Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ գումարուեցաւ Թորոնթոյի Միջյարանուանական մարմինի ժողովը


Թորոնթոյի Միջյարանուանական մարմինը գումարեց ժողով մը 21 մարտ 2023-ին, Թորոնթոյի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ դահլիճին մէջ, ներկայութեամբ՝ Ս. Երրորդութիւն հայց. առաք. եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներ` տէր Զարեհ աւ. քհն. Զարգարեանի եւ տէր Հայարի աւ. քհն. Թանաշեանի, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ հայր Եղիա ծվ. Գիրէջեանի, Ս. Աստուածածին հայց. առաք. եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներ՝ հայր Վարդան ծվ. Թաշճեանի եւ տէր Տաթեւ աւ. քհն. Միքայէլեանի, ինչպէս նաեւ Թորոնթոյի Միջյարանուանական մարմնի երկար տարիներու ատենապետ Յակոբ Ճանպազեանի։ Կամքէ անկախ պատճառներով ժողովէն կը բացակայէր Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ ներկայացուցիչը։ Ժողովին հիւրաբար ներկայ էր նաեւ վերջերս Թորոնթօ ժամանած Պոլսոյ պատրիարքութեան միաբաններէն՝տէր Յարութիւն վրդ. Տամատեանը:

Մտերմիկ եւ ուրախ մթնոլորտի մէջ ժողովը արժեւորեց Վարդանանց տօնակատարութեան ձեռնարկը, ապա մշակեց եւ ծրագրեց իր միամեայ գործունէութեան աշխատանքները։

Ժողովի աւարտին հոգեւոր հովիւներու առաջնորդութեամբ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ աղօթք բարձրացուեցաւ առ Աստուած՝ նորոգ վախճանեալ վերապատուելի Եսայի Սարմազեանի եւ տիրամայր Թերէսա Թաշճեանի հոգիներու խաղաղութեան համար։

Եկեղեցիներու հովիւներն ու անոնց ընկերակցող հիւր հոգեւորականը ապա այցելեցին ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանը։ Միջյարանուանական մարմինի անդամները դիմաւորուեցան վարժարանի տնօրէն Րաֆֆի Սարգիսեանի կողմէ եւ ծանօթացան վարժարանի կառոյցին, կրթական ծրագիրին եւ անոր ազգանուէր աշխատանքներուն։

Հիւրերը յաջողութեան ջերմագին մաղթանքներ յայտնեցին ՀՕՄ-ի վարժարանի տնօրէնութեան, կրթական մարմինին, ուսուցիչներուն, աշակերտներուն, ծնողներուն, նուիրատուներուն եւ բարերարներուն ու հոգեկան մեծ բաւարարութեամբ հրաժեշտ տուին բոլորին։