«Տաշիր» ընկերութիւններու խումբի հիմնադիր, Ռուսիոյ հայ ձեռներեցներու ընկերակցութեան նախագահ Սամուէլ Կարապետեան յայտարարած է, որ պիտի վերակառուցէ Ստեփանակերտի հիւանդանոցի ծննդատան՝ ազրպէյճանական յարձակման հետեւանքով ռմբակոծուած բաժանմունքը:
«Կ՝ուզեմ Արցախի բնակիչներուն վստահեցնել, որ անպայման Ստեփանակերտի մէջ նոր ժամանակակից ծննդատուն պիտի կառուցենք կրկին: Այստեղ կրկին նոր կեանքեր պիտի ծնին», յայտարարած է Սամուէլ Կարապետեան գործակալութեան հետ զրոյցի մը ընթացքին:
Յիշեցնենք, որ երէկ, Հոկտեմբեր 28-ին, Ազրպէյճանի զինուած ուժերը հրետակոծած էին շարք մը քաղաքացիական ենթակառուցուածքներ՝ ինչպէս նաեւ Ստեփանակերտի ծննդատան շէնքը։