Նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան կ՛այցելէ Ասկերանի շրջանի Իւանեան գիւղին մէջ կառուցուող նոր թաղամասերը
«Արմենփրես»- «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի միջոցներով Ասկերանի Իւանեան համայնքին (գիւղ) մէջ կը կառուցուի երկու թաղամաս՝ 402 բնակարանով։
Արցախի Հանրապետութեան տեղեկատուութեան վարչութիւնը կը տեղեկացնէ, որ նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան Օգոստոս 14-ին այցելած է Իւանեան համայնք եւ տեղւոյն վրայ ծանօթացած երկու թաղամասերու շինարարութեան լայնածաւալ աշխատանքներուն:
Կառուցուող բնակելի թաղամասերէն առաջինին մէջ կ՛ընթանան, ընդհանուր առմամբ, 180 բնակարան ունեցող 15 շէնքերու շինարարութիւնը` 8 շինարարական կազմակերպութիւններու կողմէ: Թաղամասը նախատեսուած է բնակեցնել 2022-ի վերջը եւ զայն տրամադրել Հադրութի շրջանի Մեծ Թաղեր համայնքէն տեղահանուած ընտանիքներուն:
Քաղաքաշինութեան նախարար Արամ Սարգսեան նախագահին ներկայացուցած է, որ շէնքերը պիտի ունենան 2, 3 եւ 4 սենեականոց բնակարաններ: Ըստ անոր` 11 շէնքերու շինարարութիւնը ադէն սկսած է, իսկ 4-ինը պիտի սկսի շուտով:
Նախագահը գնահատելով կատարուածը` յանձնարարած է հարեւանութեամբ գտնուող հարթավայրային տարածքին մէջ յառաջիկային սկսիլ եւս 10 նման շէնքերու կառուցման` 120 բնակարաններով, որոնք պիտի տրուին Հադրութի շրջանի այլ համայնքներու բնակիչներուն:
Յաջորդ թաղամասը, ուր այցելած է նախագահը, կրկին կը կառուցուի «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի միջոցներով: Անիկա նախատեսուած է 102 ընտանիքներու համար եւ ամբողջութեամբ բաղկացած պիտի ըլլայ առանձնատուներէ. Շինարարութիւնը կ’իրականեն 6 կապալառու ընկերութիւններ: Անիկա եւս կը նախատեսուի աւարտել 2022-ի վերջը. Այտնեղ պիտի բնակին հիմնականօրէն Ասկերանի Ուղտասար համայնքէն տեղահանուած բնակիչները:
Ըստ նախագիծին` երկու թաղամասերն ալ կեցութեան համար պիտի ունենան բոլոր ենթակառուցուածքները` մանկապարտէզ, խաղահրապարակներ, զբօսայգիներ, դպրոցական շէնք` բոլոր յարմարութիւններով:
Նախագահ Յարութիւնեան մէկ անգամ եւս շեշտած է Արցախի մէջ իրականացուող բնակարանաշինական ծրագիրներու կարեւորութիւնը, նշելով, որ տուեալ թաղամասերուն մէջ կառուցուող 402 բնակարանները մեծապէս պիտի օգնեն մեղմել ստեղծուած իրավիճակը: