Արցախի Թեմի Առաջնորդ Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեան Մեր Մարտնչող Բանակին Համար Միասնական Աղօթք Ընելու Կոչ Կ՛ընէ


Արցախի Թեմի Առաջնորդ Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեան մեր մարտնչող բանակին համար միասնական աղօթք ընելու կոչ կ՛ընէ

 

Կոչին մէջ կ՛ըսուի.

«Կը դիմեմ հայ ժողովուրդին,

Սիրելի՛ հայրենակիցներ, կոչ կ՛ընեմ ըլլալ միասնական, ամուր, անկոտրում։ Այս անգամ եւս ապացուցենք, որ մեր միասնականութիւնը անպարտելի ուժ է։

Կը դիմեմ Արցախի ժողովուրդին,

Սիրելի արցախցիներ, սիրելի զաւակներ իմ, եղէք ամուր, զօրեղ, խոհեմ ու խիզախ։ Ձեր ոգին ամրացուցէք եւ հզօրացուցէք անկոտրում ուժով եւ միասնակամութեամբ։

Կոչ կ՛ընեմ աղօթել մեր երկրի անվտանգութեան, յաղթանակի եւ ապահովութեան համար։

Կը դիմեմ մեր բոլոր հաւատացեալ զաւակներուն,

Ստեղծել աղօթքի միահամուռ շղթայ եւ երկու ժամը մէկ աղօթք ընել եւ զօրավիգ ըլլալ մեր բանակին։

Աստուած մեզի պահապան, զօրավիգ եւ օգնական»: