Արցախցիները մտավախութիւն ունին, որ ՀՀ քաղաքացիութիւն ընդունելով` կրնայ փակուիլ Արցախ վերադարձի հեռանկարը․ Արցախն այս շաբաթ


Անտեղի ու վտանգաւոր է պնդել, որ արցախահայութիւնը չի ցանկար ՀՀ քաղաքացիութիւն ընդունել` ՀՀ զինուած ուժերուն մէջ չծառայելու նպատակով, այս մասին յայտարարած է Արցախի նախկին պետնախարար Արտակ Բեգլարեանը` ի պատասխան ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի վերջին ասուլիսի պնդման:

Ան նշած է, որ հոկտեմբերէն ի վեր հազարաւոր արցախցիներ ցանկացած են մտնել զինծառայութեան, բայց զանոնք մերժած են` ստիպելով ընդունիլ քաղաքացիութիւն:

Վստահ եմ, որ կարիքի պարագային, անկախ իրաւական կարգավիճակէն, արցախցիներու ճնշող մեծամասնութիւնը զէնք կը վերցնէ եւ կը պաշտպանէ հայոց հայրենիքը, ըսած է ան:

«Յառաջիկայ տարիներուն արցախահայութեան մէջ ժամկետային զինծառայութեան տարիքի տղաներուն թիւը պիտի չգերազանցէ քանի մը հազարը: Հետեւաբար, Փաշինեանի փաստարկի տրամաբանութիւնը հասկնալի չէ, թէ ինչու ժողովուրդին մնացած գերակշիռ մասը չի ցանկար ընդունիլ քաղաքացիութիւն, եթէ իրենց ընտանիքներուն մէջ ժամկետային զինծառայութեան տարիքի տղաներ չկան:

Արտակ Բեգլարեան (լուսանկարը՝ «Արցախպրես»-ի)

Իրականութեան մէջ, բացի մէկ մասի ընկերային բնոյթի մտավախութիւններէն, ճնշող մեծամասնութիւնը մտավախութիւն ունի, որ ՀՀ քաղաքացիութիւն ընդունելով` կրնայ փակուիլ Արցախ վերադարձի հեռանկարը: Ուստի, եթէ կը ցանկաք, որ արցախցիները զանգուածայնօրէն ընդունին ՀՀ քաղաքացիութիւն, ապա պէտք է ապահովել մեր հաւաքական վերադարձի քաղաքական պահանջն ու քայլերը Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ: Արցախցին կը ցանկայ ապրել Արցախ` անվտանգ ու արժանապատիւ կերպով, եւ պէտք չէ լրացուցիչ չափով հարուածի տակ դնել այդ հնարաւորութիւնը: Պէտք է խիստ զգոյշ ըլլալ արցախցիներու հանդէպ լրացուցիչ բացասական տրամադրութիւններ չխթանելու հարցով` խուսափելով անհիմն ու արհեստական ընդհանրացումներէ», գրած է Բեգլարեան «Դիմատետր»-ի իր էջին վրայ:

***

Պաքուի մէջ պահուող Արցախի նախկին ղեկավարներուն կը ստիպեն հարցազրոյց տալու

Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ պետական լրատուամիջոցները կը պատրաստեն ժապաւէն մը, որուն մէջ պիտի ներկայացնեն Արցախի գերի տարուած նախկին ռազմաքաղաքական ղեկավարներուն հետ հարցազրոյցներ: Ազրպէյճանցիները հարցազրոյցներ կատարած են Պաքուի բանտին մէջ ապօրինաբար պահուող, Արցախի պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատար Լեւոն Մնացականեանի եւ Արցախի նախկին նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի հետ, որոնց նկարները հրապարակուեցան նախորդ օրերուն։

Պաքուի մէջ գերի պահուող Արցախի ղեկավարութիւնը

Այս մէկուն հակադարձեցին Արցախի մարդու իրաւունքներու նախկին պաշտպան Արտակ Բեգլարեանը եւ Միջազգային եւ համեմատական իրաւունքի կեդրոնի նախագահ Սիրանուշ Սահակեանը։

«Ազրպէյճանի մէջ Ալիեւի ցեղասպան եւ բռնապետական ռեժիմը (վարչակարգը) հերթական անգամ կը խախտէ միջազգային իրաւունքը. անոնք ոչ միայն առեւանգած են Արցախի ղեկավարութիւնը, այլեւ խոչընդոտած են անոնց օրինական պաշտպանութեան հնարաւորութիւնը», ըսաւ Բեգլարեան՝ ընդգծելով, որ հիմա ալ Արցախի նախկին ղեկավարներուն կը ստիպեն հարցազրոյց տալ:

«Յանցագործութիւն է նաեւ պատանդներու օգտագործումը քարոզչական եւ զանգուածային նուաստացման նպատակով: Ի դէպ, Ցեղասպանութեան կանխարգիլման հարցերով ՄԱԿ-ի առաջին յատուկ խորհրդական Խուան Մենդեսը 1 նոյեմբեր 2023-ի իր զեկոյցին մէջ յստակ կը նշէ, որ Արցախի ղեկավարներու կալանաւորումը ցեղասպանութեան վկայութիւն է, քանի որ ատիկա ցոյց կու տայ համայնքը ոչնչացնելու մտադրութիւն», նշեց Բեգլարեան։

Սահակեան բացառուած նկատեց Պաքուի մէջ ապօրինաբար պահուող Արցախի նախկին ռազմաքաղաքական ղեկավարներուն տուած հարցազրոյցներուն մէջ ազատ կամքի արտայայտութիւնը, երբ անոնք կը գտնուին կեանքի իրական եւ անմիջական սպառնալիքներու տակ, առ այդ, հասկնալի է, որ պարտադրուած են մասնակցելու հարցազրոյցներուն:

Ան շեշտեց, որ անոնց կամքը սահմանափակուած է, եւ հարկադրանքի միջոցով անոնք կը մասնակցին այս հարցազրոյցներուն: «Այստեղ յստակ խօսքի ազատութեան իրաւունքի խախտում կայ: Երբ անձը չի ցանկար որեւէ տեսակէտ արտայայտել, բայց անոր կը պարտադրեն, ապա անխուսափելիօրէն, խօսքի ազատութեան իրաւունքի եւ մասնաւոր կեանքի անձեռնմխելիութեան իրաւունքի խախտումներ կան, բայց ամենաէականն այն է, որ այս խախտումները հետեւանք են անմարդկային վերաբերմունքի, հարկադրանքի, ճնշումներու, որոնք կրնան ունենալ հոգեբանական դրսեւորումներ», դիտել տուաւ ան:

***

Ս. Էջմիածինի յայտարարութիւնը` Արցախի գերեվարուած ռազմաքաղաքական ղեկավարներու հիմնարար իրաւունքներու ոտնահարման դէպքերուն վերաբերեալ

Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի նախագահութեամբ Հայաստանի եպիսկոպոսները եւ թեմակալ առաջնորդները հանդէս եկած են յայտարարութեամբ` Արցախի Հանրապետութեան գերեվարուած ռազմաքաղաքական ղեկավարներու հիմնարար իրաւունքներու ոտնահարման դէպքերուն վերաբերեալ։

Յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ օրեր առաջ ազրպէյճանական քարոզչամեքենան յանցաւոր չարախնդութեամբ եթեր հեռարձակեց Արցախի Հանրապետութեան գերեվարուած ռազմաքաղաքական ղեկավարներու հետ պարտադրուած հարցազրոյցներու հիման վրայ յօրինուած, յառաջիկայ 28 մարտին ցուցադրութեան նախատեսուած, այսպէս կոչուած «Անտիտեռոր» վերնագրուած ժապաւէնի ծանուցումը: Արցախի առեւանգուած ու պատանդառուած ղեկավարներու նկատմամբ ցուցաբերուող նման քայլը հերթական անգամ կը բացայայտէ ազրպէյճանական իշխանութիւններու որդեգրած քաղաքականութեան հակահայկական էութիւնը:

«Ամօթալի նմանօրինակ գործողութիւններով ուղղակիօրէն կ’ոտնահարուին եւ կ’անարգուին միջազգայնօրէն ճանչցուած մարդկային հիմնարար իրաւունքները: Հերթական անգամ փորձ կը կատարուի գերեվարուած անձերու խոցելիութիւնը օգտագործելու անբարոյ գործելաոճի միջոցով ապակողմնորոշելու միջազգային հանրութիւնը եւ տասնամեակներ շարունակ ազրպէյճանական բռնութիւններու գոյաբանական սպառնալիքներու դէմ արցախահայութեան մղած ինքնորոշման արդարացի պայքարը ներկայացնել որպէս ահաբեկչութիւն»:

Յայտարութեամբ կոչ կ’ուղղուի միջազգային հանրութեան, մարդասիրական առաքելութիւն իրականացնող կազմակերպութիւններուն` համարժէքօրէն արձագանգելու հայ գերիներու նկատմամբ Ազրպէյճանի դրսեւորած յիշեալ զազրելի գործողութիւններուն եւ առաւել գործնական ու ազդու միջոցներ կիրառել հայ գերիներու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ հայրենիք շուտափոյթ վերադարձի ուղղութեամբ:

***

Արցախի եւ Հայաստանի շարք մը քաղաքական ուժերը կը պահանջեն Արցախի ժողովուրդին միջազգային երաշխիքներով վերադարձը Արցախ

Արցախի եւ Հայաստանի շարք մը քաղաքական ուժեր յայտարարութեամբ հանդէս եկած են եւ Հայաստանի իշխանութիւններէն պահանջած իր արտաքին քաղաքականութեան մէջ ներառել եւ բանակցային գործընթացի ծիրէն ներս պարտադիր քննարկման առարկայ դարձնել Արցախի ժողովուրդի` միջազգային երաշխիքներով Արցախ վերադառնալու հաւաքական իրաւունքը իրացնելու պահանջքը:

Ներքոնշեալ քաղաքական ուժերու յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ առանց խոչընդոտներու եւ միջազգային երաշխիքներով իր հազարամեակներու հայրենիքին մէջ ազատ ապրիլը Արցախի ժողովուրդի անքակտելի իրաւունքն է եւ ատոր նախապայմանը` հաւաքական վերադարձը, որ ամրագրուած է միջազգային հիմնարար հռչակագիրներով եւ փաստաթուղթերով, ինչպէս նաեւ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի` Արցախի վերաբերեալ կայացուած որոշումներով:

«Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան ակնկալիք չի կրնար ըլլալ, առաւել եւս` երաշխիք, քանի դեռ հայկական կողմը չէ ձեւակերպած եւ օրակարգ չէ բերած արդարութեան պահանջը: Ասոր ապացոյցը Ազրպէյճանի պահուածքն է եւ խաղաղութեան հասնելու հայկական կողմի ապարդիւն փորձերը: Հնարաւոր չէ հասնիլ խաղաղութեան եւ կարգաւորման  այնպիսի իրավիճակի մը, երբ կողմերէն մէկը զրկուած է իր շահերու պաշտպանութեան հնարաւորութենէն: Համոզուած ենք, որ տարածաշրջանին մէջ կայուն խաղաղութեան հաստատման հասնիլ հնարաւոր է միմիայն Արցախի ժողովուրդի հաւաքական վերադարձով` ամրագրուած միջազգային երաշխիքներով:

Քաղաքական ուժերը կը հաստատեն, որ Հայաստանի իշխանութեան պատասխանատուութիւնն է առնուազն այս հարցին մէջ դրսեւորել դիւանագիտական հմտութիւն եւ քաղաքական կամք` յօգուտ Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի գոյութենական սպառնալիքներու չէզոքացման:

«Ազատ հայրենիքՔՄԴ» խմբակցութիւն
«Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան» արցախեան կառոյց
Արցախի «Արդարութիւն» կուսակցութիւն
Արցախի «Ժողովրդավարական» կուսակցութիւն
«Հայաստան» դաշինք
«Պատիւ ունեմ» դաշինք
«Ազգային անվտանգութիւն» կուսակցութիւն
«Հայաստանի դեմոկրատական» կուսակցութիւն
«Հայաստանի հանրապետական» կուսակցութիւն
«Հայաքուէ» քաղաքացիական նախաձեռնութիւն
«Միասին» շարժում

***

«2018-ին Հայաստանի նոր կառավարութենէն հաւաստիացումներ ստացանք, որ տարածքները պիտի վերադարձուին»․ Ալիեւ

Արցախի հարցով համաձայնութեան գալու կարելիութիւն կար 2018-ին, երբ Հայաստանի մէջ իշխանութիւնը փոխուեցաւ. այն ժամանակ Հայաստանի նոր կառավարութենէն հաւաստիացումներ ստացանք, որ տարածքները պիտի վերադարձուին: Այս մասին Պաքուի համաշխարհային համախմբումի ընթացքին յայտարարեց Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը:

«Կարելի՞ էր խուսափիլ ռազմական լուծումէն: Այո՛, եւ երէկ մենք այս հարցը լայնօրէն քննարկած ենք խորհուրդի անդամներու հետ: Եւ ես քիչ մը բարձրացուցի վարագոյրը` անոնց որոշ մանրամասնութիւններ յայտնելով: Համաձայնութեան կարելիութիւն կար 2018-ին, երբ Հայաստանի մէջ իշխանութիւն փոխուեցաւ. այն ժամանակ Հայաստանի նոր կառավարութենէն հաւաստիացումներ ստացանք, որ միջազգային օրէնքին համաձայն պիտի վարուին, եւ տարածքները պիտի վերադարձուին: Նման ակնկալութիւններ ունէինք: Եթէ այն ժամանակ Հայաստանի նոր իշխանութիւնը նախընտրէր վարուիլ այնպէս, ինչպէս հիմա, ապա մեր գերիշխանութեան հարկադիր վերականգնման կարիքը չէր ըլլար», ըսած է Ալիեւ:

Անոր պնդումով` 2019 թուականին Հայաստանի նոր ղեկավարութիւնը բացարձակապէս անընդունելի առաջարկներ ներկայացուցած է, օրինակ` պահանջած է, որ Ազրպէյճանը բանակցի «անջատողականներու» (Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն, «Ա.») հետ: Ըստ Ալիեւի, Հայաստանը չէր պատրաստուեր տարածքներէն ոչ մէկ թիզ վերադարձնելու:

«Աւելի՛ն, Հայաստանի վարչապետի յայտնի կարգախօսը, թէ «Ղարաբաղը Հայաստան է» (Արցախը Հայաստան է եւ վե՛րջ,), նախ միջազգային օրէնքի բացարձակ խախտում է, երկրորդ` չափազանց յաւակնոտ երկրի մը համար, որ կը կարծէր, որ կրնայ յաւերժ պահել մեր հողերը», ըսած է Ալիեւ:

***

Ազրպէյճանցիները կը շարունակեն ոչնչացնել եւ իւրացնել հայկական մշակութային ժառանգութիւնը

Արցախի հայաթափումէն ետք մեծ է վտանգը, որ Ազրպէյճանը ամբողջութեամբ ոչնչացնէ այնտեղի հայկական ժառանգութիւնը: Ընկերային ցանցերու մէջ ազրպէյճանցիները տասնեակներով տեսանիւթեր կը տեղադրեն, որոնք կը վկայեն հայկական հետքի վերացման փորձերուն մասին։

– Ազրպէյճանական Ictimai TV հեռուստաալիքով 8 մարտին ցուցադրուեցաւ տեսանիւթ մը, որ նկարահանուած է բռնագրւուած Ստեփանակերտ քաղաքի Կրկժան թաղամասին մէջ:

Տեսանիւթը կը ներկայացնէ Կրկժանի մէջ գտնուող աւերուած Սուրբ Ամենափրկիչ եկեղեցին: Տեսանիւթը վերնագրուած է որպէս «Խանքենդիի մէջ քանդուած աղուանական յուշարձանները», կը տեղեկացնէ monumentwatch.org-ը:

Կրկժանի Սուրբ Ամենափրկից աւերկ եկեղեցին (լուսանկարը՝ monumentwatch.org-ի)

Տեսանիւթը ունի ակնյայտ քարոզչական բնոյթ, որ առաջ կը քաշէ ազրպէյճանական քարոզչամեքենայի հիմնական այն թեզիը, թէ «հայերը հայկականացուցած են տեղի աղուանական եկեղեցիները»: Այս թեզն, ի հարկէ, նոր չէ, սակայն վերնագիրէն կը տեսնենք, որ ի յայտ եկած է մէկ այլ վտանգաւոր խօսոյթ` այն է, որ հայերը իբր նաեւ քանդած են աղուանական յուշարձանները:

Տեսանիւթին մէջ չկայ եւ տեղեկատուութիւն աւերակներու մասին, նոյնիսկ հիմնաւորում, թէ երբ քանդուած է յուշարձանը, ինչու ան աւերակ է:

Ըստ պատմական տուեալներու տեսանիւթին մէջ ներկայացուած աւերակ եկեղեցին կոչուած է Սուրբ Ամենափրկիչ: Ժամանակակից Ստեփանակերտ քաղաքի վարչական սահմաններուն մէջ 19-րդ դարուն կը գտնուէին Վարարակն, Կրկժան, Փահլուլ, Ներքին շէն, Սողոմոնի Շէն եւ այլ հայկական գիւղերը, որոնց մասին վկայութիւններ պահպանուած են 19-րդ դարու աղբիւրներուն մէջ:

Ներկայիս եկեղեցին աւերակ է: Մասամբ կը պահպանուին արեւմտեան, հիւսիսային եւ արեւելեան պատերու մնացորդները (նկ. 3): Ան հիւսիսէն, արեւմուտքէն եւ արեւելքէն կը հենուի ժայռերու վրայ, ունեցած է խիստ լայն պատուհաններ, որ բնորոշ են 19-րդ դարու եկեղեցիներուն: Կառուցուած է կոպտատաշ կրաքարերով, շաղախով տեղի ժայռի վրայ:

Յուշարձանի շրջակայքը կան քանի մը խաչքարերու բեկորներ, որոնք ցոյց կու տան, որ ներկայիս եկեղեցիէն առաջ այստեղ եղած է մէկ այլ` աւելի վաղ ժամանակներու եկեղեցի կամ սրբավայր, որուն տեղը թերեւս 19-րդ դարուն կառուցուած է ներկայիս եկեղեցին:

– Ազրպէյճանցիները աւերած են Արցախի Ծար գիւղին մէջ գտնուող արցախեան ազատամարտին զոհուած հայ զինծառայողներուն նուիրուած յուշահամալիրը, անհետացուցած 1224-ի արձանագիր խաչքարը:

Առաջին նկարին մէջ՝ Ծար գիւղին մէջ գտնուող արցախեան ազատամարտին զոհուած հայ զինծառայողներուն նուիրուած յուշահամալիրը, երկրորդ նկարին մէջ կը բացակայի խաչքարը (լուսանկարները՝ «Պատմամշակութային ժառանգութեան դիտահետազօտական կեդրոն»-ի)

Այս մասին կ’ահազանգէ Կրթութեան գիտութեան եւ մշակոյթի նախարարութեան «Պատմամշակութային ժառանգութեան դիտահետազօտական կեդրոն»-ը:

«Համացանցի մէջ յայտնուած լուսանկարները ցոյց կու տան, որ Արցախի Ծար գիւղի 13-րդ դարու նշանաւոր խաչքարը այլեւս իր տեղը չէ: Մեր մշտադիտարկումները եւ որոնումները խաչքարի ֆիզիկական վիճակի վերաբերեալ անարդիւնք մնացին: Հաշուի առնելով Ազրպէյճանի քաղաքականութիւնը հայկական պատմամշակութային ժառանգութեան նկատմամբ` ենթադրելի է, որ հայկական խաչքարագործութեան այս եզակի օրինակը ոչնչացուած է», կը նշէ կեդրոնը իր «Դիմատերտ»-ի էջին վրայ:

– Ազրպէյճանի մշակութային ցեղասպանութեան հերթական թիրախը Արցախի պետական համալսարանն է: Այս մասին կ’ահազանգէ Հայքի մշակոյթի Օմբուդսմեն (պաշտպան) Յովիկ Աւանեսովը:

 

Արցախի պետական համալսարանի շէնքը (լուսանկարը՝ «Արցախպրես»-ի)

«Օրերս Ազրպէյճանի մշակութային ցեղասպանութեան հերթական թիրախ եղած է Արցախի պետական համալսարանը: Ազրպէյճանական լրատուամիջոցներու տարածած հաղորդագրութեան մէջ յստակ կը նշուի, որ պիտի փոխուի համալսարանի շէնքի արտաքին տեսքը: Ակնյայտ է, որ իր ձեռագրին հաւատարիմ Ազրպէյճանը շինարարական աշխատանքներու քօղին տակ պիտի վերացնէ հայկական հետքը», գրած է Աւանեսովը:

Ըստ անոր՝ յատկապէս վտանգուած է համալսարանի յանուն հայրենիքի զոհուած ուսանողներու յիշատակը յաւերժացնող յուշահամալիրը:

Արցախի պետական համալսարանը հիմնադրուած է 1969-ին Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզի կեդրոն Ստեփանակերտ քաղաքին մէջ:

Ըստ Հայք մշակութի պաշտպանին, Ստեփանակերտի մէջ ազրպէյչճանցիները հեռացուցած են նաեւ Խորհրդային Միութեան նշանաւոր հրամանատար, Խորհրդային Միութեան մարշալ, ԽՍՀՄ պաշտպանութեան փոխնախարար Յովհաննէս Խաչատուրի Բաղրամեանի արձանը, որ կը գտնուէր Ստեփանակերտի մարշալի անունը կրող փողոցին վրայ։

Մարշալ Բաղրամեանի արձանը՝ Ստեփանակերտի իր անունը կրող փողոցին վրայ