Արցախի գոյապայքարը բոլորիսն է, իւրաքանչիւրս իր կարելիութեան սահմանները ընդլայնելով՝ կ՛օժանդակէ հայոց բանակին ու Արցախի մեր հայրենակիցներուն, որոնք կենաց -մահու խնդիրի առաջ կը գտնուին։
Թորոնթոյի Lavash Restaurant-ի տնօրէնութիւնն ու անձնակազմը, նախքան ճաշարանի պաշտօնական բացումը, Արցախի հիմնադրամին իրենց ներդրումը բերելու նպատակով՝ Նոյեմբեր 5- 7-ը (Առաւօտեան ժամը 11-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 8) կ՛ընդունի խորովածներու եւ աղցաններու պատուէրներ, որոնցմէ գոյացած հասոյթը ամբողջութեամբ պիտի յատկացուի Արցախի հիմնադրամին։
Երեք օրերու ընթացքին Lavash Restaurant-էն կատարած ձեր պատուէրներով` համեղ պատառին զուգահեռ նպաստած պիտի ըլլաք Արցախին եւ արցախցիներու։
Ճաշացուցակին կրնաք ծանօթանալ հետեւեալ կապով`