Freedom House-ը ցեղային զտում կ’որակէ Արցախի հայաթափումը


Freedom House-ը ցեղային զտում կորակէ Արցախի հայաթափումը եւ կը նշէ` Ազրպէյճանը կը շարունակէ սպառնալ Հայաստանի գոյութեան 

Freedom House իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը հրապարակած է իր տարեկան` Nations in Transit 2024 զեկոյցը, ուր զուգահեռներ կը կատարուին Ռուսիոյ կողմէ Ուքրանիոյ դէմ յարձակումին եւ Ազրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի դէմ յարձակման միջեւ` վերջինս որակելով որպէս «ցեղային (էթնիկ) զտում»:

Ըստ իրաւապաշտպան կազմակերպութեան զեկոյցին, Հայաստանի ժողովրդավարութեանն ուղղուած ջանքերուն վրայ բացասական ազդեցութիւն ունեցած է «Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ազրպէյճանական վարչակարգի դաժան յարձակումը», որուն հետեւանքով այնտեղ ապրող աւելի քան 120 հազար հայեր ստիպուած եղան փախչիլ եւ հիմնականօրէն բնակութիւն հաստատել Հայաստան, կը գրէ «Ամերիկայի ձայնը»:

«Ազրպէյճանական վարչակարգի ներխուժումը եւ Լեռնային Ղարաբաղի վերացումը բացասական ազդեցութիւն ունեցան նոյն Հայաստանի ժողովրդավարութեան վրայ: Այսինքն` Հայաստանի մէջ հաստատութիւնները ստիպուած էին պայքարելու ոչ միայն այնտեղ ժողովրդավարական կառավարում ապահովելու եւ բարեփոխումներ իրականացնելու մարտահրաւէրին դէմ, այլ նաեւ՝ Լեռնային Ղարաբաղի տարածքէն փախստականներու հոսքի աւելացման մարտահրաւէրին», ըսած է զեկոյցի համահեղինակ, Freedom House-ի աւագ փորձագէտ Մայք Սմելտզըրը:

Զուգահեռներ ընելով Ուքրանիոյ դէմ Ռուսիոյ յարձակումին ու Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Ազրպէյճանի ձեռնարկած ռազմական գործողութիւններուն միջեւ` զեկոյցը կը փաստէ. «Սեպտեմբեր 2023-ին ազրպէյճանական վարչակարգի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի դէմ վերջնական յարձակման հիմնական պատճառը երբեք ալ փետրուար 2022-ին Ուքրանիոյ վրայ Քրեմլի ներխուժումը չէր: Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը վաղուց բացայայտ կերպով կը խօսէր հայկական միջերկրի իրականապէս անկախութիւնը վերցնելու իր մտադրութեան մասին», կ’ընդգծէ զեկոյցը` աւելցնելով, թէ, այդուհանդերձ, Ուքրանիոյ վրայ Ռուսիոյ յարձակումը հնարաւորութեան դուռ բացաւ [Ազրպէյճանի համար] նուաճելու Լեռնաին Ղարաբաղը, քանի որ «Քրեմլի ուշադրութիւնն ու ներուժը շեղեցան Կովկասի մէջ իր խաղաղապահ պարտաւորութիւններէն, իսկ ժողովրդավարական աշխարհը կլանուած էր Քիեւին աջակցելու ուղղութեամբ»:

Արցախցիներու բռնի տեղահանութիւնը (լուսանկարը՝ «Արմենպրես»-ի)

Զեկոյցը կը փաստէ` Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իրականապէս իշխանութեան ու պաշտպանութեան համակարգի փլուզումը հարկադրեց 120 հազար հայերուն հեռանալ` «իրենց կեանքը փրկելու համար»: Զեկոյցը ատիկա որակած է որպէս «ցեղային զտումներ»:

«Մեր զեկոյցին մէջ կ’օգտագործենք «ցեղային զտում» եզրը, երբ կը խօսինք աւելի քան 120,000 էթնիկ հայերու մասին, որոնք Լեռնային Ղարաբաղի տարածքէն ստիպուած եղած են փախչիլ ազրպէյճանական զինուժէն: Անոնցմէ շատերը, ի հարկէ, յայտնուած են Հայաստան», նշած է զեկոյցի համահեղինակը:

