Թորոնթոյի Սուրբ Երրորդութիւն hայաստանեայց առաքելական եկեղեցին 95 տարեկանը բոլորեց


Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան

Թորոնթոյի Սուրբ Երրորդութիւն հայաստանեայց առաքելական եկեղեցին 95 տարեկան է։ Եկեղեցին ունի շատ հետաքրքրական պատմական։ Արդեօք ի՞նչ հանգրուաններէ անցած է անիկա՝ միչեւ այսօրուան նորակառոյց եկեղեցին դառնալը։

Թորոնթոհայ համայնքը մօտաւորապէս մէկ դար առաջ ձեւաւորուած է Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ պատմական հիմնադրութեան շուրջ՝ նկատի ունենալով, որ ցեղասպանութենէն փրկուած փոքր թիւով հայորդիներ հաստատուած են Օնթարիօ եւ եղած են եկեղեցւոյ հիմնադիրները։

Թորոնթօ քաղաքի կեդրոնը, Yonge եւ Dundas խաչմերուկին վրայ գտնուող Holy Trinity Anglican եկեղեցին երկար տարիներ կը հիւրընկալէ հայ հաւատացեալները, այսինքն՝ 1928-էն սկսեալ Թորոնթոյի՝ Eaton Centre-ի դրացիութեամբ գտնուող այդ եկեղեցւոյ մէջ հիմնադրուած է Թորոնթոյի Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ արարողական կեանքը, այսինքն` պատարագները, ծէսերը եւ խորհրդակատարութիւնները կատարուած են այդ եկեղեցւոյ մէջ, 1928-էն մինչեւ 1953 թուականը։

Երբ համայնքը քիչ մը աճ կ’արձանագրէ, Թորոնթոյի հայկական առաջին եկեղեցին է, որ կը կառուցուի դարձեա՛լ քաղաքի կեդրոնը գտնուող Woodlawn եւ Yonge խաչմերուկին մօտ ու կը գործէ մինչեւ 1987-ը։ Այդ շրջանին է, որ Միջին Արեւելքէն եւ տարբեր շրջաններէն ներգաղթողերու շնորհիւ համայնքի աճով պայմանաւորուած որոշում կ’առնուի, որ Հայ բարեգործական ընդհանուր միութեան նորակառոյց կեդրոնին կից կառուցուի Ս. Երրորդութիւն առաքելական եկեղեցին, որուն անուանումը կ’ըլլայ ի պատիւ եւ ի երախտագիտութիւն Holy Trinity եկեղեցւոյ, որ տարիներով հիւրընկալեց թորոնթոհայ համայնքը։

Այդ օրերուն եկեղեցին կը փոխադրուի, եւ այսօրուան ներկայ շէնքը կը կառուցուի 1987-ին, օրուան հոգեւոր հովիւը` Հովնան վարդապետ Տէրտէրեանը կ’ըլլայ, որ ներկայիս Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդն է, իսկ այդ օրուան առաջնորդը` Վազգէն արքեպիսկոպոս Քէշիշեանը։ Նոյն տարին եկեղեցին օծուած է երջանկայիշատակ Վազգէն կաթողիկոսի ձեռամբ, հետեւաբար խորանն ու պատերը կը կրեն Վազգէն Վեհափառին օրհնութիւնը։

Թորոնթոյի միջյարանուանական մարմինին մէջ կը գործէ Ս. Երրորդութիւն Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցին՝ Ս. Աստուածածին հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ կաթողիկէ եկեղեցոյ եւ Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ կողքին։

Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցին ներառնուած է ո՛չ միայն թորոնթոհայ կեանքի գործունէութեան մէջ, այլ՝ տարիներու ընթացքին նաեւ բաւական լաւ կապեր հաստատած է քրիստոնեայ` ոչ հայ համայնքներու հետ։

Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ եւ Գանատահայոց թեմի փոխառաջնորդ տէր Զարեհ աւ. քհն. Զարգարեան մօտաւորապէս քսանհինգ տարիներէ ի վեր կը ներկայացնէ գանատահայոց թեմը՝ Գանատայի եկեղեցական ընդհանուր խորհուրդին մէջ, որուն մաս կը կազմեն Գանատայի մէջ գործող բոլոր քրիստոնեայ համայնքներն ու իրենց առաջնորդները։

Այս տարի, 18 նոյեմբերին Գանատայի եկեղեցական ընդհանուր խորհուրդի նիստերէն մէկուն ընթացքին տէր Զարեհ աւ․ քհն. Զարգարեան Արցախի վերջին ծանրագոյն իրավիճակին մասին զեկուցեց։ Նիստին նաեւ առցանց միացաւ Արցախի առաջնորդը։ Այս զեկոյցը շատ կարեւոր եւ յատկանշական էր այն առումով, որ օտարները տեղեկացան արցախահայութեան եւ Արցախին դիմակայած դժուարութիւններուն ու անիրաւ թշնամիին ոտնձգութեան մասին, եւ յառաջիկայ օրերուն անոնք ալ օգնութեան ձեռք պիտի մեկնեն իրենց հայրենիքէն բռնի ուժով հեռացած արցախահայութեան։

Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ հովանիին ներքոյ ծնունդ առած են եւ առ այսօր կը գործեն երկու կազմակերպութիւններ․ առաջինը անկախ կազմակերպութիւն մըն է` «Հայ ընտանիքի ծառայութեան մարմին»-ը (Armenian Family Support Service), որ Թորոնթօ հաստատուող հայորդիներուն ներգաղթը կ’ապահովէ եւ Թորոնթօ եկողներուն կեցութիւնը, կարիքները, աշխատանքը եւ տարբեր կարիքները հոգալու աշխատանքը առաջ կը տանի։ Երկրորդը` «Բարեւ» կեդրոնն է, որուն հիմնական նպատակը իր շուրջ ամփոփելն է կրթական, մշակութային եւ ընկերային կեանքի գործունէութիւնները։ Յատկապէս յիշենք Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ շաբաթօրեայ վարժարանը, որ գրեթէ 60 տարիներու պատմութիւն եւ ներկայութիւն է այս համայնքի կեանքին մէջ եւ սերունդներ դաստիարակած է, ինչպէս նաեւ «Սասուն» պարախումբը, որ աշխոյժ գործունէութիւն կը ծաւալէ մեր համայնքէն ներս։ Եկեղեցւոյ հովանիին ներքոյ կը գործեն նաեւ յանձնախումբեր, որոնք հայ համայնքի զաւակներուն կեանքէն ներս ազգապահպանութեան կարեւոր առաքելութիւն առաջ կը տանին։

Եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 95-ամեակին նուիրուած ճոխ տօնակատարութիւն մը տեղի պիտի ունենար Դեկտեմբեր ամսուան մէջ, սակայն Արցախի ու արցախահայութեան ապրած մղձաւանջինպատճառով ծրագիրները փոխուած են։ Ուստի, շաբաթ, 9 դեկտեմբերին, եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ պաշտօնական ճաշկերոյթ մը տեղի պիտի ունենայ, որուն ընթացքին պիտի ցուցադրուի վաւերագրական տեսերիզ մը, ուր եկեղեցւոյ պատմականին անդրադառնալով մէկտեղ, պիտի ներկայացուին եկեղեցւոյ հիմնադիրները, անցեալի գործունեայ հաւատացեալներն ու եկեղեցին այս օրերուն հասցուցած երեւելի անձնաւորութիւններն ու կարեւոր դէմքերը։

Կիրակի, 10 դեկտեմբերին, Սուրբ եւ անմահ պատարագ պիտի մատուցէ Գանատահայոց թեմի առաջնորդ տէր Աբգար եպս․ Հովակիմեանը։

Կը շնորհաւորենք Թորոնթոյի Սուրբ Երրորդութիւն հայց. առաքելական եկեղեցւոյ 95-ամեակը եւ կը մաղթենք, որ երկար դարեր շարունակէ թորոնթոհայութեան հոգւոյն ծննդավայրը հանդիսացող սուրբ առաքելութիւը։