ՀՀ կառավարութեան կողմէ նախատեսուող ծրագիրները համարժէք չեն արցախահայութեան իրավիճակին. Արցախն այս շաբաթ


Արցախէն բռնի տեղահանուածներուն համար ՀՀ կառավարութիւնը բնակարաններով ապահովման ծրագիր ունի

Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած անձերու բնակարանային ապահովման պետական ծրագիրէն օգտուելու առաջին պայմանը ՀՀ քաղաքացիութիւն ունենալն է, յայտարարեց ՀՀ աշխատանքի եւ ընեկրային հարցերու նախարարի տեղակալ Դաւիթ Խաչատրեանը:  

Ըստ պետական ծրագրին՝ աջակցութիւնը պիտի ըլլայ բնակելի տուն կառուցելու, բնակելի տուն կամ բնակարան ձեռք բերելու եղանակներով, ինչպէս նաեւ այն անձիք, որոնք առարկայական պատճառներով այդ հնարաւորութիւնները չեն ունենար, ապա անոնց հնարաւորութիւն պիտի տրուի ապրիլ ընկերային բնակարաններու մէջ:

Առաջին հերթին ծրագիրէն պիտի օգտուին երեք եւ աւելի երեխայ ունեցողները։ Անոնք բնակարան ձեռք բերելէն ետք պէտք է տասը տարի ապրին այնտեղ, ապա այդ գոյքը կը դառնայ իրենց սեփականութիւնը, բայց այդ ընթացքին պէտք է այդ գումարը ետ վերադարձնեն պետութեան։ Այս պայմանը չի վերաբերիր անչափահասներուն, իսկ թոշակառուներուն եւ այլ խոցելի խումբերուն համար պիտի ըլլան որոշ արտօնութիւններ:

Նախարարի տեղակալին խօսքով` մէկ անձի հաշուով աջակցութեան չափը կը կազմի 3 միլիոն դրամ: Այս ծրագրի գործընթացը կրնայ տեւել հինգ տարի:

 

«ՀՀ կառավարութեան կողմէ նախատեսուող ծրագիրները համարժէք չեն տիրող իրավիճակին»․ Արցախի ազգային ժողովի խմբակցութիւններ

Արցախի Հանրապետութեան ազգային ժողովի «Ազատ Հայրենիք-ՔՄԴ», «Միասնական Հայրենիք», «Արդարութիւն», «ՀՅ դաշնակցութիւն» եւ «Արցախի ժողովրդավարական կուսակցութիւն» խմբակցութիւնները, 28 փետրուարին հրապարակեցին յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կ’անդրադառնան Հայաստանի կառավարութեան կողմէ արցախցիներուն համար նախատեսուող ծրագիրներուն, որոնք տիրող իրավիճակին համարժէք չեն:

Արցախի Հայրապետութեան ազգային ժողովի շէնքը, Ստեփանակերտ (լուսանկարը՝ ԱՀ ԱԺ-ի կայքէն)

Յայտարարութեան մէջ մասնաւորապէս  կ’ըսուի․

«27 փետրուարին Հայաստանի հանրային հեռուստաընկերութեան եթերով Հայաստանի Հանրապետութեան փոխվարչապետ Տիգրան Խաչատրեանը անդրադարձած է ցեղասպանութեան եւ անոր սպառնալիքի տակ Արցախէն բռնի տեղահանուած մեր հայրենակիցներու համար Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան կողմէ առաջարկուող աջակցութեան ծրագիրներուն:

Մեր գնահատմամբ` փոխվարչապետի միջոցով արցախեան հանրութեանը մատուցուող Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան կողմէ նախատեսուող ծրագիրները համարժէք չեն տիրող իրավիճակին:

Հարկ կը համարենք շեշտել, որ մինչ այժմ իրականացուած որեւէ ծրագիր չէ քննարկուած Արցախի Հանրապետութեան ժողովուրդին կողմէ օրինական լիազօրութիւն ունեցող որեւէ կառոյցի, ներառեալ ժողովուրդի ուղղակի քուէով ընտրուած Ազգային ժողովի հետ: Իսկ զանազան միջոցներով մեր կողմէ ներկայացուած առաջարկները անտեսուած են:

Յատկապէս անընդունելի է Արցախէ տեղահանուած ժողովուրդին համար բնակարաններ ձեռք բերելու կապակցութեամբ դեռեւս քննարկուող ծրագիրը, որ, հարցի քաղաքական եւ ընկերային համակողմանի քննարկման արդիւնքով, ակնյայտօրէն, պիտի չբաւարարէ բռնի տեղահանուած մեր հայրենակիցներու նուազագոյն սպասելիքներն ու ակնկալիքները: Նման որոշումներու կայացումը պիտի յանգեցնէ մեր հայրենակիցներու հիասթափութեան ու դժգոհութեան, որուն արդիւնքով պիտի խթանուի արտագաղթը եւ բողոքներու ալիքը, պիտի խաթարուի մեզի համար օրախնդիր` հաւաքական վերադարձի ակնկալիքը:

Կոչ կ’ընենք զերծ մնալ չկշռադատուած ոչ համարժէք քայլերէ: Միաժամանակ, կը վերահաստատենք փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող խնդրայարոյց հարցերու շուրջ կառուցողական քննարկումներ իրականացնելու մեր պատրաստակամութիւնը` ողջախոհ, արժանապատուութիւնը չնսեմացնող որոշումներու յանգելու համար»:

 

Սումկայիթի ջարդերու 36-ամեակին առիթով հնչեցին յայտարարութիւններ

Սումկայիթի ջարդերու 36-րդ տարելիցին առիթով, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որուն Ազրպէյճանը անմիջապէս պատասխանեց։

 

ԱԳՆ յայտարարութեան մէջ կը կ’ըսուի, որ 27 փետրուար 1988-ին Խորհրդային Ազրպէյճանի ղեկավարութեան նախաձեռնութեամբ եւ բացարձակ թողտուութեան պայմաններուն մէջ մեկնարկեցին Սումկայիթի հայ բնակչութեան ջարդերը, որոնք ուղեկցուեցան բռնութիւններու, դաժանութիւններու, բռնի անհետացումներու, ունեզրկման, մարդու իրաւունքներու զանգուածային ոտնահարումներու դէպքերով: Սպաննուեցան հարիւրաւոր հայեր, ներառեալ` կանայք, երեխաներ եւ ծերեր, իսկ հազարաւոր հայեր բռնի տեղահանուեցան: Սումկայիթեան ողբերգութեան յաջորդեցին Կիրովապատի, Պաքուի եւ Ազրպէյճանի այլ հայաշատ բնակավայրերու հայութեան ջարդերը։  

«Յիշեալ ոճրագործութիւնները ոչ թէ ազգայնամոլութեան հիմքի վրայ բռնութիւններու առանձին դրուագներ էին, այլ՝ պետականօրէն ծրագրուած եւ իրականացուած հայատեացութեան քաղաքականութեան հերթական դրսեւորումներ: Այդ քաղաքականութեան հետեւանքով Խորհրդային Ազրպէյճանէն բռնի տեղահանման ենթարկուեցաւ շուրջ 500 հազար էթնիկ (բնիկ) հայ», կ’ըսուի Հայաստանի ԱԳՆ յայտարարութեան մէջ՝ նշելով, որ արդէն 21-րդ դարուն, լիակատար անպատժելիութեան պայմաններուն մէջ Ազրպէյճանի նոյն քաղաքականութեան շարունակութիւնն էր Լեռնային Ղարաբաղի բնիկ հայութեան ահաբեկման, անմարդկային շրջափակման, սովամահութեան մատնելու եւ ի վերջոյ ուժի կիրառման միջոցով Լեռնային Ղարաբաղն ամբողջութեամբ հայաթափելու, էթնիկ (ցեղային) զտման ենթարկելու քաղաքականութիւնը։

Այդ յայտարարութեան արձագանգեց Ազրպէյճանի արտաքին գերատեսչութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Այխան Հաճիզատէ` դիտել տալով, որ ազրպէյճանցիները որեւէ կապ չունին Սումկայիթի հայ բնակչութեան` փետրուար 1988-ին տեղի ունեցած ջարդերուն հետ:

«Կ’ուզեմ յիշեցնել Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան, որ ազգամիջեան ենթահողէ մեկնած տեղի ունեցած Սումկայիթի անկարգութիւնները ԽՍՀՄ եւ Հայաստանի, ինչպէս նաեւ հայ շովինիստ-գաղափարախօսներու եւ ծայրայեղական կազմակերպութիւններուն կողմէ նախապէս մտածուած եւ ծրագրուած նպատակաուղղուած սադրանքներու մէկ մասն էին», յայտարարեց Հաճիզատէ, աւլեցնելով, որ «այն հանգամանքը, որ Սումկայիթի դէպքերու զոհերուն մէջ վեց ազրպէյճանցիներ կային, կը վկայէ, որ անկարգութիւնները ազրպէյճանցի բնակչութեան ձեռքի գործը չէին»:

Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Քրիսթինա Քուին այս առիթով «Ֆէյսպուք»-ի իր էջին վրայ գրառում կատարեց` զօրակցութիւն յայտնելով զոհերուն ընտանիքներուն, բոլոր տուժած եւ տեղահանուած անձերուն: «Այսօր մենք հայ ժողովուրդին հետ կը սգանք 1988-ին, Սումկայիթի մէջ բոլոր զոհերը։ Մենք կը շարունակենք աշխատիլ տարածաշրջանին մէջ յանուն խաղաղութեան, որպէսզի այսպիսի ողբերգութիւններ չկրկնուին», գրեց Քուին:

Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ղեկավար, դեսպան Վասիլիս Մարակոս եւս ցաւակցեցաւ 36 տարի առաջ Սումկայիթի մէջ, ազրպէյճանական վայրագութիւններուն պատճառով հարազատներ եւ ընկերներ կորսնցուցած անձերուն: «Խորին ցաւակցութիւն կը յայտնեմ բոլոր անոնց, որոնք 36 տարի առաջ Սումկայիթի մէջ կորսնցուցին իրենց հարազատները եւ ընկերները: Մենք բոլորս պէտք է շարունակենք հաշտեցման եւ կայուն, տեւական խաղաղութեան հասնելու լաւագոյն ջանքերը, որպէսզի համոզուինք, որ այսպիսի ողբերգութիւններ երբեք չեն կրկնուիր», «Էքս»ի իր էջին վրայ գրեց Մարակոս:

 

Ազրպէյճանի մէջ քանի մը երկիրներու դեսպաններ ցաւակցեցան Խոջալուի դէպքերուն համար

Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու, Ուքրանիոյ եւ Եւրոպական Միութեան դեսպանները ցաւակցեցան Խոջալուի 1992-ի դէպքերուն համար, կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:

 

«Այս օրը մեր սիրտերը կը լեցուին անասելի ցաւով եւ տխրութեամբ: Խոջալուի ողբերգութիւնը նորագոյն պատմութեան ամենէն ողբերգական էջերէն մէկն է: Ոեւէ մէկը կրնա՞ր պատկերացնել, որ 21-րդ դարուն իրադարձութիւնները կրնան Եւրոպայի սրտին մէջ կրկնուիլ: Այն, ինչը այսօր Ռուսիան Ուքրանիոյ դէմ կ’ընէ, անգամ մը եւս կ’ապացուցէ, որ անպատժելիութիւնը նոր յանցագործութիւններ կը ծնի», գրած է Ուքրանիոյ դեսպան Վլատիսլաւ Քանեւսքի:

«Կ’ոգեկոչենք 1992-ին Խոջալուի մէջ սպաննուած հարիւրաւոր մարդոց յիշատակը: Կը կիսենք Խոջալուէն տեղահանուածներուն վիշտը: Մեր պարտքն է՝ աշխատիլ շրջանին մէջ խաղաղութեան համար եւ ապահովել, որ այդպիսի ողբերգութիւններ չկրկնուին», գրած է Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մարք Լիպի:

«Կը յարգենք Խոջալուի ողբերգութեան զոհերուն յիշատակը: Պէտք է միասին աշխատինք՝ յանուն կայուն խաղաղութեան, որպէսզի այսպիսի ողբերգութիւններ չկրկնուին», յայտնած է Եւրոպական Միութեան դեսպան Փեթըր Միխալքօ:

Յայտնենք, որ Ազրպէյճանը տասնեակ տարիներէ ի վեր կը ջանայ Խոջալուի իրադարձութիւնները ներկայացնել իբրեւ հայերու կողմէ ազրպէյճանցիներու «ցեղասպանութիւն»:

24 տարի առաջ, Ազրպէյճանը ղեկավարող Այազ Մութալիպով խոստովանած էր, թէ Խոջալուի ջարդը կազմակերպած էր իր երկրին ընդդիմութիւնը՝ զինք վարկաբեկելու եւ պաշտօնանկ ընելու համար:

 

Միրզոյեան Ժընեւի մէջ քննարկեց Արցախէն տեղահանուածներուն եւ անհետ կորսուածներուն վերաբերող հարցեր

26 փետրուարին, Ժընեւի մէջ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան հանդիպում մը ունեցաւ Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի նախագահ Միրեանա Սփոլեարիչ Էկերի հետ:

Քննարկուեցան Արցախի մէջ Ազրպէյճանի կողմէ նախորդ տարուան սեպտեմբերին ռազմական յարձակման եւ կատարուած ցեղային զտումին պատճառով բռնի տեղահանուածներու կարիքներու եւ իրաւունքներու հասցէագրման վերաբերող հարցեր եւ մարդասիրական բնոյթի հարցերու շուրջ ԿԽՄԿ-ի հետ համագործակցութեան շրջանակը:

Ըստ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան` Միրզոյեան մասնաւորաբար ընդգծեց Ազրպէյճանի մէջ պահուող անձերու վերադարձի, ինչպէս նաեւ անհետ կորսուածներու եւ բռնի անհետացած անձերու ճակատագիրներու բացայայտման կարեւորութիւնը` վերահաստատելով հայկական կողմին հրապարակայնօրէն յայտնած պատրաստակամութիւնը այս հարցերուն շուրջ համագործակցութեան վերաբերեալ:

 

Արցախէն տեղահանուած անձերուն հարցը եւ հայկական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման դէպքերը խիստ մտահոգիչ են. Պերլին

Գերմանիոյ խորհրդարանի իրաւական յանձնաժողովի նախագահ Էլիզապէթ Վինքելմայեր Պեքեր Հայաստանի մէջ Գերմանիոյ դեսպանատան մէջ կազմակերպուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ըսաւ, որ Լեռնային Ղարաբաղէն տեղահանուած անձերուն հարցը եւ հայկական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման դէպքերը խիստ մտահոգիչ են եւ ոչ մէկ ձեւով արդարանալի: Ան ընդգծելով՝ ըսաւ, որ Գերմանիոյ մէջ անկարելի է պատկերացնել մարդու հիմնարար իրաւունքներու այսպիսի խախտումներ եւ անկարելի է պատկերացնել ոեւէ ցեղային խմբաւորման մը բռնի տեղահանումը:

Անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ 2020-ին եւ անկէ ետք Ազրպէյճանի կողմէ կատարուած յանցագործութիւններուն` Վինքելմայեր Պեքեր նշեց, որ Միջազգային քրէական դատարանը պէտք է հանգամանօրէն քննէ աշխարհի զանազան մասերու մէջ կատարուած պատերազմական բոլոր յանցագործութիւնները եւ անոնց վերաբերեալ հանդէս գայ յստակ գնահատականներով ու վճիռներով, մանաւանդ որ անոր համար ունի յստակ գործիքակազմ: Ըստ անոր` անիկա կը վերաբերի նաեւ ռազմագերիներու վերադարձին, որ կրնայ ըլլալ առանցքային կէտ` խաղաղ գործընթացը յառաջ մղելու, ինչպէս նաեւ` լաւ հիմք` բանակցութիւններուն իբրեւ արդիւնք դրական փուլ հասնելու։

«Ուրախ կ’ըլլանք, եթէ Գերմանիա նպաստէ Հարաւային Կովկասի մէջ կայունութեան հաստատման, հետեւաբար, պատրաստ ենք երկու կողմերուն աջակցելու խաղաղութեան օրակարգը եւ բանակցութիւնները յառաջ մղելու գծով: Խաղաղութեան գործընթացի այս փուլին, Գերմանիա պէտք է հակամարտող կողմերուն միջեւ հանդէս գայ իբրեւ ազնիւ գործընկեր եւ աջակցող կողմ, ինչ որ կը բխի Հայաստանի շահերէն», յայտնեց Վինքելմայեր Պեքեր:

 

Ընկերվար միջազգայնականը Արցախի ժողովուրդին ապահով վերադարձը եւ գերիներու ազատ արձակումը կը պահանջէ

24-էն 25 փետրուարին, Մատրիտի մէջ գումարուեցաւ Ընկերվար միջազգայնականի խորհուրդի նիստը։

Շուրջ 100 երկիրներէ քաղաքական կուսակցութիւններ համախմբող եւ մոլորակի մեծագոյնը հանդիսացող քաղաքական այս կազմակերպութեան ՀՅ դաշնակցութիւնը կ’անդամակցի 1907-էն ի վեր, իսկ ներկայիս, ՀՅԴ Բիւրոյի նախկին անդամ եւ ՀՅԴ Հայ dատի Կենդրոնական խորհուրդի անդամ Մարիօ Նալպանտեան անոր փոխնախագահներէն մէկն է։ Ան մասնակցեցաւ խորհուրդի եւ նախագահութեան նիստերուն եւ ընտրուեցաւ Ելեւմտական ու կազմակերպական հարցերու յանձնաժողովի անդամ։

Ընկերվար Միջազգայնականի նախագահ եւ Սպանիոյ վարչապետ Փետրօ Սանչեզ կազմակերպութեան թէ՛ նախագահութեան եւ թէ խորհուրդի նիստերուն իր բացման ելոյթներուն ընթացքին անդրադարձաւ Արցախի հարցին։

Թէ՛ նախագահութեան եւ թէ՛ խորհուրդի նիստերուն, Նալպանտեան ներկայացուց Ազրպէյճանի ցեղասպանական քայլերը եւ Արցախի մէջ տեղի ունեցած ցեղային զտման պատճառով ստեղծուած իրավիճակը եւ մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ Ազրպէյճանի կողմէ Հայաստանի ուղղուած բռնութեան քայլերը, սպառնալիքները եւ պահանջները։

Այնուհետեւ, Ընկերվար Միջազգայնականը վաւերացուց բանաձեւ մը, որ Արցախի ժողովուրդին «ապահով, անխոչընդոտ եւ արագ» վերադարձը եւ բոլոր գերիներուն անյապաղ ազատ արձակումը կը պահանջէ։ Բանաձեւին մէջ նաեւ կը շեշտուի, թէ կազմակերպութիւնը կ’աջակցի Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան բանակցութիւններուն՝ շեշտելով, որ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն եւ կայունութիւն հաստատելու համար համաձայնութիւնը պէտք է ձեռք բերուի առանց ուժի կամ անոր սպառնալիքի կիրարկումին եւ հիմնուած միջազգային իրաւունքի վրայ, որ պէտք է ներառէ Արցախի տագնապին վերջնական քաղաքական կարգաւորման՝ միջազգայնօրէն հովանաւորուող խաղաղ գործընթացը:

Բանաձեւը կը պահանջէ.

  1. Մինչեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի վերջնական քաղաքական կարգաւորումը եւ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի հիմնական իրաւունքներու ամբողջական ապահովումը՝ երաշխաւորել ժողովուրդին հաւաքական, անկաշկանդ եւ ապահով վերադարձը հայրենիք։ Նաեւ՝ Լեռնային Ղարաբաղի համար միջազգային չափանիշներով երաշխաւորուած միջանկեալ կարգավիճակ ապահովել՝ երաշխաւորելով քաղաքացիական եւ քաղաքական իրաւունքները, տրամադրելով Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի ապահովութեան արդիւնաւէտ երաշխիքներ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի հետ անխոչընդոտ ցամաքային կապ։
  2. Ազատ արձակել ռազմագերիները եւ բանտարկուած անձերը։
  3. Տարածաշրջանին մէջ փոխադրական եւ կապի այլ միջոցները ապաշրջափակել ամբողջական կերպով՝ առանց ինքնիշխանութեան որեւէ սահմանափակման»։Ընկերվար Միջազգայնականը նաեւ պատրաստակամութիւն կը յայտնէ իբրեւ միջնորդ աջակցելու նշեալ գործընթացներուն։

Ընկերվար միջազգայնականը (Socialist International) ընկերվար-ժողովրդավարական, ընկերվարական եւ աշխատաւորական կուսակցութիւններ համախմբող համաշխարհային կառոյց է։ ՀՅԴ-ի համապատասխան կառոյցները լիիրաւ անդամ են Կանանց ընկերվար միջազգայնականին (SIW) եւ Ընկերվար երիտասարդներու միջազգային միութեան (IUSY)։ ՀՅԴ Երիտասարդականէն Սարինէ Աբրահամեան IUSY-ի փոխնախագահներէն է։

 

Եւրոպական Խորհրդարանը Եւրոպական Միութեան կոչ ուղղեց Ազրպէյճանի դէմ անյապաղ պատժամիջոցներ հաստատելու

Եւրոպական խորհրդարանը որդեգրած է բանաձեւեր, որոնց մէջ Եւրոպական Միութեան կոչ կ’ուղղէ` անյապաղ պատժամիջոցներ հաստատելու Ազրպէյճանի դէմ եւ կասեցնելու ռազմավարական ուժանիւթային գործընկերութեան մասին փոխըմբռնման յուշագիրը: Այս մասին «Ֆէյսպուք»-ի վրայ գրած է Հայաստանի Ազգային ժողովի «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան քարտուղար Արթուր Յովակիմեանը:

«Եւրոպական խորհրդարանը ընդունեց արտաքին քաղաքականութեան եւ Եւրոպական Միութեան անվտանգութեան ու պաշտպանութեան քաղաքականութեան վերաբերեալ 2 բանաձեւեր, որոնցմէ իւրաքանչիւրին մէջ Եւրոպական Միութեան կոչ կ’ուղղէ.

«Անյապաղ պատժամիջոցներ հաստատելու Ազրպէյճանի դէմ եւ կասեցնելու ռազմավարական ուժանիւթային գործընկերութեան մասին փոխըմբռնման յուշագիրը:

«Պատրաստ ըլլալու թիրախաւորուած եւ անհատական պատժամիջոցներ հաստատելու Ազրպէյճանի քաղաքական եւ զինուորական ղեկավարութեան դէմ, կասեցնելու քարիւղի եւ կազի ներածումը Ազրպէյճանի կողմէ Հայաստանի դէմ որեւէ զինուորական յարձակումի պարագային:

«Ամրապնդելու Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան առաքելութեան լիազօրութիւնը, աւելցնելու անոր չափը, երկարելու անոր ժամկէտը եւ դէտեր տեղակայելու Թուրքիոյ հետ սահմանին վրայ:

«Կասեցնելու Ազրպէյճանի հետ նոր գործընկերութեան համաձայնագիրի շուրջ բանակցութիւնները», գրած է ան:

 

Ազրպէյճանցիները Ստեփանակերտի մէջ հեռացուցած են Շառլ Ազնաւուրի 100-ամեակին նուիրուած յուշարձանը

Ազրպէյճանցի վարչախումբը կազմաքանդած է Ստեփանակերտի «Փօլ Էլուար» Ֆրանքոֆոնիայի կեդրոնին մօտ գտնուող Շարլ Ազնաւուրի յուշարձանը, որ զետեղուած էր անուանի երգիչին 100-ամեակին առիթով՝ 2022 թուականին։ Այս մասին կը յայտնէ Արցախի մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան պետական խորհուրդը։

(լուսանկարը՝ Արցախի մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան պետական խորհուրդին)

«Լուսանկարներուն մէջ՝ Շարլ Ազնաւուրի յուշարձանը եւ այդ նոյն վայրը այս տարուան Յունուարին: Նախապէս կազմաքանդուած են գրող Յակոբ Յակոբեանի, ազգային բարերար Ալեք Մանուկեանի, ռուսական համայնավար առաջնորդ Ալեքսանդր Միասնիկեանի, սովետական զինուորականներ Ատմիրալ Իսակովի, Անատոլի Զինեւիչի, Քրիստաֆոր Իւանեանի եւ այլոց յուշարձանները: Կազմաքանդուած է նաեւ Արցախի Հերոս Աշոտ Ղուլեանի յուշարձանը՝ Ստեփանակերտի նոյնանուն պուրակին մէջ: Համացանցի վրայ հրապարակուող նիւթերէն կը տեղեկանանք նաեւ, որ վանտալութեան կ’ենթարկուին արցախեան ազատամարտին զոհուածներուն գերեզմանները», նշուած է խորհուրդին տարածած յայտարարութեան մէջ:

 

Արամ Ա. կաթողիկոսը իր օրհնութիւնը տուաւ «Արցախեան մշակոյթի պահպանման կեդրոն»-ի ծրագիրին

Արցախի մշակութային ժառանգութեանց պահպանումը եւ փոխանցումը նոր սերունդներուն՝ մեզմէ իւրաքանչիւրին սրբազան առաքելութիւնն է։ Նոյն նպատակին համար գոյացած է «Արցախեան մշակոյթի պահպանման կեդրոն» հասարակական կազմակերպութիւնը։

Արդարեւ, Արցախի մէջ, թէ Արցախէն դուրս մեր կոչումն է պահել արցախեան հոգեւոր եւ ազգային մշակութային հարուստ ժառանգութիւնը։ Ուստի, յիշեալ կեդրոնին կողմէ կազմակերպուած է համազգային դրամահաւաք՝ այս նպատակին համար, որ սկիզբ առաւ 20 փետրուար 2024-ին եւ արդիւնքները պիտի յայտարարուին 23 մարտ 2024-ին։

Յանուն Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, համազգային դրամահաւաքին ողջոյնի խօսք փոխանցեց կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» մատենադարանի տնօրէն Տ. Շահան արք. Սարգիսեանը։

Իր խօսքին մէջ, Շահան շեշտեց, որ Մեծի տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը միշտ եղած է ու պիտի մնայ Արցախի ու արցախահայութեան կողքին։ Անդրադառնալով յատկապէս մշակութային մարզին՝ սրբազան հայրը ըսաւ. «Անթիլիասական հրատարակութիւններէն մինչեւ մասնաւոր համագումարներու կազմակերպումը, մեր երիտասարդութիւնն ու մեր ժողովուրդը հաղորդ պահեցինք համահայկական եւ արցախեան արժէքներուն՝ ինքնութեան եւ պատկանելիութեան գիտակցութեան խորացումով»։