ՀՕՄ-ի բոլոր միաւորները միասնական կամքով սատար կանգնեցան արցախցիներուն. Արցախն այս շաբաթ


1. ՀՕՄի բոլոր միաւորները միասնական կամքով նիւթապէս եւ բարոյապէս սատար կանգնեցան արցախցիներուն

Հայ օգնութեան միութեան Արցախի միաւորի ատենապետուհի Մելանիա Բալայեան լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին խօսած է միաւորին հարցերուն, տեղահանութենէն ետք իրականացուած ծրագիրներուն եւ ընելիքներուն մասին: ՀՕՄ-ի կեդրոնական վարչութեան որոշումով Արցախի միաւորը կը գործէ ՀՕՄ-ի Հայաստանի շրջանային վարչութեան ներքեւ` իբրեւ «Արցախ» մասնաճիւղ՝ պահպանելով մեկուսի կարգավիճակը:

Բալայեան նշած է, որ Արցախի բռնատեղահանումէն ետք առաջնային հարցը կապուած էր Հայաստանի տարբեր բնակավայրերու մէջ սփռուած ՀՕՄ-ուհիներու մասին տեղեկութիւններ հաւաքելու, կապ հաստատելու եւ նոր իրավիճակի մէջ աշխատանքները կազմակերպելու հետ:

Անոր խօսքով` ՀՕՄ-ի կեդրոնական վարչութեան կոչին ընդառաջ, ՀՕՄ-ի բոլոր միաւորները միասնական կամքով նիւթապէս եւ բարոյապէս սատար կանգնեցան արցախցիներուն: Տեղահանութենէն ետք Հայաստանի Շրջանային վարչութեան ծրագիրները ուղղուած էին արցախահայութեան օժանդակութեան, որուն անմիջական մասնակցութիւն ցուցաբերած է ՀՕՄ-ի Արցախի միաւորը` իր գործունէութիւնը շարունակելով ՀՕՄ-ի Հայաստանի շրջանային վարչութեան գրասենեակին մէջ:

«Մեր ՀՕՄ-ուհիները աշխուժօրէն մասնակցեցան արցախահայերուն համար առաջին անհրաժեշտութեան` սնունդի, առողջապահական առարկաներու ու նիւթերու տուփերու պատրաստութեան եւ բաշխումի աշխատանքներուն: Կարճաժամկէտ ծրագիրներով շուրջ 10 հազար ընտանիքներու յատկացուած է տարբեր տեսակի օժանդակութիւն` դրամական, նուէր-քարտերու, սննդեղէնի արկղերու, անկողնային պարագաներու, ծածկոցներու, տաքացուցիչներու, տաք հագուստի, առողջապահութեան պարագաներու տեսքով, որոնք բաշխուած են Հայաստանի բոլոր մարզերուն եւ Երեւանի մէջ ՀՕՄ-ի մասնաճիւղերու եւ ՀՅԴ կոմիտէներու միջոցով», յայտնած է Մելանիա Բալայեան:

2024 թուականի փետրուարին դրամական օժանդակութիւն տրամադրուած է Գորիսի եւ շրջակայ գիւղերու մէջ բնակութիւն հաստատած Արցախէն տեղահանուած 53 կարիքաւոր ընտանիքներու: Օգնութիւնը տրամադրուած էր ՀՕՄ-ի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանին կողմէ, նախապէս ճշդուած ցուցակներով:

Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջանին կողմէ դրամական օգնութիւն տրամադրուած է Խնձրիստանէն տեղահանուած 50 ընտանիքի` առաջնահերթութիւն տալով Խնձրիստանի «Սօսէ» մանկապարտէզներու սանիկներու, զոհուած եւ պայթիւնէն վիրաւորուած, ինչպէս նաեւ բազմազաւակ ընտանիքներու:

Կեդրոնական վարչութեան որոշումով 40 հազար դրամ (100 $) արժողութեամբ «Երեւան սիթիի» սննդային քարտեր տրամադրուած են 847 ընտանիքի: Ծրագրին մէջ ընդգրկուած են 2023 թուականի սեպտեմբեր 19-ին եւ 25-ին մարտական գործողութիւններու եւ պայթիւնի պատճառով զոհուած, անհետ կորած եւ գերի ունեցող ընտանիքները, ինչպէս նաեւ` ՀՕՄ-ի եւ ուղեկից կառոյցներու անդամները:

ՀՕՄ-ի Արցախի միաւորի ատենապետուհիին խօսքով, երկարաժամկէտ ծրագիրներու ծիրին մէջ կը նախատեսուի իրականացնել բնակարանային, աշխատանքի տեղաւորման, հոգեբանական, առողջապահական, իրաւախորհրդատուական ծրագիրներ:

Ան նշած է, որ արցախահայութեան օժանդակութեան ծրագիրներուն զուգահեռ, ՀՕՄ-ի Արցախի միաւորը հետեւողականօրէն շարունակած է նաեւ իր մնայուն ծրագիրները: Կեդրոնական վարչութեան որոշումով «Զոհուած հերոսներու զաւակներ» ծրագրին մէջ ընդգրկուած են նաեւ 19 սեպտեմբեր 2023-ի մարտական գործողութիւններու եւ սեպտեմբեր 25-ի վառելիքի պահեստի պայթիւնին պատճառով զոհուածներու եւ անհետ կորածներու անչափահաս երեխաները: Առ այսօր ծրագրին մէջ ընդգրկուած են 360 նոր երեխաներ:

ՀՕՄ-ի «Կրթաթոշակ» ծրագրի ծիրին մէջ հազարական ամերիկեան տոլար տրամադրուած է 2023-2024 ուսանողական տարուան ՀՕՄ-ի կրթաթոշակի արժանացած Երեւանի համալսարաններուն մէջ ուսանող արցախցի երկու ուսանողներու:

Մելանիա Բալայեան աւելցուցած է, որ այսօր կը փորձեն նոր պայմաններու եւ իրավիճակի մէջ շարունակել ՀՕՄ-ի աշխատանքները: «Տեղ գիւղէն այն կողմ հայրենիք ձգած ենք, բայց այսօր ալ հայրենիքի մէջ ենք, ուստի պէտք է սրբել արցունքները եւ յանուն համազգային տեսլականի շարունակել ՀՕՄ-ի առաքելութիւնը», աւելցուցած է ան:

***

2.«Համախմբել արցախահայութիւնը». թեմակալ առաջնորդը մարզերու մէջ հանդիպումներ ունեցաւ արցախցիներուն հետ

Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպս. Աբրահամեան արցախահայութեան հետ հանդիպումներու օրակարգով այցելեց Հայաստանի տարբեր թեմեր:

Սրբազան հայրը, թեմակալ առաջնորդներու ուղեկցութեամբ այցելեց Արմաւիրի թեմ` Արմաւիր եւ Մեծամօր, Գուգարաց թեմ` Վանաձոր, Շիրակի թեմ` Գիւմրի:

Վրթանէս եպս․ Աբրահամեանը արցախցիներու հետ հանդիպման ժամանակ, Գիւմրի

Հանդիպումներուն մասնակցեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի ընկերային ծառայութեան գրասենեակի փոխտնօրէն Ազատուհի Սիմոնեանը, որ նոյնպէս իր խօսքը հնչեցուց այցելութեան նպատակին եւ հետագայ քայլերուն մասին: Այս շարունակական այցելութիւններուն ներկայ գտնուեցան նաեւ Արցախի թեմի Թեմական խորհուրդի անդամները:

Հանդիպումներուն նպատակը նոյնն էր` համախմբել եւ սրտապնդել արցախահայութիւնը, տեղեկանալ վերջիններուս հարցերուն մասին եւ գտնել համապատասխան լուծումներ:

***

3. Ազրպէյճան միտումնաւոր եւ ծրագրուած կերպով Արցախի բնակչութիւնը ենթարկեց բռնի տեղահանութեան եւ ցեղային զտման

Հրապարակուեցաւ «Freedom House»-ին, «International Partnership for Human Rights»-ին, Ժողովրդավարութեան զարգացման հիմնարկին, Հելսինքեան քաղաքացիական ժողովի Վանաձորի գրասենեակին, Իրաւունքի զարգացման եւ պաշտպանութեան հիմնարկին, «Իրաւունքներու պաշտպանութիւն առանց սահմաններու» եւ Truth Hounds կազմակերպութիւններուն կողմէ pat8astwia] «Ինչո՞ւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հայեր չկան» զեկոյցին ամփոփագիրը: Զեկոյցը կը փաստէ, թէ ինչպէ՛ս Արցախի բնակչութիւնը Ազրպէյճանի կողմէ միտումնաւոր կերպով ենթարկուեցաւ պարբերական յարձակումներու, շրջափակման եւ ահաբեկման, որոնց պատճառով Արցախի հայ բնակչութեան հիմնարար իրաւունքները կոպտօրէն խախտած են` վերջինս զրկելով տարրական կենսապայմաններէն:

Արցախցիներու բռնի տեղահանութիւնը (լուսանկարը՝ «Արմենպրես»-ի)

Զեկոյցին մէջ կը նշուի, որ փաստահաւաք առաքելութեան ընթացքին հաւաքագրուած վկայութիւններու եւ բաց աղբիւրներու մէջ վերլուծութիւնը կ’եզրակացնէ, որ Ազրպէյճանը միտումնաւոր կերպով եւ հաշուարկուած գործողութիւններու միջոցով Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութիւնը ենթարկեց բռնի տեղահանութեան եւ ցեղային զտման:

Վկաներու հետ առաւել քան 330 խորքային հարցազրոյցներու ընթացքին արձանագրուեցան Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ մարդու իրաւունքներու, միջազգային մարդասիրական իրաւունքի եւ միջազգային քրէական իրաւունքի սկզբունքներու կոպիտ խախտումներ:

Փաստահաւաք առաքելութիւնը պարզեց, որ կան բաւարար ապացոյցներ եզրակացնելու, որ Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն գործողութիւնները կը հանդիսանան յանցագործութիւններ՝ Միջազգային քրէական դատարանի Հռոմի կանոնադրութեան համաձայն, ներառեալ՝ 7-րդ յօդուածի (մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններ) եւ 8-րդ յօդուածի (պատերազմական յանցագործութիւններ), եւ կը համապատասխանեն բնակչութեան բռնի տեղահանման սահմանման, ինչպէս նաեւ նախկին Հարաւային Սլաւիոյ հակամարտութեան պարունակին մէջ ՄԱԿ-ի փորձագէտներուն կողմէ սահմանուած ցեղային զտումներու չափանիշներուն:

Նշենք, որ զեկոյցի ամփոփագիրին շնորհահանդէս-քննարկումը տեղի ունեցաւ 1 յուլիսին, Freedom House-ի կողմէ համակազմակերպուող տարեկան երրորդ «Ժողովրդավարութեան հայկական ֆորում»-ի ծիրին մէջ: Զեկոյցի ամբողջական տարբերակը հասանելի պիտի դառնայ այս տարուան սեպտեմբերին։

***

4. Միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնները Արցախի մէջ կատարուածին համար պիտի դիմեն միջազգային քրէական դատարան 

Վերոնշեալ միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնները կը պատրաստուին յառաջիկայ ամիսներուն Ազրպէյճանի դէմ նիւթեր ուղարկել Միջազգային քրէական դատարան՝ Արցախի մէջ կատարուած արարքներուն գծով: 

«Մենք փաստահաւաք առաքելութիւն կատարած ենք եւ ունինք անոր համար բոլոր հիմնաւորումները», 1 յուլիսին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած Ժողովրդավարութեան հայկական ֆորումին ընթացքին յայտարարեց «Միջազգային համագործակցութիւն՝ յանուն մարդու իրաւունքներու» կազմակերպութեան տնօրէն Պրիժիթ Տիւֆուր՝ աւելցնելով. «Մենք ունինք բոլոր մանրամասնութիւնները՝ ցոյց տալու, որ տեղի ունեցաւ մարդոց բռնի տեղահանում, բոլոր ապացոյցները՝ ցոյց տալու, որ կար Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ ստեղծուած շատ բռնի եւ հարկադրող մթնոլորտ մը, եւ այդ բոլորը համատարած էին ու համակարգային»: 

Արցախի հարցով իրաւապաշտպանները կատարած են հսկայական ուսումնասիրութիւն մը՝ զրուցած ականատեսներու հետ, ուսումնասիրած հարիւրաւոր փաստեր եւ բաց աղբիւրներէ ստացուած տեղեկութիւններ: Եզրակացութիւնը յստակ է՝ յանցագործութիւնները, որոնք կատարուեցան Արցախի մէջ 44-օրեայ պատերազմէն ետք, թելադրուած են Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ՝ բարձրագոյն մակարդակով:

«Երբ մենք կ’ուսումնասիրենք այդ փաստերը, ակնյայտ կը դառնայ, որ մեր թիրախը սովորական զինուորը պէտք չէ ըլլայ, այլ՝ բարձրագոյն ղեկավարութիւնը, որովհետեւ տրուած է հրաման մը, հրամաններու շարք մը՝ պաշտօնեաներու կողմէ, որոնք հետեւած են, որ բոլորը իրենց ենթարկուին: Առ այդ, մարդկութեան դէմ այս յանցագործութեան ուղիով ընթանալով՝ պէտք է բարձրագոյն պաշտօնեաներուն հասնինք, որովհետեւ կան ապացոյցներ, որ տեղի ունեցածը համակարգային բնոյթ կը ունէր», յայտարարեց Տիւֆուր:

Իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը կը ծրագրէ յառաջիկայ մէկ ամսուան ընթացքին, այս հարցին վերաբերեալ առաւել ծաւալուն զեկոյց մը ներկայացնել: Կ’ակնկալուի, որ այդ միջոցին իրաւապաշտպանները կը դիմեն Միջազգային քրէական դատարան՝ Պաքուի գործողութիւնները քննելու համար:

***

5. Արցախցի պատասխանատուներ ողջունեցին Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսականներու ներկայացուցած բանաձեւը

Արցախի Ազգային ժողովի նախագահի պարտականութիւնները կատարող Գագիկ Բաղունցը, Արցախի Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեանը, Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան յանձնախումբի անդամ Կարէն Բեքարեանը յայտարարութեան մը միջոցով ողջունեցին 28 յունիսին Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսին ներկայացուած, Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի բնակչութեան նկատմամբ ցեղային զտումները դատապարտող բանաձեւը:

Արցախցի պաշտօնատարները կ’ողջունեն ԱՄՆ քոնգրեսականներ Աննա Էշուի եւ Քրիս Սմիթի կողմէ ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատ ներկայացուած բանաձեւը որ  կը դատապարտէ Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի ապօրինի շրջափակումն ու 2023 թուականի սեպտեմբերին սանձազերծած ռազմական յարձակումը եւ ԱՄՆ նախագահին ու դաշնային համապատասխան մարմիններին կոչ կ’ընէ անյապաղ գործողութիւններ ձեռնարկելու`ապահովելու Արցախի բռնի տեղահանուած ժողովրդի սեփական հայրենիք ազատ եւ անվտանգ վերադառնալու հիմնարար իրաւունքը` անվտանգային ամուր երաշխիքներու տակ, պատժամիջոցներ կիրառելու ռազմական յանցագործութիւնների համար մեղաւոր ազրպէյճանցի պաշտօնեաներու նկատմամբ, մարդասիրական աջակցութիւն ցուցաբերել Հայաստանին` բռնի տեղահանուած արցախցիներու մարդասիրական խնդիրները հասցէագրելու համար, կասեցնելու ԱՄՆ կողմէ Ազրպէյճանին տրուող ռազմական աջակցութիւնը, Ինչպէս նաեւ՝ քայլեր ձեռնարկելու Ազրպէյճանի մէջ ապօրինաբար պահուող հայ ռազմագերիներու, ներառեալ Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան անյապաղ ազատ արձակման եւ Արցախի մէջ հայկական մշակութային ժառանգութեան պահպանման ուղղութեամբ:

 «Լիայոյս ենք, որ կոնգրեսականների կողմից ներկայացուած բանաձեւը պաշտօնապէս կ’ընդունուի Ներկայացուցիչների պալատի կողմից, եւ դրանում ներկայացուած դրոյթները կ’արտայայտուեն ԱՄՆ գործադիրի կողմից վարուող քաղաքականութեան մէջ` նպաստելով Հարաւային Կովկասում արդարացի եւ տեւական խաղաղութեան հաստատմանը», կ’ըսուի յայտարարութեան մէջ:

***

6. Շուշիի մէջ ոչնչացուած են Թանկ-յուշարձանի տարածքին մէջ գտնուող խաչքարերը

Արցախի մշակութային ժառանգութեան մշտադիտարկում իրականացնող monumentwatch.org կայքը կը տեղեկացնէ, որ 2023 թուականի սեպտեմբերին Արցախի ամբողջական բռնագրաւումէն ետք ազրպէյճանականական կողմը առաջին հերթին ցուցադրաբար կազմաքանդեց Շուշի քաղաքի մօտ գտնուող յայտնի թանկ-յուշարձանը: Յիշեցնենք, որ թանկը Արցախի ազատագրական պայքարի եւ յաղթանակ խորհրդանիշն էր։ Այնտեղ յարգանքի տուրք կը մատուցէին Շուշիի ազատագրական պայքարի ժամանակ նահատակուած հերոսներու յիշատակին:

Յակոբ Յարութիւնեանի խաչքարի բացումը՝ թանկ-յուշարձանի տարածքին- 28/5/2021 (լուսանկարը՝ Յունան Թադեւոսեանի)

Իսկ վերջերս, ազրպէյճանցի պլոքըր Քեամրան Ռազմովարը թանկ-յուշարձանի մօտէն հրապարակած է տեսանիւթ, ուր կ’երեւի, որ ազրպէյճանցինեը ոչնչացուցած են նաեւ յուշարձանի մօտ տեղադրուած խաչքարերը, զոհուած ազատամարտիկներու անունները յաւերժացնող յուշատախտակները: Մասնաւորապէս, փշրուած է 44-օրեայ պատերազմին Քարինտակի մէջ զոհուած Յակոբ Յարութիւնեանի յիշատակին տեղադրուած 2021 թուականին տեղադրուած խաչքարը, ինչպէս նաեւ տարածքին մէջ զետեղուած միւս խաչքարերը:

«Ադրբեջանի  համակարգուած արշաւն այս ուղղութեամբ յատկապէս ընդգծւում է  մի քանի նշանակալից խաչքարերի ոչնչացմամբ: Դրանց թւում են  դեռեւս 2020 թուականին ոչնչացուած Հադրութի շրջանի Առաքել գիւղի խաչքարի, քաղաքի ազատամարտիկների յուշահամալիրի խաչքարի, Լաչինի պատմական գերեզմանոցի 14-րդ դարի եզակի խաչքարի, ինչպէս նաեւ 15-16-րդ դարերով թուագրուող մի շարք խաչքարերի ոչնչացումներով: Բացի այդ, ոչնչցուել են նաեւ Շուշիի հայ-յունական հին գերեզմանոցի 12-13-րդ դարերի եզակի խաչքարերը եւ այլ շրջաններում գտնուող խաչքարեր», կը նշուի Monument Watch-ի յայտարարութեան մէջ:

***

7. «Օգնէք մեզ վերածնուել, վերադառնալ». Արցախի հանրային հեռուստատեսութիւնը կը վերսկսի իր գործունէութիւնը

«Արցախի հեռուստատեսութիւնը կը վերսկսի իր գործունէութիւնը։ Թէեւ փոքր կազմով, բայց չափազանց կարեւոր դերակատարութեամբ` անելու հնարաւորը արցախցիների շրջանում սոցիալական կապերի, հայկական ինքութեան արցախեան առանձնայատկութիւնների եւ արցախեան բարբառի պահպանման, արցախցիներին յուզող խնդիրները վերհանելու, դրանց մասին պարբերաբար բարձրաձայնելու ուղղութեամբ», այս մասին կը յայտնէ Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեանը: