«Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը «լուծարելու» փաստաթուղթը արցախահայութիւնը փրկելու միակ միջոցն էր»․ Արցախն այս շաբաթ


«Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը «լուծարելու» փաստաթուղթը իմ հայրենակիցները փրկելու միակ միջոցն էր». Սամուէլ Շահրամանեան

Արցախի վերջին նախագահ Սամուէլ Շահրամանեան 27 մարտին, ֆրանսական «Ֆիկարօ» թերթին տուած հարցազրոյցի ընթացքին խօսեցաւ Արցախի եւ Արցախի ղեկավարներուն ներկայ դրութեան ու պահանջներուն մասին: 

Անդրադառնալով Արցախը լուծարելու վերաբերող իր 28 սեպտեմբեր 2023-ի հրամանագիրին՝ ան հաստատեց, որ այդպիսի քայլ առած է ստիպողաբար, որովհետեւ անիկա կ’երաշխաւորէր արցախցիներուն համեմատաբար ապահով տարհանումը:

Սամուէլ Շահրամանեան (լուսանկարը՝ «Արցախպրես»-ի)

«Ես շատ լաւ գիտէի, որ այս փաստաթուղթն անօրինական է եւ հակասահմանադրական, քանի որ ան պիտի վաւերացուէր Արցախի Հանրապետութեան օրինական կառոյցներուն կողմէ, բայց ատիկա իմ հայրենակիցները փրկելու ճանապարհն էր: Ուժերու անհաւասարակշռութեան պատճառով մենք դիմադրութիւն ցոյց տալու հնարաւորութիւն չունէինք, ատոր համար ալ շատ արագ կապ հաստատեցինք ազրպէյճանցիներուն հետ, որպէսզի քաղաքացիական բնակչութիւնը հնարաւորին չափ ազատ ըլլայ մարտական գործողութիւններէն: Տասներկու ժամ տեւած բանակցութիւններէն ետք մենք վերջ դրինք մարտական գործողութիւններուն: Արդէն յաջորդ օրը Արցախի քաղաքացիները խնդրած են տարհանուիլ Հայաստան՝ վախնալով զաւթիչներու կողմէ զանգուածային սպանութիւններէն: Այսպիսով, մենք սկսանք բանակցութիւններու երկրորդ փուլը, որպէսզի անոնց տարհանումը հնարաւորին չափ սահուն անցնի», ըսաւ Շահրամանեան:

Պատասխանելով Արցախ հնարաւոր վերադարձին մասին հարցումին՝ Շահրամանեան ըսաւ. «Ներկայ իրավիճակին մէջ անիրատեսական է մտածել ազրպէյճանցիներու կողմէ գրաւուած մեր տարածք վերադառնալու մասին: Անհրաժեշտ է հաշուի առնել իրողութիւնները Ազրպէյճանի եւ Արցախի ժողովուրդներուն, որոնք իրենց թշնամի կը համարեն: Պաքուի  մէջ ազրպէյճանցիներուն դպրոցէն կը սորվեցնեն, որ հայերը թշնամիներ են: Տարիներ պիտի պահանջուին, որպէսզի ազրպէյճանական ժողովուրդի մտածելակերպը փոխուի եւ հնարաւոր դառնայ հարեւաններու միջեւ խաղաղ գոյակցութիւնը: Եւ ես այստեղ կը մտածեմ նոյնքան Հայաստանի հայերուն մասին, որքան Արցախի հայերուն»:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ գերիներուն հետ կապ կա՞յ՝ Շահրամանեան ըսաւ, որ բացի Արցախի 8 ղեկավարներէն, կան նաեւ 7 զինուորներ, որոնք գերի տարուեցան սեպտեմբերին, եւ խնդրեց Ֆրանսայէն՝ ճնշում բանեցնէ Ազրպէյճանի վրայ՝ բոլոր գերիները անյապաղ ազատ արձակելու պահանջով:

Շահրամանեան ըսաւ, որ ներկայ դրութեամբ Արցախի Հանրապետութեան ամբողջ տարածքին մէջ տասը կամ տասնմէկ հայեր մնացած են։ «Անոնք հաշմանդամ կամ հիւանդ մարդիկ են, որոնք չեն կրնար տեղաշարժիլ կամ կը ցանկան մնալ իրենց հարազատներու շիրիմներուն մօտ: Սեպտեմբեր 2023-ին տեղի ունեցած բռնի գաղթէն ետք այնտեղ մնացած արցախցիներուն թիւը աւելի մեծ էր: Բայց յետոյ քանի մը տասնեակ արցախցիներ, որոնք որոշած էին մնալ, նոյնպէս նախընտրեցին Հայաստան գալ Կարմիր խաչի շնորհիւ», ըսաւ Շահրամանեան:

Le Figaro-ի հարցումին, թէ գոյութիւն ունի՞ն արդեօք վտարանդի պետութիւն և կառավարութիւն, Շահրամանեանը դրական պատասխան տուաւ՝ ըսելով. «Այո, այն շէնքին մէջ, ուր ես կը հիւրընկալեմ ձեզ Երեւանի մէջ, կը գտնուին Արցախի նախագահի գրասենեակը և դատական ու օրէնսդիր կառոյցներու գրասենեակները: Խորհրդարանականները կրնան հաւաքուիլ այստեղ՝ քուէարկելու համար։ Հոկտեմբերին ստորագրած եմ հրամանագիր, որով կը սահմանուի, որ կառավարութեան բոլոր նախարարները կը մնան իրենց պաշտօններուն վրայ՝ կամաւոր հիմունքներով»։

***

Փաշինեան կը զգուշացնէ Շահրամանեանը՝ ըսելով, որ Հայաստանի մէջ մէկ կառավարութիւն կայ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 28 մարտին, հակադարձելով Արցախի վերջին նախագահ Սամուէլ Շահրամանեանին, որ զանազան յայտարարութիւններ կատարեց օր մը առաջ «Ֆիկարօ»-ին տուած հարցազրոյցի ընթացքին, զգուշացուց՝ ըսելով. «Կ’ուզեմ շատ յստակ յայտարարել, որպէսզի բոլորին համար պարզ ըլլայ, որ Հայաստանի մէջ կայ մէկ կառավարութիւն, եւ այդ կառավարութիւնը նստած է այս դահլիճին մէջ: Ըսենք՝ ամէն մէկը երթայ, բնակարան մը վարձէ ու ցուցանակը փակցնեն, ըսեն՝ մենք այսինչի կառավարութիւնն ենք», աւելցուց ան:

Առանց Շահրամանեանի անունը տալու Փաշինեան ընդգծեց, որ Արցախէն բռնի տեղահանուած որոշ շրջանակներ, խօսելով վտարանդի կառավարութիւններու մասին, սպառնալիք կը ստեղծեն Հայաստանի ազգային ապահովութեան:

Ան յստակ ուղերձ յղեց իրաւապահ համակարգին՝ ըսելով «Եթէ ոեւէ մէկը Հայաստանի մէջ իրեն կը նոյնականացնէ որպէս կառավարութիւն, ատիկա Հայաստանի ազգային անվտանգութեան խնդիր է: Եւ յոյս ունիմ, որ այդ խնդրի գոյութիւնը չի նշանակեր, որ մեր մարմինները իրենց աշխատանքներուն մէջ թերացած են: Ես կ’ուզեմ, որ այս ուղերձը յստակ ըլլայ բոլորին համար: Եւ սա ուղղակի յայտարարութիւն չէ, որ պարզապէս կը հնչէ բարձրախօսէն: Սա յստակ արձանագրում է, եւ այդ արձանագրումը պիտի արտայայտուի իրական կեանքին մէջ: Կ’ուզեմ ասիկա բոլորիս համար հասկնալի ըլլայ»:

ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան անդամ Իշխան Սաղաթելեան «Ֆէյսպուք»-ի իր էջին վրայ անդրադարձաւ Արցախի նախագահին վերաբերող վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութիւններուն՝ նշելով, որ Արցախի եւ արցախահայերուն նկատմամբ վարուող քաղաքականութեամբ «Նիկոլը եւ Ալիեւը վաղուց նոյնացած են», անոնք կը գործեն համատեղ եւ նոյն բառապաշարով կը սպառնան Արցախի պետական կառոյցներուն ու ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան:

«Չեմ բացառեր, որ այսօր հնչած սպառնալիքներէն ետք Արցախի պետական կառոյցները ներկայացնող պետական, ինչպէս նաեւ այլ հասարակական-քաղաքական գործիչներու նկատմամբ սկսի հետապնդումներու նոր ալիք: Այս պարագային շատ կարեւոր է, որ ցեղասպանութեան եւ էթնիկ (ցեղային) զտման հետեւանքով Հայաստան հաստատուած արցախահայերը թիկունք կանգնին իրենց օրինական իշխանութիւններուն, իսկ ՀՀ քաղաքական ուժերը, հանրային գործիչներն ու հասարակութիւնը ամբողջ ծաւալով հակազդեցութիւն ցուցաբերեն, քանզի ակնյայտ է, որ Արցախի էջը փակուած չէ, եւ Փաշինեանն ու Ալիեւն ամէն ինչ կ’ընեն հարցին ազրպէյճանանանպաստ լուծում տալու համար: Վերստին յիշեցնեմ, ՀՀ անվտանգութեան գլխաւոր սպառնալիքը Նիկոլ Փաշինեանն է, այլ ոչ թէ Արցախի պետական կառոյցները, իր գրառման մէջ ըսաւ Սաղաթելեան:

***

Արցախէն բռնի տեղահանուածներէն մօտ 11 հազարը արտագաղթած է ՀայաստանէնՍտեփանեան

Արցախի Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեանը յայտարարած է, որ Արցախէն բռնի տեղահանուած մօտ 11 հազար մարդ գաղթած Հայաստանէն: Ան աւելցուցած է, որ այլ տուեալներ ալ կը շրջանառուին, որ թիւը կը հասնի մինչեւ 15 հազարի:

«Հիմնական պատճառը ընկերային-կենցաղային պայմաններն են, որոնք կը խաթարեն մարդոց բնականոն կեանքը Հայաստանի մէջ, ատոր համար կը նախընտրեն տեղափոխուիլ Ռուսիոյ հարաւային հատուածներ», «Այսօր» կայքի հաղորդմամբ՝ նշած է Ստեփանեան:

Գեղամ Ստեփանեան (լուսանկարը՝ «Արցախպրես»-ի)

Արցախէբ բռնի տեղահանուած 10, 800 անձ Հայաստանի մէջ աշխատանք գտած է:

«Ասոնք պաշտօնական թիւերն են, ամենացաւալին այն է, այս թիւերուն մէջ շատ քիչ տոկոս կը կազմեն կրթութեան բնագաւառի ներկայացուցիչները: Ընդամէնը 220 ուսուցիչ ՀՀ կրթական հաստատութիւններու մէջ կ’աշխատի այսօր, մինչդեռ, Արցախի մէջ 4 հազար ուսուցիչ ունեցած ենք», նշած է Ստեփանեան, աւելցնելով, որ ասիկա եւս պատճառ պիտի ըլլայ արցախցիներու արտագաղթին:

Արցախէն բռնի տեղահանուածներուն 40+10 հազար դրամ աջակցութեան ծրագիրը պիտի շարունակուի մինչեւ 2024–ի աւարտը: Որոշումը ընդունուած է կառավարութեան նիստին: Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար Նարեկ Մկրտչեանը, ներկայացնելով նախագիծը, ըսած է, որ վճարումները պիտի իրականացուին նոյն կարգով` ընտանիքի իւրաքանչիւր անդամին:

***

Արցախի հայերու վերադարձի իրաւունքը կ’ոտնահարուի». Ֆրանսայի դեսպան

Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյի (լուսանկարը՝ ՀՀ ազգային ժողովին)

Ստեփանակերտ տանող ճամբան փակ է. Արցախի հայերու վերադարձի իրաւունքը, որ ճանչցուած է Միջազգային դատարանին կողմէ, այսօր կ’ոտնահարուի: Այս մասին «Էքս»-ի վրայ գրած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյի:

«Ստեփանակերտ տանող ճամբան փակ է: Լեռնային Ղարաբաղի 100 հազար հայ բնակիչներ ինը ամիս տեւած շրջափակումէն եւ Ազրպէյճանի դաժան յարձակումէն ետք ստիպուած եղած են լքել իրենց տուները: Անոնց վերադարձի իրաւունքը, որ ճանչցուած է Միջազգային դատարանին կողմէ, այսօր կ’ոտնահարուի», գրած է դեսպանը: 

***

Պելճիքայի ծերակոյտին մէջ` Արցախի վերաբերեալ քննարկումներ

Հայ դատի կեդրոնական գրասենեակը կը հաղորդէ, որ 25 մարտին Պելճիքայի ծերակոյտին մէջ տեղի ունեցաւ «Աշխարհաքաղաքական զարգացումները Հարաւային Կովկասի մէջ. կիզակէտի տակ` Հայաստան եւ Լեռնային Ղարաբաղ/Արցախ» խորագիրով կլոր սեղան-քննարկումը:

Քննարկումը տեղի ունեցաւ ծերակուտական Մարք Տեմեսմէյքըրի եւ ՀՅԴ Հայ դատի Եւրոպայի գրասենեակին համագործակցութեամբ, եւ անոր մասնակցեցան` պելճիքացի խորհրդարանականներ, դիւանագէտներ, լրագրողներ եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ:

Համաժողովին հիմնական նպատակն էր համապարփակ վերլուծութեան ենթարկել սեպտեմբեր 2020-էն ի վեր Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ աշխարհաքաղաքական զարգացումները, մասնաւորաբար` Արցախի հակամարտութեան լոյսին տակ:

Բանախօսները միջազգային իրաւունքի, մարդու իրաւունքներու եւ միջազգային հանրութեան արձագանգի տեսանկիւններէն ներկայացուցին տարածաշրջանային զարգացումները: Յատուկ ուշադրութեան արժանացան միջնորդական ջանքերու կարեւորութեան վերաբերող քննարկումները` անդրադարձ կատարելով յատկապէս Եւրոպական Միութեան դերին: Քննարկման մասնակցողները փորձեցին նախանշել ապագայ հեռանկարները, հնարաւոր զարգացումները եւ յստակ քայլերը` Արցախի հայերու անօտարելի իրաւունքները պաշտպանելու համար:

Նախաձեռնութեան բացման խօսքերը արտասանեցին` ծերակուտական Տեմեսմէյքըր, Եւրոպական Միութեան մօտ Հայաստանի ներկայացուցչութեան ղեկավարի տեղակալ Վարդան Սարգսեան եւ Հայ դատի Եւրոպայի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան:

լուսանկարը՝ Հայ դատի կեդրոնական գրասենեակին

«Այցելելով Լեռնային Ղարաբաղ եւ Ազրպէյճանի հետ սահմանամերձ շրջանը` անմիջականօրէն տեսած եմ հակամարտութեան ազդեցութիւնը: Ազրպէյճանի յարձակողապաշտութիւնը եւ Արցախի ցեղային զտումները միանգամայն անընդունելի են: Մենք պէտք է ճնշում գործադրենք Եւրոպական Միութեան եւ միջազգային հանրութեան վրայ` վերջ տալու անպատժելիութեան: Միջին Արեւելքի եւ Ուքրանիոյ վրայ կեդրոնանալով` Հարաւային Կովկասը չանտեսելը կարեւոր է: Մենք չենք կրնար անտեսել այս տարածաշրջանի տառապանքը եւ անկայունութիւնը», շեշտեց Տեմեսմէյքըր:

«Վերջերս Արցախի խորհրդարանի շէնքին քանդումը կը խորհրդանշէ Ազրպէյճանի կողմէ շարունակապէս «մշակութային զտումը»: Մենք չենք կրնար լռել այս հարցին դիմաց: Եւրոպական Միութիւնը պէտք է վերագնահատէ իր յարաբերութիւնները Ազրպէյճանի հետ եւ օգտագործէ իր քաղաքական գործիքակազմերը` դադրեցնելու հայերու հիմնարար իրաւունքներու խախտումները: Պէտք է եւրոպական մակարդակի վրայ նկատի ունենալ պատժամիջոցներ կիրարկելու տարբերակը», իր խօսքին մէջ ըսաւ Պելճիքայի դաշնակցային խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Էլս վան Հուֆ:

Արցախի Հանրապետութեան մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան անդրադարձաւ Արցախի ժողովուրդին դիմաց ծառացած շարունակական մարտահրաւէրներուն: «Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի տառապանքները շարունակուեցան 2023 թուականի սեպտեմբերի բռնի տեղահանութենէն ետք: Հայաստան ժամանելուն պէս Արցախի ժողովուրդը շարունակեց բախուիլ բազմաթիւ մարտահրաւէրներու` կացութեան կարգավիճակէն սկսած մինչեւ ընկերային, բնակարանային, սնունդի եւ աշխատանքի հետ կապուած խնդիրները: Սեմինարը արժէքաւոր հնարաւորութիւն կ’ընձեռնէ անդրադառնալու այս խնդիրներուն եւ լոյս սփռելու Արցախի ժողովուրդի առօրեայ պայքարին վրայ, ինչպէս նաեւ` նպաստելու միջազգային հանրութեան զօրաշարժի ենթարկելը` Արցախի ժողովուրդի մարդասիրական կարիքներու եւ իրաւունքներու պաշտպանութեան գործին», ըսաւ ան:

Իր խօսքին մէջ Գասպար Կարապետեան երախտագիտութիւն յայտնեց ծերակուտական Տեմեսմէյքըրին, բանախօսներուն եւ ներկաներուն` արցախահայութեան իրաւունքներուն իրենց աննկուն հաւատարմութեան համար: «Այս կլոր սեղանը կը ծառայէ` իբրեւ կարեւոր հարթակ երկխօսութեան խթանման եւ Արցախի հայ բնակչութեան անքակտելի իրաւունքներու պաշտպանութեան վերաբերող ջանքերը յառաջ մղելուն: Պելճիքայի եւ Եւրոպական Միութեան անդամ բոլոր երկիրներուն համար հրամայական է ճնշում գործադրելը Ազրպէյճանի վրայ` Արցախի ժողովուրդին դէմ կատարուած ցեղային զտումներուն համար` փաստօրէն վերջ դնելով Ազրպէյճանի անպատժելիութեան: Միջազգային հանրութիւնը պէտք է ճնշում գործադրէ Ազրպէյճանի վրայ` Պաքուի մէջ գտնուող բոլոր հայ ռազմագերիները եւ պատանդները ազատ արձակելու համար: Շարունակական շահերու պաշտպանութիւնը կը մնայ առանցքային` տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան, արդարութեան եւ կայունութեան ապահովման համար», ըսաւ Կարապետեան:

Քննարկումը աւարտեցաւ հարցում-պատասխանի ձեւաչափով, որուն ընթացքին բանախօսները եւ քաղաքական գործիչները քննարկեցին Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան հաստատման եւ Արցախի հայ բնակչութեան հիմնարար իրաւունքներու պաշտպանութեան հեռանկարային միջոցները:

***

Պաքուն Հայաստանը կը մեղադրէ 10 նոյեմբերի յայտարարութենէն ետք Արցախ նոր արտադրուած զէնք ներածելուն մէջ

Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարութեան մը միջոցաւ յայտնեց, որ 10 նոյեմբերի յայտարարութեան յաջորդած ժամանակաշրջանին, Հայաստան 2020-էն ետք արտադրուած զէնք ներմուծած է Արցախ:

«Հակաահաբեկչական գործողութենէն ետք, Ղարաբաղի տարածքին մէջ յայտնաբերուած սպառազինութեան եւ ծանր ռազմամթերքի թիւը կը խօսի այն մասին, որ այդ տարածքները դարձած են ոչ միայն տարածաշրջանին, այլ ամբողջ աշխարհի մէջ «ամենէն ռազմականացած գօտիներէն մէկը», կը յայտարարէ Պաքու՝ աւելցնելով. «10 նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ յայտարարութենէն ետք հայկական կողմը իր զօրքերը Ազրպէյճանի տարածքէն ամբողջութեամբ դուրս բերելու փոխարէն, Ղարաբաղի տարածաշրջանը ապօրինի կերպով ներածեց զինամթերքներ, որոնց կարգին՝ 2020-էն ետք արտադրուած ականներ», կ’ըսուի վերոնշեալ յայտարարութեան մէջ:

Հայկական կողմը տակաւին չարձագանգեց Պաքուի նոր մեղադրանքներուն: Պաշտօնական Երեւան, սակայն, բազմաթիւ անգամներ յայտարարած է, որ oգոստոս 2021-էն ետք Հայաստանի Հանրապետութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ բանակ չէ ունեցած։

***

«Եւրպոպացիները յանուն Արցախի» հարթակը քննարկեց Արցախի շահերու պաշտպանութեան գծով հետագայի քայլերը

«Եւրոպացիները յանուն Արցախի» հարթակը, 24 մարտին, Պրիւքսէլի մէջ համախմբեց  Եւրոպայի հայ համայնքներու ներկայացուցիչները՝ Արցախի շահերու պաշտպանութեան ուղղութեամբ հետագայի ընելիքները քննարկելու համար:

Քննարկումին մասնակցեցան Պելճիքայի, Կիպրոսի, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Նիտըրլենտներու (Հոլանտայի), Ռումանիոյ եւ Միացեալ Թագաւորութեան հայ համայնքներու ներկայացուցիչները:

Քննարկման հիմնական օրակարգը 24 ապրիլին ընդառաջ, ամբողջ Եւրոպայի մէջ ոգեկոչման ձեռնարկներու կազմակերպումն էր՝ նոյն ատեն Արցախի հիմնահարցը պահելով առանցքային հարց այդ ձեռնարկներուն ընթացքին:

Հիմնական քննարկումները կատարուեցան նաեւ ինքնորոշման եւ Արցախի ժողովուրդի հաւաքական վերադարձի հիմնարար իրաւունքին շուրջ: Ընդգծուեցաւ դէպի Հայաստան տեղահանուած 150,000 արցախահայերուն բնակարանի կարիքները հոգալու հրատապ պահանջը՝ իբրեւ ժամանակաւոր բնակութեան վայրերուն մէջ անոնց արժանապատիւ կեանք ապահովելու անհրաժեշտութիւն, մինչեւ իրաւունքներու միջազգային պաշտպանութեամբ՝ Արցախի հայութիւնը կարենայ ապահով կերպով վերադառնալ հայրենիք:

Քննարկումներուն ընթացքին նաեւ անդրադարձ կատարուեցաւ հայ համայնքներու դերին համաեւրոպական հետագայ ընտրութիւններուն՝ ընդգծելով նոր խորհրդարանին մէջ Արցախի եւ Հայաստանի շահերու պաշտպանութեան հրամայականը:

«Եւրոպացիները յանուն Արցախի» շարժումը համաեւրոպական համագործակցական հարթակ մըն է, որ կը միաւորէ հայ համայնքներու ներկայացուցչական մարմինները եւրոպական 15 երկիրներու մէջ: Հարթակի առաջին նախաձեռնութիւնը Եւրոպական Միութեան, Եւրոպայի խորհուրդի, ինչպէս նաեւ Եւրպական Միութեան անդամ պետութիւններու ղեկավարներուն հասցէագրուած արցախահայութեան աջակցելու յորդորով նամակ մըն էր, զոր ստորագրած էին առաւել քան 500 եւրոպական կազմակերպութիւններ: Հարթակի առաքելութիւնը եւրոպական երկիրներու քաղաքացիները համախմբելն է՝ աջակցելով արցախահայութեան հիմնարար իրաւունքներու իրականացման, նոյն ատեն բարձրացնելով Եւրոպայի քաղաքական, ընկերային եւ մշակութային ոլորտներուն մէջ այս հարցին վերաբերեալ իրազեկութիւնը:

***

Ծաղկազարդին շուրջ 600 արցախցի մանուկներ իրենց ծնողներուն հետ այցելած են Սուրբ Էջմիածին

Արցախցիներու խնդիրները Աւագ շաբաթուան ընթացքին ուշադրութեան կեդրոնին եղած են, կը յայտնեն Մայր Աթոռէն:

լուսանկարը՝ Մայր Աթոռին

Այս տարի Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի օրհնութեամբ Ծաղկազարդի տօնի առթիւ Հայաստանի բոլոր թեմերէն շուրջ 600 արցախցի մանուկներ ծնողներուն հետ այցելած են Սուրբ Էջմիածին, օրհնուած, նուէրներ ստացած, ապա ճաշած են Մայր Աթոռի միաբաններուն հետ:

***

Պաքուն ռազմական կը հռչակէ Ստեփանակերտի մարզամշակութային համալիրը

Ազրպէյճանական Baku TV հեռուստաալիքով օրեր առաջ հեռարձակուած լրագրական տեղեկատուութեան ժամանակ Ստեփանակերտ քաղաքի Հայկաւան թաղամասի բարձունքին դեռ 2020 թուականի 44-օրեայ պատերազմէն առաջ կառուցուող մարզամշակութային համալիրը ներկայացուած է որպէս «Ստեփանակերտի մօտ գտնուող հայերու գաղտնի ռազմական համալիր»: Այս մասին կը տեղեկանցէ Արցախի մշակութային ժառանգութեան մշտադիտարկում իրականացնող monumentwatch.org կայքը:

տեփանակերտի մարզամշակութային համալիրը (լուսանկարը՝ monumentwatch.org-ին)

«Ըստ լրագրողին` այդտեղ կային ժայռի մէջ փորուած թաքստոցներ, գաղտնի սենեակներ, պահեստներ եւ տարածքը յարմար էր Ստեփանակերտը, Շուշին, անգամ Իւանեանը վերահսկելու համար: Լրագրողը որպէս «ապացոյց» կը ներկայացնէ ինչ-որ թուղթեր, անուանելով զանոնք յատուկ փաստաթուղթեր եւ ցուցադրելով տարածքէն գտնուած մեքենաներու քանի մը համարանիշներ, որոնք բաւական լաւ կ’երեւին եւ ակնառու է անոնց քաղաքացիական մեքենաներու համարանիշ ըլլալը: Իսկ իրականութեան մէջ Ստեփանակերտի այս հատուածին մէջ կը կառուցուէր մեծ մարզամշակութային յուշահամալիր, որ պիտի յաւերժացնէր ազգային պայքարի բոլոր զոհերու յիշատակը: Ան կը կառուցուէր Սիմոն Պետրոսեանի ներդրումներով:

Շինարարութիւնը մեկնարկած էր դեռ 2007 թուականին: Համալիրի կազմին մէջ պիտի ըլլար նաեւ թանգարան, որ պիտի ըլլար առաջին յարկի վրայ, ունենար նաեւ ժայռափոր հատուած, որուն պատը պիտի զարդարուէին Հայոց պատմութիւնը ներկայացնող բարձրաքանդակներով, պատկերներով: Թանգարանին մէջ պիտի ներկայացուէր հայ ժողովուրդի ազատագրական պայքարը, երկրամասի պատմութիւնը, Արցախի ազատագրական պայքարը: Այստեղ պիտի ըլլար նաեւ մեծ դահլիճ` նախատեսուած տարբեր միջոցառումներու` ներառեալ գիտաժողովներու համար: Տարածքին մէջ պիտի ըլլար նաեւ հիւրանոց եւ ճաշարան: Այս համալիրը պիտի նպաստէր Ստեփանակերտի մէջ զբօսաշրջութեան զարգացման։ Աշխատանքները 2019 թուականի դրութեամբ դեռ կը շարունակուէին եւ անաւարտ մնացին 44-օրեայ պատերազմի հետեւանքով:

Այսպիսով, անհիմն են ազրպէյճանական կողմի պնդումները, թէ այս համալիրը ունեցած է ռազմական նշանակութիւն», գրած է կայքը: