«Մեր ռազմավարական նպատակը Արցախ վերադառնալն է»․ Արցախն այս շաբաթ


Հանրահաւաք Ազատութեան հրապարակին վրայ․  արցախցիները կը պահանջեն վերադառնալ Արցախ

Արցախէն տեղահանուած բազմաթիւ քաղաքացիներ 20 մարտին հաւաքուեցան Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ` իրենց առաջարկները եւ պահանջները ներկայացնելու Հայաստանի կառավարութեան:

Հաւաքական գլխաւոր պահանջն հայրենիք վերադարձն էր: Անոնք կը պնդեն, որ իշխանութիւնը Պաքուի հետ բանակցութիւններուն ընթացքին նաեւ իրենց վերադարձի հարցը պէտք է բարձրացնէ:

Արցախի ժողովուրդի կարիքներու ապահովման նախաձեռնութեան անդամ, Արցախի նախկին պետական նախարար Արտակ Բեգլարեան շեշտեց, որ միայն միջազգային բարձր երաշխիքներով պատրաստ են վերադառնալու Լեռնային Ղարաբաղ:

«Իմ պատկերացումն այն է, որ պէտք է բացառել ուղղակի ազրպէյճանական որեւէ տիրապետութիւն, որովհետեւ այդ տիրապետութիւնը ցեղասպանական տիրապետութիւն է, ու պէտք է ըլլան միջազգային պաշտպանութեան բարձրագոյն մեքանիզմներ (գործիքակազմեր), հնարաւորինս միջազգային անվտանգութեան երաշխիքներ ըլլան, ու մենք այնտեղ կարենանք ինքնիշխան կեանք վարել», ըսաւ Բեգլարեան:

«Արցախի ազգային ժողովին կողմէ ձեւաւորուած է յանձնախումբ, որ տարբեր միջազգային դերակատարներու հետ պիտի քննարկէ այն պայմանները, որոնց ներքոյ մենք կը տեսնենք վերադարձի տեսլականը: Այս պահուն իրատեսական չեմ տեսներ վերադարձը, բայց միեւնոյն ժամանակ վստահ եմ, որ մենք իրաւունք չունինք թեման փակելու կամ թոյլ տալու, որ միջազգային դերակատարները փակեն այդ թեման», ըսաւ Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեանը:

Տեղահանուած արցախցիները նոյնպէս շեշտեցին, որ պատրաստ են վերադարձի, սակայն, միջազգային խաղաղապահներու ներկայութեամբ: Անոնք լուսարձակի տակ առին նաեւ ընկերային հարցերը՝ անընդունելի նկատելով կառավարութեան կողմէ տակաւին քննարկուող տեղահանուած քաղաքացիներուն բնակարաններով ապահովելու ծրագիրը, որ տակաւին մշակման փուլի մէջ է։ Բայց պաշտօնեաները արդէն յայտնեցին, որ գործադիրը կ’ուզէ տեղահանուած ընտանիքի իւրաքանչիւր անդամին 3 միլիոն դրամ տրամադրել` բնակարան ձեռք բերելու համար: Որոշ յատուկ պարագաներու՝ մինչեւ 5 միլիոն դրամ:

Հանրահաւաքէն պատկեր մը («Արմենպրես»-ի)

Արցախցիները կը հաստատեն, որ առնուազն 5 միլիոն դրամ պէտք է տրամադրուի ընտանիքի ամէն մէկ անդամին, որպէսզի մարդիկ կարենան գոնէ մարզերուն մէջ բնակարան գնել: Սակայն, անոնց հիմնական պահանջը եւ առաջնահերթութիւնը «հայրենիք վերադառնալն է. այնտեղ ձգած ենք հարազատներու շիրիմները, նաեւ ունեցուածք, տուներ կոսնցուցած ենք»:

«Արցախեան երրորդ պատերազմում զոհուած եւ անյայտ կորած զինծառայողների հարազատների միութիւն» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Արմէն Ասրեանը ընթերցեց նախաձեռնութեան միասնական յայտարարութիւնը, որուն մէջ կը շեշտուի, որ Հայաստանի կառավարութիւնը պէտք է շարունակէ Արցախէն բռնի տեղահանուած անձերուն տրամադրուող ընկերային աջակցութեան ծրագիրները, այնքան ատեն որ չէ իրականացած բնակարաններու ապահովման պատշաճ ծրագիր մը:  

Յայտարարութեան մէջ նաեւ կը շեշտուի, որ ՄԱԿ-ի արդարադատութեան միջազգային դատարանի որոշումներուն համաձայն պէտք է երաշխաւորել Արցախի մէջ հոգեւոր մշակութային ժառանգութեան հանրային եւ մասնաւոր սեփականութեան պաշտպանութիւնը՝ Ազրպէյճանի միջամտութիւններէն:

***

«Մեր ռազմավարական նպատակը Արցախ վերադառնալն է». Արտակ Բեգլարեան

«Նիուզ»-ի թղթակիցին հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին, Արցախի նախկին պետական նախարար Արտակ Բեգլարեան յայտնեց, որ արցախցիներուն հաւաքական իրաւունքներու պաշտպանութիւնը օրակարգի վրայ է, իսկ անոնց Արցախ վերադարձի իրաւունքը իրենց ռազմավարական նպատակն է։

Ան շեշտեց, որ մարդասիրական ծրագիրները պէտք է ծառայեն այդ օրակարգին: «Մենք պէտք չէ թոյլ տանք, որ Հայաստանի իշխանութիւնները փակեն այդ հարցը: Ան պէտք է ըլլայ Ազրպէյճանի հետ բանակցութիւններու սեղանին: Առանց Հայաստանի իշխանութիւններու յստակ դիրքորոշման՝ մենք արդիւնքի չենք հասնիր: Անոնք պէտք է ընդգծեն, որ ատիկա Ազրպէյճանի նկատմամբ տարածքային պահանջ չէ: Միջազգային դատարանը համապատասխան որոշում ընդունած է արցախցիներու վերադարձի իրաւունքին մասին», ըսաւ Բեգլարեան:

Արտակ Բեգլարեան (լուսանկարը՝ news.am-ի)

Արցախցիներուն ամէնէն ծանր ընկերային հարցը, ըստ Բեգլարեանի, բնակարանային հարցն է: «Մեկնելով պատճառներէն` արցախցիները սխալ է համեմատել Հայաստանի` կացարանէ զրկուած բնակիչներու հետ: Արցախցիները բռնի տեղահանուածներ դարձած են ցեղասպանութեան հետեւանով, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ստանձնած պարտաւորութիւններու ձախողման պատճառով: Ձախողած են նաեւ Ռուսիան, Ֆրանսան, Միացեալ Նահանգները եւ, ընդհանուր առմամբ, ամբողջ միջազգային հանրութիւնը: Դրանից բացի, Հայաստանը փախստականի կարգավիճակ ունեցողներու նկատմամբ լրացուցիչ պարտաւորութիւններ ունի: Մեր պարագային կը տարբերուի նաեւ ֆինանսաւորման աղբիւրը: Հայաստանը պէտք է միջազգային հանրութենէն խոշոր գումարներ պահանջէ արցախցիներու ընկերային խնդիրներուն համար: Ատոր փոխարէն Հայաստանի իշխանութիւնները կը յայտարարեն, թէ արդիւնաւէտօրէն կը լուծեն այդ խնդիրները` միջազգային հանրութեան ազդարարելով, որ անոնց աջակցութեան կարիքը չկայ», ընդգծեց Բեգլարեան:

Ան յայտարարեց, որ աշխոյժ կերպով կը համագործակցին Արցախի ժողովուրդի հիմնարար իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցերով յանձնախումբին հետ, զոր կը ղեկավարէ Հայաստանի արտաքին գործոց նախկին նախարար Վարդան Օսկանեանը:

Ան նաեւ ըսաւ, որ Հայաստանի իշխանութիւնները կրնան հրաժարիլ Ազրպէյճանի դէմ բողոքներէն, եթէ հասարակական լուրջ դիմադրութիւն չըլլայ՝ շեշտելով, որ անոնք անընդհատ զիջումներ կը կատարեն Ազրպէյճանին` փոխարէնը ոչինչ ստանալով: Նոյնը եղաւ Արցախի հարցով: Ան յիշեցուց, որ Ազրպէյճանի դէմ հայցեր ներկայացուած են թէ՛ ՄԱԿ-ի միջազգային դատարանին, նաեւ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին:

Ան յայտնեց, որ Երեւանէն ակնյայտ ճնշում կայ Արցախի իշխանութիւններուն վրայ, ինչ որ Արցախի պաշտօնատարներուն հասարակական աշխուժութեան պակասի պատճառներէն մէկն է: «Ասիկա պայմանաւորուած է Հայաստանի իշխանութիւններու տարբեր ներքաղաքական մտավախութիւններով, ինչ որ արցախցիներու թիրախաւորման եւ հասարակութեան մէջ հակաարցախեան տրամադրութիւններ առաջացնելու պատճառ կը դառնայ: Հաշուի առնելով տարբեր վտանգները, սպառնալիքները, ճնշումները` Արցախի պաշտօնեաները հանրային տարածքին մէջ իրենց զուսպ կը պահեն»:

Ան կոչ ուղղեց Հայաստանի իշխանութիւններուն՝ չփորձելու բացասական տրամադրութիւններ յառաջացնել արցախցիներուն նկատմամբ:

Ան նշեց, որ արդէն սեպտեմբեր 2023էն ի վեր, Հայաստանի իշխանութիւններուն քարոզչամեքենան կը շահարկէ այն, որ իբր թէ արցախցիները Հայաստան եկած են իշխանափոխութիւն իրականացնելու համար:

Ըստ Բեգլարեանի` այս մէկը ժխտական ազդեցութիւն կ’ունենայ թէ՛ Արցախի ժողովուրդին, թէ՛ Հայաստանի մէջ կառուցողական ներքաղաքական պայքարին վրայ:

***

Հայ դատը Քոնկրեսի ղեկավարութեան կոչ ըրաւ՝ Արցախի հարցով ճնշում բանեցնելու Պայտընի վարչակարգին վրայ

Ամերիկայի հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Ռաֆֆի Համբարեանը Քոնկրեսի ղեկավարութեան կոչ ըրաւ՝ հրապարակային ճնշում բանեցնելու նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակարգին վրայ, որպէսզի անյապաղ քայլեր առնուին Արցախի մէջ ցեղասպանութեան դիմած Պաքուն պատասխանատուութեան ենթարկելու եւ արցախահայութեան ապահով վերադարձի իրաւունքը պաշտպանելու ուղղութեամբ։

21 մարտ թուակիր նամակին, մէջ, Համբարեանը խստօրէն կը դատապարտէ Պայտընի վարչակարգը, որ օրին չէր կրցած կասեցնել Արցախի հայերու դէմ իրագործուած ցեղասպանութիւնը եւ կը շարունակէ անպատիժ ձգել Պաքուն, հակառակ քոնկրեսականներու կոչերուն։

Համբարեան կը նշէ, թէ Ուաշինկթըն «ոչ միայն չկրցաւ կաշկանդել Ազրպէյճանը, այլ նաեւ խթանեց եւ քաջալերեց Պաքուի յարձակողապաշտ քաղաքականութիւնը»։

Նաեւ կը շեշտուի, թէ միայն 15 միլիոն տոլարի մարդասիրական օգնութիւն յատկացուած է բռնի տեղահանուած 120,000 արցախահայերուն, ինչ որ բաւարար չէ տեղահանուածներուն դիմագրաւած դժուարութիւնները դարմանելու ջանքերուն։

Համբարեան նաեւ կ’ընդգծէ անօրինական կերպով բանտարկուած հայ ռազմագերիներու եւ Արցախի քաղաքական առաջնորդներու անյապաղ եւ անվերապահ ազատ արձակումը ապահովելու անհրաժեշտութիւնը, Արցախի բնիկ հայերու վերադարձին երաշխաւորումը, ինչպէս նաեւ Արցախի կրօնական եւ մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան կենսականութիւնը:

***

Պաքուի մէջ հայ ռազմագերիներու դատական գործերը կը հակասեն միջազգային օրէնքին. քննարկում՝ Եւրոպական խորհրդարանին մէջ

Եւրոպական խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցաւ համաժողով մը, նուիրուած՝ Ազրպէյճանի մէջ պահուող հայ ռազմագերիներու հարցին։

Համաժողովը իրականացաւ Եւրոպական խորհրդարանի ԵԺԿ խմբակցութեան պատգամաւոր, Հայաստանի հարցերու զեկուցող Անտրէյ Քովաչեւի հովանիին տակ: Ժողովին ներկայ էին նաեւ Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւորներ եւ Պելճիքայի մօտ Հայաստանի դեսպան Տիգրան Բալայեանը։

Պրիւքսէլի մէջ «Արմէնփրէս»ի լրագրողը յայտնեց, որ Եւրոպական խորհրդարանին կողմէ հայ ռազմագերիներու վերաբերեալ համապատասխան բանաձեւի ընդունումէն 3 տարի ետք ստեղծուած իրավիճակը  քննարկելու նպատակով կազմակերպուած համաժողովին գլխաւոր բանախօսներն էին՝ Միջազգային իրաւական հարցերու Հայաստանի ներկայացուցիչ Եղիշէ Կիրակոսեանը, «Արեւելեան Եւրոպա-Հարաւային Կովկաս, Միջազգային համագործակցութիւն մարդու իրաւունքներու համար» (IPHR) կազմակերպութեան ծրագիրներու տնօրէն Սիմոն Փափուաշվիլին, միջազգային իրաւունքի մասնագէտ, «Իրաւական ուղի» կազմակերպութեան համահիմնադիր Սիրանոյշ Սահակեանը, Խաղաղութեան եւ ժողովրդավարութեան հիմնարկի հիմնահարցերու եւ գաղթականութեան բաժինի ղեկավար Արիֆ Եունուսը եւ «Լիպերթաս 2020» նախագիծի ներկայացուցիչ, իրաւունքի եւ հիմնահարցերու կարգաւորման «Կովկաս» կեդրոնի նախագահ Հիլտա Չոպոյեանը։

Քովաչեւ ընդգծեց, որ Եւրոպական խորհրդարանը միշտ կոչ ուղղած է՝ հարցը լուծելու դիւանագիտական ուղիով, իսկ ռազմագերիները եւ պահուող անձերը պետք է անյապաղ ազատ արձակուին՝ առանց նախապայմաններու։

Ըստ դեսպան Տիգրան Բալայեանի՝ հարցը առկախ է եւ կը թունաւորէ միջավայրը։ «Պաքուի վարչակարգին կողմէ պահուող անձիք բանտարկեալ չեն, գերի են։ Ազրպէյճանը կ’ոտնահարէ իր իսկ ստորագրած հրադադարի եռակողմ յայտարարութիւնը, ուր յստակ նշուած է՝ բոլոր ռազմագերիները պէտք է փոխադարձաբար վերադարձուին», յայտնեց ան։

Եղիշէ Կիրակոսեան եւս կարեւոր նկատեց հարցը օրակարգի վրայ պահելը։ Ըստ անոր՝ ռազմագերիները հայրենիք վերադարձնելու միջազգային գործիքակազմը սահմանափակ է, եւ այս իրականութեան լոյսին տակ, Ազրպէճան այսպէս կոչուած ահաբեկիչներու պատմութիւնը յառաջ կը տանի՝ շինծու դատական գործերով։

Սիրանոյշ Սահակեան նշեց, որ Պաքուի մէջ պահուող հայ գերիները կտտանքներու ենթարկելը եւ անոնց հոգեբանական տառապանքները ակնյայտ իրականութիւն են։

Հիլտա Չոպոյեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ Ազրպէյճան ռազմագերիները կ’օգտագործէ քաղաքական նպատակներու համար եւ պէտք է ասոր առաջքը առնել։ Ան կոչ ուղղեց՝ միանալու ռազմագերիներու ազատութեան համար իր կազմակերպութեան սկսած արշաւին։        

Համաժողովին աւարտին, Հայաստանի Ազգային ժողովի Եւրոպական համարկման հարցերու մնայուն յանձնաժողովի նախագահ Արման Եղոյեան շնորհակալութիւն յայտնեց այս նախաձեռնութեան համար եւ նշեց, որ այսպիսի քննարկումներու ատեն հնչած գաղափարները վաղ թէ ուշ գործնական քայլի պիտի վերածուին։

***

Եւրոպացի երեսփոխաններ Արցախի հայկական ժառանգութեան պահպանման գծով Եւրոպական Միութեան ղեկավարներուն կոչ ուղղեցին

Եւրոպական Խորհրդարանի խումբ մը երեսփոխաններ կոչ ուղղեցին Եւրոպական Միութեան ղեկավարներուն՝ երաշխաւորելու, որ Եւրոպական Միութիւնը աշխոյժ քայլերու ձեռնարկէ Արցախի հայկական մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան պաշտպանութեան ուղղութեամբ` տեսախցիկներ տեղադրելով:

Ըստ «Արմէնփրէս»-ի՝ այս մասին «Էքս»-ի իր պաշտօնական էջին վրայ գրառում մը կատարած է Եւրոպական Խորհրդարանի երեսփոխան Միրիամ Լեքսման՝ կցելով Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլին, Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լէյենին եւ Եւրոպական խորհրդարանի նախագահ Ռոպերթ Մեցոլային հասցէագրուած ծաւալուն նամակին բովանդակութիւնը:

Շուշիի Ղազանչեցոց եկեղեցին մզկիթի կը վերածուի (լուսանկարը՝Monument watch-ի)

«Մենք` Եւրոպական Խորհրդարանի ներքոստորագրեալ անդամներս, անհանգստացած ենք, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հազարամեայ հայկական մշակութային եւ կրօնական ժառանգութիւնը կը գտնուի ոչնչացման, պղծման եւ իւրացման անմիջական սպառնալիքին տակ` միջազգային իրաւունքի եւ ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան միջազգային դատարանի իրաւաբանօրէն պարտադիր որոշման խիստ խախտումով: Այդ կառոյցները մեր Եւրոպական ժառանգութեան կարեւոր մասը կը կազմեն, եւ մեր պարտքն է ապահովել անոնց պահպանութիւնը: 2020-ի պատերազմէն ետք, Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներուն մէջ աւերուած են հայկական մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան խորհրդանշական կառոյցները, որոնց շարքին` եկեղեցիներ, յուշարձաններ, խաչքարեր, գերեզմանատուներ, արձաններ, իսկ հայկական արձանագրութիւնները ջնջուած են հայկական եկեղեցիներու եւ տապանաքարերու պատերէն», կ’ըսուի նամակին մէջ:

Նամակը ստորագրած են շուրջ 50 երեսփոխաններ Ֆրանսայէն, Գերմանիայէն, Կիպրոսէն, Շուէտէն, Հոլանտայէն, Պուլկարիայէն, Իտալիայէն, Սլովաքիայէն, Աւստրիայէն, Յունաստանէն, Լիթուանիայէն, Հունգարիայէն, Խրուաթիայէն, Չեխիայէն եւ Սլովենիայէն: