«Սատար պիտի կանգնինք Արցախի ժողովուրդի հիմնարար իրաւունքներու պաշտպանութեան»


«Սատար պիտի կանգնինք Արցախի ժողովուրդի հիմնարար իրաւունքներու պաշտպանութեան». ՀՅԴ Արցախի կեդրոնական կոմիտէ

ՀՅԴ Արցախի կեդրոնական կոմիտէն 31 մարտին տարածեց հաղորդակցութիւն մը, որուն մէջ կ’ըսուի, թէ կառոյցը գումարած է իր 28-րդ Շրջանային ժողովը եւ հաստատած, որ սատար պիտի կանգնի Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան: Ստորեւ` հաղորդագրութիւնը.

«Երեւանի մէջ կայացաւ ՀՅԴ Արցախի կազմակերպական կառոյցի 28-րդ Շրջանային ժողովը: Ժողովը մէկ անգամ եւս հաստատեց, որ ՀՅԴ-ն բոլոր միջոցներով սատար պիտի կանգնի Արցախի ժողովուրդի հիմնարար իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքի վերականգնման:

«ՀՅԴ-ն բոլոր հարթակներու վրայ պիտի շարունակէ ներկայացնել Արցախի հիմնահարցի էութիւնն ու արցախցիներու` հայրենիք հաւաքական վերադարձի անժամանցելի իրաւունքը: Պիտի շարունակէ իր համագործակցութիւնը Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւններու եւ քաղաքական ու հասարակական բոլոր այն ուժերու հետ, որոնք իրենց օրակարգին վրայ կը պահեն վերոյիշեալ հարցերը:

«Ժողովը իր աշխատանքներու աւարտին ընտրեց Կեդրոնական կոմիտէի 7 հոգինոց կազմը: Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ ընտրուեցաւ Արա Պուլուզեանը»:

***

Ստեփանակերտի մէջ մնացած Սարգիս Գալստեան Հայաստան տեղափոխուելէն ետք ձերբակալուեցաւ

Լեռնային Ղարաբաղի հայաթափումէն ետք Ստեփանակերտի մէջ մնացած Սարգիս Գալստեան Հայաստան տեղափոխուելէն ետք ձերբակալուեցաւ: Ըստ Քննչական կոմիտէի խօսնակ Գոռ Աբրահամեանի՝ ան կը մեղադրուի լրտեսութեան մէջ, իսկ խափանման միջոց ընտրուեցաւ բանտարկութիւնը:

Ըստ «Ազատութեան» ունեցած տեղեկութիւններուն` Սարգիս Գալստեան Հայաստան մուտք գործեց 29 մարտին եւ Գորիսի մէջ ձերբակալուեցաւ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան կողմէ: Ան եւ անոր կինը Արցախէն Հայաստան տեղափոխուեցան Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէին ընկերակցութեամբ։

Սարգիս Գալստեան (լուսանկարը՝ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին)

Սարգիս Գալստեան Արցախի մէջ տարիներով զանազան պաշտօններ վարած է. 1990-ականներուն մասնակցած է պատերազմական գործողութիւններու, եղած է Շուշիի վարչական շրջանի փոխղեկավարը, ապա աշխատած ռազմահայրենասիրութեան եւ կրթութեան նախարարութեան մէջ: Իսկ 19 սեպտեմբերի Ազրպէյճանի յարձակումէն ետք, ըստ արցախցի պատգամաւոր Դաւիթ Գալստեանի, որ անոր եղբօրորդին է, նախագահ Սամուէլ Շահրամանեան իր հօրեղբայրը այլ պաշտօնի վրայ նշանակած է:

Կատարուած է Արցախի վրայ վերջին յարձակումին պատճառով 167 զոհերու եւ անհետ կորսուածներու տուեալներու հաւաքագրումը

«Հայաքուէ» նախաձեռնութիւնը աւարտեց վերջին կէս տարուան կարեւոր իր առաքելութիւններէն մէկը` Արցախի վրայ Ազրպէյճանի վերջին ռազմական յարձակումին պատճառով մեր զոհերու տուեալներու հաւաքագրումը եւ հրապարակումը՝ ընդհանուր առմամբ` 167 զոհերու եւ անհետ կորսուածներու կենսագրութիւն: Այս մասին յայտարարութիւն հրապարակեց «Հայաքուէ»-ն:

«Հաշուի առնելով, որ իշխանութիւնները մեր հերոս եղբայրներու յիշատակի յաւերժացման հարցով յանցաւոր անգործութիւն կը դրսեւորեն` «Հայաքուէ»-ն հոկտեմբեր 2023-էն մարտ 2024-ի ընթացքին, զոհերու հարազատներէն հաւաքագրելով անոնց սխրանքի ու հերոսութեան պատմութիւնները, ամէն օր մէկական կենսագրութիւն ներկայացուց: Յառաջիկային «Հայաքուէ»-ն կը նախատեսէ զոհերու կենսագրականներն ու սխրանքներն ամփոփող գիրք-ալբոմի հրատարակութիւնը` որպէս յարգանքի տուրք եւ խոնարհում մեր անմահ քաջորդիներուն: Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի», կ’ըսուի վերոնշեալ  յայտարարութեան մէջ։

***

Ծերակուտականներ կը պահանջեն Արցախի ղեկավարներու ազատ արձակումը

Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ խումբ մը ծերակուտականներ նամակ յղած են պետական քարտուղար Անթընի Պլինքընին՝ պահանջելով Արցախի բանտարկեաներու եւ յատկապէս ղեկավարներ՝ Արկադի Ղուկասեանի, Բակօ Սահակեանի, Արայիկ Յարութիւնեանի, Ռուբէն Վարդանեանի, Դաւիթ Բաբայեանի եւ Դաւիթ Իշխանեանի ազատ արձակումը։

լուսանկարը՝ Հայ դատի գրասենեակին

Ծերակուտականներ՝ Էտ Մարքի (Դեմոկրատական, Մասաչուսէց), Պիլ Քասիտի  (Հանրապետական, Քալիֆորնիա), Թոմ Թիլիս (Հանրապետական, Հիւսիսային Քարոլայնա) եւ Կերի Փիթըրզ (Դեմոկրատական, Միշիկըն) կը տեղեկացնեն, թէ․ «Պայտընի վարչակազմը վճռականօրէն պէտք է, որ պաշտպանէ եւ ապահովէ հայերու` միջազգային երաշխիքներով իրենց տուները վերադառնալու իրաւունքը: Թէեւ վարչակազմը քանի մը հրապարակային յայտարարութիւններով պաշտօնապէս հաստատեց Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան վերադարձի իրաւունքը, այդուհանդերձ որեւէ շօշափելի գործողութիւն չէ կատարուած` ապահովելու համար այն անվտանգ պայմանները, որոնք անհրաժեշտ են, որպէսզի  թոյլատրուի վերադառնալ իրենց տուները եւ ապահովուի նաեւ հետապնդումներէ զերծ մնալը»:

Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան այս գծով, իր կարգին կը շեշտէ, որ «Հայաստանի տարածքներու գրաւումն ու հայ բանտարկեալներու եւ քաղաքական առաջնորդներու շարունակական կալանքի տակ պահելով, Պաքու խաթարած է կայուն եւ արդար խաղաղութեան ապահովման ջանքերը»։

***

Տեղահանուած արցախցիներու վարկերուն համար գրաւ դրուած ոսկին պիտի վերադարձուի

Ոսկիի գրաւ դիմաց սպառողական վարկեր ունեցող Արցախէն բռնի տեղահանուածներու պարտաւորութիւնները պիտի ներուին, գրաւ դրուած ոսկին պիտի վերադարձուի տեղահանուած արցախցիներուն: Որոշումը ընդունեցաւ ՀՀ կառավարութեան նիստի ժամանակ:

Փաստացի ֆինանսական կազմակերպութիւններու մէջ ներկայիս կը պահուի գրաւ դրուած մօտ 30 քկ մօտ 7800 հատ ոսկեայ իր:

Ելեւմուտքի նախարար Վահէ Յովհաննիսեանը, ներկայացնելով հարցը, նշեց,  որ խօսքը, մասնաւորապէս, մօտ 6000 քաղաքացիի մօտ 2.8 միլիառ դրամի չափով վարկային պարտաւորութիւններու մասին է:

«Նախագծով կ’առաջարկուի ներել ոսկեայ իրերու գրաւով տրամադրուած սպառողական վարկերով անձերու մինչեւ 5 միլիոն դրամ գումարի չափով վարկային պարտաւորութիւնները եւ հնարաւորութիւն ստեղծել վերադարձնելու ոսկէ իրերը», ըսաւ ան:

Ըստ նախարարին` կառավարութիւնը որոշումը ընդունելէն ետք շահառու հանդիսացող անձիք կրնան դիմում ներկայացնել Ելեւմուտքի նախարարութիւն` վերջինիս հետ պարտքի ներման համաձայնագիր կնքելու համար:

***

«Երեւանը Ղարաբաղի վերաբերեալ որոշումներ տուած է ՆԱԹՕ-ի ազդեցութեան տակ»․  Զախարովա

Երեւանը Ղարաբաղի վերաբերեալ որոշումներ տուած է ՆԱԹՕ-ի ազդեցութեան տակ, իսկ այն յայտարարութիւնները, թէ Մոսկուան Եւ ՀԱՊԿ-ն իբրեւ թէ շրջանին մէջ կացութեան սրման ժամանակ չեն օգնած Հայաստանին, սուտ են: Այս մասին «Զվեզտա» պատկերասփիւռի կայանէն յայտնած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովան:

«Ես սուտի մէջ կը մեղադրեմ բոլոր անոնք, որոնք կը հաւատան ու կը քարոզեն այդ գաղափարը: Ատիկա ճիշդ չէ, սուտ է: Ատիկա Երեւանի որոշումն էր Արեւմուտքի հետ խորհրդակցութիւններէ ետք: Ես սուտի մէջ կը մեղադրեմ բոլոր անոնք, որոնք կը քարոզեն ու կը տարածեն Ռուսիոյ եւ ՀԱՊԿ-ի մեղքի գաղափարը այն որոշումներուն համար, որոնք ընդունած է Երեւանը Ղարաբաղի վերաբերեալ», ըսած է Զախարովա:

Անոր համաձայն, արեւմտեան երկիրները յառաջ մղած են Արցախէն Հայաստանի պաշտօնական հրաժարման նիւթը, եւ Արցախի բնակիչներու իրաւունքները ոչ մէկ ձեւով ներառուած են կամ երաշխաւորուած այն փաստաթուղթերուն մէջ, որոնք ստորագրուած են ՆԱԹՕ-ականներու թելադրանքով:

«Գլխաւորը այն է, որ հիմա, երբ Հայաստանի իշխանութիւնները կը տնօրինեն միւս տարածքները, գիւղերը, յիշեն եւ պատասխանատուութիւն կրեն իրենց որոշումներուն համար եւ ոչ ոքի վրայ չբարդեն իրենց սխալներու մեղքը», ըսած է ան` աւելցնելով. «Գլխաւորը այն է, որ այժմ այդ անշնորհակալ քաղաքացիները ճակատագրական սխալ չգործեն` ստեղծելով այս սարսափելի սադրանքը, որ ոչ թէ սեփական շահերէ կը բխի, այլ անոնց դէմ է»:

Ըստ անոր, արեւմտեան երկիրները նման փորձեր կատարած են բազմաթիւ պետութիւններու մօտ: «Օրինակ` Սերպիոյ շատ բան խոստացած են` ներդրումներ, տնտեսական աջակցութիւն, սակայն խոստացուածէն ոչինչ կատարուած է», նշած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը:

«Թող Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը յիշեն եւ իմանան, թէ Միացեալ Նահանգները իրենց ամենէն մօտ դաշնակիցները ինչի հասցուցած են: Այս է հարցը», աւելցուցած է ան:

Զախարովայի համաձայն, ՆԱԹՕ-ը արդէն մշակած է Հայաստանի մէջ ընկերային-տնտեսական բարեկեցութեան քայքայման եւ ռազմաքաղաքական ապակայունացման ճամբու քարտէսը: «ՆԱԹՕ-ին ինչո՞ւ պէտք է այդ. որպէսզի ամբողջապէս ազդեցութիւն ձեռք բերէ ներսը տիրող կացութեան վրայ, իսկ յետոյ, եթէ յաջողի, Հայաստանի միջոցով ապակայունացնէ շրջանին մէջ կացութիւնը», նշած է Զախարովա:

***

«Հայերու Լեռնային Ղարաբաղ վերադարձի հարցը Ռուսիոյ համար կարեւոր է» Ռուսիոյ դեսպան

Հայերու Լեռնային Ղարաբաղ վերադարձի հարցը Ռուսիոյ համար կարեւոր է: Շրջանին մէջ ռուս խաղաղապահներու ներկայութիւնը այդ մասին կը խօսի: Այս մասին «24Նիուզ»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Ռուսիոյ դեսպան Սերկէյ Քոփիրքին:

«Մենք միշտ նկատած ենք, եւ այդ մասին հրապարակաւ ըսուած է, որ կարեւոր է, որ հայերը ապրին իրենց պատմական հայրենիքին` Ղարաբաղի մէջ: Ատով պայմանաւորուած է այնտեղ ռուս խաղաղապահներու ներկայութիւնը: Ինծի համար ատիկա կը վկայէ, որ այդ հարցը չէ վերցած: Ղարաբաղցի այն հայերը, որոնք կ’ուզեն վերադառնալ, ատոր իրաւունքը ունին: Ես այնպէս կը հասկնամ, որ ազրպէյճանական կողմէն այդ իրաւունքը չի մերժուիր», ըսած է ան:

***

Ռուս խաղաղապահները Արցախի մէջ կը զբաղին ականազերծմամբ

Արցախի մէջ տեղակայուած ռուս խաղաղապահները պիտի մասնակցին ականազերծման աշխատանքներուն, յայտարարեց Ազրպէյճանի ականազերծման գործակալութեան (ANAMA) խորհուրդի նախագահ Վուգար Սուլէյմանովը:

Ըստ անոր, այժմ փաստաթուղեր կը պատրաստուին ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի մասնակցութիւնը ականազերծման աշխատանքներուն մէջ ներգրաւելու համար, կը գրէ Haqqin.az-ը:

Ան նաեւ յայտնած է, որ շուտով ականզերծման աշխատանքներ պիտի սկսին Խօջալուի մէջ (Իւանեան)` սարքերու եւ վարժեցուած շուներու միջոցով:

Ռուս խաղաղապահները կը շարունակեն մնալ Արցախ Ազրպէյճանի կողմէ էթնիկ զտումէն ետք, երբ այնտեղ միայն մօտ 20 հայ մնացած է:

Միւս կողմէն Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը կոչ կ’ընէ Հայաստանին ականներու «ճշգրիտ քարտէսներ» յանձնելու Ազրպէյճանին։

Յայտարարութեան մէջ կը նշուի նաեւ, որ Թուրքիան կը կիսէ անվտանգութեան հետ կապուած Ազրպէյճանի մտահոգութիւնը՝ «Լեռնային Ղարաբաղի տարածքներուն մէջ տեղադրուած մեծ թիւով ականներու մասին»։

***

Քաշաթաղի Զօրախաչ եկեղեցին ազրպէյճանցիները իբրեւ աղուանական կը ներկայացնեն

Ազրպէյճանի պետական վարչակարգը կը շարունակէ իւրացնել եւ ոչնչացնել Արցախի մշակութային ժառանգութիւնը։ Հայքի մշակութային իրաւունքներու պաշտպան Յովիկ Աւանէսով կը յայտնէ, որ 4 ապրիլին ազրպէյճանական ընկերային ցանցային հարթակներու վրայ տարածուած էր տեսանիւթ, որ նկարահանուած է Արցախի Հանրապետութեան բռնագրաւուած Քաշաթաղի շրջանին մէջ։ Տեսանիւթին մէջ Քաշաթաղի շրջանին մէջ գտնուող Զօրախաչ եկեղեցին կը ներկայացուի իբրեւ աղուանական։ Ան կ’ընդգծէ, որ այս քաղաքականութեամբ կը խեղաթիւրուի պատմութիւնը։

Զօրախաչ եկեղեցին (լուսանկարը՝ monumentwatch.org-ի)

Զօրախաչի եկեղեցին կը գտնուի Արցախի Հանրապետութեան Քաշաթաղի շրջանին մէջ (այժմ՝ Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ), Բերձորէն 52 քիլոմեթր հիւսիս, Հակարի գետի Շալվա վտակի ձախակողմեան հատուածին մէջ, Արախիշ գիւղի տարածքին մէջ:

***

Լոյս տեսաւ «Արցախ անաւարտ պատերազմ» եռալեզու պատկերագիրքը

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Արցախի գրասենեակին նախաձեռնութեամբ եւ Համազգայինի կեդրոնական վարչութեան աջակցութեամբ՝ Համազգայինի հիմնադրութեան 95-ամեակին առիթով լոյս տեսաւ արցախցի լուսանկարիչ Դաւիթ Ղահրամանեանի «Արցախ.անաւարտ պատերազմ» հայերէն, անգլերէն եւ ռուսերէն եռալեզու պատկերագիրքը, բաղկացած երեք մասերէ` արցախեան 44-օրեայ պատերազմ, պատերազմէն ետք իրավիճակ եւ Արցախի շրջափակում։

լուսանկարը՝ Համազգայինի Արցախի գրասենեակին

Պատկերագիրքը ստանալու համար կարելի է դիմել Համազգայինի շրջանային վարչութիւններուն եւ գրասենեակներուն կամ ե-նամակով, գրելով artsakh@hamazkayin.com հասցէին:

***

Արցախի «Լուսարար» թերթը սկսած է լոյս տեսնել Երեւանի մէջ

 «Լուսարար» թերթը Արցախի միակ պարբերականն է, որ Արցախի հայաթափումէն ետք սկսած է լոյս տեսնել Երեւանի մէջ: Անիկա մօտ 23 տարի եղած է Արցախի Հանրապետութեան կրթութեան եւ Գիտութեան նախարարութեան պաշտօնաթերթը, իսկ այժմ կը վերահրատարակուի տարեսկիզբը պետական գրանցում ստացած «Լուսարար» կրթամշակութային հասարակական կազմակերպութեան միջոցով:

լուսանկարը՝ aysor.am-ի

«Յոյս ունինք, որ ատիկա ժամանակաւոր է, եւ ոչ հեռու ապագային «Լուսարար»-ը նորէն պիտի տպագրուի Ստեփանակերտի մէջ` նախկին կարգավիճակով», ըսած է թերթի խմբագիր Սուետլանա Խաչատրեանը, կը յայտնէ «Ա1+»-ը:

«Նախաձեռնելով «Լուսարար»-ի վերահրատարակումը Երեւանի մէջ` մենք նպատակ ունեցած են պահպանել այն լաւագոյն աւանդոյթները, որոնք ձեռք  բերուած են խմբագրակազմի ու թղթակցային ակտիւի համատեղ ջանքերով: Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամակրթութեան բնագաւառներու մէջ ունեցած նուաճումները, իսկ անոնք բաւական շատ եղած են Արցախի մէջ, լայնօրէն լուսաբանուած են թերթի էջերուն մէջ: Այդ ձեռքբերումները մոռացութեան մատնելու իրաւունքը մենք չունինք: Մեր նպատակն է նաեւ համախմբել իրենց մասնագիտական ոլորտին մէջ գործունէութիւն իրականացնող արցախցի անուանի ուսուցիչները, արուեստագէտները, մարզիկները, գիտական աշխարհի ներկայացուցիչները, արձագանգել անոնց բարձրացուցած հարցերուն եւ, անշուշտ, արթուն պահել չկորսուած հայրենիքի հանդէպ սէրն ու վերադարձի հաւատքը», նշած է թերթին խմբագիրը: «Լուսարար»-ը ունի նաեւ կայքէջ եւ ֆէյսպուքեան էջ:

«Դժուար առաքելութիւն կը ստանձնենք, հարկաւ, նկատի ունենալով այն հանգամանքը, որ խմբագրակազմը փոքր է, ընելիքները` շատ, ալ չենք խօսիր նիւթական փոխհատուցման սակաւութենէն», ըսած է ան:

***

«Արցախն ապրում է» խորագրով ցուցահանդէս՝ «Թէքէեան կեդրոն»-ին մէջ

«Թէքէեան կեդրոն» հիմնադրամը հերթական անգամ իր դռները բացաւ արցախցի ստեղծագործողներու առջեւ: 29 մարտին կեդրոնին մէջ բացուեցաւ Հադրութի մանկապատանեկան ստեղծագործական կեդրոնի սաներու աշխատանքներու եւ Քաշաթաղի շրջանային «Մերան» թերթի գլխաւոր խմբագիր, ազատամարտիկ Զոհրաբ Ըռքոյեանի «Արցախն ապրում է» խորագրով լուսանկարներու ցուցահանդէսը, որ պիտի տեւէ մինչեւ 10 ապրիլ, կը հաղորդէ «Լուսարար» թերթը։

լուսանկարը՝ «Լուսարար» թերթին

Ցուցադրուած են գեղանկարներ, ձեռքի աշխատանքներ, գոբելեններ, գորգեր, կաւէ իրեր, որոնք ստեղծուած են Հադրութի մանկապատանեկան ստեղծագործական կեդրոնի սաներու կողմէ եւ ամբողջութեամբ կը ներկայացնեն Արցախը:

Հադրութի մանկապատանեկան ստեղծագործական կեդրոնը հիմադրուած է 1995-ին Հադրութի մէջ: 44-օրեայ Արցախեան պատերազմէն ետք` դեկտեմբեր 2020-ին, կեդրոնը վերաբացուած է Երեւանի մէջ եւ ունի մասնաճիւղեր Աշտարակի, Արտաշատի, Մասիսի, Էջմիածինի, Վանաձորի եւ ՀՀ այլ մարզերու մէջ: 2022-ին նաեւ Ստեփանակերտի մէջ բացուեցաւ մասնաճիւղ, որ նոյնիսկ Արցախի պաշարման օրերուն կը գործէր: Այդ ընթացքին գործուած գորգը ցուցահանդէսին մէջ նոյնպէս կը ցուցադրուի:

Կեդրոն անվճար կը յաճախէ 476 աշակերտ` ընդհանուր 47 խումբի մէջ: Այստեղ կը դասաւանդեն Արցախէն բռնի տեղահանուած 24 արուեստագործներ: Կը գործեն նկարչութեան, կաւագործութեան, գորգագործութեան, կարպետագործութեան, փայտագործութեան, ասեղնագործութեան, գոբելենի, մանրանկարչութեան, պարի եւ այլ խմբակներ:

 Զոհրաբ Ըռքոյեանի ցուցադրուած 33 լուսանկարներուն մէջ Արցախի բոլոր շրջաններու մէջ գոյութիւն ունեցող հայկական պատմամշակութային յուշարձաններն են` վանական համալիրներ, եկեղեցիներ, մատուռներ, ամրոցներ, կամուրջներ, խաչքարեր եւ այլն: