«Ազրպէյճանի կողմէ էական յառաջընթաց չէ արձանագրուած Լեռնային Ղարաբաղի հայերու ապահով վերադարձի համար»․ Արցախն այս շաբաթ


Ազրպէյճանի կողմէ էական յառաջընթաց չէ արձանագրուած Լեռնային Ղարաբաղի հայերու ապահով վերադարձի համարAmnesty International

Amnesty International միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութեան 2023 թուականին մարդու իրաւունքներու վիճակի վերաբերեալ տարեկան զեկոյցին մէջ Ազրպէյճանին վերաբերող բաժինին մէջ անդրադարձ կը կատարուի նաեւ Արցախի մէջ իրականացուած էթնիկ զտման:

Կը նշուի, որ Ազրպէյճանի կողմէ որեւէ էական յառաջընթաց չէ արձանագրուած` մինչեւ տարեվերջ Լեռնային Ղարաբաղ հայերու ապահով եւ արժանապատիւ վերադառնալու իրենց իրաւունքը ապահովելու համար, կը յայտնէ Factor.am-ը:

«19 սեպտեմբերին Ազրպէյճանը լայնածաւալ ռազմական յարձակում սկսաւ` զինաթափելու եւ ցրուելու փաստացի իշխանութիւնները Լեռնային Ղարաբաղի անջատուած տարածքին մէջ: Քանի մը ժամուան ընթացքին անոր ուժերը վերականգնեցին վերահսկողութիւնը ամբողջ տարածաշրջանի վրայ, եւ քանի մը օրուան ընթացքին սեպտեմբերին եւ հոկտեմբերին աւելի քան 100,000 մարդ` Լեռնային Ղարաբաղի գրեթէ ամբողջ հայ բնակչութիւնը, փախաւ Հայաստան: Տեղահանուածները կը դիմագրաւեն տնտեսական դժուարութիւններ եւ անորոշութիւն», կ’ըսուի զեկոյցին մէջ:

Կը նշուի, թէ «Ազրպէյճանի իշխանութիւնները համաներում խոստացած էին անոնց, որոնք կռուած են Լեռնային Ղարաբաղի տէ ֆաքտօ իշխանութիւններու համար, բացառութեամբ ռազմական յանցագործութիւններու ենթադրեալ հեղինակներուն»:

Կը նշուի, որ Լեռնային Ղարաբաղի քանի մը հայ առաջնորդներ ձերբակալուած եւ մեղադրուած են պատերազմական յանցագործութիւններու մէջ, երբ անոնք կը փորձէին լքել տարածաշրջանը ու երթալ Հայաստան»:

Կազմակերպութիւնը նաեւ կը յիշեցնէ, որ դեկտեմբերին Ազրպէյճանը ազատ արձակած էր 32 հայ ռազմագերիներ` համաձայնելով աշխատիլ Հայաստանի հետ խաղաղութեան համաձայնագրի ուղղութեամբ, Հայաստանի համաձայնութեան դիմաց COP29-ը Պաքուի մէջ կազմակերպելու:

«Իշխանութիւնները ռազմական յաղթանակը օգտագործեցին` իրենց իշխանութիւնն ա՛լ աւելի ամրապնդելու եւ այլախոհութեան ճնշումը ուժեղացնելու համար», կ’ըսուի զեկոյցին մէջ, ուր արձանագրուած են նաեւ Պաքուի կողմէ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի խախտումները:

«Սեպտեմբերին ռազմական յարձակումէն ինը ամիս առաջ Ազրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի շրջափակումը, որ Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստանին կապող ճանապարհն է, յառաջացուցած էր առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներու, ներառեալ` սնունդի, դեղորայքի եւ վառելիքի մարդասիրական ճգնաժամ անջատուած տարածաշրջանին մէջ: Փետրուարին Արդարադատութեան միջազգային դատարանը հրահանգած էր «անարգել տեղաշարժ» երկու ուղղութիւններով, սակայն ատիկա անտեսուեցաւ: Ազրպէյճանի իշխանութիւնները կը պնդէին, որ Լեռնային Ղարաբաղ մատակարարուի Ազրպէյճանի կողմէ վերահսկուող տարածքէն կամ Հայաստանէն մատակարարումները ենթարկուին մանրակրկիտ ստուգումներու, ինչ որ հայկական կողմը մերժեց», կը նշեն զեկոյցի հեղինակները:

Անդրադարձ կը կատարուի նաեւ Ազրպէյճանի կողմէ ռազմական յանցագործութիւններուն:

«Նախորդ տարիներուն ենթադրեալ պատերազմական յանցագործութիւններու եւ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի խախտումներու, ներառեալ` ազրպէյճանական զինուժի անհամաչափ եւ անխտիր յարձակումներու, ինչպէս նաեւ՝ ազրպէյճանական ուժերու կողմէ քաղաքացիական անձերու եւ ռազմագերիներու սպանութիւններու, բռնութեան արժանահաւատ ապացոյցներու հետաքննութեան հարցով էական յառաջընթաց չէ արձանագրուած: Այս յանցագործութիւններուն համար անպատժելիութիւնը կը շարունակէ շարունակական մտահոգութիւնները յառաջացնել` կապուած Ազրպէյճանի իշխանութիւններու յանձնառութեան հետ` ապահովելու Լեռնային Ղարաբաղի մէջ խաղաղ բնակչութեան պաշտպանութիւնը», կ’ըսուի կազմակերպութեան զեկոյցին մէջ:

 

Անցեալ տարի այս օրը Ալիեւը տեղադրեց ապօրինի անցակէտը Բերձորի միջանցքին, իսկ մէկ տարի անց` այսօր տեղադրուեցաւ առաջին սահմանագծման սիւնը Հայաստանի ու Ազրպէյճանի միջեւ…

Արցախի Հանրապետութեան նախկին Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արտակ Բեգլարեանը կը գրէ.

«Տաւուշի գիւղերը պէտք չէ տրուին Ազրպէյճանին, եւ իշխանութիւններուն այդ որոշման դէմ հանրային բողոքը հիմնաւոր է, իսկ պայքարի մեթոտները` իրաւաչափ:

Արտակ Բեգլարեան (լուսանկարը՝ «Երկիր»)

Նոյնիսկ եթէ սահմանազատման ու սահմանագծման հարցով իշխանութիւնները հիմք կը վերցնեն Ալմա Աթայի փաստաթուղթն ու խորհրդային հանրապետութիւններու վարչական սահմանները, ապա այդ պարագային նոյնպէս Հայաստան-Ազրպէյճան յարաբերութիւններուն մէջ առկայ բոլոր հիմնախնդիրները պէտք է լուծում ստանան համապարփակ ու փաթեթային կերպով: Առնուազն շրջանակային համաձայնագիր պէտք է, որ պէտք է հասցէագրէ բոլոր հակամարտային հարցերը, ներառեալ` Արցախի ժողովուրդի հաւաքական, անվտանգ ու արժանապատիւ վերադարձը Հայրենիք:

Բռնապետ ու ցեղասպան Ալիեւին եւ իր տէրերուն պէտք է ոչ թէ հակամարտութեան կարգաւորումը, այլ` Հայաստանի ու հայերու նուաստացման ու մասնատման գործընթացը եւ այդ ընթացքին ստացած զիջումները Հայաստանէն:

Մի՛ մոռնաք, ուղիղ մէկ տարի առաջ Ալիեւը հրապարակայնօրէն յայտարարեց, որ «Հայաստանը Ազրպէյճանի ու Թուրքիոյ յաւերժական թշնամին է:

Ի դէպ, յիշեցնեմ նաեւ, որ անցած տարի այս օրը Ալիեւը տեղադրեց ապօրինի անցակէտը Բերձորի միջանցքին, իսկ մէկ տարի անց` այսօր տեղադրուեցաւ առաջին սահմանագծման սիւնը Հայաստանի ու Ազրպէյճանի միջեւ: Յուսամ` այդ սիւնը նոյն հետեւանքը չի ձգեր հայ ժողովուրդին համար, ինչ որ անցակէտը ձգեց»:

 

Ռուբէն Վարդանեանի ընտանիքը խորապէս մտահոգուած է անոր վիճակով 

Ազրպէյճանի մէջ բանտարկուած Արցախի նախկին պետնախարար Ռուբէն Վարդանեանի ընտանիքը խորապէս մտահոգուած է անոր վիճակով հացադուլ սկսելէն ետք, յայտնած է անոր որդին Դաւիթ Վարդանեանը CNN-ի հետ զրոյցի ժամանակ:

«Առաջ ան շաբաթը մէկ անգամ կը զանգեր մօրս, իսկ հացադուլ սկսելէն ի վեր կապ չէր հաստատած: Երկու շաբաթուան լռութենէն ետք օրերս կապ հաստատած է իր քրոջ հետ ու տեղեկացուցած, որ կը գտնուի մեկուսացման խցիկը, այսինքն` հացադուլէն ետք անոր անազատութեան պայմանները աւելի խստացուցած են», ըսած է Դաւիթ Վարդանեանը, կը յայտնէ «Ազատութիւն»-ը:

Դաւիթ Վարդանեան (լուսանկարը՝ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին)

Ի պատասխան CNN-ի յայտնի հաղորդավար Քրիստիան Ամանպուրի հարցումին, թէ արդեօք Վարդանեանը ակնարկած է, որ հնարաւոր է` կեանքին վտանգ կը սպառնայ, Դաւիթ Վարդանեանը նշած է, որ չի բացառեր:

Ամանպուրը յիշեցուցած է, որ Վարդանեանը կը համարուի Ռուսիոյ նախագահի մտերիմներէն, ինչպէս նաեւ կը գտնուի Ուքրանիոյ` պատժամիջոցներու ենթարկուած անձերու ցանկին մէջ, եւ հարց ուղղած է, թէ հնարաւո՞ր է` այժմ ան կը հետապնդուի մարդկանց կողմէ, որոնք Վարդանեանի հետ քաղաքական տարաձայնութիւններ ունեցած են: Դաւիթ Վարդանեանը, հարցումին ուղիղ չպատասխանելով, յիշեցուցած է, որ իր հայրը քաղաքականութեամբ սկսաւ զբաղիլ, երբ Արցախի մէջ ապրող 120 հազար հայեր մնացին բոլորովին մենակ, որմէ ետք, ան, վտանգելով իր եւ իր ընտանիքին անվտանգութիւնը, տեղափոխուեցաւ Արցախ»:

Նշենք նաեւ, որ Ռուբէն Վարդանեանի ընկերներն ու գործընկերները 24 ապրիլին նախաձեռնած են երթ` Հայոց ցեղասպանութեան օրը զօրակցութիւն յայտնելով Պաքուի բանտին մէջ բանտարկուած եւ հացադուլ յայտարարած Ռուբէն Վարդանեանին եւ միւս հայ գերիներուն, կը յայտնէ «Այսօր» կայքը:

Ցոյցին մասնակցողները` երթով բարձրացած են Ծիծեռնակաբերդ՝ յարգելու Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը եւ յիշեցնելու, որ ցեղասպանութիւնը այսօր ալ կը շարունակուի, փաստ՝ Պաքուի բանտին մէջ բանտարկուած բազմաթիւ հայերը։

 

 «Մե՛նք ենք մեր սարերը» յուշարձանը ազրպէյճանական կայքերուն մէջ կը ներկայացուի որպէս «ազրպէյճանական մշակութային ժառանգութիւն»

«Հայկական լեռնաշխարհի մշակութային ժառանգութեան պաշտպան»-ը կ’ահազանգէ․

«Ազրպէյճանի պետական վարչակարգը կը շարունակէ իւրացնել Արցախի մշակութային ժառանգութիւնը: Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն թիրախը այս անգամ «Մե՛նք ենք մեր սարերը» յուշարձանն է, որ ազրպէյճանական կայքերու մէջ կը ներկայացուի որպէս «ազրպէյճանական մշակութային ժառանգութիւն»:

Մենք ենք մեր սարերը

Յուշարձանը շատերուն յայտնի է որպէս «Պապիկ-տատիկ»: Տեղադրուած է 1967 թուականին, կը գտնուի Ստեփանակերտի մուտքին, բլուրի վրայ։ Քանդակագործն է Սարգիս Բաղդասարեանը, ճարտարապետը` Իւրի Յակոբեանը: Քանդակը պատրաստուած է կարմիր տուֆով:

 

Լեռնային Ղարաբաղի մէջ բազմաթիւ գիւղեր ու քաղաքներ պարզապէս անհետացան․ Կիրակոսեանը` Հաագայի դատարանին մէջ

ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան միջազգային դատարանին մէջ Ազրպէյճանն ընդդէմ Հայաստանի գործով լսումներու ժամանակ ՀՀ ներկայացուցիչ Եղիշէ Կիրակոսեանը իր ելոյթին մէջ անդրադարձած է արցախեան առաջին պատերազմին` նշելով, որ Հայաստանը ատոր վերաբերեալ իր տեսլականը ներկայացուցած է դատական փաստաթուղթերով:

Կիրակոսեանը նշած է նաեւ, որ խորհրդային տարիներուն ազրպէյճանական կողմի իրականացուցած ցեղային խտրականութեան հետեւանքով բազմաթիւ հայկական գիւղեր ու քաղաքներ պարզապէս անհետացած են: Նոյն քաղաքականութեան հետեւանքով նուազած է Նախիջեւանի մէջ հայկական բնակչութեան թիւը, այնուհետեւ` ի սպառ վերացած, կը յայտնէ PanArmenian.net-ը:

Եղիշէ Կիրակոսեան (լուսանկարը՝ «Երկիր»-ի

Ան նշած է` Արցախեան առաջին պատերազմը անխօս ողբերգութիւն էր, որ տեղի ունեցաւ Խորհրդային Միութեան փլուզման արդիւնքով:

Ըստ անոր` Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութիւնները հետեւած են 1994 թուականին Պիշքեկի մէջ կնքուած անժամկէտ զինադադարի պայմաններուն, որ յետագային հաստատուած է Մինսկի խումբի կողմէ, ինչը կարելի չէ ըսել Ազրպէյճանի մասին, որ պատերազմի աւարտէն ետք աւելի սաստկացուցած է ցեղային խտրականութիւնը, մերժած ՄԱԿ-ի հասանելիութիւնը տարածաշրջան, բազմաթիւ անգամներ խախտած է զինադադարի պայմանագիրը, ներառեալ` սկսած է Արցախեան երկրորդ պատերազմը։

22-26 ապրիլին Հայաստանի դէմ ներկայացուած ցեղային խտրականութեան բոլոր ձեւերու վերացման մասին միջազգային պայմանագրի ծիրէն ներս Ազրպէյճանի կողմէ ներկայացուած հայցադիմումի բանաւոր լսումներ տեղի ունեցան:

 

Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հայկական ներկայութեան բոլոր հետքերը ջնջելը Ալիեւի վարչակարգի նախագիծն է. Պետել

 Ֆրանսայի խորհրդարանի Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամութեան խումբի ղեկավար Անն Լոուրենս Պետելը X-ի իր էջին վրայ գրած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հայկական ներկայութեան բոլոր հետքերը ջնջելը Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի վարչակարգի նախագիծն է:

Ան նշած է նաեւ, որ «եկեղեցիներէն, խաչքարերէն եւ Արցախի Ազգային ժողովէն ետք ազրպէյճանցիները այժմ կը գրոհեն կառավարութեան շէնքը», գրած է ան:

Պոտելը նաեւ հրապարակած է տեսանիւթ, ուր ազրպէյճանցիները մահակով կը կոտրեն եւ կը հեռացնեն Արցախի Հանրապետութեան կառավարութեան շէնքէն հայատառ գրութիւններն ու զինանշանը:

 

Ռուսիոյ դրօշը հանուեցաւ Լաչինէն, խաղապահները կը շարունակեն հեռանալ

Ռուսիոյ դրօշը 24 ապրիլին հանուեցաւ Լաչինի ճանապարհէն: Ըստ տեսանիւթերու` ռուսական խաղաղապահ զօրախումբը կը շարունակէ լքել հայաթափուած Արցախը` 9 նոյեմբերի յայտարարութեամբ ամրագրուած ժամկէտէն մէկուկէս տարի շուտ:

Թէ ինչպէս, երբ եւ ինչի դիմաց Մոսկուան համաձայնեցաւ ատոր, առայժմ յայտնի չէ, յստակ է միայն, որ զօրքերը դուրս բերելու մասին յայտարարութենէն քանի մը օր անց Ազրպէյճանի նախագահը այցելեց Մոսկուա Ռուսիոյ նախագահին հետ հանդիպման: Փութինի հետ դռնփակ բանակցութիւններուն յաջորդ օրը վերադառնալով Պաքու` Ալիեւը կրկին շեշտեց, որ Հայաստանը պէտք է ճանապարհ տայ Ազրպէյճանին` Նախիջեւանի հետ կապուելու համար, եւ որ ան պիտի վերահսկեն ռուս սահմանապահները:

 

Փակուած է Աղդամի ռուս–թրքական մշտադիտարկման կեդրոնը

 Աղդամի մէջ տեղի կ’ունենայ ռուս–թրքական համատեղ մշտադիտարկման կեդրոնի հանդիսաւոր փակումը:

Աղդամի ռուս–թրքական մշտադիտարկման կեդրոնը կը փակուի

Արարողութեան ներկայ Ռուսիոյ զինուած ուժերու գլխաւոր շտապի պետի տեղակալ Սերգէյ Իստրակովը ըսած է, թէ Աղդամի կեդրոնը Ռուսիոյ, Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի զինուորականներու համատեղ գործունէութեան յաջող օրինակ է, կը տեղեկացնէ PanArmenian-ը՝ վկայակոչելով ազրպէյճանական «ԱՓԱ» գործակալութիւնը:

Ռուս–թրքական համատեղ դիտարկման կեդրոնը բացուած էր 44–օրեայ պատերազմէն ետք՝ 30 յունուսար 2021-ին Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ ստորագրուած յուշագրի մը հիման վրայ: