Ազրպէյճան Կառավարուող Հրթիռ Արձակած է Պաշտպանութեան Բանակի Ռազմական Սարքերու Ուղղութեամբ


 «Արմենփրես»․- Մայիս 15­ին, Արցախի սահմանի արեւելեան ուղղութեամբ հակառակորդը դիմած է հերթական սադրանքի` կառավարուող հրթիռ արձակելով պաշտպանութեան բանակի ռազմական սարքերու ուղղութեամբ, որուն հետեւանքով մասնակի վնասուած է մէկ ռազմական սարք:

 «Ազրպէյճանական զինուժի սադրանքէն Պաշտպանութեան Բանակը մարդկային կորուստ չէ ունեցած: Կը յայտարարենք, որ ազրպէյճանական զինուժի սադրանքը անպատասխան պիտի չմնայ, իսկ հետեւանքներու ամբողջ պատասխանատուութիւնը պիտի կրէ Ազրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը»,-­ գրած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի մամուլի քարտուղար Արծրուն Յովհաննիսեան՝  ֆէսպուքի իր էջին մէջ: