Ազրպէյճանցիները կը քանդեն Արցախի պետական շէնքերը. Արցախն այս շաբաթ


Ազրպէյճանցիները կը քանդեն Ստեփաբնակերտի Վերանունդի հրապարակին վրայի Արցախի պետական շէնքերը

Ազրպէյճանցիները կը քանդեն Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ գտնուող Արցախի ազգային ժողովի շէնքը, ինչպէս նաեւ անոր կողքին եղող Ազատամարտիկներու շէնքը: Այս մասին փաստող տեսանիւթեր տարածուեցան ազրպէյճանական «Թելեկրամ»-ի ալիքներէն:

լուսանկարը՝ ազրպէյճանական տեսանիւթէն առնուած

Հայքի մշակոյթի պաշտպան (օմբուդսմեն), ազրպէյճանագէտ Յովիկ Աւանեսովը կ’ահազանգէ, որ Ազրպէյճանը կը շարունակէ պետական մակարդակով ոչնչացնել եւ իւրացնել ոչ միայն բռնագրաւած Արցախի մշակութային ժառանգութիւնը այլ նաեւ պետական եւ մասնաւոր կառոյցներու շէնքերը: «Ազրպէյճանական ընկերային ցանցերու մէջ հրապարակուած հերթական տեսանիւթէն կ’երեւի, որ ազրպէյճանցի վանդալները կը ձեւափոխեն Արցախ բանկի գլխաւոր գրասենեակի շէնքը եւ կը թալանեն Արցախի ազգային ժողովի շէնքը», գրած է ան «Դիմատետր»-ի իր էջին վրայ։

Ազրպէյճանցիները կը ձեւափոխեն Արցախ բանկի շէնքը (lուսանկարները` Մխիթար Կարապետեանի):

Աւանեսովը նոյնպէս ահազանգեց, որ ազրպէյճանցիներու թիրախ դարձած է նաեւ գրող Խաչատուր Աբովեանի արձանը, որ կը գտնուի գրողին անունը կրող դպրոցին բակը։ Արձանը պատրաստուած է 2013-2015 թուականներուն։ Քանդակագործը Արմէն Պետրոսեանն է։

Խաչատուր Աբովեանի արձանը նոյնպէս կը հանուի ազերիներու կողմէ (լուսանկարները Հայք մշակոյթի պաշտպանին)

Օրեր առաջ, Արցախի մշակութային ժառանգութեան հսկումով զբաղող Monument Watch անկախ խումբը յայտարարեց, որ Ստեփանակերտի մէջ, ազրպէյճանցիները քանդած են աշխարհահռչակ Շարլ Ազնաւուրի յուշարձանը:

Փորձագէտները բազմաթիւ անգամներ ահազանգեցին Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի մէջ հայկական հետքերը վերացնելու մասին: Արցախի մէջ նաեւ եկեղեցիներու խաչերը կը հանուին եւ պատմական կոթողներ կը քանդուին:

Ըստ տարբեր հաշուարկներու` Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ կը գտնուին 4000-6000 յուշարձաններ, որոնց կարգին՝ եկեղեցիներ, խաչքարեր եւ ամրոցներ:

 

Արցախի ազգային ժողովը դատապարտեց Ազրպէյճանի վանդալական՝ բարբարոս քաղաքականութիւնը

Արցախի Ազգային ժողովը յայտարարութեան մը միջոցաւ շեշտեց, որ Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի վրայ սանձազերծուած լայնածաւալ պատերազմէն եւ ամբողջական բռնազրաւումէն ետք վտանգուած են Արցախի միջնադարեան բազմաթիւ հոգեւոր կեդրոններ, կրթական համալիրներ եւ յուշակոթողներ, պատմամշակութային արժէքներ հանդիսացող շէնքեր ու շինութիւններ՝ դատապարտելով հայկական հետքերը վերացնելու Ազրպէյճանի գործելաոճը։  

Վերոնշեալ յայտարարութեան մէջ մասնաւորապէս կ’ըսուի. ««Հակառակ խաղաղութեան մասին միջազգային տարբեր հարթակներու վրայ սեփական բարձրակոչ յայտարարութիւններուն՝ Ազրպէյճանը անթաքոյց կը փորձէ հայ ժողովուրդի նկատմամբ իր ցեղասպանական ծրագիրները եզրակէտին հասցնել: Ատիկա մասնաւորապէս կ’արտայայտուի հայկական քրիստոնէական պատմամշակութային, ազատագրական պայքարի եւ պետականակերտման խորհրդանիշ հանդիսացող յուշարձաններու պղծմամբ, ոչնչացմամբ կամ ալ այսպէս կոչուած «աղուանական ծագման» յորջորջմամբ:

Վանդալութեան վերջին դրսեւորումներն են Ստեփանակերտի Աստմածամօր Սուրբ Յովանի Մայր Տաճարին պղծումը, Արցախի Հանրապետութեան ազգային ժողովի եւ Ազատամարտիկներու միութեան շէնքերուն հիմնայատակ աւերումը:

Ըստ զինուած հակամարտութիւններու ժամանակ արժէքներու մասին 1954 թուականի Հաագայի համաձայնագրի 4-րդ յօդուածին՝ արգիլուած է մշակութային ժառանգութեան հանդէպ վանդալութեան, գողութեան, կողոպուտի, իւրացման, թշնամանքի եւ հաշուեհարդարի որեւէ գործողութիւն: Թէեւ UNESCO-ի կողմէ քանի մը անգամ կոչեր հնչած են Արցախի պատմամշակութային ժառանգութեան ոչնչացման վերջ դնելու համար եւ խոստումներ եղած են առաքելութիւն ուղարկելու, սակայն որեւէ առաքելութիւն առ այսօր այդպէս ալ չէ ժամանած Արցախ, Ազրպէյճանի կողմէ արհեստական խոչընդոտներու ստեղծման պատրուակով, եւ միզազգային հանրութեան անտարբերութիւնը եւ անուշադրութիւնը ազատութիւն տուած են յարձակողի վանդալութեան՝ դառնալով տարածաշրջանին մէջ նոր պատերազմներու հրձիգ:

Արցախի Հանրապետութեան ազգային ժողովը կը դատապարտէ Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ հայկական հետքի վերացման բարբարոսական գործողութիւնները եւ իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններէն, ՀՀ իշխանութիւններէն կը պահանջէ ազրպէյճանական հակամշակութային բոլոր գործողութիւններուն փաստերը մէկ առ մէկ ներկայացնելու միջազգային իրաւասու մարմիններուն եւ ատեաններուն՝ խնդրին տալով միջազգային հնչեղութիւն»:

 

Մեզի համար առաւել ցաւալի է մեր անզօր վիճակը, որ չենք կրնար արձագանգել կամ կանխել վանդալութեան դէպքերը․ Արցախի թեմ

«Հերթական անգամ ցաւով ականատես եղանք ազրպէյճանցիներու կողմէ Արցախի մեր սրբավայրերէն մէկուն պղծման ողորմելի դէպքին, երբ դիմակաւոր անձը հեգնական կեցուածքով նստած էր Ստեփանակերտի Սուրբ Աստուածածին առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ խորանին տեղադրուած գահին վրայ», նշուած է Արցախի թեմի պաշտօնական կայք-ին մէջ։

«Անկեղծ ըսած մեզի համար նորութիւն չէ եւ սպասելի էր նման վերաբերմունք, որովհետեւ անոնք երբեք ալ չեն թաքցուցած իրենց ատելութիւնը մեր սրբավայրերուն, հոգեւոր-մշակութային կոթողներուն հանդէպ եւ յարմար առիթի պարագային յագեցում տուած են իրենց մէջ խնամքով պահուող քոչուոր-թալանչիի էութեան:

Մեզի համար առաւել ցաւալի է այդ ամէնուն հանդէպ մեր անզօր վիճակը, երբ բացի խօսքային մակարդակի վրայ մեր զայրոյթը պարպելէ, որեւէ այլ տարբերակով չենք կրնար արձագանգել կամ կանխել նման վանդալութեան դէպքերը: Այս ամէնը վիրաւորական է մեր Եկեղեցւոյ համար, ամէն մէկ հայու համար, եւ ի պաշտօնէ հայու արժանապատուութեան երաշխաւորի՝ մեր պետութեան համար:

Յոյսով ենք, որ պատկան մարմիններուն կողմէ պիտի ըլլան համապատասխան հետեւութիւններ եւ անհրաժեշտ քայլեր՝ Արցախի հին ու նոր սրբավայրերու, մշակութային ժառանգութեան պատշաճ պահպանութեան համար: Եթէ մենք չենք հասկնար մեր իրական արժէքը, ոչ մէկը կը հասկնայ ու կը յարգէ մեզ:

Ազրպէյճանը կը շարունակէ իր աւերիչ քաղաքականութիւնը` վանդալութեան ենթարկելով գրաւուած Արցախի վանքերը, եկեղեցիները, խաչքարերը, շէնք ու շինութիւնները», կը նշուի Արցախի թեմի տարածած հաղորդագրութեան մէջ։

 

Կարմիր խաչի ներկայացուցիչները տեսակցեցան Պաքուի մէջ պահուող հայ գերիներուն հետ

Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի ներկայացուցիչները Պաքուի մէջ դարձեալ տեսակցեցան գերի առնուած բոլոր հայերուն հետ:

«Արմէնպրես»-ի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց Հայաստանի մէջ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի պատուիրակութեան հաղորդակցութեան ծրագիրներու ղեկավար Զառա Ամատունին:

«Փետրուարի վերջին օրերուն Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի ներկայացուցիչները Պաքուի մէջ կրկին տեսակցած են հայ բոլոր պահուող անձերուն, որոնց անունները հաստատած են Ազրպէյճանի իշխանութիւնները: Տեսակցութիւններու ծիրէն ներս, որոնք, աւանդաբար, առանձնազրոյցներու տեսքով տեղի կ’ունենան, անոնցմէ իւրաքանչիւրին հնարաւորութիւն տրուած է կապ հաստատել իրենց հարազատներուն հետ», ըսաւ Ամատունի:

 

Պրիւքսէլ արցախցիներու վերադարձի համապատասխան պայմաններու ստեղծումը կարեւոր կը նկատէ

Եւրոպական Միութիւնը Արցախի հայերու վերադարձին համար պայմաններու ստեղծումը եւ իրենց տուներուն մէջ ապահով, արժանապատիւ ապրելու իրաւունքը կարեւոր կը նկատէ։ Այս մասին կ’ըսուի ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու խորհուրդի 55-րդ նիստին Եւրոպական դաշինքին անունով հրապարակուած յայտարարութեան մէջ:

«Եւրոպական Միութիւնը հաւասարապէս կ’ընդգծէ Ղարաբաղի հայերու իրաւունքներու եւ ապահովութեան երաշխաւորումը, ինչպէս նաեւ գաղթականներու ու տեղահանուածներու` Լեռնային Ղարաբաղ կամաւոր, ապահով, արժանապատիւ, կայուն վերադարձի համար պայմաններու ստեղծումը, մասնաւորաբար, իրենց տուներուն մէջ արժանապատիւ ապրելու իրաւունքը` առանց ահաբեկման կամ խտրականութեան», կը յայտնէ Եւրոպական Միութիւնը՝ շեշտելով նաեւ Արցախի բնակչութեան մշակութային ժառանգութեան, սեփականութեան իրաւունքներու արդիւնաւէտօրէն պաշտպանութիւնը եւ երաշխաւորումը:

«ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան միջազգային դատարանի հրամաններու ամբողջական կատարումը շատ կարեւոր է», կը շեշտէ Եւրոպական Միութիւնը:

 

Արման Թաթոյեան «Եէլ» համալսարանին մէջ ներկայացուց Ազրպէյճանի՝ հայկական ինքնութեան ոչնչացման պետական քաղաքականութիւնը

«Եէլ» համալսարանին հրաւէրով` «Մաքմիլըն» կեդրոնի՝ Ցեղասպանութեան հետազօտութիւններու ծրագիրի (Yale Genocide Studies Program) շրջածիրին մէջ, Մարդկային իրաւանց պաշտպան Արման Թաթոյեանը ներկայացուց արցախահայութեան արժանապատիւ, անվտանգ եւ ապահով վերադարձի հիմնական նշանակութիւնը, հայութեան նկատմամբ Ազրպէյճանի վարած մարդատեաց եւ հայկական ինքնութեան ոչնչացման պետական քաղաքականութիւնը:

լուսանկարը՝ Արման Թաթոյանի

Սիւնիքի Կապան համայնքի Ներքին Հանդ գիւղի օրինակով, Թաթոյեան անդրադարձաւ Ազրպէյճանի յանցագործութիւններուն պատճառով հայ բնակչութեան կրած տառապանքներուն՝ ներկայացնելով 13 փետրուարին, չորս հայ զինուորներու ազրպէյճանցիներու կրակոցներուն զոհ երթալու փաստը:

 

Արցախէն բռնի տեղահանուածներու ընտանիքներուն մէջ նախորդ ամիս Երեւանի մէջ լոյս աշխարհ եկած է 35 փոքրիկ

Արցախէն բռնի տեղահանուածներու ընտանիքներուն մէջ Երեւանի մէջ փետրուարին ծնած է 35 փոքրիկ:

Այս մասին յայտնած է Երեւանի քաղաքապետարանի առողջապահութեան վարչութեան պետի պաշտօնակատար Դաւիթ Կարապետեանը, կը փոխանցէ infoport-ը:

«Արցախէն բռնի տեղահանուածներու ընտաիքներուն մէջ փետրուարին ծնածներէն 24–ը տղայ է, իսկ 11-ը` աղջիկ», նշած է Կարապետեանը:

Ան նաեւ ընդգծած է, որ Երեւանի ենթակայութեան բժշկական հաստատութիւններու մէջ փետրուարին աշխատանքի ընդունուած է Արցախէն բռնի տեղահանուած 14 բուժ աշխատող: