Երիտասարդ թորոնթոհայ տաղանդներ 


Արշօ Զաքարեան 
(լուսանկարներ՝ Իշխան Ղազարեանին)

Սրտի անհուն գոհունակութեամբ կը կարդամ Ճէսբըր Մոսի (Մուսախանեանի) ղեկավարութեամբ, յղացումով եւ ծրագրումով Հայկական երաժշտական երգերու յատուկ ելոյթի ծանուցումը։ Յայտագիրի խորագիրն է՝ Renaissance: The Music of Armenia («Զարթօնք` Հայաստանի երաժշտութիւնը»)։

«Նոր հայ հորիզոն» հեռատեսիլի հարցազրոյցէն Ճէսբըր սահուն հայերէնով կը բացատրէ, որ մանկութենէն սկսած է երաժշտական ուղին։ Արդէն եւրոպական նուագախումբերու ղեկավարութիւնը ստանձնած է այս երիտասարդ տաղանդը։

Շաբաթ, 18 փետրուարին կ’ուղուինք քաղաքիս Trinity St Paul Centre for Music and Arts. ճիշդ վայրն է ընդունելու 35 հոգինոց նուագախումբն՝ իր ձայնային սարքաւորումներով, ու 800 երաժշտասէրները։ Թորոնթօ ֆիլհարմոնիք նուագախումբի ղեկավարն է Ճեսբըր Մոս, մենակատար երգիչներն են՝ սոփրանօ Լին Իշնար, պաս-պարիթոն Վարդան Գաբրիէլեան։ Այս երեք երիտասարդները արդէն արհեստավարժ են եւ մրցանակներու արժանացած, որոնց ներկայութիւնը ոյժ եւ հպարտութիւն կը ներշնչէ մեզի՝ ներկաներուս, մանաւանդ որ հասոյթը պիտի տրամադրուի Հայաստանի Զինուորի տան, եւ որուն նախաձեռնութիւնը ՀՕՄ-ին է։

Յայտագիրը բծախնդրօրէն պատրաստուած է։ Իւրաքանչիւր երգի բառերը տպուած են անգլիատառ հայերէնով, ինչպէս նաեւ թարգմանութիւնը, հեղինակներուն, երգիչներուն մասին ամփոփ տեղեկութիւններ։ Հայ երաժշտութեան անծանօթ մէկը առանց դժուարութեան կրնայ հետեւիլ ծրագրին եւ ծանօթանալ հայ արժէքներուն։

Երաժշտական ծրագիրը կը սկսի «Ուր ես մայր իմ» շարականով, կը շարունակուի Կոմիտասի «Քելեր Ցոլեր»երգով, «Հոյ նազան»-ով եւ «Քամանչա»-ով։ Երգացանկը կ’աւարտի Կանաչեանի «Օրօր իմ բալաս» օրօրոցայինով։ Լին Իշնար իր հմայիչ ձայնով, Վարդան Գաբրիէլեան իր թաւ եւ ազդեցիկ ձայնով, փոխն ի փոխ կ’երգեն, կ’ապրին եւ կ’ապրեցնեն ներկաները։ Կ’աւարտեն զուգերգով։ Իւրաքանչիւր երգէ վերջ, սրահը կը թնդայ ծափահարութիւններով։ Յայտագրի առաջին մասը կ’աւարտի Սպենդիարեանի Ինզելիով։

Դադարին արդէն կը փոխանակուին հպարտութեան զանազան արտայայտութիւններ այս երեք երիտասարդներու բացառիկ տաղանդներուն մասին, մանաւանդ Ճէսբըր Մոսի քաջութեան, 35 երաժիշտներով նուագախումբը ղեկավարելուն եւ անհատական միջոցներով այս ձեռնարկը իրագործելուն համար։ 

Համազգայինը, ՀԲԸՄ-ը, CAPPA մշակութային միութիւնները, հայկական եկեղեցիները, ՀՕՄ-ը առաջադրեցին այս ձեռնարկը, ծանուցումները ցուցադրելով եւ ուղարկելով իրենց անդամներուն, որ անպայման ներկայ գտնուին այս յատուկ ձեռնարկին։ Չափազանց ուրախ ենք, որ Մոս յաջողած է Toronto Arts Council-էն եւ Ontario Arts Council-էն նպաստներ ստանալ։ Այս նուաճումը շատ խրթին եւ դժուար գործողութիւն մըն է։ Կը կարդանք նաեւ յայտագրի գրքոյքին մէջ անհատական նուիրատուներու շարք մը, բոլորն ալ հայեր են։ Այլ խօսքով, Ճէսբըր Մոս, իր անձնական ոյժերով, թէ կառավարական նպաստներով, Թորոնթոհայ գաղութի հաւաքական աջակցութեամբ եւ անհատական հայորդիներու նուիրատութիւններով, անկարելին կարելի ըրաւ։

Երկրորդ մասին մէջ, Ճէսբըր Մոս կը հմայէ եւ կը տպաւորէ մեզ իր երեք յօրինումներով, մանաւանդ թաւ ջութակի ընկերացութեամբ։ Այս մասը առաջին անգամն է, որ կը ներկայացուի հանրութեան, որուն յօրինումը աւարտած է յունուար 2023-ի։ Թաւ ջութակի երաժիշտն է աշխարհահռչակ Անտրաս Ուէպըր։ Հոս շատ յստակ է Մոսի թէ՛ երաժշտական, եւ թէ՛ հայկական ըմբռնումները։ Այս մասն ալ ներկաներուն գնահատանքին կ’արժանանայ յոտնկայս ծափահարութիւններով։

Իսկ անոր կը յաջորդէ Արամ Խաչատրեանի «Երեխաներու ալպոմ թիւ մէկ եւ երկուն»։ Ոչինչ կայ երեխայական. կը թուին ըլլալ պարզ, բայց բարդ ձեռագործի պէս հիւսուածքներ։ Այս 18 երաժշտական կտորներուն խորագիրները կը ներկայացնեն զանազան նիւթեր, որոնք կը ցոլան երաժշտական ելեւէջերով։ Անշուշտ Խաչատրեանի այս յղացումներուն մէջ կան Խաչատրեանական նկարագիր, ուղի եւ հայկականութիւն։ Տեղին է յիշել, որ այս յօրինումները մշակուած են նոյն ինքն Մոսի կողմէ։

Յայտագրի գրքոյքին մէջ Մոս կ’արտայայտուի․ «…նպատակս է նուիրուիլ եւ հարստացնել հայկական մշակոյթը, որուն մէջ սուզուած է լման կեանքս։ Այս յատուկ եւ յստակ երաժշտական ուղին եւ ոճը պէտք է տօնախմբենք եւ աւելի զարգացնենք։ Իմ մասնակցութինս կաթիլ մըն է»։

Սիրելի՛ Ճէսբըր Մոս, ներկաներս միշտ պիտի ըլլանք քու հետեւորդներդ, որպէսզի այս կաթիլներով պահես, պաշտպանես եւ մշակես մեր հրաշալի մշակոյթը։