Հօրս խանութը եւ իր յաճախորդները


Արշօ Զաքարեան

Հօրս նպարավաճառատունը կը գտնուէր Գահիրէի բանուկ փողոցներէն Ապտ էլ-Ազիզի վրայ, որ կը ճիւղաւորուէր Աթապա հրապարակէն, որ Գահիրէի կեդրոնական վայրերէն մէկն էր։ Այդ հրապարակը նաեւ ունէր ամէնէն մեծ հրշէջներու կայարանը, հանրակառքերու կեդրոնը, նամակատան մայր գրասենեակը, կեդրոնական ժամացոյցը եւ այլն։

Հայրս իր խանութը կը պահէր միշտ մաքուր, կոկիկ եւ հրապուրիչ։ Յաճախորդները հեռու տեղերէ կու գային, որովհետեւ վստահութիւն ունէին ուտեստեղէններու որակին, մաքրութեան եւ կշիռքին վրայ։ Առաւել` ապրանքները ապահով ձեւով կը ծրարուէին։ Յաճախորդները նաեւ լայն ընտրութիւն ունէին պանիրներու տեսակներէն, ընտիր ապուխտէն, իտալական մորթոտելայէն, թարմ մածունէն, անգլիական թէյէն, յունական ձիթապտուղներէն, թթուաշներէն, պահածոյի տուփերէն, ֆրանսական Ֆինօ հացէն, մինչեւ պաղ տեղական գարեջուրը, զովացուցիչները, արտասահմանեան ըմպելիները։ Ամէն օր, երկու անգամ, խանութը եւ ցուցափեղկերը բծախնդրօրէն կը մաքրուէին եւ առիթ չէր տրուեր ճանճերուն, մրջիւններուն եւ մուկերուն, որ մուտք գործեն ուտելիքի այս դրախտավայրը։ Հայրս կը վայելէր դրացի խանութպաններուն յարգանքը եւ համարումը։ Այս մէկը աւելի ակներեւ դարձաւ , երբ իր կեանքի վերջընթեր տարին լուրջ գործողութեան եւ երկարատեւ բուժումի ենթարկուեցաւ։ Ամէն քայլափոխիս դէպի հիւանդանոց, կը կեցնէին զիս եւ բարեմաղթութիւններ, բարեւներ եւ աղօթքներ կ’ուղարկէին հօրս։

Յետադարձ նայուածքով, կը հիանամ հօրս աշխատասիրութեան, բարոյական անխախտ սկզբունքներուն եւ զօրաւոր կամքին։ Ցնցոտիներով հասած էր Եգիպտոս 14 տարեկանին եւ 14 տարիներ ետք իր անձնական խանութը բացած էր։ Յաջողած է սորվիլ լեզուներ, ինչպէս՝ հայերէն, արաբերէն, ֆրանսերէն եւ յունարէն։ Զարմանալի չէ, որ 32 տարիներ, 1936-էն 1968, զանազան ազգերէ իր յաճախորդները անոնց սիրած լեզուով կը սպասարկէր։ Ինչպէս որ իր հայ վարպետները իրեն առիթը տուին սորվելու, ապա ինքնավար ըլլալու, ինքն ալ իր աշկերտներուն նոյնը ըրաւ։ Քաջալերեց զանոնք, երբ անոնք ուզեցին խանութներ բանալ։ Անոնք ալ երբեք չմոռցան զինք․ միշտ պատրաստակամ եղան օգտակար ըլլալու։

Հայրս մահուան ահռելի ճամբաներէն վերապրող էր եւ իր դպրոցական տարիները կորսնցուցած էր եւ անյագ ծարաւը ունէր դէպի գիտութիւն եւ ուսում․ այդ կրծող փափաքը միշտ վառ մնացած էր։ Բոլոր զաւակներուն ուղարկեց Գահիրէի լաւագոյն վարժարանները եւ օրական 14 ժամ աշխատելով հոգաց մեր ծախսերը առանց տրտունջի։ Զգաց, երբ տկար էինք եւ յատուկ դասերու կարիքը ունէինք։ Որպէս այրի, նաեւ միշտ աչալուրջ պէտք է ըլլար մեր դպրոցական կեանքէն դուրս անցուդարձերուն։ Մեզի գրպանի ծախս չէր տար այլ կը պայմանաւորուէր, որ մեր երթալիք տեղէն առաջ հանդիպինք խանութ, ստանանք մեր ծախսը եւ անպայման վերադարձին դարձեալ խանութէն անցնինք։ Այս համաձայնութիւնը առիթ եւ պատճառ կը դառնար, որ մենք նշմարէինք իր յատուկ յաճախորդները, հետեւէինք եւ անդրադառնայինք անոնց։

Kodak Կարoն ունէր բացառիկ ուշիմ աղջիկ մը` Շաքէն, որ բոլոր ուսուցիչներուն եւ տնօրէններուն յանձնարարութեամբ ԱՄՆ ուղարկուեցաւ ուսումը շարունակելու եւ ամբողջացնելու։ Թէ՛ հպարտութիւն էր եւ թէ՛ մտահոգութիւն էր Կարոյին համար աղջիկը ուղարկել անծանօթ վայրեր։ Kodak-ը իր աշխատատեղին էր, մեծ լուսանկարչական ընկերութիւն մը։ Կարօն կրցած էր իր ասպարէզը գտնել եւ հմտանալ որբանոցի կեանքէն վերջ։ Կարոյին տղան՝ Շահանը, աչքին լոյսն էր։ Կարօն իր սակաւախօսութեամբ, համեստութեամբ եւ օգտակար ըլլալու պատրաստակամութեամբ սիրելի էր բոլորին։ Ընտանեօք փոխադրուեցան Գանատա։ Չեմ գիտեր ինչպէս եղաւ հօրս եւ Կարոյին բաժանումը։ Բայց երկուքն ալ համոզուած էին՝ իրենց զաւակներուն ապագային համար պէտք է քանդել լման կեանքի մը ասպարէզը, նուաճումները եւ տունը ու նորէն սկսիլ անորոշ վայրի մը մէջ, ովկիանոսին միւս կողմը։

Պարոն Փարիզիէնը, հօրս յաճախորդներէն էր, կարճ տաբատով եւ գլանիկով կու գար։ Մեզի՝ պատանիներուս տպաւորած էր։ Այդ տարիներուն, Եգիպտոսի կիզիչ տաքին իսկ, ընդունուած չէր, որ տղամարդիկ կարճ տաբատներ հագնին։ Բուն անունը Օննիկ էր, բայց այդ մէկը մէջտեղ ելաւ, երբ այլեւս ծերանոց պիտի երթար։ Աշխարհը իրեն կը ճանչնար որպէս պարոն Փարիզիէն։ Յաճախ իր նախաբաններուն մէջ կ’ըսէր «Երբ Փարիզ էի…», ապա բաղդատութիւններ կ՚ընէր, կամ կարծիքներ կու տար։ Ի՜նչ հետաքրքրական էր, երբ տեղեկացանք, որ Գրիգոր Զոհրապի զարմիկն էր եւ կրցած էր ազատիլ, երբ բռնուած էր կեղծարարութեան մէջ։ Ամուրի էր, հօրս խանութին մօտ էր իր բնակարանը։ Ժամանակ մը բացակայեցաւ, օր մը իր եգիպտացի դրացիներէն մէկը եկաւ ըսելու, որ «էլ-խաուակա»-ն (օտարականը) շատ հիւանդ է եւ քեզ կը փնտռէ։ Հայրս գնաց մաքուր փոխնորդ, գիշերանոց եւ անձեռոց տարաւ հետը։ Յաջորդ այցելութեան մօտակայ ճաշարանէն տաք ապուր տարաւ։ Անմիջապէս լուր ուղարկուեցաւ հայկական ծերանոցի պատասխանատուներուն, որ ընդունին այս միայնակ հայորդին։ Վերջապէս կազդուրուեցաւ եւ փոխադրուեցաւ ծերանոց, որ կը գտնուի Հելիոպոլիս, Գահիրէի մէկ արուարձանը։ Իր ոսկեզօծ ինքնահոս գրիչը մեզի նուիրեց։ Երբ առողջութիւնը վերագտաւ, ամիսը մէյ մը կ՚առնէր metro-ն՝ Հելիոպոլիսէն Գահիրէ փոխադրամիջոցը, եւ կու գար հօրս նպարավաճառատունը հետը յատուկ ապսպրանքներով։ «Նշանը քառորդ քիլօ ապուխտ կ՚ուզէ, Արթին Աղան երշիկ» եւ այլն։ Այդ օրը մեզի կը գիշերէր, յաջորդ առաւօտ իր ծրարներով կը վերադառնար։ Իր կեանքի վերջին արարին գտաւ իր հայ տունը։

Ամէն կէսօրէ վերջ, ժամը մէկէն երեք, Սեդրակը կու գար։ Միւս գործաւորներուն եւ պաշտօնեաներուն պէս չէր կրնար կէսօրուան ժամերուն տուն երթալ, ճաշել, հանգստանալ եւ գործի վերադառնալ։ Տունը հեռու էր։ Սեդրակը որբ էր, ոչ մէկ ազգական ունէր, հօրս տարեկից էր, երկուքն ալ «Յուսաբեր» թերթի հաւատաւոր ընթերցողներ էին եւ յաճախ օրուան անցուդարձերը իրարու հետ կը վերլուծէին։ Սեդրակը օր մը պատմեց, որ երբ որբերը հաւաքած են, ինք երկու անգամ որբանոցէն փախած է եւ վերադարձած իր քիւրտ ընտանիքին քով։ Իր ծնողքէն յիշատակներ չունէր։ Իր վերջին վարպետը իրեն նման որբ մըն էր, որ յաջողութիւն գտած էր գործին մէջ։ Հասկցած էր Սեդրակը, յարգանքով եւ առատաձեռնութեամբ կը վարձատրէր։ Վերջապէս, այդ գործին մէջ գտաւ իր տեղը։ Երբ վերջնական Գանատա պիտի մեկնէինք, մեր վերջին 10 օրերը Սեդրակին եւ իր ընտանիքին հետ անցուցինք։ Դժուար էր այս երկուքին բաժանումը։ Սրտակից եղբայրներ էին։ Իրարու ցաւերը շատ լաւ գիտէին։ Սեդրակին վերջին խօսքը եղաւ. «Եթէ իր տղաքը լաւ պիտի չնային Սահակիս, ետ բեր զինք, ես հոգ կը տանիմ»։ Երկա՜ր տարիներ տօնական օրերու բացիկներ ուղարկեցին իրարու։ Հօրս վաղաժամ մահը ցնցած էր զինք։ Տասնմէկ տարիներ վերջ, երբ անակնկալ այցելեցի իրեն, դեռ հօրս կորսնցնելու վիշտը շատ զգալի էր իր մօտ։

Գանատա հաստատուելէս քսան տարիներ վերջ, ՀՕՄ-ի տօնավաճառին, տիկին մը մօտեցաւ, ըսելով՝ «Սահակին աղջի՛կն ես»․ հարցում չէր այլ՝ հաստատում։ «Հօրդ յաճախորդն էի, իմ եղբայրս էր։ Ցաւերս կը պատմէի», շարունակեց ան,- «աղջիկս բաժանումի դժուար պայմաններէն կ’անցնէր։ Հայրդ մտիկ կ’ընէր եւ կ’ըսէր «Համբերէ՛, դուն միայն աղջկադ եւ թոռներուդ տէր եղի՛ր։ Գիտէի, որ ասդին-անդին պիտի չպատմէ»։ Այս որբուհին ալ գտած էր իր եղբայրը։

Գրեթէ ամէն երեկոյ վարպետ փորագրիչ մը կու գար իր եւ եղբօր զաւակներուն համար գնումներ կ’ընէր։ Տարբեր կուսակցութիւններու կը պատկանէին։ Երբեք բախում չունեցան։ Միշտ յարգանքով էին իրարու հանդէպ։ Այս մէկը չէր ամուսնացած, ինչպէս շատ մը որբեր եւ որբուհիներ։ Անոնք չունեցան ծնողներու հոգատարութիւնը եւ առաջնորդութիւնը՝ ամուսնութիւններ կնքելու։

Այս որբերը եւ վերապրողները անքակտելի կերպով կապուած էին իրարու։ Յաճախ անխօս գիտէին իրարու վիշտերը, մինակութիւնը եւ անապահով կեանքը։ Իսկապէս, ասոնք միայն յաճախորդներ չէին այլեւ դաժան կեանքի մը եղբայրներն էին։ Անվերադարձ կորսնցուցած էին իրենց արիւնակիցները՝ բոլոր ազգականները։ Ոմանք կրցած էին իրենց ընտանեկան բոյները կազմել, բայց եւ յաճախ ալ միայնակ մնացած։ Շատերը չվայելեցին ծնողներու գուրգուրանքն ու սէրը, բայց կրցան ներքին բնազդով լաւ հայրեր եւ մայրեր ըլլալ։

Ափսոս, հազար ափսոս, որ այդ օրերուն գիտակցութիւնը չունէի, որ իրենց կեանքը եւ իրենց որբանոցի յիշատակները աւելի մանրամասն պատմել տայի։ Արդեօք ի՛նչ ճամբաներով հասան Եգիպտոս։ Առաջնորդ կամ հոգատար ունեցա՞ն։ Ինչպէ՞ս կրցան սորվիլ եւ հմտանալ իրենց արհեստներուն մէջ։ Իրենց անունները եւ մականունները իսկակա՞ն էին, թէ չունենալով փաստաթուղթ կամ ստոյգ տեղեկութիւն որբանոցը տուած էր այդ անունները։ Ո՞վ բարեխօսած էր, որ գտնեն իրենց կեանքի ընկերները։ Ափսոս, հազար ափսոս, որ այդ կարեւոր տեղեկութիւնները կորսուած են անվերադարձ։ Իրենց մելամաղձոտ աչքերը, կեանքին հանդէպ վերապահ կեցուածքը, սրտակից գտնելու եւ պահելու պահանջքը, իրենց արմատներէն պոկուած ըլլալու ահաւոր արարքը կ’արտացոլար իրենց ամէն մէկ ընթացքէն եւ որոշումէն։ Խունկ եւ մոմ սիրելի՛ որբեր, հօրս սիրելի՛ յաճախորդներ, աւելի ճիշդը՝ երէց եւ կրտսեր եղբայրներ եւ քոյր։