«Հայե՛ր, մեր մայիս 28-ը շնորհաւո՜ր»


Ստորեւ կը ներկայացնենք ՀՅԴ «Սողոմոն Թէհլիրեան» կոմիտէ խօսքը՝ արտասանուած Հայաստանի անկախութեան 105-րդ տարեդարձի տօնակատարութեան ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ Հայ կեդրոնի շրջափակին մէջ՝ 4 յունիս 2023-ին: Խօսքն արտասանեց Ռազմիկ Պէպէճեանը:


Թորոնթոհայե՛ր,

ՀՅԴ «Սողոմոն Թէհլիրեան» կոմիտէի, ինչպէս նաեւ՝ անոր հովանիին տակ գործող բոլոր միութիւններուն եւ կազմակերպութիւններուն անունով կ’ողջունեմ ձեզ:

«Այսօր, կը նշենք Հայաստանի անկախութեան 105-րդ տարեդարձը: Ասոր առընթեր՝ Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան (ՀՄԸՄ) հիմնադրութեան 105-ամեակը, ինչպէս նաեւ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան հիմնադրութեան 95-ամեակը:

Այսպէս ալ պէտք է ըլլայ, որովհետեւ մեծ է ու գերգնահատելի 105-ամեայ ՀՄԸՄ-ին ունեցած դերակատարութիւնը ոչ միայն սկաուտական եւ մարմնակրթութեան կռուան ըլլալու մէջ, այլ նաեւ՝ 105 տարի շարունակ հայապահպանումի եւ հայ անհատի ֆիզիքական եւ բարոյական դաստիարակութիւն ջամբելու, եռագոյն դրօշն ու հայրենիքի սէրը եւ ամէն գնով ազգային դիմագիծն ու ինքնութիւնը պահպանելու իրերայաջորդ սերունդներուն հոգիներուն մէջ:  Իսկ սփիւռքի մէջ, Համազգայինի առաքելութիւնը հայակերտումի աշխատանքի մէջ կարելի չէ բառերով բացատրել։ Վարժարաններ, հիմնարկներ, պարախումբեր, երգչախումբեր, թատերախումբեր, երաժշտանոցներ եւ թուային ծրագիրներ 95 տարի շարունակ վարելն ու արդիականացնելը միայն զոհողութիւն կ’ենթադրէ:

Արդ, հպարտալի երեւոյթ է, յուզումնախառն տօնել մեր պետականութեան եւ երկու հսկայ կազմակերպութիւններու տարեդարձները, նոյնիսկ ծանրագոյն պայմաններու մէջ:

Սիրելիներ,

105 տարի առաջ արիւնով ձեռք բերուած եւ մեզի ժառանգ մնացած փոքրիկ Հայաստանը, Արամ Մանուկեանի եւ Դաշնակցութեան հիմնած պետականութիւնը, այսօր օրհասական վիճակի մէջ են: Իսկ մեր արեամբ ազատագրուած Արցախը՝ կը յանձնուի թշնամիին, հայրենատիրութիւն կատարելու անկարող, հոգեպէս փճացած, քաղաքականապէս բոպիկ, մանկլաւիկ ապազգային իշխանութեան կողմէ:

1918-ի մայիսեան հերոսամարտերը եւ Առաջին Հանրապետութեան օրերու Լեռնահայաստանի ինքնապաշտպանութիւնը կասեցուցին եւ ձախողցուցին համաթուրանական դարերու ծրագիրը, Թուրքիա-Նախիջեւան-Սիւնիք-Ազրպէյճան-Կեդրոնական Ասիա ցամաքային կապի իրականացումը, իսկ հայրենի այսօրուան մանկլաւիկներու իշխանութեան գլուխ գալը ամենէն յարմար առիթն էր այս ծրագիրը վերակենդանացնելու: Արցախը Ազրպէյճանի կազմին մէջ ընդունելու Երեւանի դիրքորոշումը այս վտանգը կը մօտեցնէ Սիւնիքին: Պարզ է, որ Արցախով չեն բաւարարուիր դարաւոր երազներ սնուցանած Թուրքիան եւ այժմ` Ազրպէյճանը:

Ճգնաժամային է վիճակը եւ ճգնաժամային պայմաններու յաղթահարումը հաւաքական ճիգ կը պահանջէ:

Պէտք է կասեցնել այս վայրէջքը:

Այս է մայիսեան խորհուրդը:

Միայն մայիսեան խորհուրդին հաւատարիմ պետութիւնն ու հասարակութիւնը կրնան ամենածանր պայմաններուն մէջ միաւորուիլ եւ տէր կանգնիլ հայոց ճակատագիրին:

Քաջ գիտակցելով, որ Դաշնակցութիւնը կերտեց մայիս 28-ը, մե՛նք կերտեցինք մայիս 28-ը, ուրեմն այդ մայիս 28-ով ունեցած մեր այսօրուան հայրենիքին հանդէպ ունինք կարեւոր եւ ամբողջական պատասխանատուութիւն։ Այսօրուան առաջնահերթութիւնն ու հրամայականն է ներքին թշնամին ընդմիշտ չէզոքացնել։

Անկախութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեան մայիսեան օրերուն նոյնպէս կը դիմագրաւէր ներքին թշնամին։ Հայութեան ճակատագիրի տէր Մանուկեան Արամը, ամենայն պատասխանատուութեամբ կարգի հրաւիրեց եւ պատուհասեց սայթաքողներն ու անկախութեան երթը խոչընդոտող բոլոր ներքին թշնամիները։

Սիրելիներ,

Հայաստանի անկախութիւնը եւ հողերուն ամբողջականութիւնը վտանգուած են:

Երկրին ու պետութեան գլխաւոր երաշխաւորը` բանակը, որուն հիմերը կ’երկարին մինչեւ Առաջին Հանրապետութեան օրերը, իրողապէս թողլքուած եւ անգլուխ վիճակի մէջ է:

Արցախի պաշտպանութեան հարցը դուրս ինկած է գործօն օրակարգէն, դարձած է նաեւ միջազգային աճուրդի առարկայ…

Հայրենիք ու անկախ պետականութիւն ունենալու մեր իրաւունքին տէր դարձած ենք պայքարով եւ մեր նուաճածը պիտի պահենք նոյնպէս վճռական պայքարով, անյուսահատ ու աներեր:

Կը մնայ, որ մտահան չընենք պատգամը, որ մինակ ենք, ուրեմն նաեւ` միասնական, բռնցքուած:

28 մայիս 1918-ին անկարելին դարձաւ կարելի:

Պարտաւո՛ր ենք Հայաստանին, Արցախին եւ համայն հայութեան վերադարձնել արժանապատուութիւնը՝ դարձեալ անկարելին դարձնելով կարելի, որովհետեւ «Երբ չի մնում ելք ու ճար, խենթերն են գտնում հնար…»։

Հայե՛ր, մեր մայիս 28-ը շնորհաւո՜ր: