Օրհասական ներկայ վիճակին վերջ տալու պահանջքով համաժողովրդային շարժում․ Արցախն այս շաբաթ


Ստեփանակերտի վերածնունդի հրապարակին վրայ 14 յուլիսին տեղի ունեցաւ համաժողովրդական անժամկէտ շարժման հանրահաւաք։

Մէկ օր առաջ Արցախի դիմագրաւած օրհասական ներկայ վիճակին վերջ տալու համաժողովրդային խաղաղ շարժումի դիմելու կոչ ըրած էր Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Գուրգէն Ներսիսեանը:

Ստեփանակերտի հանրահաւաքէն պատկերներ (լուսանկարնե8ը՝ «Սիվիլնեթ»-ի եւ «Արցախպրես»-ի)

Հանրահաւաքին մասնակցեցան նաեւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան, պետական նախարար Գուրգէն Ներսիսեան, Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեան, պաշտօնատար այլ անձեր եւ հազարաւոր արցախցիներ:

«Արցախի ժողովուրդը 15 յունիսէն, երբ Ազրպէյճանը ամբողջութեամբ փակած է Լաչինի միջանցքը եւ զրկած արցախցիները սահմանափակ մարդասիրական մատակարարումներէն, կանգնած  է ֆիզիքական գոյութեանը սպառնացող վտանգի առջեւ», հանրահաւաքի ժամանակ ըսաւ Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Գուրգէն Ներսիսեան:

«Այսօր արցախցին ոտքի կանգնած է յայտարարելու, որ բաւ է. Ազրպէյճանն ու աշխարհը կ’ուզեն Արցախը դարձնել զոհասեղան, որուն վրայ դրուած է մեր հայրենակիցներու, մեր երեխաներու կեանքը, եւ մենք ատիկա թոյլատրել չենք կրնար: Եթէ 12 դեկտեմբեր 2022-ին արցախցին ստիպուած էր թերսնուիլ, եթէ առողջական խնդիրներ ունեցող մեր տարեցները, երեխաները, ծնողները հարկադրուած էին անցնելու ծանրագոյն կենսական խնդիրներու ընդմէջէն, ապա 15 յունիս 2023-էն մեր ժողովուրդը կանգնեցուցած են ֆիզիքական գոյութեան սպառնացող վտանգի առջեւ: Գրեթէ մէկ ամիս է, որ Արցախը կ’ապրի ներքին պաշարներու հաշուոյն: Այդ ընթացքին բոլորիս համատեղ ջանքերով փորձած ենք իրավիճակը պահել այնպէս, որպէսզի Արցախի շրջափակման այս ծանրագոյն հետեւանքները նուազագոյն ազդեցութիւնը ունենան արցախցիին վրայ` յոյս ունենալով, որ ամենէն կարճ ժամկէտին մէջ միջազգային հանրութիւնը, Ռուսիոյ Դաշնութիւնը, Հայաստանի Հանրապետութիւնը վճռական քայլերու կը ձեռնարկեն այս մահաբեր աղէտի ընթացքը կանգնեցնելու համար: Բայց պարզուեցաւ, որ բոլորը ընդամէնը դիտորդի կարգավիճակով կը հետեւին այդ ամբողջին», նշեց պետական նախարարը` աւելցնելով, որ այսօր իրավիճակը արդէն օրհասական է, իսկ իւրաքանչիւր վաղուան օրը պիտի ըլլայ ալ աւելի ծանր ու դժուար:

«Նորէն ձեր բոլորին անունով կ’ուզեմ գոռալ` մենք արդէն հասած ենք համբերութեան եզրագիծին եւ այլեւս զրկանքներու հաշուոյն ի վիճակի չենք ձեզ ընձեռել քաղաքական խուսանաւումներ կատարելու կարելիութիւններ: Մենք այլեւս ի վիճակի չենք ինքնամոռաց տանջուիլ: Ի վիճակի չենք, որովհետեւ այլեւս հիւծուելու տեղ չունինք: Որովհետեւ որեւէ զիջում այլեւս մեր երեխաներու կեանքի գնով է` Արցախի 30 հազար երեխաներու կեանքի գնով: Մենք մեր երեխաներուն կեանքը երբեք սակարկութեան առարկայ պիտի չդարձնենք», շեշտեց պետական նախարարը:

Այնուհետեւ հանրահաւաքին մասնակիցները երթով շարժեցան դէպի Ռուսիոյ Դաշնութեան խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատարութեան կեդրոնը, որ կը գտնուի Արցախի օդակայանի՝ Իվանեան գիւղի տարածքին մէջ: Հանդիպում ունենալէ ետք հրամանատարութեան հետ, Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Գուրգէն Ներսիսեան յայտնեց, որ Ռուսիոյ Դաշնութեան խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատար Ալեքսանտր Լենցովի հետ պայմանաւորուած են, որ խաղաղապահները ամէնօրեայ դրութեամբ Ռուսիոյ պատկան կառոյցներուն զեկուցեն Արցախի մէջ տիրող իրավիճակը:շ


Համաժողովրդական շարժումին միացան նաեւ Արցախի Հանրապետութեան շրջաններու մէջ

Ստեփանակերտի մէջ մեկնարկած համաժողովրդական շարժումին միացան նաեւ հանրապետութեան շրջանները:

 Փոխադրամիջոցներու վառելիքի սակաւութեան պատճառով` իւրաքանչիւր շրջան տեղւոյն վրայ իրականացուց բողոքի ցոյց: Մարտունի քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ երթ դէպի ռուս խաղաղապահներու տեղակայման վայր:

Երթեր տեղի ունեցան նաեւ Մարտակերտի, Ասկերանի մէջ։

Ասկերանի շրջանի բնակիչները վրաններ տեղադրեցին Իւանեան համայնքին մէջ ՌԴ խաղաղապահ զօրակազմի մշտական տեղակայման վայրի տարածքին մէջ` մինչեւ յստակ լուծում տրուի համաժողովրդական շարժման պահանջներուն:

Արցախի նախագահը դիմած է ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհուրդի անդամ երկիրներու ղեկավարներուն

Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը հրատապ ահազանգ-դիմումներ ներկայացուցած է միջազգային հանրութեան դերակատարներուն` նշելով, որ «Արցախի մէջ առկայ իրավիճակը պայթիւնավտանգ է եւ յղի շատ կարճ ժամկէտի մէջ վերածուելու իրական աղէտի ոչ միայն Արցախի ժողովուրդին, այլեւ` ողջ տարածաշրջանին համար»:

Արցախի նախագահի աշխատակազմէն կը յայտնեն, որ նամակները ուղղուած են ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհուրդի անդամ բոլոր երկիրներու ղեկավարներուն, ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարին, ԵԱՀԿ գործող նախագահին, Եւրոպական Խորհուրդի նախագահին, Եւրոպայի Խորհուրդի գլխաւոր քարտուղարին, ինչպէս նաեւ Հայաստանի վարչապետին:

Նամակներուն մէջ, մասնաւորապէս, ըսուած է.

«Արցախի մէջ ձեւաւորուած ու խորացող անվտանգային ու մարդասիրական ճգնաժամը արագօրէն կը վերածուի աղէտի: Օրէ օր կը սրի մարդասիրական վիճակը, առկայ է սնունդի վատթարացող սղութիւն:

Դեղորայքի, բժշկական ու մաքրութեան պարագաներու աճող պակասը եւ հիւնադներու Հայաստան տեղափոխելու արգելքը ահագնացող վտանգներ կը յարուցեն մարդոց կեանքի ու առողջութեան հանդէպ: ելեկտրականութեան ամենօրեայ անջատումներու ու վառելիքի սղութեան պայմաններուն մէջ մեծ դժուարութեամբ ու խափանումներով կը գործեն բժշկական սարքաւորումները` յանգեցնելով մատուցուող ծառայութիւններու ծաւալներու ու որակի լրացուցիչ նուազման:

Անհրաժեշտ մթերքներու եւ վիթամիններու պակասի պատճառով առաջին հերթին մօտ 2 000 յղի կին եւ շուրջ 30 000 երեխայ ստիպուած են գոյատեւել թերսնման պայմաններու մէջ:

Ազրպէյճանը այսպիսի քայլերով միտումնաւոր կերպով կը ստեղծէ Արցախի ժողովուրդի կեանքի համար անտանելի պայմաններ` նպատակ ունենալով հասնիլ Արցախի հայաթափման եւ Արցախի ժողովուրդի ոչնչացմանը:

Նշուած եւ բազմաթիւ այլ անվտանգային ու մարդասիրական հիմնախնդիրները ահագնացող սպառնալիքներ կը ներկայացնեն Արցախի ժողովուրդի ֆիզիկական գոյութեան համար»:

Կարճ ժամանակով Հայաստանէն Արցախ կազի հոսքը վերականգնելէ ետք Ազրպէյճան դարձեալ խափանեց զայն 

Շրջափակման 209-րդ օրը, ազրպէյճանցիները ընդամէնը քանի մը ժամով վերականգնեցին Արցախի կազամատակարարումը, սակայն ան արցախցիներուն բնակարանները չհասաւ: Մինչ «Արցախգազ»-ը կը նախապատրաստուէր մատակարարման մեկնարկին, Հայաստանէն մտնող կազատարը դարձեալ փակուեցաւ:

Ընդհանուր առմամբ, կազամատակարարումը խափանուած է առաւել քան երեք ամիսներէ ի վեր, իսկ տարեսկիզբէն Հայաստանէն Արցախ հոսանք չի մտներ. տեղական ելեկտրականութիւն կը մատակարարուի միայն քանի մը ժամով: Թէ՛ կազատարը, թէ՛ ելեկտրական գիծը կ’անցնին Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած հատուածով:

Արցախի պետական նախարարի խորհրդական Արտակ Բեգլարեան 9 յուլիսին յայտնեց, որ «երեք ամիս ետք, քանի մը ժամով կազի մակատարարման վերականգնման նպատակը թերեւս տուեալ յստակ պահու արտաքին ճնշումը որոշակիօրէն նուազեցնելն էր, սակայն վստահ եմ, որ շարք մը այլ նպատակներ ալ կը հետապնդեն Ազրպէյճանի իշխանութիւնները, օրինակ՝ երեւէ պահի անակնկալ կերպով միացնել-անջատելու միջոցով յարուցել մշտական անորոշութիւններ եւ տարաբնոյթ բամբասանքներ ու կասկածներ Արցախի բնակչութեան մէջ»։

Ազրպէյճան կ’արգիլէ Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի (ԿԽՄԿ) ինքնաշարժներուն մուտքը Արցախ

Միւս կողմէն Ազրպէյճան դարձեալ փակեց Արցախը Հայաստանին կապող միակ ճամբան՝ Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի (ԿԽՄԿ) ինքնաշարժներուն դիմաց։ Պաքու իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ պատճառաբանեց, թէ 1, 3 եւ 5 Յուլիսին, Լաչին անցակէտէն Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի ինքնաշարժներով փորձ կատարուած է մաքսանենգութեամբ զանազան տեսակի ապրանքներ տեղափոխել Լեռնային Ղարաբաղ։  Ըստ վերոնշեալ հաղորդագրութեան՝ Հայաստանէն Արցախ ուղղուող հայերուն կողմէ տեղափոխուող «ապօրինի բեռներուն մէջ եղած են մասնաւորաբար ծխախոտ, բջիջային հեռաձայնի պաստառներ եւ պենզին»:

Ազրպէյճանի պետական սահմանապահ ծառայութիւնը տեղեկացուց, թէ յարուցուած է քրէական գործ. անցակէտը փակուած է մինչեւ քննութեան աւարտը:

Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէն յայտարարութեամբ մը անդրադարձաւ դէպքին՝ նշելով, որ նման քայլի դիմողները իրենց աշխատակիցները չեն, այլ պարզապէս իրենք ինքնաշարժին վրայ Կարմիր Խաչի նշանակը փակցուցած էին։

Կարմիր խաչի օգնութեան խոչընդոտումը պատերազմական յանցագործութիւն է. Ստեփանակերտ

Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութեամբ մը շեշտեց, որ Ազրպէյճան պարտաւոր է չարգիլել Լաչինի միջանցքով Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի (ԿԽՄԿի) ինքնաշարժներու երթեւեկը եւ մարդասիրական օգնութեան մատակարարումը պաշարուած Արցախ՝ դիտել տալով, որ տուեալ պարտաւորութեան խախտումը կը հանդիսանայ Ժընեւի ուխտի դրոյթներու լուրջ խախտում եւ կը նկատուի պատերազմական յանցագործութիւն։

Ան անհրաժեշտ համարեց, որ միջազգային հանրութիւնը դատապարտէ Ազրպէյճանի ապօրինի գործողութիւնները եւ ճնշում գործադրէ` վերականգնելու Լաչինի միջանցքով մարդասիրական փոխադրումները եւ բժշկական տարհանումներ իրականացնելու ԿԽՄԿ հնարաւորութիւնը, ինչպէս նաեւ հաւաքական ջանքեր գործադրէ` պաշտպանելու Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը: «Հերթական անգամ կը յիշեցնենք, որ խաղաղ գործընթացին մէջ ներգրաւուած բոլոր կողմերը պատասխանատուութիւն կը կրեն Արցախի արդէն 7 ամիս շարունակուող յանցաւոր շրջափակումը վերացնելու եւ Ազրպէյճանի կողմէ 9 նոյեմբեր 2020-ի Եռակողմ յայտարարութեամբ ստանձնած  պարտաւորութիւններու, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի միջազգային դատարանի որոշումներու լիարժէք կատարումը ապահովելու համար», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

Արցախի մէջ ստեղծուած անմարդկային կացութիւնը լուսարձակի տակ առաւ նաեւ Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեանը։

«Արցախի մէջ իրավիճակն օրհասական է: Մէկ ամիս շարունակ Արցախը ամբողջութեամբ կտրուած է մարդասիրական հասանելիութենէն` բառի բուն իմաստով պաշարուած Ազրպէյճանի կողմէ: 15 յունիսէն սնունդի, կենսական նշանակութեան ապրանքներու ներմուծումները դիտաւորեալ ամբողջական արգելափակումը կը սպառնայ 120,000 մարդու կեանքին: Ազրպէյճանը երէկուընէ արգելափակած է նաեւ Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի կողմէ դէպի Արցախ դեղորայքի ներկրումները եւ բուժառուներու փոխադրումները: Խաղաղապահները իրենց պահպանման համար ուղղաթիռներով ներկրումներ կ’ընեն, երբ Արցախի ամբողջ բնակչութիւնը կը մատնուի սովի, իսկ միջազգային դերակատարները յայտարարութիւններէն բացի այլ քայլեր չեն ձեռնարկեր: Միջազգային հանրութիւնը կը սպասէ հազարներով մարդիկ մեռնին, որպէսզի յետոյ երկերեսանիօրէն ափսոսանքներ արտայայտէ: Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէէն կը պահանջեմ վառել մարդոց ցեղասպանուելու վտանգի ահազանգի կարմիր կոճակը: Դուք ատիկա կրնաք ընել: Իմ ժողովուրդը մատնուած է յանցաւոր անտարբերութեան` բոլորին կողմէ: Կը կրկնեմ` Արցախի մէջ իրավիճակն օրհասական է», ահազանգեց Ստեփանեան։

«Մեզի կ’ուզեն դանդաղ սպաննել» Արցախը սովի եզրին է

Արդէն 7 ամիս պաշարուած Արցախի մէջ մարդասիրական ճգնաժամը զսպելը օրէ օր աւելի կը բարդանայ: Ներքին միջոցներու հաշուին, կ’ըսեն արցախցները, որոշ ժամանակ կարենան դիմանալ, բայց եթէ Ազրպէյճանը շարունակէ լիակատար շրջափակման մէջ պահել Արցախն ու արգելիլ մարդասիրական բեռներու փոխադրումը, կրնայ բառի բուն իմաստով սով սկսիլ:

«Միրգ չունինք, եթէ նոյնիսկ գիւղէն ալ գայ, շատ թանկ է, ի հարկէ, գրեթէ ոչ մէկը չի կրնար գնել: 2000 դրամէն կը սկսի խնձորը, վարունգը` 1500, լոլիկը` 2500: Միայն տաւարի միս կը վաճառուի, շատ թանկ է, թռչնամիս առհասարակ չունինք», NEWS.am-ի հետ զրոյցի ժամանակ կ’ըսէ Ասկերանի բնակչուհի Գայիանէ Չալեանը:

«Բրինձը, հնդակաձաւարը, ձէթը, շաքարաւազ վաճառքի չկան, ժամանակ առ ժամանակ կը տորին քաղաքացիներուն։ Ալիւր ընդհանրապէս չի տրամադրուիր», կը նշէ Ստեփանակերտի բնակչուհի Մարիետա Շահնազարեանը:

Պաշարուած Արցախի մէջ պարէնի պակասը կրնայ սովի մատնել բնակիչները

Արդէն 7 ամիս պաշարուած Արցախի մէջ մարդասիրական ճգնաժամը զսպելը օրէ օր աւելի բարդ կը դառնայ: Ներքին միջոցներու հաշուին, կ’ըսեն արցախցները` որոշ ժամանակ կարնան դիմանալ, բայց եթէ Ազրպէյճանը շարունակէ լիակատար շրջափակումը ու արգիլէ մարդասիրական բեռներու փոխադրումը, կրնայ սով սկսիլ:

«Սա պատերազմի տեսակ է, մեզի դանդաղ մահուան կը տանին», կ’ըսէ Մարիետա Շահնազարեանը:

Լիակատար շրջափակման հետեւանքով դեղարանները մանկական կերեր եւ ծանր հիւանդութիւններու համար ցուցուած դեղեր չեն ստանար: Յղիները վիթամիններ չընդունելու հետեւանքով պտուղը կորսնցնելու կամ թերհաս երեխայ ունենալու լուրջ վտանգի առջեւ են:

Արցախի մէջ այս օրերուն նաեւ վառելիքի սուր պակաս կայ, ինչը գրեթէ կաթուածահար ըրած է երթեւեկը: Միջքաղաքային փոխադրումները օրը մէկ կամ երկու անգամ կ’իրականացուին. շրջաններու բնակիչները շատ անգամ չեն կրնար քաղաքներ հասնիլ:

Ազրպէյճանը կրակած է գիւղատնտեսական աշխատանքներ կատարող քաղաքացիներու ուղղութեամբ

Արցախի պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութիւնը կը տեղեկացնէ, որ 15 յուլիսին ազրպէյճանական կողմը հրաձգային զէնքէ կրակած է Ասկերանի շրջանի Ներքին Սզնէք համայնքին մէջ գիւղատնտեսական աշխատանքներ կատարող քաղաքացիներու ուղղութեամբ: Այս փաստը կոծկելու համար՝ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հերթական ապատեղեկատութիւնը տարածած է, իբր թէ հայկական պաշտպանութեան բանակի ստորաբաժանումները փորձած են Ասկերանի շրջանին մէջ իրականացնել ամրաշինական աշխատանքներ, որոնք իբր թէ խափանուած են ազրպէյճանական կողմէ։

Ներքին Սզնէք (լուսանկարը՝ «Ապարաժ»-ի)

«Այս կերպով Ազրպէյճանի ՊՆ-ն կը փորձէ հիմնաւորել իր ստորաբաժանումներու կրակը գիւղատնտեսական աշխատանքներ կատարող քաղաքացիական անձերու ուղղութեամբ», կը նշուի Արցախի ՊՆ հաղորդագրութեան մէջ։

«Հայաստանը պէտք է բանաւոր իր յայտարարութիւնները ամրագրէ թուղթի վրայ». Ալիեւ

Պաքուի մէջ տեղի ունեցած խորհրդաժողովի մը ընթացքին, Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարեց, որ «Հայաստան պէտք է երկկողմ յարաբերութիւններու կարգաւորման վերաբերեալ իր` բանաւոր կատարած յայտարարութիւնները ամրագրէ թուղթի վրայ»:

«Եթէ նախորդ տարուան հոկտեմբերին Հայաստան ճանչցաւ Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը, ինքնիշխանութիւնը եւ սահմանները, այս տարուան մայիսին աւելի հեռուն գնաց` պաշտօնապէս ճանչնալով Ազրպէյճանի տարածքի բոլոր բաղադրիչները, ներառեալ Ղարաբաղը եւ միջերկրային գիւղերը: Այս մէկը պէտք է դրական փաստ նկատել:  Այժմ, սակայն, եկած է այդ խօսքերը թուղթի վրայ ամրագրելու ժամանակը, որպէսզի անոնց տակ ստորագրութիւններ դրուին եւ յարաբերութիւնները կ’արգաւորուին», յայտարարեց Ալիեւ:

Իր հերթին Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով 9 իւլիսին յայտարարեց, որ Պաքուի առաջնահերթութիւնը «44-օրեայ պատերազմի արդիւնքներուն ամրագրումն է»: 

«44-օրեայ հայրենական պատերազմէն եւ անոր մեր յաղթանակէն ետք մեր գլխաւոր առաջնահերթութիւնը այդ յաղթանակի ամրագրումն է իրաւական եւ դիւանագիտական մակարդակներու վրայ, անոր ընդունումը` միջազգային հանրութեան կողմէ: Ասոր զուգահեռ կը շարունակուին այս հարցը բանակցութիւններու սեղանին շուրջ լուծելու ուղղութամբ ջանքերը», յայտարարեց ան:

Պայրամով նաեւ մեկնաբանեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովայի` Բերձորի միջանցքի փակման վերաբերեալ յայտարարութիւնը, նշելով, որ լսած է կոչերը եւ պէտք է վերլուծել, սակայն Ազրպէյճան իր քաղաքականութիւնը կը վարէ ոչ թէ ոեւէ մէկուն կոչերով առաջնորդուելով, այլ` ազգային իր շահերէն մեկնելով:

Յիշեցնենք, որ Զախարովա մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Ազրպէյճանին կոչ ուղղեց ապաշրջափակելու Լաչինի միջանցքը, ապահովելու անոր միջոցով քաղաքացիներու, փոխադրամիջոցներու եւ բեռներու` քաղաքային նպատակներով անխոչընդոտ տեղաշարժը: