի առաջին համերգն է, որ կը համախմբէ արցախցիները՝ Արցախէն դուրս։ Երեսուն տարիներու ընթացքին Զաքար Քէշիշեանը դարձած է արցախցիներու սիրելին, ուստի համերգը լաւ առիթ էր մշակութասէր արցախցիներուն կրկին հաւաքուելու եւ վայելելու իրենց սիրելի երաժիշտին կատարումները։ Համերգին ներկայ էին նաեւ Արցախի թեմի առաջնորդը, քաղաքական ու մշակութային գործիչներ։

Առաջին անգամ Զաքար Քէշիշեանը Արցախ ժամանած էր 1988-ին՝ Երեւանէն խումբ մը ուսանողներու հետ համերգներ տալու եւ առաջին հայացքէն սիրահարուած էր Արցախին։ Շուշիի «Վարանդա» երգչախումբը ստեղծուած է Շուշիի ազատագրութեան տարիներուն: Այդ ժամանակ հիմնադրուած «Արամ Մանուկեան» վարժարանի մշակութային խումբերէն մէկն էր «Վարանդա» երգչախումբը: Այդ օրէն ի վեր, ամէն տարի Զաքար Քէշիշեանը գտնուելով Արցախ, երկու ամիս կը նուիրէր երգչախումբին՝ պատրաստելով նոր համերգներ՝ նոր երգացանկով: Այս երեսուն տարիներուն ընթացքին ստեղծուած են հարիւրվաթսունէ աւելի երգեր՝ երգչախումբին համար:

Համերգին ընթացքին Զաքար Քէշիշեանը յայտարարեց, որ այժմ ալ Երեւանի մէջ կը կազամակերպեն «Երգող Արցախ» երգչախմբային ծրագիրը, որուն համերգը տեղի պիտի ունենայ 13 սեպտեմբերին, Երեւանի Կամերային երաժշտութեան տան մէջ։

***

2 «Աշխատել ազատագրման համար» խորագիրով Արցախի եւ Կիպրոսի նուիրուած քանդակըպատրաստուած Աղաւնոյէն բերուած քարով

Սիսիանի մէջ, Զօրաց քարերու մօտակայքը, «Էպիկեդրոն» արուեստ կեդրոնին մէջ բացումը կատարուեցաւ ճանչցուած արուեստագէտ, «Սիսական» ջոկատի մարտիկ Աշոտ Աւագեանի «Աշխատել ազատագրման համար» Արցախի եւ Կիպրոսի նուիրուած քանդակը` պատրաստուած Աղաւնոյէն բերուած քարով:

Նախաձեռնութիւնը իրականացուած է Հայաստանի մէջ Կիպրոսի դեսպանութեան աջակցութեամբ. այս առիթով յոյն քաղաքական գործիչ, Եւրոպայի խորհրդարանի նախկին պատգամաւոր Էլենի Թէոխարուսը տեսաուղերձ յղած է հայ ժողովուրդին` մաղթելով Արցախի արագ ազատագրում։

Լուսանկարը՝ «Առաւօտ»-ի

Լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին, անդրադառնալով գաղափարի ծնունդին, քանդակագործը յիշեցուց, որ ասիկա «Ռեւանշ (վրէժխնդրութիւն) լինելու է» շարքին հինգերորդ ներկայացումն է. «Ես քարեր բերած էի Աղաւնոյէն, անցեալ տարի տեղադրած էինք մէկը, որ կը վերաբերէր Արցախի բռնագրաւման, այս տարի ալ փորձեցինք ազատագրման հետ կապել: Մենք եւ յոյները` Կիպրոսը, նոյն ճակատագիրը ունինք, մեր երկիրները բռնագրաւուած են, բայց կայ մարդոց փոքր խումբ մը, որ չի հաշտուիր այդ մտքին հետ, եւ վստահ եմ, որ նոյն կերպ մտածողներ կան նաեւ յոյներուն մէջ: Այս պատճառով ալ որոշեցինք այդ երկուքը միացնել, որովհետեւ գաղափարական իմաստով երկուքի պարագային նոյն հիմքն է: Ե՛ւ մեր, ե՛ւ իրենց պարագային ըմբոստ մարդոց ցանկութիւնը նոյնն է: Այսպէս ծնաւ քարը տեղադրելու գաղափարը: Քարը կիսեցինք, երկու մասի բաժնեցինք, որպէսզի խորհրդանշէ ե՛ւ Արցախը ե՛ւ Կիպրոսը»:

Սիսիանի մէջ բացուած քանդակը` կիսուած քարի տեսքով, կը խորհրդանշէ Կիպրոսը եւ Արցախը, որոնք փաթթուած են փշալարերով, այսինքն գրաւուած են թուրքերուն կողմէ: Քանդակագործ Աշոտ Աւագեանի նախաձեռնութեամբ փշալարէն հատուած մը մասնակիցները կտրած եւ տարած են իրենց հետ` իբրեւ թրքական գրաւումը ոչնչացնելու խորհրդանիշ:

***

3 Բռնագրաւուած Բերձորի Ս. Համբարձում եկեղեցւոյ տեղ Ազրպէյճանը մզկիթ կը կառուցէ

Արցախի մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան պետական խորհուրդը կը հաղորդէ, որ բռնագրաւուած Բերձորի Սուրբ Համբարձում եկեղեցին քանդելէն ետք՝ Ազրպէյճանը անոր փոխարէն մզկիթ մը կը կառուցէ:

Բերձորի Սուրբ Համբարձման եկեղեցւոյ տեղ մզկիթ կը կառուցեն ազրպէյճանցիները (լուսանկարը՝ Արցախի մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան պետական խորհուրդին)

«Պետական խորհուրդը դեռեւս 2022 թուականի սեպտեմբեր ամսում է յայտնել Սուրբ Համբարձում եկեղեցին մզկիթի վերածելու ադրբեջանական վարչախմբի մտադրութեան մասին», կ’ըսուի յայտարարութեան մէջ:

Յիշեցնենք, որ Բերձորի Սուրբ Համբարձման եկեղեցին կառուցուած էր 1996-1999 թուականներուն։ 3 մարտ 1996-ին եկեղեցւոյ հիմքը դրուած է փոքրիկ բարձրութեան վրայ։ Գմբէթի խաչին օծումը կատարուած է 31 մայիս 1998-ին։ Եկեղեցւոյ կառուցման աշխատանքները աւարտած են 1998 թուականին։

***

4․ Ազրպէյճանը կը ջանայ նաեւ «Մենք ենք մեր սարերը» յուշարձանը իւրացնել

Արցախի մշակութային ժառանգութեան մշտադիտարկում իրականացնող կայքը կ’ահազանգէ, որ Ազրպէյճանը կը ջանայ նաեւ «Մենք ենք մեր սարերը» («Մամիկ-պապիկ») յուշարձանը իւրացնել։ Կազմակերպութիւնը կը գրէ, որ օրեր առաջ, ազրպէյճանական Culture of Azerbaijan կայքը տարածեց յայտարարութիւն մը Արցախի «Մե՛նք ենք, մեր սարերը» («Տատիկ-պապիկ») յայտնի յուշարձանի մասին` նշելով, որ անիկա կառուցուած է Ազրպէյճանի Խանքենդի (Ստեփանակերտ) քաղաքին մէջ 1967-ին եւ ան «Ազրպէյճանի բազմամշակութային եւ ազգային-կրօնական հանդուրժողականութեան բազմաթիւ օրինակներէն մէկն է»:

Ստեփանակերտի «Մենք ենք մեր սարերը» («Մամիկ-պապիկ») յուշարձանը (լուսանկարը՝ համացանցէն)

«Հանրայայտ է, որ յուշարձանը հայկական Արցախի ժամանակակից խորհրդանիշներից մէկն է եւ որ այն ստեղծուել է որպէս նշան եւ խորհուրդ երկրամասի հայ ինքնութեան: Աւանդական կեցուածքով եւ արտաքինով տարեց ամուսնական զոյգը հաւաստումն էր արցախահայերի պատմական անցեալի եւ ապագայ յոյսերի: Յոյսեր, որ այսօր ի դերեւ են դարձել Ադրբեջանի հայասպան քաղաքականութեան արդիւնքում: Յատուկ Հայաստանից բերուած կարմիր տուֆից կերտուած կոթողի քանդակագործն է Սարգիս Բաղդասարեանը, իսկ ճարտարապետը` Եուրի Յակոբեանը: Քանդակագործն իր աշխատանքը բնութագրել է հետեւեալ կերպ․ «Յուշարձանն իրենից ներկայացնում է աւանդական տարազով տարեց արցախցի ամուսինների` ուս-ուսի, հպարտ ու անյողդողդ կեցուածքով ու սեւեռուն հայեացքով: Կոթողը պատուանդան չունի, բայց կարծես լեռնաբլուրը ճեղքուել է, եւ նրանք այդ ճեղքից բարձրացել, կանգնել են` ոտքերը ամուր դրած հայերի հողի մէջ»: Յաւելենք, որ տարեց զոյգը ծնունդով Արցախից քանդակագործի տատի եւ պապի կերպարներով է քանդակուած. «Նրանք հէնց ժողովուրդն են, նրանք հէնց հողն են, նրանք մենք ենք, մեր լեռները: Այս մարդիկ այստեղ են ծնուել, այստեղ են նրանց հազարամեայ արմատները, նրանք են իսկական տէրը այս հողի ու բնութեան», գրել է քանդակագործը (Սարգիս Բաղդասարեանի «Ղարաբաղցիները»), ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

Արցախի ամբողջական բռնագրաւումէն ետք Ազրպէյճանը երկար ժամանակ գրեթէ չէր անդրադառնար այս յուշարձանին: Միայն որոշ լրատուականներու մէջ կը հնչեցէին կարծիքներ, որ անիկա պէտք է քանդել: 2023-ի վերջին եղան հատուկենտ հրապարակումներ, ուր կը նշուէր, որ յուշարձանը հայերը «հայկականացուցած են»։ «Վերջերս յատուկ այս յուշարձանին անդրադարձաւ գրաւուած Ստեփանակերտը լուսաբանող Քեամրան Ռազմովարը, որուն հիմնական շեշտադրումն այն էր, որ յուշարձանը կանգնեցուած է խորհրդային տարիներուն, երբ ԼՂԻՄ-ը Ազրպէյճանի մաս էր, ինչ որ՝ ըստ անոր՝ կը նշանակէ, որ յուշարձանը կանգնեցուած է Խորհրդային Ազրպէյճանի պիւտճէէն յատկացուած գումարներով, ինչ որ կը նշանակէ, որ անիկա ազրպէյճանական է:

Հաղորդագրութեան մէջ կը յիշատակուի, որ յուշարձանի գաղափարը կեանքի կոչուած այդ տարիներու Լեռնային Ղարաբաղի մարզխորհուրդի գործկոմի նախագահ Մուշեղ Օհանջանեանի անմիջական մասնակցութեամբ: Յուշակոթողի շինարարութեան դէմ եղած է Սովետական Ազրպէյճանի ղեկավարութիւնը: Աւելին` բողոք եղած է եւ պահանջուած, որ ան պէտք է կազմաքանդել: Հայկական կողմը իր ջանքերով յաջողած է փրկել կոթողը կազմաքանդումէն:

***

5․ Շատ բան կախեալ է անկէ, թէ հայերը որքա՛ն փափաք կ’ունենան պայքարելու. Օքամփօ

Հայաստանի եւ Արցախի շարք մը քաղաքացիական ներկայացուցիչներ տեսակապով հանդիպում մը ունեցան իրաւունքի դոկտոր, Միջազգային քրէական դատարանի դատախազ Լուիս Մորենօ Օքամփոյի հետ: Հանդիպման ընթացքին հարց ուղղուեցաւ, թէ ի՛նչ իրաւական-քաղաքական գործիքներ կան՝ արցախցիներու իրաւունքներուն պայքարելու համար:

Լուիս Մորենօ Օքամփօ (լուսանկարը՝ Ամերիկայի Հայ դատի գրասենեակին)

Օքամփօ մասնաւորաբար կարեւոր նկատեց ՄԱԿ-ի Ցեղասպանութեան մասին բանաձեւին դերը առանց պետութեան ժողովուրդներու իրաւական պաշտպանութեան մէջ՝ իբրեւ իրաւական կարեւոր գործիք:

Ան նաեւ նշեց, որ ՄԱԿ-ի Ցեղասպանութեան կանխարգիլման հարցերու գծով յատուկ խորհրդականը յայտարարեց, որ կայ ցեղասպանութեան վտանգ Արցախի մէջ, իսկ անիկա արդէն իսկ կ’ենթադրէ միջազգային հանրութեան կողմէ գործողութեան պարտաւորութիւն: Այս պարունակին մէջ, նաեւ շատ կարեւոր պիտի ըլլայ, որ ՄԱԿ-ի Կլիմայի փոփոխութեան ծիրին մէջ բարձրաձայնել գերիներու հարցը եւ ցոյց տալ, որ Ազրպէյճան անմեղ մարդիկ իբրեւ գերի կը պահէ իր բանտերուն մէջ։

Հանդիպման ընթացքին խօսուեցաւ նաեւ, որ աշխարհը ճանչցած է 1915-ի Ցեղասպանութիւնը, սակայն անիկա որեւէ արդիւնք չէ տուած: Օքամփօ ըսաւ, որ աշխարհը շատ տարբեր է հիմա. այն ժամանակ չկար ՄԱԿ-ի քրէական դատարանը, չկային ընկերային լրատուադաշտը, ցանցերը, սփիւռքը եւ այլն: Եւ շատ բան կախեալ է նաեւ անկէ, թէ հայերը որքան փափաք պիտի ունենան պայքարելու:

Ան նաեւ ըսաւ, որ որքան ալ Ազրպէյճան հակառակը պնդէ, արցախցիները հողի սեփականատէրերն են, եւ ամէն ինչ կախեալ պիտի ըլլայ անկէ, թէ որքա՛ն պատրաստ պիտի ըլլանք պայքարելու: Ան խորհուրդ տուաւ արցախցիներուն՝ աւելի աշխոյժ ըլլալ իրենց իրաւունքներու պաշտպանութեան մէջ:

***

6․ Արցախի իրաւունքները պաշտպանող յանձնախումբը Արցախի ազգային ժողովի պատգամաւորներու հետ հանդիպում մը ունեցաւ

Արցախի ազգային ժողովին նախաձեռնութեամբ, 28 օգոստոսին, Արցախի ժողովուրդի հաւաքական հայրենադարձութեան եւ հիմնարար այլ իրաւունքներու պաշտպանութեան յանձնախումբի անդամները հանդիպում մը ունեցան Արցախի խորհրդարանի պատգամաւորներու հետ: Հանդիպման մասնակցեցան յանձնախումբի աշխատանքները համակարգող, Հայաստանի արտաքին գործոց նախկին նախարար Վարդան Օսկանեանը, անդամներ` Արցախի Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեանն ու քաղաքագէտ Կարէն Բեքարեանը. ներկայ էր նաեւ Արցախի արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Ղազարեանը, կը հաղորդէ «Ապառաժ»-ը։

Յանձնախումբին տարած ընդհանուր աշխատանքներուն մասին զեկուցեց Վարդան Օսկանեանը: Կարէն Բեքարեանը ներկայացուց քարոզչական դաշտին մէջ ծաւալած աշխատանքները եւ Արցախի հարցը վառ պահելը կարեւոր նկատեց:

Գեղամ Ստեփանեան պատգամաւորներուն մանրամասնութիւններ փոխանցեց միջազգային հարթակի վրայ Հայ դատի գրասենեակներուն եւ այլ կառոյցներու հետ համագործակցութեան, Մարդու իրաւունքներու եւ Արցախի հարցերով արտասահմանի մէջ տեղի ունենալիք յառաջիկայ հանդիպումներուն եւ նախաձեռնութիւններուն մասին:

Արցախի խորհրդարանի պատգամաւորները հարցումներ ուղղեցին եւ յանձնախումբի յառաջիկայ գործունէութեան գծով առաջարկներ ներկայացուցին։ 

***

7․ ԿԽՄԿ ներկայացուցիչները օգոստոսին այցելեցին Ազրպէյճանի մէջ պահուող գերիներուն

Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի աշխատակիցները օգոստոսին այցելեցին Ազրպէյճանի մէջ բանտարկուած հայերուն, որոնց կարելիութիւն տրուեցաւ կապ հաստատել իրենց ընտանիքներու անդամներուն հետ։ Այս մասին «Ազատութեան» յայտնեց Կարմիր խաչի հայաստանեան գրասենեակի հաղորդակցութեան ծրագիրներու պատասխանատու Զառա Ամատունին:

Ըստ Ամատունիի՝ տեսակցութեան ծիրէն ներս գնահատուած են պահպան պայմանները, առողջական վիճակը, անոնց հանդէպ վերաբերմունքը։