Միաժամանակ, կը նշուի․ «Ազրպէյճանի զինուժը կը շարունակէր սպառնալ Հայաստանի Հանրապետութեան գոյութեանը` նախորդ տարիներու ընթացքին բազմաթիւ բախումներէ ետք` բռնագրաւելով այդ երկրի տարածքին մէկ մասը»:

Զեկոյցը կ’ընդգծէ. «Որոշ ժողովրդավարական երկիրներ զգալի աջակցութիւն ցուցաբերած են Ուքրանիոյ, սակայն երբ ազրպէյճանցի զինուորականները Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանեցին աւելի քան 120 հազար հայեր, միջազգային հանրութիւնը հիմնականօրէն արձագանգեց խորհրդանշական կոչերով եւ մտահոգութիւն արտայայտելով: Եւրոմիութիւնը կը շարունակէ յոյսը դնել ազրպէյճանական քարիւղի վրայ եւ անտեսել նախագահ Իլհամ Ալիեւի վարչակարգին կողմէ մարդու իրաւունքներու խախտումները` ակնյայտօրէն առաջնային տեղ տալով քաղաքական եւ տնտեսական նպատակայարմարութեանը, քան հիմնարար արժէքներուն ու երկարաժամկէտ շահերուն»:

Իրաւապաշտպան կազմակերպութեան գնահատմամբ, ժողովրդավարական երկիրներու կողմէ մարդու իրաւունքներու խախտումներու հետեւողականօրէն դատապարտման բացակայութիւնը կ’ոգեշնչէ բռնապետները եւ կը վնասէ միջազգային օրէնքներու պահպանմանը:

***

Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցածը հայերու ցեղային զտում է. իտալացի պատգամաւոր

Ըստ «Արմէնպրես»ի, Իտալիոյ խորհրդարանի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի փոխնախագահ, «Լեկա» կուսակցութեան ներկայացուցիչ Փաուլօ Ֆորմենթինի արձագանգեց եւրոատլանտեան հանրութեան Հայաստանի ամբողջական համարկման կարելիութեան մասին իր հարցումին` Իտալիոյ արտաքին գործոց եւ միջազգային համագործակցութեան փոխնախարար Ճորճիօ Սիլլիի տուած պատասխանին։

«Կ’ակնկալենք, որ Իտալիան իր ամբողջական աջակցութիւնը պիտի տրամադրէ եւրոատլանտեան համայնքին՝ Հայաստանի համարկման: Եւ անիկա իսկապէս աւելին է, քան զուտ ակնկալութիւն: Մենք մնայուն կերպով պիտի շարունակենք պնդել այդ, որովհետեւ ինչպէս արդէն նշած ենք, Իտալիա առեւտրական եւ ուժանիւթի ոլորտներուն մէջ ամուր կապեր ունի Ազրպէյճանի հետ, բայց այդ չի նշանակեր եւ պէտք չէ նշանակէ, որ մենք պէտք է ամբողջ ժողովուրդ մը ձգենք ճակատագիրի քմահաճոյքին: Պէտք է մնայուն կերպով յիշել, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցածը, քանի որ անիկա, ինչ որ պարզապէս, պարզունակ ձեւով կը բնորոշուի իբրեւ այսպէս կոչուած «ազրպէյճանական հողերէն վտարում »` այնտեղ հազարամեակներ ապրած հայերու ցեղային զտում է: Այլ ձեւով չենք կրնար որակել տեղի ունեցածը: Պէտք է գիտակցիլ անոր: Շատ մը լուծումներ կրնան ըլլալ: Սակայն, այդ մէկը նկատի չառնուեցաւ, եւ այսօր Լեռնային Ղարաբաղի մէջ այլեւս հայեր չկան», յայտարարեց Ֆորմենթինի:

Ան յատկապէս շեշտեց, որ իրենք կ’ակնկալեն, որ պէտք է ապահովուի այդ տարածաշրջանի պատմամշակութային ժառանգութեան, հայկական եկեղեցիներու, վանքերու եւ գերեզմանատուներու պաշտպանութիւնը, որպէսզի անոնք նոյնպէս չվերացուին:

«Եւ այս ամէնը` 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութեան 109-րդ տարելիցի` ապրիլ 24-ի նախօրէին: Ասիկա իսկապէս յարգանքի տուրք է խաղաղութեան: Համոզուած եմ եւ յոյս ունիմ, որ ըլլայ իսկական խաղաղութիւն, որ պիտի յարգէ պատմական տարածքները, պատմամշակութային ժառանգութիւնը եւ ժողովուրդի իրաւունքները: Մենք այս բոլորը պէտք չէ մոռնանք Ազրպէյճանի հետ մեր ամէնօրեայ յարաբերութիւններուն ընթացքին: Եւ եթէ մենք Հայաստանի պարագային նկատած ենք յառաջընթաց դէպի Եւրոպական Միութիւն եւ նոր երկխօսութիւն (ինչպէս նշեց Սթոլթենպերկ) ՆԱԹՕ-ի հետ, ապա պէտք է ըսենք նաեւ, որ, ըստ որոշ դիտարկումներու, հաւանաբար հակառակը տեղի կ’ունենայ Հայաստանի հետ սահմանակից երկրին մէջ», եզրափակեց Ֆորմենթինի:

***

Ռուբէն Վարդանեան 2024-ի Խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակի թեկնածու առաջադրուեցաւ

Արցախի նախկին պետական նախարար, Արցախի մէջ իր բարեսիրական գործունէութեան համար վարկ ունեցած Ռուբէն Վարդանեանի 2024-ի Խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակի թեկնածութիւնը առաջադրուեցաւ ՝ իր բարեսիրական եւ մարդասիրական գործունէութեան համար։

Անոր թեկնածութիւնը առաջադրեցին շուրջ հինգ տասնեակի հասնող հեղինակաւոր անձեր՝ անոր նոր եւ աննախադէպ կրթական, բարեսիրական, գիտական եւ մարդասիրական կառոյցներու ստեղծման եւ օժանդակութեան համար, ոչ միայն Հայաստանի, այլ նաեւ այլ երկիրներու մէջ։

Ռուբէն Վարդանեան (լուսանկարը՝ Դաւիթ Ղահրամանեանի)

Լուրը հաստատեցին Ռուբէն Վարդանեանի գրասենեակէն՝ յայտնելով. «Առաջադրողները տպաւորիչ եւ միջազգային գնահատականի արժանի համարած են Ռուբէն Վարդանեանի` որպէս մարդասերի եւ բարերարի կերպարը եւ անոր հետեւողական ջանքերը` ուղղուած անգամ պատերազմներու ու անոնք սպառնալիքի, ֆինանսական եւ քաղաքական ճգնաժամերու ընթացքին մարդասիրական, բարեգործական  ու ընկերային ծրագիրներու միջոցով երկարատեւ կայունութեան ու զարգացման գործիքներու ներդրմանը: Այդ ծիրէն ներս, մասնաւորապէս, յիշատակուած է անոր գործունէութիւնը շրջափակուած Արցախի մէջ, ուր Ռուբէն Վարդանեանը մեծ ջանքեր ներդրած է` փորձելով ոչ միայն մեղմել մարդասիրական ծանր կարիքները, այլեւ դժուարին վիճակի մէջ յայտնուած մարդոց ու երեխաներու կենսական պայմաններու բարելաւման հնարաւորութիւններ ստեղծել:

Գնահատելի համարուած է այն, որ Ռուբէն Վարդանեանի բարեգործութիւնը կ’ընդգրկէ ոչ միայն ազգային, այլեւ միջազգային մակարդակները եւ համաշխարհային ազդեցութիւն ու նշանակութիւն ունի: Անոր հեղինակային խոշոր  նախագիծերէն մէկը` «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնն ուղղուած է աշխարհի բոլոր անկիւններու, բոլոր մայրցամաքներու մէջ օգնելու եւ ձեռք մեկնելու  բոլոր անոնց, որոնք վտանգելով սեփական կեանքը բարիք կը գործեն: Վարդանեանին առաջադրման ներկայացուած յարգարժան անձերու նամակին մէջ կարեւոր կը համարուի նաեւ այն, որ ան յարգալից եղած է ոչ միայն իր ժողովուրդին, կրօնին, այլեւ այլոց ժառանգութեան նկատմամբ. Որպէս ատոր վառ օրինակ կը նշուի Ռուբէն Վարդանեանի նախաձեռնութեամբ վերանորոգուած Շուշիի իրանական մզկիթը»։

***

Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը Արցախի թեմը յորդորեց շարունակել բարձրաձայնել արցախցիներու իրաւունքներու ապահովման հարցերը

Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ. այսօր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ ընդունեց Արցախի թեմի Թեմական խորհուրդի անդամները` թեմակալ առաջնորդ Վրթանէս եպս. Աբրահամեանի գլխաւորութեամբ:

Գարեգին Բ․ կաթողիկոսը կ’ընդունի Արցախի պատուիրակութիւնը (լուսանկար՝ Մայր Աթոռին)

Հանդիպումին, ըստ Մայր Աթոռի լրատուական բաժանմունքին, քննարկուեցան Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան, անոնց ընկերային կացութեան եւ բարոյա-հոգեբանական վիճակին առնչուած հարցեր: Անդրադարձ եղաւ նաեւ եկեղեցւոյ կողմէ իրականացուող աջակցութեան ծրագիրներուն:

Կաթողիկոսը Արցախի թեմի անդամները յորդորեց շարունակել կարելի բոլոր միջոցները գործադրել միջազգային ու միջեկեղեցական կառոյցներու առջեւ բարձրաձայնելու Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու ապահովման, Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան հիմնահարցերը, նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

***

Պաքու դարձեալ «ականներու սպառնալիք»ի մասին կը խօսի

8 ապրիլին, Ազրպէյճանի կառավարութիւն-ՄԱԿ-ի Ղեկավար կոմիտէի միացեալ նիստին ընթացքին, Ազրպէյճանի տնտեսութեան փոխնախարար Սահիպ Մամետով յայտնեց, որ «ականներու սպառնալիքը Ղարաբաղի եւ Արեւելեան Զանգեզուրի տնտեսական շրջաններուն մէջ ոչ միայն մարդոց կեանքը կը վտանգէ, այլ նաեւ կը դանդաղեցնէ տնտեսական աշխուժացման գործընթացը»։

Ան ըսաւ, որ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը նախաձեռնած է ականազերծման գործողութիւնները ներառել ՄԱԿ-ի մինչեւ 2030-ի ծրագիրներու օրակարգին վրայ՝ իբրեւ կայուն զարգացման 18-րդ նպատակ՝ նշելով, թէ «COP29»-ը (Կլիմայի փոփոխութեան ՄԱԿ-ի շրջանային հռչակագիրի կողմերու 29-րդ նստաշրջան) կարեւոր հարթակ կրնայ ծառայել Ազրպէյճանի կողմէ առաջադրուած 18-րդ նպատակը յառաջ մղելու համար։

44-օրեայ պատերազմէն ետք, Երեւան առանց նախապայմաններու Ազրպէյճանին փոխանցած է Արցախի ականապատ դաշտերու 972 տեղեկամատեաններ։

***

Բռնագրաւուած Ստեփանակերտի մէջ տեղակայուած Միջազգային կարմիր խաչի գրասենեակը տեղափոխուեցաւ Բարդա

Բռնագրաւուած Ստեփանակերտի մէջ տեղակայուած Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէ գրասենեակը տեղափոխուեցաւ Բարդա։ Այս մասին «Լուրեր»-ուն հաղորդեց Հայաստանի մէջ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի պատուիրակութեան հաղորդակցութեան ծրագիրներու ղեկավար Զառա Ամատունի։

Արցախէն բռնի տեղահան եղած անձերէն շուրջ 84 հազարը արդէն հաշուըւած են Հայաստանի հասցէներով, իսկ 82 հազար անձեր ձեռք բերած են գաղթականի ժամանակաւոր պաշտպանութեան վկայագիր. Հայաստանի քաղաքացիութեան համար դիմած են առաւել քան 1600 անձեր։

