Ստեփանակերտի Մօր եւ Մանկան Ծննդատան պատճառուած վնասները
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ,- Այսօր ազրպէյճանական զինուժը հրթիռակոծած է Արցախի խաղաղ բնակավայրերը, մասնաւորապէս՝ մայրաքաղաք Ստեփանակերտն ու Շուշին: Շուշիի մէջ մէկ մարդ զոհուած է, ևս երկուքը վիրաւորուած են:
Թիրախի տակ առնուած է նաեւ Ստեփանակերտի ծննդատունը։ Տուժածներու մասին տեղեկութիւնները կը ճշդուին:
Արցախի Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի գրասենեակը ծննդատան թիրախաւորման առնչութեամբ կը յայտնէ․
«Ազրպէյճանական զինուած ուժերը Հոկտեմբեր 28-ին աւելի քան 15 անգամ հարուածած են Ստեփանակերտի եւ Շուշիի տարբեր հատուածներու ուղղութեամբ` դիտաւորեալ թիրախաւորելով Մօր եւ Մանկան Առողջութեան Կեդրոնը եւ բնակելի ու հանրային նշանակութեան որոշ կառոյցներ:
Շուշիի մէջ արձանագրուած է 1 քաղաքացիական զոհ եւ երկու վիրաւոր, իսկ Ստեփանակերտի մարդկային հետեւանքները դեռեւս ճշդուին: Ստեփանակերտի մէջ արձանագրուած են մեծածաւալ աւերածութիւններ, ներառեալ` Մօր եւ Մանկան Առողջութեան Կեդրոնին մէջ:
Արցախի Հանրապետութեան Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը կ՛արձանագրէ, որ ազրպէյճանական զինուած ուժերը կը շարունակեն դիտաւորեալ պատերազմական յանցագործութիւնները քաղաքացիական խաղաղ բնակչութեան դէմ` արդէն թիրախաւորելով նոյնիսկ Մօր եւ Մանկան Առողջութեան Կեդրոնը: Այս նոր յանցագործութիւնները հետեւանքն են նախորդ յանցագործութիւններու հանդէպ միջազգային հանրութեան թողտուութեան, որ առիթ կու տայ ազրպէյճանական կողմին: Հետեւաբար, այս յանցագործութիւններուն համար պատասխանատուութիւն կը կրէ ինչպէս Ազրպէյճանը, այնպէս ալ՝ միջազգային հանրութիւնը»: