Արցախի մէջ իրավիճակը օրէ օր կը բարդանայ․ Արցախն այս շաբաթ


* Արցախցիք կը շարունակեն գոյատեւել սրող ընկերային եւ տնտեսական պայմաններու մէջ

Արցախի մէջ օրէ օր իրավիճակը կը բարդանայ եւ կը ծանրանայ: Յիսունչորսերորդ օրն է ազրպէյճանցիներու կողմէ փակ կը մնայ Արցախը Հայաստանին կապող միակ ճամբան: Բերձորի միջանցքի բացման վերաբերող տարբեր երկիրներու եւ միջազգային կառոյցներու կողմէ հնչող կոչերն ու յորդորները կը մնան լոկ խօսքեր, առանց գործնական արդիւնքի։ Արցախցիք կը շարունակեն գոյատեւել սրող ընկերային եւ տնտեսական պայմաններու մէջ։ Արդէն սովորական դարձած են ելեկտրականութեան եւ կազի պարբերական անջատումները, ժամերով հերթերը եւ խանութներու դատարկ ցուցափեղկերը:

Ստեփանակերտէն կը յայտնեն, որ վառելանիւթի (բենզին) պաշարներու սղութիւն կայ: Հայաստանէն Արցախ հասնող կազի դադրեցման պատճառով, առաւել քան մէկ շաբաթէ ի վեր իրենց դռները փակած Արցախի դպրոցները 30 Յունուարին վերսկսան դասաւանդութեան: 29 Յունուարին, կազի մատակարարումը թէեւ վերսկսաւ, սակայն հոսանքի անջատումները կը շարունակուին․ Արցախի մէջ ելեկտրականութիւն կայ օրական միայն 18 ժամ:

Շրջափակման 52-րդ օրը Ստեփանակերտի շուկային եւ խանութներուն մէջ նարինջ, մանտարին եւ ստեպղին սկսաւ վաճառուելու։ Եօթը շաբաթներէ ի վեր, Արցախի մէջ պտուղ ու բանջարեղէն չկային։ Արցախի կառավարութիւնը յայտարարեց, որ այժմ կ’աշխատին նաեւ Ստեփանակերտէն դուրս եւս այս ապրանքները բաշխել:

Կեանքը շրջափակուած Արցախի մէջ

Մինչեւ շրջափակումը ամէն օր Արցախ շուրջ 1000 բեռնատար կը մտնէր, միջանցքի փակումէն ետք, ընդամէնը քանի մը հարիւր ինքնաշարժներ ու բեռնատարներ անցած են Լաչինի միջանցքով: Արցախի պետական նախարարը տարբեր խորհրդակցութիւններու ընթացքին նշեց, որ չնչին ուտելիք եւ առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներ կը մատակարարուին Կարմիր Խաչի եւ ռուս խաղաղապահներուն կողմէ:

Ներքին իմաստով, կացութիւնը որոշ չափով հակակշիռի տակ պահելու եւ չարաշահումներուն առաջքը առնելու նպատակով, կառավարութիւնը կտրօններ բաժնեց քաղաքացիներուն՝ ճշդելով իւրաքանչիւր ընտանիքի բաժինը, անդամներու թիւին համաձայն: Սակայն, արցախցիներ «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեցին, որ կտրօնները կան, սակայն շատեր դրամ չունին գնում ընելու: Արցախցիք կանգնած են նաեւ գիներու բարձրացման դժուարութեան դիմաց: Լուացքի փոշիի մէկ քիլոկրամը հազար դրամ էր, հիմա կը հասնի 1800-ի:

«Ստեղծուած տնտեսական բարդ իրավիճակի պատճառով նախնականօրէն առնուազն 5100 մարդ կորսնցուցած է աշխատանքը եւ եկամտի աղբիւրը», կը նշուի Արցախի տեղեկատուական շտապի հաղորդագրութեան մէջ: Ստեփանակերտի եւ շրջաններուն մէջ բազմաթիւ քաղաքացիներ զրկուեցան ապրուստի իրեն միջոցներէն:

Կառավարութիւնը 1 Յունուարին յայտարարեց, թէ մշակուած է աջակցութեան ծրագիրներ: Անգործ դարձած քաղաքացիներուն մէկ ամսուան համար նուազագոյն աշխատավարձի չափով գումար պիտի տրուի: Մէկ այլ ծրագիրի մը միջոցաւ զաւակներու թիւին համաձայն որոշ գումար պիտի տրամադրուի։

Այս բոլորին զուգահեռ, կեանքը կը շարունակուի Արցախի մէջ. շրջափակման 53 օրերուն ընթացքին 192 մանուկ ծնած է Արցախի մէջ։

4 Փետրուարին Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի ուղեկցութեամբ Արցախէն Հայաստան տեղափոխուած է 6 հիւանդ: Մինչ այսօր Կարմիր խաչի միջնորդութեամբ Արցախէն Հայաստան տեղափոխուած է 70 հիւանդ։

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութենէն յայտնեցին, որ 2 Փետրուարին, Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրակազմի զինուորներուն ընկերակցութեամբ մարդասիրական բեռ հասած է Արցախ: Խաղաղապահները Գորիս-Ստեփանակերտ երթուղիով ընկերակցած են բեռնատարներուն՝ մինչեւ Արցախ: 

Կը նշուի նաեւ, որ Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութիւնը կը շարունակէ բանակցութիւնները ազրպէյճանական եւ հայկական կողմերուն հետ՝ Ստեփանակերտ-Գորիս ճամբով ինքնաշարժներու անխոչընդոտ երթեւեկը վերականգնելու ուղղութեամբ:

* «Մենք ունինք մէկ ճանապարհ՝ սեղմել ատամներն ու առաջ գնալ». Ռուբէն Վարդանեան

 «Եթէ մենք կ’ուզենք, որ Ազրպէյճանը Արցախը հայաթափելու իր ծրագիրներուն մէջ չյաջողի, մենք ունինք մէկ ճամբայ` սեղմել ատամներն ու առջեւ երթալ», 30 Յունուարին Ստեփանակերտի տարբեր թաղամասերուն մէջ բնակչութեան հետ հանդիպումներու ժամանակ ըսաւ Արցախի պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան` շեշտելով. «Այդ կրնանք ընել միայն համախմբուելու միջոցով»:

Պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան հանդիպում կ’ունենայ բնակչութեան հետ (լուսանկարը՝ ԱՀ կառավարութեան)

Հանդիպումներուն մասնակիցները վստահեցուցին, որ ոչ մէկ շրջափակում կրնայ կոտրել հայրենի հողին վրայ իրենց արժանապատիւ կեանքը շարունակելու հաստատակամութիւնը, նշուած է Արցախի կառավարութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ:

Վարդանեան 2 Դեկտեմբերին «Ֆէյսպուք»-ի իր էջին միջոցով ելոյթ ունենալով՝ յայտնեց, որ հանդիպում ունեցած է իր ընկերներուն, գործընկերներուն եւ համախոհներուն հետ՝ Արցախէն, Հայաստանէն եւ Սփիւռքէն, որոնք «անտարբեր չեն եւ ճգնաժամային շրջանին կը շարունակեն մնալ Արցախի եւ այստեղ ապրող 120 հազար հայութեան կողքին»: Տեսանիւթին մէջ Վարդանեան կ’ըսէ.

«Ճգնաժամը մեզի ինքնամաքրուելու եւ հայրենիք, ազատութիւն, յարգանք, արդարութիւն արժէքներու կարեւորութիւնը հասկնալու հնարաւորութիւն տուաւ: Ազրպէյճանը մեծ սխալ թոյլ տուաւ՝ ընտրելով այս ճանապարհը, քանի որ շրջափակումը հնարաւորութիւն տուաւ Արցախի մէջ կրկին զգալու այն ներուժը, որ կար 1988-ին: Ես կը տեսնեմ, որ դիմադրելու ներուժը կը փոխանցուի ոչ միայն Արցախի մէջ, այլ նաեւ ամբողջ հայկական աշխարհի: Ես յաճախ կ’այցելեմ շրջաններ, գիւղերը չունին կազ, լոյս, բայց ինծի կ’ըսեն՝ մենք կը դիմանանք: Ասոնք պարզապէս գեղեցիկ խօսքեր չեն, այլ արցախցիներու մեծ մասի իրական դիրքորոշումը: Շատ դժուար է, բայց խուճապային տրամադրութիւններ առհասարակ չկան: Դուն քեզի հանդէպ յարգանք վաստակելու ցանկութիւնն իսկապէս սքանչելի երեւոյթ է: Ատիկա զգալի էր ոչ միայն 25 Դեկտեմբեր-ի հանրահաւաքին, ատիկա զգալի է ամէն օր, թէեւ իրավիճակը իսկապէս ծանր է»:

* ՀՅԴ ԳԵՄի կազմակերպութեամբ Արցախի շրջափակումը դատապարտող բողոքի քայլարշաւ՝ Օթթաուայի մէջ

Մինչ Արցախի շրջափակումը կ՚ամբողջացնէր իր 50-րդ օրը, աշխարհասփիւռ տարբեր հայկական համայնքներու մէջ ՀՅԴ երիտասարդական միութեան միաւորները բողոքի ցոյցերով դատապարտեցին ազրպէյճանական բռնարարքները։

Ուրբաթ, 27 Յունուարին, Թորոնթոյէն եւ Մոնթրէալէն ՀՅԴ Գանատայի երիտասարդական միութեան (ՀՅԴ-ԳԵՄ) անդամներ Օթթաուայի մէջ բողոքի ցոյց կազմակերպեցին Ազրպէյճանի դեսպանատան դիմաց, պահանջելով գանատական կառավարութենէն, որ դատապարտէ Ազրպէյճանն ու գործնական դերակատարութիւն ունենայ շրջափակման վերջ տալու հարցով։ Դեսպանատան դիմաց անգլերէնով եւ ֆրանսերէնով խօսք առին միութեան ներկայացուցիչները եւ պահանջեցին անյապաղ վերջ տալ շրջափակման։

ԳԵՄ-ի անդամները նաեւ Օթթաուայի «Rideau Mall»-էն ներս տեղեկատուական թռուցիկներ բաժնեցին, որպէսզի գանատացի քաղաքացիներ եւս տեղեակ ըլլան Արցախի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն մասին։

Յիշեցնենք նաեւ, որ 14 Յունուարին, ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան (ԳԵՄ) «Արշաւիր Շիրակեան» մասնաճիւղին կողմէ՝ Վանգուվըրի մէջ տեղի ունեցաւ Արցախի զօրակցութեան հաւաք, որուն ներկայ գտնուեցաւ եւ Արցախահայութեան իր զօրակցութիւնը յայտնեց Պրիթիշ Գոլոմպիայի առողջապահութեան նախարար Ատրիան Տիքս։

* Գանատայի խորհրդարանին մէջ Արցախի շրջափակման նիւթով լսումներ

Հայ դատի Գանատայի յանձնախումբի հետեւողական աշխատանքներուն իբրեւ արդիւնք, 25 Յունուարին, Գանատայի խորհրդարանի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ միջազգային զարգացման մնայուն յանձնաժողովը գումարեց երկու առանձին նիստեր՝ լսելու Արցախի Հանրապետութիւնը ներկայացնող անձերու, ինչպէս նաեւ մասնագէտներու եւ գանատահայութեան ներկայացուցիչներու:

Գանատայի խորհրդարանի նիստերը պատմական էին, որովհետեւ առաջին անգամ ըլլալով Արցախի Հանրապետութեան պետական ներկայացուցիչները հանդէս եկան գանատական խորհրդարանին առջեւ եւ ներկայացուցին Արցախի բնակչութեան պայքարը՝ յանուն արժանապատիւ կեանքի: 

Առաջին հանդիպման մասնակցեցան Գանատայի Հայ դատի յանձնախումբի համանախագահ Շահէն Միրաքեան, դոկտոր Թալին Փափազեան, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի մօտ Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ Ռոբերտ Աւետիսեան եւ Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան: Երկրորդ հանդիպման մասնակցեցան «Միջազգային ճգնաժամային խումբ»ի Հարաւային Կովկասի հարցերու աւագ վերլուծաբան Օլեսեա Վարդանեան եւ Ուինտզըր համալսարանի իրաւաբանութեան դասախօս դոկտ. Քրիստըֆըր Ուաթըրզ: Հրաւիրեալները հանգամանօրէն անդրադարձան ստեղծուած իրավիճակին: Կարեւոր նկատուեցաւ Գանատայի կողմէ Ազրպէյճանի վրայ միջազգային ճնշման գործադրութիւնը, որպէսզի վերջինս վերջ տայ իր ցեղասպանական քաղաքականութեան:

Գանատայի Հայ դատի յանձնախումբը շնորհակալութիւն յայտնեց խորհրդարանական յանձնաժողովի անդամներուն այս կարեւոր հարցին օժանդակելուն համար՝ դիտել տալով, որ հաստատակամ է շարունակելու ջանքերը՝ Արցախի շրջափակման վերջ դնելու եւ Արցախի ձայնը լսելի դարձնելու ուղղութեամբ: 

 * ԵԽԽՎ-ն կոչ կ’ուղղէ Պաքուին՝ ազատ արձակելու հայ գերիները եւ բանալու Լաչինի միջանցքը

26 Յունուարին, Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովը ընդունեց «Յառաջընթացը վեհաժողովի դիտորդական գործընթացներուն մէջ» (Յունուար-Դեկտեմբեր 2022) բանաձեւը: Քուէարկութեամբ ընդունուեցան բանաձեւին մէջ հայկական պատուիրակութեան կողմէ առաջարկուած փոփոխութիւնները` Ազրպէյճանի մէջ պահուող հայ ռազմագերիները անյապաղ ազատ արձակելու եւ Լաչինի միջանցքին վերաբերող Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի միջանկեալ միջոցները կատարելու գծով:

* Երկար բաժանումէն ետք արցախցի մանուկներ տուն վերադարձան

Ստեփանակերտի մէջ, «Մենք ենք, մեր սարերը» յուշակոթողի մօտ, 27 Յունուար 2023-ին դիմաւորուեցան Երեւանէն Կարմիր Խաչին միջնորդութեամբ եւ ընկերակցութեամբ Արցախ վերադարձած տասնհինգ մանուկ-պատանիները եւ անոնց մանկավարժները, որոնք Արցախի շրջափակման պատճառով շուրջ 47 օրէ ի վեր բաժանուած էին իրենց ընտանիքներէն: Անոնք Ստեփանակերտի մանկապատանեկան ստեղծագործական կեդրոնի երգչախումբի սաներն են, որոնք «Մանկական Եւրատեսիլ-2022» երգի մրցումին ներկայ գտնուելու համար մեկնած էին Երեւան:

Կեդրոնի սաները դիմաւորելու եկած էին ծնողները, հարազատները եւ Արցախի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Յասմիկ Մինասեանը:

Իսկ 30 Յունուարին դարձեալ Կարմիր խաչի միջնորդութեամբ Երեւանէն Արցախ վերադարձած են 17 անձիք՝ միանալու իրենց ընտանիքներուն։

* ՀՕՄ-ը տասը թոն պարէնամթերք կը տրամադրէ Արցախին

Հայ օգնութեան միութեան Հայաստանի շրջանային վարչութիւն հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, որ Արցախի մէջ աւելի քան 50 օր շրջափակման մէջ մնացած 120 հազար արցախահայերու դիմագրաւած ճգնաժամը յաղթահարելու համար ՀՕՄ-ի Հայաստանի շրջանը, շուրջ 10 թոն պարէնամթերք յանձնած է Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցչութեան։

«Մենք միշտ Արցախի կողքին ենք։ Օրհասական այս օրերուն կոչ կ՛ընենք ՀՕՄ-ի մեծ ընտանիքին եւ համայն հայութեան՝ օգնութեան ձեռք մեկնելու քաջարի արցախահայութեան, որ հերոսաբար կառչած է պապենական մեր հողերուն եւ արթուն պահակն է արեան գնով ազատագրած իր հայրենիքին։ Արցախը մերն է եւ պիտի մնայ հայկական», կ’ըսուի հաղորդագրութեան մէջ։

* Գանատայի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգերու Թէքէեան մշակութային միութիւնը մարդասիրական աջակցութիւն կը տրամադրէ Արցախցի աւելի քան 200 ընտանիքի

Ըստ «Արցախպրես»-ի՝ Արցախի նախագահի Սփիւռքի հարցերով խորհրդական Ազատուհի Սիմոնեան յայտնած է, որ «Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի Թէքէեան մշակութային միութիւնը կրութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզութեան (ԿԳՄՍ) ոլորտի աշխատողներու, ընդհանուր առմամբ 212 ընտանիքի երկու փուլով տրամադրած է դրամական աջակցութիւն (ծրագրի ընդհանուր պիւտճէն` 21 200 ԱՄՆ տոլար է):

Միութեան Հայաստանեան ներկայացուցչութեան կողմէ գումարը փոխանցուած է ԿԳՄՍ ոլորտի աշխատակից 85 զոհուածներու ընտանիքներու, 127 տեղահանուած, Արցախի Հանրապետութեան մէջ բնակուող եւ գործազուրկ ուսուցիչներու անձնական հաշիւներուն», յայտնեց Սիմոնեան` շնորհակալութիւն յայտնելով Թէքէեան մշակութային միութեանը Արցախի եւ արցախահայութեան նեցուկ կանգնելու եւ աջակցելու համար:

Աւելցնենք, որ Միացեալ Թագաւորութեան Հայ դատի յանձնախումբը (ANC UK) կը յայտնէ, որ բրիտանական Start բարեսիրական հիմնադրամը 350 հազար փաունտ յատկացուցած է՝ Լաչինի միջանցքի շրջափակումէն տուժածներու աջակցութեան համար: