Վարդանին կոչը՝ այսօր


Տարօն սրկ. Հալլաճեան 

Գանատայի ծովային մարզերէն մէկուն մէջ կայ ամրոց մը, որուն անունն է Քուին ֆորթ Անն: Սոյն ամրոցը կառուցուած է ֆրանսացիներու կողմէ եւ որոշ ժամանակ մնացած կ’անցնի անգլիացներու ձեռքը։ Ամրոցին պատերէն մէկուն վրայ պղնձաձոյլ յուշատախտակ մը զետեղուած է՝ ի յիշատակ ֆրանսացի հրամանատարին, որ ամրոցը յանձնեց։ Յուշատախտակին վրայ կը կարդանք. «Ի յիշատակ այս ամրոցին ֆրանսացի հրամանատարին. պատիւ անյաջող իր քաջութեանց»:

Ի՞նչ կը տօնենք կամ կը յիշատակենք Վարդանանցի առիթով․ պարտութի՞ւն կամ յաղթանակ։ Մենք կը ձօնենք այս յիշատակը յաղթանակա՞ծ, թէ պարտուած քաջամարտիկներուն։ 

Եթէ Վարդանանցի հերոսական պայքարը 451 թուականին վերջանար Աւարայրի ազատամարտով, Վարդանանցի նշումը պարզապէս մեր անցեալին պիտի վերագրուէր որպէս սովորական պատերազմ մը, որ կը յիշատակենք իբրեւ անյաջող արշաւ մը, ուր անկան Վարդան հրամանատարը եւ իր 1 036 կտրիճները, զորս վկաներ կը կոչենք։ Վարդանանց պատերազմը սոսկ պատերազմ մը չէր, այլ՝ գոյամարտ մը։ 

Պատմութեան դրուագը սկիզբ առաւ 26 մայիս 451 թուականին, Աւարայրի ազատամարտով, սակայն պատմութիւնը հոն կանգ չառաւ։ Վերջ չգտաւ պատերազմը Վարդանի եւ իր 1 036 զինակիցներուն նահատակումով։ Այլ, Վարդանանց պատերազմը տեւեց երեսուներեք տարի եւ աւարտեցաւ Նուարսակի յաղթական դաշնագրով, որ ստորագրուեցաւ 484 թուականին։ Ուստի, այս հերոսական պատերազմը կրնայ բացատրուիլ որպէս դէպքերու շղթայի մը մէկ օղակը, որ սկիզբ առաւ Աւարայրի պարտութենէն եւ յաղթանակով պսակուեցաւ Նուարսակի մէջ։ 

Նահապետական տոհմի պատկանող Վարդան Մամիկոնեանն էր, որ ձեռնհաս ղեկավարութեամբ ընդդիմութիւնը առաջնորդեց Պարսից Հազկերտ Բ. թագաւորին եւ իր երեք հարիւր հազարէն աւելի զինուորներով բաղկացած բանակին դէմ։ Թշնամին հայերէն կը պահանջէր, որ անոնք թողուն իրենց պապենական հաւատքը եւ դառնան զրադաշտական, կրակապաշտ եւ բազմաստուածեան կրօնքին։

Զանազան հայ նախարարութիւններէ զօրքեր կազմած էին վաթսուն վեց հազար մարտիկներով բաղկացած բանակ մը՝ Վարդան Մամիկոնեանի հրամանատարութեամբ, որ ջանաց պատերազմիլ ու կասեցնել պարսիկներուն դաժան արշաւը։ Ի հեճուկս հայերուն պարտութեան, անոնց չսպառուող կամքը ի վերջոյ յաղթանակ արձանագրեց։ 

451 թուականին, Հայաստանի մեծամասնութիւնը ենթակայ էր պարսկական իշխանութեան։ Հազկերտ թագաւորը պարտադրեց որ հայերը իրենց Քրիստոնեայ հաւատքը ուրանան եւ որդեգրեն զրադաշտական կրօնը։ Հայերուն պատասխանը եղաւ․ «Այս հաւատքէն ոչ ոք կրնայ մեզ բաժնել, ոչ սուրը, ոչ հուրը եւ ոչ այլ զօրութիւն»։ Այս ընդդիմութիւնը ցուցադրեց այն վսեմ քաջութիւնն ու վճռակամութիւնը, այն անկոտրո՛ւմ կամքը, որ կը գերազանցէ սոսկ հաւատքի եւ հայրենասիրութեան լոզունգները եւ ոգեւորիչ եւ անայլայլելի զօրութեամբ գործնականապէս կ’անցնի վաւերականին։ 

Մենք նաեւ կը յիշատակենք մեր հաւատարմութիւնը քրիստոնէական հաւատքին նկատմամբ։ Վարդանին հաւատքը կ՚անցնէր պարզունակ Աստուծոյ գոյութեան հաւատքին. ան հաւատարիմ Քրիստոնեայի տիպարով անսաց Սաղմոսերգուին բառերուն, որ կ՚ըսէ․ «Սիրեցից զքեզ, Տէր, զօրութիւն իմ. Տէր հաստատիչ իմ, ապաւէն իմ եւ փրկիչ իմ» (Սղ. ԺԷ.3)։ 

Վարդանանցի ընդդիմութիւնը առանցքային դարձակէտ մը եղաւ մեր պատմութեան մէջ եւ ներշնչման անսպառ աղբիւր կը շարունակէ հանդիսանալ հայկազեան ժողովուրդի իրերայաջորդ սերունդներուն։ Այս բոլորը նկատի ունենալով, մեր մտքերուն մէջ կը ծագի հետեւեալ հարցումը. ի՞նչ կը տօնենք Վարդանանցի հերոսական պայքարին ընդմէջէն։ 

Առաջին հերթին կը նշենք այն նախանձախնդրութիւնը, որ մեր նախահայրերը ունեցան իրենց հաւատքին եւ հայրենիքին նկատմամբ։ Որպէս գերագոյն արժէք, ազատութիւնը առանցքային տեղ գրաւեց մեր հաւաքական գիտակցութեանց մէջ եւ դարձաւ անկիւնաքարը, որուն վրայ կառուցեցինք մեր հաւաքական ինքնութիւնը։ Անհատներու եւ ազգի մը համար, ազատութիւնը կը նշանակէ ըլլալ ինքնուրոյն եւ ինքնիշխան, կը նշանակէ կեանքի եւ կեանքին հետ առնչուող բոլոր բնագաւառներուն մէջ՝ ըլլալ տնտես եւ կառավարող։ Այսօր, Վարդանանց պատերազմի յիշատակումը կու գայ մեզի սթափեցնելու, ահազանգելու, որպէսզի արթննանք ազգովի թմբիրէն եւ գերադասենք մեր վսեմ արժէքները, որոնք մեր սուրբ հաւատքն ու հայրենիքը են։ 

Ժամանակն է դարձեալ զանգերը ղօղանջելու։ Մեր նախահայրերը, մեր երիտասարդ տղաքը, կեանքի ամէնէն սուղ գինը վճարեցին եւ կը շարունակեն վճարել՝ յանուն մեր ազատութեան, մեր անայլայլելի ժառանգութեանց եւ մեր սրբազան արժէքներուն գոյատեւումին համար։ Ուստի, մենք որպէս կտակառուներ, ժառանգորդներ այս վսեմ պատմութեան, անսանք մեր խղճի ձայնին, շարունակենք մեր բարի ու արդար պատերազմը ու Վարդանեան օրինակին հետեւելով, տոգորուի՛նք երանելի այն շունչով որ հաւատարմօրէն գոչեց «վասն հաւատո՛յ, եւ վասն հայրենեա՛ց՝ յառա՛ջ»։ 

Ազատութիւնը չի պահպանուիր կրաւորական դիրքորոշում մը որդեգրելով, այլ՝ կ՚ենթադրէ պարտաճանաչութիւն, վերանորոգ նուիրում եւ յանձնառութիւն։ Այսօր, Վարդանանց գոյամարտի նշումը կու գայ մեզի յիշեցնելու, որ միայն մե՛նք կրնանք մեր երկրի տէրերն ու պահապանները ըլլալ։ Միայն մե՛նք կրնանք երաշխաւորել մեր ժողովուրդին յարատեւութիւնը եւ միայն մե՛նք կրնանք ըլլալ սեփականատէրերը եւ տարածողները մեր այնքա՜ն հարուստ եւ այնքա՜ն աստուածադրոշմ հաւատքին եւ ժառանգութեանց։ 

Արթուն խիղճը Աստուծմէ պարգեւ մըն է. ներքին մղում մըն է, որ աստուածային ձայնի գոյութիւնն է մեր հոգիներուն խորքերուն մէջ։ Ան հնարաւորութիւնը կու տայ որպէսզի մենք՝ երկրաւորներս, կարենանք զանազանել չարը՝ բարիէն։ Ներքին համակարգիչն է մարդու հոգիին, որ չի թոյլատրեր, որ մարդը յանցանք գործէ ու վատ չզգայ։ Ապրիլը այս համատարած նախապաշարումէն վեր, կ՚ենթադրէ մերժել այն ինչ որ պարսաւելի է մարդկային տրամաբանութեանց եւ խղճմտանքի մէջ։ Բարոյական քաջութիւն է մերժել այն, ինչ որ անմիջականօրէն շահաւէտ է, ընելու համար այն, ինչ որ խիղճը ճիշտ կը համարէ։ 

Վարդանանցի անյաջողութիւնը պսակուեցաւ յաջողութեամբ շնորհիւ Վարդաններու աննկուն կամքին եւ հաւատքին։ Ուստի, Վարդանին կոչն է մեզի այսօր, արիաբար մաքառելու յանուն մեր Հայրենիքի իրաւունքներուն, մեր հաւատքի անսասանութեան եւ մեր ժողովուրդի անվտանգութեան, որպէս ժառանգորդներ իր քաջութեան եւ պատուին։ 

Ուաշինկթոն, ԱՄՆ
21 փետ. 2023