Բռնի տեղահանութենէն ետք, այս ընթացքին Արցախէն Հայաստան տեղափոխուած են 50 հայեր։

Կարմիր խաչի հայկական գրասենեակէն հաղորդեցին, որ իրենք ուշադրութեամբ պիտի հետեւին Արցախի մէջ մնացած անձերուն։ Անոնց հետ Հայաստան տեղափոխուած հարազատները կը փորձեն կապը պահել։

***

Ազրպէյճանը առաջարկած է Լաչինին ԱՊՀ մշակութային մայրաքաղաքի կարգավիճակ տալ

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց (ԱԳ) նախարար Ճեյհուն Պայրամովը Մինսկի մէջ ընթացող ԱՊՀ ԱԳ նախարարներու խորհուրդի նիստին յայտարարած է, թէ Լաչինը (Բերձոր-Թ. ) կրնայ ԱՊՀ մշակութային մայրաքաղաքի կարգավիճակ ստանալ, ըստ Panarmenian.net-ի կը հաղորդէ ազրպէյճանական Trend.az-ը:

«Պայրամովը տեղեկատուութիւն տրամադրած է Ազրպէյճանի մէջ տեղի ունենալիք COP29-ի համաժողովի, Գեանջայի (Գանձակ-Թ․) 2025-ին կայանալիք ԱՊՀ խաղերու, ինչպէս նաեւ ԱՊՀ մշակութային մայրաքաղաքի կարգավիճակը Լաչինին շնորհելու Ազրպէյճանի ներկայացուցած յայտի մասին», կ’ըսուի հաղորդագրութեան մէջ:

Ան ներկայացուցած է Ազրպէյճանի տեսակէտը ԱՊՀ ծիրէն ներս առեւտրատնտեսական, մշակութային եւ մարդասիրական ոլորտներու մէջ առկայ իրավիճակի եւ համագործակցութեան հեռանկարներու վերաբերեալ:

***

 ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան նախաձեռնութեամբ քննարկում` «Հայ կնոջ դերը հասարակականքաղաքական կեանքին մէջ» նիւթով

Վերջերս ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ քննարկում` «Հայ կնոջ դերը հասարակական-քաղաքական կեանքին մէջ» նիւթով:

Քննարկումին ներկայ գտնուեցան` Հայաստանի Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորներ, ՀՕՄ-ի կեդրոնական վարչութեան, Հայաստանի շրջանային վարչութեան եւ Արցախի միաւորի ընկերուհիներ եւ ՀՕՄ-ուհիներ, ՀՅԴ Արցախի կեդրոնական կոմիտէի եւ կառոյցի ընկերներ, ՀՀԿՄՄ Արցախի գրասենեակի անդամներ, ՀՄԸՄ Արցախի մասնաճիւղի անդամներ, ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան, ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան եւ Արցախի պատանեկան միութեան ընկերներ:

Քննարկում-հանդիպումին խօսքեր արտասանեցին` ՀՕՄ-ի Արցախի շրջանային վարչութեան ատենապետ Մելանիա Բալայեանը, Հայաստանի Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Քրիստինէ Վարդանեանը, ՀՀԿՄՄ Արցախի գրասենեակի ուսուցիչ Նուարդ Բաղրեանը:

Բանախօսութիւններուն նախորդեց ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան ԱՊՄ ընկերներու պատրաստած գեղարուեստական ծրագիրը, որուն ծիրին մէջ անոնք ներկայացուցին տեղեկութիւններ նշանաւոր հայ կիներու մասին, երգեցին մայրերու նուիրուած երգեր, արտասանեցին բանաստեղծութիւններ: Այս խրախուսական մթնոլորտին մաս կազմեց նաեւ սուրիահայ սիրուած երգիչ Սուրէն Աճեմեանը:

Ծրագիրը մեծարանքի երեկոյ էր` նուիրուած հայ հերոսական եւ հերոսածին կիներուն, հայ մայրերուն, որոնք հերոսացան հայոց պատմութեան բոլոր ժամանակներուն մէջ: