Միջազգային ատեանը Պաքուէն պահանջեց վերաբանալ Լաչինի միջանցքը․ Արցախն այս շաբաթ


* Ռուբէն Վարդանեան հեռացուեցաւ պետական նախարարի պաշտօնէն

Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան պաշտօնէն հեռացուց պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանը: Յարութիւնեան յստակ պատճառաբանութիւն չներկայացուց Վարդանեանը իր պաշտօնէն հեռացնելուն վերաբերեալ, այլ ըսաւ. «Մեր բոլորիս եւ պետութեան, բոլոր առումներով դիմադրողականութիւնը չսպառելու համար՝ որոշում կայացուցած եմ Ռուբէն Վարդանեանը ազատելու պետական նախարարի պաշտօնէն»:

Ան այս որոշումին մասին յայտարարեց 23 փետրուարին գումարուած կառավարութեան նիստին, որուն ընթացքին Յարութիւնեան ներկայացուց Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի շրջափակման պատճառով երկրին մէջ ստեղծուած ռազմաքաղաքական եւ ընկերային-տնտեսական իրավիճակը, իշխանութիւններուն կողմէ ձեռնարկուող քայլերը՝ ծագող հարցերը լուծելու ուղղութեամբ:

Արցախի Հանրապետութեան կառավարութեան նիստը, 23 փետրուար 2023

Նախագահը բարձր գնահատեց Վարդանեանի ջանքերը թէ՛ Արցախի մասին միջազգային իրազեկուածութեան բարձրացման, եւ թէ՛ շրջափակման ընթացքին ներքին բազմաթիւ հիմնահարցերու լուծման ուղղութեամբ:

Յարութիւնեան նշեց, որ պետական նախարարի պարտականութիւնները առաջարկած է գլխաւոր դատախազ Գուրգէն Ներսիսեանին՝ հաշուի առնելով անոր մասնագիտական ու մարդկային որակները, աշխատանքին մէջ ցուցաբերած արհեստավարժութիւնը, արդարամտութիւնը, սկզբունքայնութիւնն ու պետականամետութիւնը:

* «Դուրսի ճնշումը իսկապէս շատ մեծ էր». Ռ. Վարդանեան 

Արցախի նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան

«Դրսի ճնշումը իսկապէս շատ մեծ էր», ըսաւ Ռուբէն Վարդանեան՝ անդրադառնալով իր պաշտօնանկութեան պատճառներուն: «Մենք ունինք դուրսի աշխարհ եւ ներսի աշխարհ: Ինծի կը թուէր, որ դուրսի ճնշումը չ’օգներ մեզի ներսը ունենալ իրավիճակ, որ զգանք, թէ կրնանք այս ճնշումին դէմ պայքարիլ աւելի ուժեղ», յայտնեց ան: 

Վարդանեան հաստատեց, որ պիտի չհեռանայ Արցախէն։ «Գիտեմ, որ իմ՝ Արցախ մնալու հետ կապուած ճնշում կայ, բայց նշեմ, որ ես ոչ միայն պիտի չերթամ, այլեւ չեմ պատկերացներ ինծի առանց Արցախի: Ես ուրախութեամբ պիտի շարունակեմ զբաղիլ այն գործունէութեամբ, որ իրականացուցած եմ մինչ այս», ըսաւ ան։

* Միջազգային ատեանը Պաքուէն պահանջեց վերաբանալ Լաչինի միջանցքը եւ մերժեց Հայաստանի դէմ Ազրպէյճանի պահանջը

Լա Հէյի Արդարադատութեան միջազգային դատարանը 22 փետրուարին հրապարակեց Բերձորի (Լաչին) միջանցքը վերաբանալու վերաբերեալ որոշումը՝ հասնելով այն եզրակացութեան (2-ի դէմ 13 քուէներով), որ Ազրպէյճան պարտաւոր է, իր ստանձնած պարտաւորութիւններուն համաձայն ապահովելու անձերու եւ փոխադրամիջոցներու անխափան տեղաշարժը Լաչինի միջանցքով՝ երկու ուղղութեամբ: Դատաւորը նշեց, թէ դատարանը կը նկատէ, որ 12 Դեկտեմբեր 2022-էն ի վեր, Արցախի եւ Հայաստանի միջեւ Լաչինի միջանցքով կապը վտանգուած է, եւ այդ պատճառով կը խոչընդոտուի Արցախ կենսական ապրանքներու ներածումը, ուտելիքի, դեղորայքի եւ կեանք փրկող այլ ապրանքներու պակասի, յառաջացնելով անտեղի ճգնաժամ:

Դատարանը արձանագրեց, որ Ազրպէյճանի նախագահի, Հայաստանի վարչապետի եւ Ռուսիոյ նախագահի 9 նոյեմբերի եռակողմ յայտարարութիւնը կը նախատեսէ, որ Լաչինի միջանցքը պէտք է ապահովէ կապ` Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի միջեւ ու պէտք է մնայ Ռուսիոյ խաղաղապահ ուժերու վերահսկողութեան տակ: Հայաստան 28 Դեկտեմբեր 2022-ին պահանջ ներկայացուցած էր դատարանին՝ նշելով, որ Պաքու կազմակերպած է Արցախի 120,000 հայերու պաշարում՝ պահանջելով ապահովել Լաչինի միջանցքով անխափան ազատ տեղաշարժը։

Դատարանը նաեւ մերժեց Հայաստանի դէմ ժամանակաւոր միջոցներ կիրառելու՝ Պաքուի  դիմումը՝ շեշտելով, որ Հայաստանին իրաւունք չունի պարտադրելու, որ Ազրպէյճանին  ականազերծում իրականացնելու առիթ տայ կամ ականներ տեղադրելը դադրեցնէ:

* «Լա Հէյի դատարանի որոշումները պարտադիր են կատարման համար». Կութերեշ

ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեշ՝ ի գիտութիւն ընդունած  է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի դիմումներու վերաբերեալ ՄԱԿ-ի Միջազգային դատարանի որոշումը եւ յիշեցուցած, որ անոնք պարտադիր են կատարման համար։ Ըստ «Փանորամա»-ի՝ ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարը կ’ողջունէ միջազգային դատարանի նկատմամբ վստահութիւնը, որ ցուցաբերած են Հայաստանն ու Ազրպէյճանը` դիմելով այդ մարմնին տարաձայնութիւնները լուծելու համար:

ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարը նշեց, որ Միջազգային դատարանի որոշումները պարտադիր են կատարման համար եւ կը հաւատայ, որ կողմերը պիտի կատարեն զանոնք, ներառեալ՝ Լաչինի միջանցքով երկու ուղղութիւններով մարդոց, փոխադրամիջոցներու եւ ապրանքների անարգել տեղաշարժի ապահովման մասին որոշումը:

Ան յոյս յայտնեց, որ Հայաստանն ու Ազրպէյճանը պիտի շարունակեն աշխատիլ երկկողմ յարաբերութիւնները բարելաւելու ուղղութեամբ` կոչ ընելով կողմերուն կառուցողական երկխօսութիւն ունենալ:

* Արցախի եւ Ազրպէյճանի ներկայացուցիչները հանդիպած են Ռուսիոյ խաղաղապահներու ներկայութեամբ

Ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատարութեան անմիջական մասնակցութեամբ Արցախի եւ Ազրպէյճանի ներկայացուցիչները հանդիպած են:

Ըստ «Արցախպրես»-ի՝ Արցախի մէջ ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատարութենէն կը յայտնեն, որ հանդիպման ընթացքին պայմանաւորուածութիւններ ձեռք բերուած են Հայաստանէն Արցախը սնուցող միակ ելեկտրագիծը եւ գազամատակարարումը լիարժէք վերականգնելու վերաբերեալ:

Ընկերային եւ մշակութային կեանքը՝ շրջափակուած Արցախի մէջ

Հակառակ 75 օրէ ի վեր Արցախի Հանրապետութիւնը կը գտնուի ամբողջական շրջափակման մէջ, կը դիմագրաւէ բազում դժուարութիւններ եւ մարտահրաւէրներ, սակայն արցախահայութիւնը անկոտրում կամքով կը շարուանկէ ապրիլ, արարել եւ պահել հայրենիքն ու հայկական մշակոյթը։

*Արցախի մէջ մարդասիրական օգնութիւն կը տրամադրուի բազմազաւակ ընտանիքներուն եւ պատերազմէն տուժածներուն

Շարք մը կազմակերպութիւններու եւ անհատներու կողմէ պարբերաբար մարդասիրական օգնութիւն կ’ուղարկուի շրջափակման մէջ գտնուող արցախցիներու համար, որ կը հաւաքագրուի Գորիսի մէջ եւ կարելիութեան պարագային Արցախ կը հասցուի ռուս խաղաղապահներու միջնորդութեամբ:

Արցախի Հանրապետութեան ընկերային զարգացման եւ գաղթի նախարարութեան կողմէ օգնութիւն կը տրամադրուի 4 եւ աւելի երեխաներ ունեցող ընտանիքներու, զոհուած եւ անհետ կորսուած ազատամարտիկներու ընտանիքներու, հաշմանդամութիւն ունեցող անձերու, պատերազմի մասնակիցներու եւ նախարարութեան դիմած ընկերային անապահով ընտանիքներու: Մարդասիրական օգնութիւնը յառաջիկային պիտի բաժնուի այլ խումբերու եւս:

* Ստեփանակերտի մէջ՝ Արցախեան շարժման 35-ամեակին նուիրուած հանդիսութիւն

Արցախահայութեան ազգային-ազատագրական պայքարի՝ Արցախեան շարժման 35-ամեակին նուիրուած հանդիսաւոր նիստը եւ տօնական միջոցառումը տեղի ունեցաւ 20 փետրուարին, Ստեփանակերտի Մշակոյթի եւ երիտասարդութեան պալատին մէջ:

Ներկայ եղան Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան, նախկին նախագահներ Արկադի Ղուկասեան եւ Բակօ Սահակեան, Արցախի պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան, կառավարութեան անդամներ, Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեան, պատգամաւորներ, Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպս․ Աբրահամեան, Արցախի ուժային կառոյցներու ներկայացուցիչներ, զինուորականներ, հոգեւոր այրեր, Արցախեան շարժման գործիչներ, կրթութեան եւ մշակոյթի ոլորտի ներկայացուցիչներ, արտախորհրդարանական քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներ, հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ ուսանողներ:

Հանդիսաւոր ձեռնարկը սկսաւ Արցախի քայլերգով, որմէ ետք ներկաները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին արցախեան ազատագրական պայքարին ընթացքին անմահացած հայորդիներու յիշատակը:

Ելոյթներով հանդէս եկան Վրթանէս եպս․ Աբրահամեան, Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեան, Արցախեան շարժման աշխոյժ անդամներ Սլաւա Առուշանեան, Համլետ Գրիգորեան, Հրանդ Սաֆարեան եւ Ռազմիկ Պետրոսեան:

Արցախեան շարժման 35-ամեակին նուիրուած հանդիսութիւն (լուսանկարները՝ «Արցախպրես»-ի՝)

Գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր մը: 

Նոյն օրը Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ, Արցախի պարախումբերն եւ երիտասարդները պարեցին ազգային պարեր։

* Ստեփանակերտի պատկերասրահին մէջ «Մշուշի միջից» խորագիրով գեղանկարներու ցուցահանդէս՝ նուիրուած Արցախեան շարժման 35-ամեակին

20 փետրուարին, Ստեփանակերտի պատկերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Մշուշի միջից» խորագիրով գեղանկարներու ցուցահանդէսի բացումը՝ նուիրուած Արցախեան շարժման 35-րդ տարեդարձին։ Ցուցադրուեցան Շուշիի Կերպարուեստի թանգարանի հաւաքածուէն փրկուած նմուշներ՝ հայ եւ օտար նկարիչներու կտաւներ։

Ըստ «Արցախպրես»-ի՝ «Շուշի քաղաքի թանգարաններ» կազմակերպութեան տնօրէն Լուսինէ Գասպարեան նշեց, որ 2020 թուականի 44 –օրեայ պատերազմի ընթացքին Շուշիի Կերպարուեստի թանգարանի ամբողջ հաւաքածուն չէ, որ հնարաւոր եղած է փրկել։ «Մինչեւ պատերազմը այս նկարները ժամանակաւորապէս կը գտնուէին Արցախի տարբեր շրջաններու մէջ բացուած տարբեր ցուցադրութիւններու մէջ: 2020 թուականին մեզի պատուհասած պատերազմի հետեւանքով Շուշիի թանգարանին մէջ գտնուող ողջ հաւաքածուն մնացած է թշնամիին», ըսաւ Գասպարեան՝ աւելցնելով, որ ցուցահանդէսին 150 փրկուած գեղանկարներէն ներկայացուցած է 35-ը։

«Մշուշի միջից» խորագիրով գեղանկարներու ցուցահանդէս՝ Ստեփանակերտի մէջ (լուսանկարը՝ «Արցախպրես»-ի)

Արցախի կրթութեան, գիտութեան եւ մշակոյթի փոխնախարար Լեռնիկ Հովհաննիսեանի խօսքով՝ ցուցահանդէսի խորագիրը կը յիշեցնէ բերդաքաղաք Շուշիի մշուշը: «Բոլորս կը յիշենք Շուշիի մշուշը, երբ արեւի ցոլքերն կ’իյնային քաղաքին վրայ, իսկ ներքեւը ամբողջութեամբ մշուշ էր։ Մշուշի մէջէն վեր յառնեցան և փրկուեցան ահա այս նկարները, որոնք որոշ ժամանակ մը կը պահէինք իմ աշխատասենեակիս մէջ: Այս ցուցահանդէսին միջոցով նաեւ ցանկացանք ցույց տալ մեր հայրենակիցներուն, որ ամէն ինչ չէ, որ կորսուած է», նշեց փոխնախարարը՝ համոզում յայտնելով, որ ասիկա պիտի հանդիսանայ այն հիմքերէն մէկը, որ հայը նորէն պիտի երթայ եւ 1846 թուականին կառուցուած շէնքին՝ Շուշիի Կերպարուեստի թանգարանին մէջ, վայելելու ոչ միայն այս ցուցահանդէսին ներկայացուածը, այլ նաեւ այն նկարներն ու կտաւները, որոնք այս պահուն կը գտնուին աշխարհի տարբեր անկիւնները։

*Ստեփանակերտի մէջ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան եւ գիրք նուիրելու օրուան առիթով անցորդներուն գիրքեր նուիրուեցան

Ամենայն Հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան եւ Գիրք նուիրելու օրուան առիթով, 19 փետրուարին, Ստեփանակերտի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հանրապետական գրադարանի ու Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Արցախի գրասենեակի նախաձեռնութեամբ կայացաւ «Ամէն անցորդի մէկ գիրք» ծրագիրը:

Ըստ «Ապարաժ»-ի՝ ծրագրին գլխաւոր նպատակն է նաեւ հասարակութեան մէջ քարոզել գիրք ընթերցելու աւանդոյթի յարատեւութեան կարեւորութիւնը:

Գիրք նուիրելու օրը՝ Ստեփանակերտի մէջ

* Ստեփանակերտի մէջ Ամենայն հայոց բանաստեղծին և Բարեկենդանին նուիրուած ձեռնարկ 

19 փետրվարին, Ստեփանակերտի Պոլ Էլուար ֆրանքոֆոնիայի կեդրոնին մէջ Թումօ ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոնը կազմակերպեց Ամենայն հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան օրուան նուիրուած և Բարեկենդանի նիւթով միջոցառում։

Մասնակիցները իրենց աշխատարաններուն մէջ պատրաստած էին Բարեկենդանը խորհրդանշող տիկնիկներ ու դիմակներ, գունազարդած հայկական աւանդական այս տօնի հետ կապուած հերոսներու պատկերներ։

Ըստ «Արցախպրես»-ի՝ Ստեփանակերտի Թումօ կեդրոնի ղեկավար Խաչատուր Հայրապետեան կարեւոր համարեց հին հայկական աւանդոյթներու պահպանումն ու հանրութեանը ներկայացնելը։ «Ստեղծուած իրավիճակին մէջ այսպիսի միջոցառումները հանրութեան առօրեայ դժուարութիւններէն լիցքաթափելու հնարաւորութիւն կու տան», ըսաւ ան։

Միջոցառման մասնակիցները ընթերցեցին հեքիաթներ՝ Բարեկենդան տօնի աւանդոյթներու ու ծագման մասին։