ՀՀ զբօսաշրջութեան պետական կոմիտէի աջակցութեամբ «EXPO GROUP» ընկերութիւնը Երեւանի մէջ կը նախատեսէ կազմակերպել «InTour Expo 2018» 5րդ միջազգային զբօսաշրջային ցուցահանդէս, որ տեղի պիտի ունենայ Ապրիլ 20-էն 22, «Երեւան Էքսփօ» կեդրոնին մէջ։
«InTour Expo 2018» ցուցահանդէսը փորձուած հարթակ է ոլորտի մասնագէտներու եւ սպառողներու շփման եւ համագործակցութեան համար: Ցուցահանդէսը կը բացայայտէ զբօսաշրջային առաջարկներու ամբողջ տեսականին` շրջագայութիւններու կազմակերպում ինչպէս Հայաստան եւ Արցախ, այնպէս ալ աշխարհի տարբեր երկիրներ, օդանաւի տոմսեր, հիւրանոցներու ամրագրում, գործնական պտոյտներ, ապահովագրական ծառայութիւններ եւ այլն:
Ցուցահանդէսին մասնակից կազմակերպութիւններուն կ’ընձեռուին բացառիկ հնարաւորութիւններ` ներկայացնելու զբօսաշրջութեան համար ամենագրաւիչ առաջարկները, իւրօրինակ հանգստեան գօտիները, ինչպէս նաեւ իրենց կողմէ մատուցուող ծառայութիւնները:
Նախորդ տարի ցուցահանդէսին մասնակցած են ոլորտի մէջ աշխատող աւելի քան 90 կազմակերպութիւններ եւ ներկայացուցիչներ, եւ ցուցահանդէսը ունեցած է աւելի քան 5000 այցելու: