Ռուբէն Վարդանեան Պաքուի բանտին մէջ հացադուլ յայտարարած է


28 սեպտեմբեր 2023-էն Պաքուի բանտին մէջ գտնուող Արցախի նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանը 5 ապրիլէն հացադուլ յայտարարած է, կը տեղեկացնէ Վարդանեանի ընտանիքը:

Արցախի նախկին պետական նախարարը կը պահանջէ անյապաղ եւ անվերապահօրէն ազատ արձակել զինք եւ Պաքուի մէջ ապօրինաբար պահուող միւս հայ բանտարկեալները:

Ընտանիքը կը նշէ, որ հացադուլը սկսելէ ետք դադրած են անոր հետ հեռաձայնային զանգերը: Ընտանիքը սա միջազգային իրաւունքի բոլոր կանոններու բացայայտ խախտում կ’որակէ նշելով, որ յունուարին սպասուող դատաքննութիւնը առանց պատճառի տեղափոխուած է մինչեւ մայիս:

Վարդանեանի որդին` Դաւիթ Վարդանեանը յայտարարած է, որ խորապէս մտահոգուած է իր հօր առողջութեամբ եւ վիճակով: «Աւելի քան 200 օր մենք չենք տեսած զայն: 5 ապրիլէն` հացադուլը սկսելէ ի վեր, անոր հետ բացարձակապէս կապ չենք ունեցած», նշած է Դաւիթ Վարդանեան:

Վարդանեանի ընտանիքը կը պահանջէ, որ Ազրպէյճանի կառավարութիւնը անյապաղ մուտքի կարելիութիւն տայ Միջազգային կարմիր խաչին` Ռուբէն Վարդանեանի եւ միւս բանտարկեալներուն վիճակը գնահատելու համար, վերականգնէ հեռաձայնային կապը, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ որեւէ խաղաղութեան համաձայնագիր պէտք է ներառէ բոլոր հայ բանտարկեալներու ազատ արձակումը, «ՔՈՓ 29»-ը պէտք չէ տեղի ունենայ Ազրպէյճանի մէջ` առանց նշուած քայլերու իրագործման:

***

Կարմիր խաչի ներկայացուցիչները այցելեցին Պաքուի բանտը պահուող Արցախի նախկին ղեկավարներուն

Կարմիր Խաչի միջազգային կազմակերպութեան ներկայացուցիչները ապրիլին այցելեցին Ազրպէյճանի մէջ բանտարկուած Արցախի նախկին բարձրաստիճան պաշտօնատարներուն:

Այս մասին APA ազրպէյճանական լրատու գործակալութեան փոխանցեց Ազրպէյճանի մէջ Կարմիր Խաչի միջազգային կազմակերպութեան ներկայացուցչութեան հասարակութեան հետ կապերու բաժինի ղեկավար Իլահա Հուսէյնովա:

Ըստ անոր` ձերբակալուած անձերուն հետ տեղի ունեցան անհատական հանդիպումներ եւ անոնց կարելիութիւն տրուեցաւ ընտանիքներուն հետ կապ հաստատելու:

Հուսէյնովա ըսաւ, որ, ըստ կազմակերպութեան յանձնարարութեան, այսպիսի այցելութիւններու ընթացքին կը գնահատուին բանտարկեալներու պահման պայմանները եւ անոնց հանդէպ վերաբերումը: APA-ն չի յստակացներ, թէ ապրիլ ամսուան ո՛ր օրը տեղի ունեցան հանդիպումները։

Ազրպէյճանական կողմը Ռուբէն Վարդանեանի հացադուլի մասին ոչինչ յայտնած է:

Յիշեցնենք, որ Ազրպէյճանի իրաւապահ մարմինները ձերբակալեցին եւ Պաքու փոխադրեցին Արցախի նախկին ղեկավարներ Արկադի Ղուկասեանը, Բակօ Սահակեանը, Արայիկ Յարութիւնեանը, խորհրդարանի նախագահ Դաւիթ Իշխանեանը, արտաքին գործոց նախկին նախարար Դաւիթ Բաբայեանը, բարձրաստիճան նախկին զինուորական ծառայողներ Լեւոն Մնացականեանը, Դաւիթ Մանուկեանը եւ պետական նախկին նախարար Ռուբէն Վարդանեանը:

***

Ռուս խաղաղապահները Արցախէն կը հեռանան

44-օրեայ պատերազմէն ետք Արցախի մէջ տեղակայուած ռուս խաղաղապահները սկսան այդ տարածքէն դուրս գալ: Տեղեկութիւնը պաշտօնապէս հաստատեցին Քրեմլինէն:

«Ռուս խաղաղապահներուն առաքելութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կարելի է համարել բոլորովին կատարուած. խաղաղապահները կարեւոր դեր խաղացած են արիւնահեղութիւնը կանխելուն մէջ», «Ռիա Նովոստի»-ին ըսաւ Ռուսիոյ խորհրդարանի պաշտպանութեան կոմիտէի նախագահի առաջին տեղակալ Ալեքսէյ Ժուրաւլեւը։

լուսանկարը՝ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին

Շուրջ 2 հազար հաշուող զօրակազմի տեղակայման ժամկէտը, ըստ 9 նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ յայտարարութեան, պէտք է աւարտէր 2025-ին:

Ըստ Ազրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւի՝ զօրակազմը դուրս բերելու որոշումը տրուած է բարձրագոյն ղեկավարութեան մակարդակով: «Գործընթացը արդէն սկսած է: Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնները կը ձեռնարկեն պէտք եղած միջոցներուն` այս որոշումը կեանքի կոչելու համար», յայտարարեց ան։

Ռուսիոյ խորհուրդի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ, արտաքին գործոց նախկին փոխնախարար Կրիկորի Կարասին իր կարգին յայտնեց հետեւեալը. «Լեռնային Ղարաբաղէն ռուս խաղաղապահները դուրս բերելը Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ այդ տարածքը Ազրպէյճանին մաս ճանչնալու տրամաբանական հետեւանքն է»։

«Ուժով սիրելի չես դառնար», պնդեց Կարասին՝ աւելցնելով, «Նիկոլ Փաշինեանի շրթներով Ղարաբաղի հարցը հանգուցալուծուելէ ետք, մեր խաղաղապահներուն՝ Ազրպէյճանի մէջ մնալ-չմնալու հարցը կը քննարկուի Ազրպէյճանի ղեկավարութեան հետ՝ ուղղակի կապերու միջոցով։ Եւ խաղաղապահները փուլ առ փուլ դուրս բերելու մասին որոշում տրուեցաւ»:

Ըստ Արցախի նախկին պետական նախարար Արտակ Բեգլարեանի՝ թէեւ ռուս խաղապահներուն նկատմամբ լուրջ դժգոհութիւն եւ հիասթափութիւն կար, յատկապէս նախորդ տարի, Արցախի շրջափակման, Ազրպէյճանի ռազմական գործողութեան եւ արցախահայերու զանգուածային տեղահանութեան ընթացքին, երբ անոնք որեւէ ձեւով չմիջամտեցին, զօրակազմի ներկայութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ որոշ զսպուածութիւն կ’ենթադրէր։

Ռուս խաղաղապահներուն հեռանալը սկսաւ Քարվաճարի շրջանին մէջ գտնուող Դադիվանքէն: Յատկապէս կը նշուի, որ խաղաղապահները փակած են այնտեղի իրենց դիրքը, եւ 15 ապրիլէն սկսեալ վանքը արդէն Ազրպէյճանի ոստիկանութեան տիրապետութեան տակ կը գտնուի:

 «Այդ ամէնը կարծես թէ մենք ներքուստ կը զգայինք, բայց չէինք կրնար ոչ միայն արտայայտուիլ, այլ չէինք ուզեր համակերպիլ մեր ներքին ձայնին», «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ըսաւ Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպս. Աբրահամեանը:

Ըստ անոր՝ թէեւ հայ հոգեւորականները պատերազմէն ետք ալ կը ծառայէին Դադիվանքի մէջ, բայց կորսնցնելու վախը միշտ կար: Դադիվանքի վերջին վանահայրը եւ երկու սարկաւագները միջնադարեան համալիրէն դուրս եկան նախորդ հոկտեմբերին, երբ ազրպէյճանցիներուն յարձակումէն ետք, Արցախը արդէն հայաթափ եղաւ:

Ըստ պաշտօնական տուեալներու` Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ մնացած են Արցախի առնուազն 1456 նշանաւոր յուշարձաններ, որոնց մէջ՝ 161 վանքեր եւ եկեղեցիներ, 591 խաչքարեր: Արցախցիները առաջին անգամ չէ, որ կ’ահազանգեն այդ յուշարձաններու ոչնչացման վտանգին մասին:

 Պատերազմէն ետք, ՄԱԿ-ի գիտութեան եւ մշակոյթի կազմակերպութիւնը` ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն, ոչ մէկ անգամ տարածաշրջանը այցելեց, թէեւ հայկական կողմը պատերազմէն ետք առաքելութեան այցելութիւնը խիստ հրատապ կը նկատէ՝ հայկական եկեղեցիներու պղծման լուրերու լոյսին տակ:

***

Հայաստանի կառավարութիւնը Տաւուշի չորս գիւղերը կը յանձնէ Ազրպէյճանին

Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան սահմանին երէկ տեղի ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան հարցերով յանձնախումբի եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման պետական յանձնախումբի ութերորդ հանդիպումը` Հայաստանի փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանի եւ Ազրպէյճանի փոխվարչապետ Շահին Մուսթաֆայեւի նախագահութեամբ:

Հանդիպման հիմամբ յանձնախումբերը պայմանաւորուած են ներքոնշեալի շուրջ.

1.- Սահմանազատման գործընթացի սկզբնական փուլին կողմերը նախնական կերպով համաձայնած են ճշդելու սահմանագիծի առանձին հատուածները, անմիջականօրէն Բաղանիս (Հայաստանի Հանրապետութիւն) – Բաղանիս Այրում (Ազրպէյճանի Հանրապետութիւն), Ոսկեպար (Հայաստանի Հանրապետութիւն) – Աշաղը Ասկիպարա (Ազրպէյճանի Հանրապետութիւն), Կիրանց (Հայաստանի Հանրապետութիւն) – Խեյրումլի (Ազրպէյճանի Հանրապետութիւն) եւ Բերքաբեր (Հայաստանի Հանրապետութիւն) – Քըզըլ Հաճիլի (Ազրպէյճանի Հանրապետութիւն) բնակավայրերուն միջեւ` Խորհրդային Միութեան փլուզման պահու դրութեամբ գոյութիւն ունեցող իրաւաբանօրէն հիմնաւորուած միջհանրապետական սահմանին համապատասխանեցնելու նպատակով:

2.- Որոշած են, որ սահմանագիծի տուեալ հատուածներուն նկարագրութիւնը պիտի կազմուի հաշուի առնելով տեղանքին մէջ երկրաբանական չափումներու հիմամբ կատարուած տուեալներու յստակացումը, որ պիտի ձեւակերպուի համապատասխան Արձանագրութիւն-նկարագրութեամբ, ինչ որ պէտք է համաձայնեցուի ու ստորագրուի կողմերուն միջեւ մինչև 15 մայիս 2024:

3.- Համաձայնած են, որ կողմերը պիտի դիմեն իրենց կառավարութիւններուն` սահմանագիծի համաձայնեցուած հատուածներուն մէջ իրենց սահմանապահ ծառայութիւններու միաժամանակեայ եւ զուգահեռ տեղակայման համար միջոցներ ձեռնարկելու նպատակով: Համաձայնած են նաեւ, որ մինչեւ սահմանազատման գործընթացի ամբողջական աւարտը, Արձանագրութիւն-նկարագրութեան մէջ նշուած համաձայնեցուած սահմանագիծի հատուածները պիտի նկատուին սահմանազատուած:

4.- Զուգահեռաբար պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերած են աւարտին հասցնել Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան հարցերով յանձնախումբի եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման պետական յանձնախումբի համատեղ գործունէութեան մասին կանոնակարգի նախագիծի համաձայնեցման շուրջ աշխատանքները մինչև 1 յուլիս 2024 եւ մեկնարկել ատոր ներպետական համաձայնեցման ու հաստատման գործընթացը` կողմերու` պետութիւններու օրէնսդրութեամբ սահմանուած կարգով եւ պահանջներուն համաձայն:

5.- Կողմերը պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերած են, որ սահմանազատման գործընթացին մէջ պիտի առաջնորդուին Ալմա Աթայի 1991 թուականի հռչակագիրով: Կողմերը պայմանաւորուած են նաեւ տուեալ հիմնարար սկզբունքը ամրագրել Կանոնակարգի նախագիծին մէջ (եթէ հետագային Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան եւ միջպետական յարաբերութիւններու հաստատման մասին համաձայնագիրով պիտի նախատեսուին այլ կարգաւորումներ, ապա կանոնակարգի համապատասխան դրոյթները պիտի համապատասխանեցուին տուեալ համաձայնագիրով սահմանուած սկզբունքներուն):

6.- Պայմանաւորուած են, կողմերուն կողմէ Կանոնակարգի հաստատումէն ետք, համաձայնեցնել հերթականութիւնը եւ շարունակել սահմանի բոլոր մնացած հատուածներուն սահմանազատման գործընթացը` ներառեալ անքլաւներուն եւ էքսքլաւներուն հետ կապուած հարցերով:

Հանդիպման հիմամբ ստորագրուած է արձանագրութիւն: Կողմերը պայմանաւորուած են աշխատանքային կարգով համաձայնեցնել յաջորդ հանդիպման կայացման ամսաթիւն ու վայրը:

***

Գանատան միացաւ Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան առաքելութեան

Գանատան միացաւ Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան առաքելութեան։ Այս մասին գրած է առաքելութիւնը «Էքս»-ի իր էջին վրայ՝ նշելով, որ օր մը առաջ ընդունեցին գանատացի առաջին փորձագէտ Ալեքսանտր Կրուշեւսքին:

«Շնորհակալութի՛ւն Գանատա` արժէքաւոր համագործակցութեան համար», կ’ըսէ առաքելութիւնը։

16 պրիլին, Գանատայի արտաքին գործոց նախարար Մելանի Ժոլի եւս ողջունեց գանատացի առաջին փորձագէտին միացումը Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան:

***

Ազրպէյճանը քանդած է Շուշիի Կանաչ ժամ եկեղեցին

 Շուշիի Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցին ամբողջութեամբ աւերուած է, հողին հաւասարած, այս մասին վկայող առաջ եւ ետքի նկարները հրապարակած է Caucasus Heritage Watch հետազօտական նախաձեռնութիւնը:

Արբանեակային լուսանկարները՝ Caucasus Heritage Watch-ի

Քորնելի համալսարանի Caucasus Heritage Watch-ը Լեռնային Ղարաբաղի յուշարձաններուն կը հետեւի արբանեակային լուսանկարներու միջոցով: Նախաձեռնութեան գործընկեր Երեւանի պետական հաալսարանի մշակութաբանութեան ամբիոնի վարիչ Համլէտ Պետրոսեանը կը յիշեցնէ` 2020 թուականի պատերազմէն ետք եկեղեցին պայթեցուցած են, հիմա փաստօրէն աւերած են 2-րդ փուլով:

«Կը կարծեմ` այն անտարբերութիւնը, որ թէ՛ Հայաստանի իշխանութիւնները, թէ՛ միջազգային մշակութապահպան կառոյցները, որ կը դրսեւորեն, կարծես թէ Ազրպէյճանը աւելի կ’ոգեւորէ: Շատ հետաքրքիր է` իրենք քայլ մը կ’ընեն եւ կը սպասեն արձագանգի, երբ որ արձագանգը տեղի չ’ունենար, յաջորդ քայլը կ’ընեն, նշեց Պետրոսեանը:

Շուշիի Կանաչ ժամ եկեղեցին (լուսանկարը՝ Monument Watch-ի)

Caucasus Heritage Watch-ը կը նկատէ, որ եկեղեցին քանդելով Ազրպէյճանը կոպտօրէն խախտած է Արդարադատութեան միջազգային դատարանի դեկտեմբեր 2021-ի որոշումը, կը յիշեցնէ, Կանաչ ժամը հայերը Շուշիի մէջ կառուցած էին 1847-ին, ան ունէր կառուցողներու մասին հայերէն արձանագրութիւն` եկեղեցին կառուցած էին «պարոն Յովհաննէս եւ Բաբա Ստեփանեան Հովնանենցին` ի յիշատակ իրենց հանգուցեալ եղբօր` Մկրտիչի»: 2020 թուականի պատերազմէն ետք Պաքուի` ռուս ուղղափառ եկեղեցւոյ թեմը խոստացած էր վերականգնել Կանաչ ժամը, սակայն փաստօրէն, ըստ հետազօտողներու, եկեղեցին հողին հաւասարեցուեցաւ:

Կանաչ ժամէն ետք յաջորդ վտանգուած մշակութային յուշարձանը Շուշիի Սուրբ Ղազանչեցոց եկեղեցին է, կը կարծէ գիտնականը:

***

Ազրպէյճանը կը շարունակէ քանդել Շուշիի Ղազանչեցեցոց Ս. Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ քրիստոնէական ժառանգութեան հետքերը

Monument Watch-ը կ’ահազանգէ, որ ազրպէյճանական «Թելեկրամ»-ի կարգ մը ալիքներ 15 ապրիլին տարածեցին Շուշիի Ղազանչեցոց Ս. Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ «վերականգնման» լուսանկարները՝ նշելով, որ աշխատանքները վերսկսած են եւ կը կատարուին տանիքին ու վնասուած պատերու նորոգութեան աշխատանքները:

լուսանկարը՝ Monument Watch-ի

Արցախի մշակութային ժառանգութեան մշտադիտարկում իրականացնող monumentwatch.org կայքը զգուշացուց, որ լուսանկարներէն կ’երեւի, որ ազերիները քանդած է երկթեք ճակատներէն մէկի վրայի խաչաձեւ լուսամուտը եւ անկէ վեր գտնուող պատկերաքանդակը: Ղազանչեցոց տաճարի իւրաքանչիւր ճակատի վրայ կայ նման խաչաձեւ լուսամուտ եւ պատկերաքանդակ: Արեւմտեան ճակատի քանդակը կը ներկայացնէր «Խաչակիր Քրիստոսը» թեման` համապատասխան արձանագրութեամբ: 44-օրեայ պատերազմի ժամանակ ազրպէյճանական ռմբակոծութենէն վնասուած էր եկեղեցւոյ նաեւ հարաւային ճակատը` խաչաձեւ լուսամուտով հանդերձ: Ան յստակ կ’երեւի դեռ հոկտեմբեր 2020-ին առնուած լուսանկարներէն: Ուստի ակնյայտ են տաճարի մանրամասնութիւններու ուղղակի աւերման, ձեւափոխման աշխատանքները, ինչ ոը կը դրսեւորուի տաճարի չակերտաւոր վերականգնման սկիզբէն:

***

Արցախի Քարինտակ գիւղը Ազրպէյճանը լիովին ջնջած է հողի վրայէն

Թուրքագէտ Վարուժան Գեղամեանը կը գրէ․ «Արցախի Քարինտակ գիւղը Ազրպէյճանը ամբողջութեամբ ջնջած է հողի վրայէն (նայեցէք կից նկարը): 

Քարին տակ գիւղը հիմնայատակ աւերուած (լուսանկարը՝ Վարուժան Գեղամեանի)

Ասիկա է Ազրպէյճանի կողքին ապրելու «երջանկութիւնը», զոր մեզի կը փորձեն հրամցնել որպէս բարիք»:

***

«Աղէտի եւ պայքարի պատմութիւններ, ինչպէ՞ս պահպանել մշակոյթը, յիշողութիւնը եւ ազատ Արցախ վերադառնալու հաւատքը». քննարկեցին արցախցի կիներ

«Հայկական առաքելութիւն» բարեգործական հիմնադրամը մայրութեան եւ գեղեցկութեան տօնին առիթով կազմակերպեց «Արցախի կանայք հայկական հիմնահարցերու մասին. աղէտի եւ պայքարի պատմութիւններ» նիւթով քննարկում:

Քննարկումին բանախօսեցին լրագրողներ` Ծովինար Բարխուդարեանը, Աննա Մանկասարեանը, Ալուինա Աղաբաբեանը, Հադրութի շրջանի վարչակազմի աշխատակազմի Երիտասարդութեան եւ մշակոյթի հարցերու բաժինի վարիչ Երազիկ Հայրիեանը, Արցախի եւ Հայաստանի նախկին պետական ծառայող, ներկայիս քաղաքացիական գործիչ Արեգա Յովսէփեանը:

Ձեռնարկին մասնակիցները խօսեցան շրջափակման, պատերազմի եւ բռնի տեղահանութեան ժամանակաշրջանի դժուարութիւններու, կիներու կողմէ զանոնք վերապրելու եւ յաղթահարելու պատմութիւններու մասին:

Անդրադարձան Հայաստանի եւ Արցախի, ինչպէս նաեւ արցախցիներու ներկայի հիմնահարցերուն եւ անոնց լուծման միջոցներուն` յատուկ ընդգծելով կիներու դերին նշանակութիւնը:

Մինչեւ քննարկման մեկնարկը լրագրողներուն հետ զրուցեց Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Քրիստինէ Վարդանեանը: Ան անդրադարձաւ այսպիսի ձեռնարկներու կարեւորութեան մասին:

«Այս առիթ է եւս մէկ անգամ ամէնէն զգայուն տեսանկիւնէն, ամէնէն ներառական եւ կնոջ տեսանկիւնէն անդրադառնալու այն աղէտին, որ եղած է 2023-ին: Անդրադառնալ, որպէսզի վեր հանենք նաեւ այն առաջադրանքները, որոնք ունինք այս փուլին` պահպանել յիշողութիւնը, մշակոյթը եւ հաւատքը ազատ Արցախ վերադառնալու համար: Մենք հարուստ ենք մեր քաղաքակրթական պատմութեամբ եւ արժէքներով, եթէ կորսնցնենք մեր արմատները, իսկ մեր ամէնէն խոր եւ հաստ արմատը Արցախն է, եթէ մենք բարբառէն սկսեալ մինչեւ մշակոյթն ու մինչեւ վերադարձի յոյսը չպահպանենք, ապա մենք մեզ կը զրկենք մեր արժէքներէն: Մենք հիմա չունինք հողը, բայց ունինք այն ժողովուրդը, որ շէնցուցած է այդ հողը եւ ստեղծած` պետութիւնը», ընդգծեց Ք. Վարդանեան:

***

Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ «Վըսկէ Ծերքեր» երկրորդ փառատօնը

Ըստ «Ապարաժ»-ի, Երեւանի մէջ 7 ապրիլին կայացաւ արցախցի կիներու աշխատանքներու «Վըսկէ ծերքեր» (ոսկիէ ձեռքեր) երկրորդ փառատօնը: 65 արտադրողներու մասնակցութեամբ Երեւանի «Թումանեան՛ս ART» սրճարանի բացօթեայ տարածքին մէջ իրականացուեցաւ ցուցահանդէս-վաճառքը, որ ուղեկցուեցաւ` մրցոյթներով, հետաքրքրական անակնկալներով եւ երաժշտական կատարումներով: Վաճառքին ներկայացուած էին արցախցի արտադրողներու աշխատանքները` ձեռագործ, ասեղնագործ իրեր, քաղցրաւենիքներ, թէյեր, օճառներ եւ այլն:

Դեկտեմբեր 2023-ին Երեւանի մէջ կայացած էր Արցախի մէջ ծրագրուած փառատօնը, ուր ներկայացուած էին աւելի քան 50 ստեղծագործ արցախցիներու ձեռքի աշխատանքներ եւ արտադրանք:

լուսանկարը՝ «Ապարաժ»-ի

Արեւիկ Պետրոսեան, ծնունդով Մարտակերտի շրջանէն, կ’ապրէր Ստեփանակերտ: Ան կը ներկայացնէ «Արեւիկ» վաճառանիշը, կը պատրաստէ` մկրտութեան պարագաներ, մանկական հագուստ, մանկական աքսեսուարներ: «Արդէն վեց տարիէ կը զբաղիմ այս գործով: Սիրով կը մասնակցինք տօնավաճառին, Արցախի մէջ բաւականին պատուէրներ ունէինք, այստեղ ալ կը փորձենք նոյնը շարունակել` առայժմ փոքր չափրով, բայց` մեծ յոյսերով», նշեց ան` յոյս յայտնելով, որ կը կարենան նոր միջավայր դուրս գալ եւ աւելի ճանաչելի դառնալ հայաստանեան շուկային մէջ:

Ստեփանակերտէն Էռնա Մկրտչեանը ձեռագործ տիկնիկներ կը պատրաստէ եւ կը փորձէ իր տեղը գտնել հայկական արտադրանքի շուկային մէջ: «Կ’աշխատէի Ստեփանակերտի մանկապատանեկան ստեղծագործական կեդրոնին մէջ` իբրեւ պատանի նկարիչ խմբակի խմբակավար: Արցախի մէջ իբրեւ ձիրք կը զբաղէի, իսկ այստեղ` ընկերային հարցերը յաղթահարելու համար», նշեց մասնագիտութեամբ նկարչուհի Էռնան:

«Սիւնէ» ապրանքանիշը ստեղծուած է 2021 թուականին, Արցախի մէջ, եւ կ’արտադրէ հայկական զարդանախշերով շարփեր: Ապրանքանիշը Արցախի մէջ բաւականին յայտնի էր, այստեղ ալ կամաց-կամաց կը փորձեն յարմարիլ նոր պայմաններուն, վաճառքը հիմնականօրէն «Ինսթըկրամ»-ի էջով կ’իրականացուի:

Տաղաւարներէն մէկուն մէջ ալ կը վաճառուին տարբեր միրգեր, թէյերու տեսականի, մօտեցողները կրնային համտեսել նաեւ բնական չիրերը:  Էլինա Աղաջանեան «Սանի Արցախ»-ով սկսած է զբաղիլ քանի մը տարի առաջ: Ան երկրորդ անգամն է, որ կը մասնակցի փառատօնին: Մենք մեզ կը զգանք Արցախի մէջ: Սկզբնական շրջանին տան պայմաններու մէջ կը պատրաստէի ընտանիքիս համար, հետագային հարազատներու խորհուրդով սկսայ զբաղիլ վաճառքով: «Բնական, առանց շաքարի չիրեր են, կը պատրաստենք նաեւ միրգային թէյեր: Վաճառքը կայ, պահանջուած է, կ’ուղարկենք նաեւ արտերկիր: Դպրոցի մէջ կ’աշխատիմ իբրեւ ուսուցչուհի եւ միաժամանակ կը զարգացնեմ փոքր առեւտուրը», պատմեց ան: Էլինան նպատակ ունի  մեծ արտադրամաս ստեղծելու  ու բանալ սրճարան, ուր պիտի մատուցուին իր պատրաստած չիրերը:

Բոլոր մասնակիցները յայտնեցին, որ վաճառքէն եւ նոր պատուիրատուներ գտնելէ զատ` կարեւոր կը նկատեն առաջին հերթին Արցախի շունչը զգալը, ծանօթ դէմքեր տեսնելը, կիսուիլը:

«Արցախի մայրիկներու աջակցման կեդրոն»-ի հիմնադիր Մարիամ Աբրահամեանը «Ապարաժ»-ի հետ զրոյցի ընթացքին նշեց, որ փառատօնը կրկնելու մտայղացումը ծագեցաւ առաջին «Վըսկէ ծերքեր» փառատօնէն ետք, որմէ ստացած են բաւականին դրական արձագանգներ:

«Առաջին փառատօնը առանձնացաւ այն առումով, որ կարելի եղաւ անոր միջոցով լուծել շարք մը հոգեբանական հարցեր, որոնք նոյնիսկ մենք չէինք պատկերացներ: Կային արտադրողներ, որոնք անձնական կորուստներէ կամ ընկերային շատ բարդ իրավիճակէ մեկնելով` վատ վիճակի մէջ կը գտնուէին, բայց փառատօնը յոյս ներշնչեց աշխատելու եւ հոգեբանական այդ ծանր վիճակը յաղթահարելու», մանրամասնեց Մարիամը: Ան յոյս յայտնեց, որ փառատօներու միջոցով կարենան նպաստել, որպէսզի արցախցիները իրենց տեղը գտնեն հայաստանեան շուկային մէջ: